ԱԿՆԱՐԿ - 139 - ԲԱՐՍԵՂ ԿԱՆԱՉԵԱՆԻ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸ

Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք երգահան Շահան Ռ. Պէրպէրեանի մէկ շահեկան գրութեան ամփոփումը, որ օրին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութիւնը հրատարակած է, 31 մայիս 1967-ին:

*

…1908-ին Սահմանադրութիւնը հռչակուած է Թուրքիոյ մէջ. շատերու պէս Կանաչեան Պուլկարիայէն Պոլիս կը փութայ: Շատ երիտասարդ երաժիշտ է ու Պոլսոյ թաղերէն մէկուն մէջ ֆանֆառի կամ արմոնիի խումբ կը կազմէ: Այս «պարագան» գրել կու տար իրեն փողերու եւ փայտափողերու համար կարգ մը կտորներ -իտալական ոճով- որոնցմէ կը հրատարակուի «Մասիս վալսը»: Բայց արդէն համ մը կայ իր յօրինած մելոտիի ելեւէջին մէջ:

Յետոյ պիտի ճանչնայ Մեծ Վարդապետը, երեք տարիով աշակերտելու համար անոր, բացուելու անով հայ երաժշտութեան ոգւոյն ու կազմելու այսպէս իր ճաշակը եւ իտէալը: Մեծ պատրեազմի աւարտումին երբ Վարդապետը հիւանդացած է ու կը մեկնի Պոլիսէն, Կանաչեան կը վերադառնայ հոն պատերազմի զինուորական շրջանին այլազան կտորներ հետը բերած: Կոմիտասի հինգ սաները պիտի միանան ու Պոլսոյ մէջ երգչախումբերու սարքաւորման եւ համերգներու կազմակերպութեան պիտի ձեռնարկեն մեծ խանդով, ինչպէս երաժշտական հրատարակութեան մը, «Հայ Գուսան»ի տետրակներուն: Այս պարագան պիտի մղէ Կանաչեանը Պոլսոյ մէջ վաղուց ի վեր երգուած «ազգային երգերը» դաշնաւորելու եւ հրատարակելու: Նախապէս տարիներով երգած էր Կոմիտասի մեծ խումբին մէջ ու Վարդապետին ալ ուսուցումով սերտօրէն մտերմացած խմբերգական բազմաձայնութեան արուեստին: Այդպէսով իր այդ դաշնաւորումները կը յատկանշուին փայլուն, առոյգ ըստ պարագային ալ քաղցր հնչողութեամբ մը. անոնց գործադրութիւնը, ինչպէս անոնց ոճին մէջ եղող իր «Յառաջ նահատակ»ինը ժողովրդական յաջողութիւն կը գտնէ Պոլսոյ մէջ՝ այն ատեն իր ընկերներուն հետ տուած համերգներուն: Այս շարքին մէջ ու այս առիթով դաշնաւորած է «Բամբ որոտան», «Մեր հայրենիք», «Լուսին չկար», «Յառաջ ընթանանք», «Ես լսեցի մի անոյշ ձայն», «Ահա ելաւ լուսին», «Ծիծեռնակ» երգերը:

Ուրիշ պարագայ. տարիներ վերջ Կանաչեան երաժշտութեան ուսուցիչ կ՚ըլլայ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ, ինչպէս աւելի վերջ պիտի ըլլար Պէյրութի Հայ Ճեմարանի եւ Ս. Նշանի մէջ. մանկական դասարաններու ուսուցչուհիներ իրմէ կ՚ուզեն մանուկներու համար կամ փոքր տղոց՝ երգեր: Բարի երաժիշտ է Կանաչեան ու կը սիրէ ալ փոքրերը. ու կը գրէ սիրուն շարք մը մանկական երգերու, թիւով տասնչորս, որոնք փոքր տղոց հասկնալի են եւ ճաշակաւոր ալ սակայն իրենց պարզ ներդաշնակութեամբը ու աւելին՝ տոհմիկ ոճովը:

Բարսեղ Կանաչեանի յօրինած մեներգները եւս ծնած են պարագաներէ, բայց ասոնք թերեւս զուտ երաժշտական «տրամադրութեան մը պարագաները» ըլլան: Այս շարքին գլուխն է -բացառապէս խումբի ընկերակցութեամբ- համբաւաւոր «Օրօր»ը, քիչ մը սլաւական ոճի մը մէջ -թէեւ բանաստեղծութեամբը տոհմիկ- այս մեղեդին քաղցրօրէն հիւսուած՝ սրտառուչ շեշտ մը ունի: Պարզ ու զուսպ բայց խորէն թախծագին զգացումով բռնուած ու ասացական ոճով երգ է «Ուռենի»ն, Թումանեանի հեքիաթին բառերուն վրայ: Պէտք է յիշել դեռ այս շարքին՝ «Ծով աչեր»ը, «Ալվարդի երազ»ը, «Պճինկօ»ն (նոյն բառերուն վրայ շատերու կողմէ յօրինուած երգերէն նախասիրուածը քերթուածին հայթայթիչ Չիթունիէն), «Ցայգերգ»ը, «Սիրուն պատկեր պարզ գիշեր»ը Շահազիզի բառերուն վրայ: Այս բոլորին մէջ Կանաչեանի մեղեդիական արուեստը կը յայտնուի նուրբ եւ յաճախ քնքոյշ զգացումով մը ներթափանց:

1922-էն սկսեալ Կանաչեան՝ Կոմիտաս Վարդապետի ուսուցումէն յետոյ Փարիզի մէջ Լընորմանի դասընթացքին եւս հետեւած ու յետոյ՝ Ռէմսքի Քորսաքֆի «դաշնագիտութեան» խորացուած ուսումնասիրութեամբը լիովին հասունցած, ձեռնարկած էր մեծ համերգներ տալու Եգիպտոս, յետոյ Կիպրոս, աւելի վերջը Հալէպ եւ վերջապէս Պէյրութ: Այս նոր պարագաները զինքը պիտի մղէին զուտ երգչախումբի համար յօրինելու կտորներ, որոնք կոչուած էին «համերգային» արուեստը զարգացման նոր մակարդակի մը հասցնել: Հոս է որ կը գտնենք սփիւռքի հայ երաժշտութեան մէջ Կանաչեանի բերած ինքնատիպ ու կարելի է ըսել մեծարժէք նպաստը: «Տալիլօ»ի յօրինումը այս տեսակէտով թուական մը կը կազմէ: Կոմիտաս Վարդապետ դաշնաւորած էր (ինչ խոր ու յայտնազործիչ արուեստով) հայ ժողովրդական երգեր, անշուշտ, զտելով ու յղկելով զանոնք, բայց տակաւին առանց ուզելու դպիլ երբեք անոնց կառուցուածքին:

Արդ, իր «Տալիլօ»ին մէջ Կանաչեան՝ որքան որ գիտեմ, առաջինը կ՚ըլլայ ժողովրդական եղանակը «թեմաթիք» մշակման ենթարկող, պահելով հանդերձ իր թեքնիքին մէջ հայ տոհմիկ երաժշտութեան ոգին:

…Միշտ հայ ոճով բայց աւելի ազատ ու բարդ յօրինման ուղի մը կը բացուի մեր արուեստին մէջ, ուր պիտի մտնեն յետոյ ուրիշ երաժիշտներ: Կանաչեանի «հայ համերգային երաժշտութեան» այս սեռի գործերը գեղեցիկ յօրինումներու շարք մը կը կազմեն, ոմանք արդէն գոյութիւն ունեցող հայ ժողովրդական մոթիֆներու վրայ կառուցուած, ոմանք ալ հայ ոճով իրմէ իսկ յղացուած թեմաներով առաջիններէն են «Տալիլօ»ն, «Հօյ Նար»ը, «Վարդերի հետ»ը, երկրորդներէն «Լուսնակն ելաւ»ը, «Խնջոյք»ը, «Կամներգ»ը, Մ. Զարիֆեանի «Խենթ»ը քերթուածին համար յօրինուած խմբերգային ընկերակցութիւնը եւ վերջապէս «Նաննոր»ը: Բոլոր այս գործերուն մէջ Կանաչեան կը ներկայանար որպէս շատ ճարտար խմբերգական խմբագրող մը: Հայ երգչական ոճը կը գտնենք անոնց մէջ փայլուն կամ խորհրդաւոր հնչեղ բազմաձայնութեան մը մէջ ծաղկած ու կշռութական եւ «թոնալ» իրեն իր կարողութեան պարունակած ճոխութեանը մէջ արժեցուցուած: Մերթ պատմող ու մերթ նկարագրող համերգական երաժշտութեան գրաւիչ երկ մըն է մասնաւորաբար Կանաչեանի այս կարգի գործերուն նորագոյնը «Նաննոր»ը, ուր «ընթացք»ի մը, «գնացք»ի մը արտայայտիչ «լայթ-մոթիֆ» մը յօրինած է արուեստագէտը ու զայն օզտագործած՝ հայ ժողովրդական ուխտագնացութիւն մը շրջանակող հայրենի բնութիւնն ու հոգեկան մթնոլորտը ոգեկոչելու: Կանաչեանի մշակած երաժշտական զանազան սեռերու այս թուումին վրայ պէտք է աւելցնել Լ. Շանթի «Հին Աստուածներ»էն հանած իր «Աբեղան» տիտղոսով գուսաներգութիւնը (երեք արար), որ իր վերջնական ձեւին գրուած կրնայ տալ մեր բեմական երաժշտութեան համար նշանակելի գործ մը:

Թանկ կշիռով կշող է, ուրեմն այսպէս, տարիներու սա վաստակը Բ. Կանաչեանի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2025