ՆԻՒ ԵՈՐՔ - ՆԻՒ ԵՈՐՔ

Այս գրութեամբ եւս կը շարունակենք նկարագրել Նիւ Եորքը։ Եւ այսպէս, երբ դրամատիրութեան ծաղկումը կ՚արշաւէ գեղեցկօրէն ու անհասնելի է դաւանանքներուն ու համակարգներուն, իսկ դուն չես յեղափոխանար, այդ մէկը կը պատգամէ Նիւ Եորքը իր հոգիով ու սէրով, իր անցուդարձով ու մարդոց կերպարագործմամբ: Կրնա՞ս զգալ կամ ատել Նիւ Եորքը, եթէ համայնավար ես կամ հաւատացող՝ մարդկային իւթոփիային ու արդարութեան: Կը կարծեմ՝ զգալով զայն իբրեւ քաղաքահայր, չես կրնար ատել, չես կրնար շրջանցնել զայն՝ վասն ամենախենթ դաւադրութիւններու, համամարդկայնութեան ամենամեծ խոստումներու կամ որեւէ տիեզերականութեան: Նիւ Եորքը դիտողին կը փոխանցէ հմայիչ փառք ու փայլ մը, որ կարծես տիեզերքէն կը գնահատուի՝ ո՛չ միայն մարդկային չափանիշներով, այլ կը վերծանուի ոգիի: Կարծես շահն է շարժիչը հոս, բայց չխորտակելու խոստումով իրմէ առաջ մարդկութեան նիւեորքեան կոչումը:

Մենք պիտի շահինք Ուոլ Սթրիթով ու պորսայով, նորանոր ծրագիրներով ու դրամապաշտութեամբ, բայց, տեսէք հոս մարդկութիւնը կը քալէ անհոգ՝ աւելի քան ուրիշ տեղեր, ու կը հնձէ կեանքի ամենաբանալիութիւնը, ամէն վայրկեան յաւերժի գացող մեծութեամբ մը:

Եւ դրամատիրութեան հիմքն ու ողնածուծը կը թաւալի իր իսկ ստեղծած բացառութիւններու հաւաքագրկումներով՝ տալով Նիւ Եորքին առաքելութեանց առաքելութիւնը ու մղելով մարդկային բոլոր վարդապետութիւնները զգոյշ ըլլալու իրենց գործադրումներուն մէջ:

Երբ մտայ քաղաքի մեթրոն, արդէն իսկ կառուցուեցաւ մարդկային քաղաքակրթութեան ամենահին-ամենանոր, ամենախոր ու թեթեւ լիացումները՝ անհատի-հաւաքականի, մէկի-ընդհանուրի, եսի-մենքի յարաբերութիւնները պայթեցնելով, յորդեցնելով, յարութեան հաստատ կայացմամբ ոչնչացնելով: Մարդ երբ կ՚ապրի ու կ՚ապրեցուի գերհրաշածնութեամբ մը, ակամայ կը դառնայ մարդկութեան աղբիւր իր ամէն չափանիշներով, իսկ Նիւ Եորքը հոն կը տանի մեզ:

 Լոնտոնի, Փարիզի եւ բոլոր մեծ կայսրութիւններու մայրաքաղաքները իրենց մէջ ունէի՞ն Նիւ Եորքի տեսիլքը, անոնք դեռ կան ու կան համեմատուելու փորձութիւնները։ Բայց եւ այնպէս, բազմաթիւ մայրաքաղաքներ կը դժուարանան տեսնելու Նիւ Եորքը իրենց յոյսէն ու տեսիլքէն դուրս, քանի ան նուաճած է տեսագործութիւնը մարդկայինի հաւաքական քաղաքագործման: Կարծես Նիւ Եորքի մէջ պատահարը կախուած է օդէն ու կը կատարուի յանկարծականութեամբ մը, որ վախ կը պատճառէ։ Բաց աստի, այդ յանկարծականութիւնը չի հոսիր, սակայն, կ՚ապրեցնէ չափանիշներ գծելով։

Հոն է Նիւ Եորքը, մեծ է Նիւ Եորքը։

Մարդկային զարգացման խորհրդանիշը ըլլալու կը ձգտի այս քաղաքը. արդէն բարձրութիւնները միշտ տիեզերականացման առաջնորդած են, իսկ տիեզերական ըլլալու հիմնական յատկանիշը՝ կազմակերպուածութիւնն ու օրինաչափութիւնն է։ Վերէն դիտուած Նիւ Եորքը տեղ մը մարդկային ու գոյութեան ծագման, կազմակերպման ու ապագայի պատկերի մասին շատ յուզող հարցեր կու տայ, եթէ այսքան բան կազմակերպուած է ու կը բանի, ուրեմն պէտք է մտածել, որ յաջողութիւնը միայն կազմակերպումին մէջ է, սակայն, միեւնոյն ժամանակ կայ գերմարդկայնութիւն ըլլալու միտքը (մեզմէ անկախ ու գերիշխող), որ զզուելի է սովորականութեան ընծայած «ապահով ու քաղցր» վիճակով։ Այն բարձրագոյն ու տխրեցնող զգացումն ալ կը հաղորդէ Նիւ Եորքը, որ մխիթարանք չկայ իր ունեցած կատարելագործումը թերագնահատելու կամ մխիթարութիւն ու ազատում չկայ այն միտքէն, որ հոն կայ ապրուստի աւելի խճճուած ու կատարելագործուող ձեւ մը։

Մեծ է ամէն ինչ Նիւ Եորքի մէջ եւ ամէն անկիւն կը զգաս այդ մեծութեան շունչը… Երբ այցելեցի Նիւ Եորքի «Mercer Labs» արուեստի եւ թեքնոլոժիի թանգարանը՝ մտածեցի ապագայապաշտութեան ժամանակին ու «ապագան հիմա է» իրենց գրութեան, մարդկային տեսակի, առաքելութեան ու քաղաքակրթութեան սլացքին ու բաշխումին մասին։ Հիանալի էին ցուցադրութիւնները եւ առաւելաբար կը ցոլացնէին Նիւ Եորքի փոխանցած ապրումները։

Տեսնուելու յոյսով մեծ քաղաք…

•շար. 2 եւ վերջ

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Օգոստոս 23, 2025