ԱԿՆԱՐԿ - 127 - ԱՆԿԵՂԾ ԵՒ ՍՐՏԱՑԱՒ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ
Օրերս, Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սերովբէ Եպիսկոպոս Իսախանեանը դիմատետրի իր էջին վրայ զետեղած էր գրութիւն մը, ուր դիմելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին, մի քանի հարցադրումներ կու տար եւ մի քանի կարծիքներ կը յայտնէր: Գրութեան այժմէականութիւնն ու կարեւորութիւնը նկատի ունենալով, զայն արեւմտահայերէնի վերածելով մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնենք:
*
Պարոն Փաշինեան, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ,
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ապրող եւ գործող կառոյց է, իսկ հայ եկեղեցականները՝ այդ սրբազան հաստատութեան սպասաւորները: Մենք կը ծառայենք Աստուծոյ եւ մեր հաւատաւոր ժողովուրդին: Մեր ծառայութեան ճամբուն վրայ վստահաբար բազմաթիւ սայթաքումներ, սխալներ եւ բացթողումներ կ՚ունենանք, մեղքեր կը գործենք (յուսամ՝ ո՛չ աններելի). «Ով իցէ մարդ, որ կեցցէ եւ ոչ մեղիցէ», կ՚ըսէ Սուրբ Գիրքը:
Ի տարբերութիւն մարդոց, Աստուած մեզ ո՛չ միայն դուրսէն կը տեսնէ, այլ նաեւ՝ ներսէն. գիտէ մեր ո՛վ եւ ի՛նչ ըլլալը: Ի դէպ, գիտէ նաեւ ձեր բոլորին ո՛վ եւ ի՛նչ ըլլալը: Մենք ալ, դուք ալ՝ Աստուծոյ ապացուցելու, առաւել եւս՝ համոզելու, ոչինչ ունինք: Աստուած ո՛չ միայն մեր անցեալն ու ներկան գիտէ, այլ՝ գալիք ապագան նաեւ:
Ես ալ մարդ եմ, դուք ալ մարդ էք: Եկէք, ո՛չ ես ձեզ կամ ձեզմէ ոեւէ մէկը դատեմ, ո՛չ ալ դուք՝ զիս կամ իմ հոգեւոր եղբայրներէն ոեւէ մէկը: Աստուծոյ ձգենք դատելը, իսկ մենք՝ մեր քննադատելու իրաւունքէն օգտուինք:
Կ՚ըսէք, թէ դուք հաւատացեալ էք եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հետեւորդ: Ձեր քրիստոնեայ ըլլալու մասին չեմ ուզեր որեւէ բան ըսել, որովհետեւ կ՚ուզեմ ձեր խօսքին հաւատալ:
Կ՚ուզեմ նաեւ ձեր հաւաստիացումին հաւատալ, որ Հայ Եկեղեցւոյ հաւատացեալ հետեւորդ էք: Այս ուղղութեամբ, սակայն, հարցումներ ունիմ: Հայ Եկեղեցւոյ հետեւորդ եմ ըսելը խօսքով չ՚ըլլար, այլ՝ կան մի քանի գլխաւոր նախապայմաններ.
1. Մկրտութիւն. ոեւէ մէկը չի՛ գիտեր, դուք մկրտուա՞ծ էք, կամ ոչ: Սուրբ Մկրտութեան վկայական ունի՞ք: Ի՞նչ կ՚ըսէք այս մասին:
2. Հայ Եկեղեցւոյ Վարդապետութեան, ինչպէս նաեւ առաքելական յաջորդականութեամբ փոխանցուած Նուիրապետութեան ընդունում:
3. Որովհետեւ արդէն շատոնց չափահաս էք եւ կ՚ապրիք տիկնոջ մը հետ, հետեւաբար՝ օրինաւոր եւ Եկեղեցւոյ կարգ ու կանոնով նուիրագործուած Սուրբ Ամուսնութիւն, որ Եկեղեցւոյ եօթը սրբազան խորհուրդներէն մէկն է: Այս մասին ի՞նչ կ՚ըսէք:
4. Պարտաւորութիւն՝ զաւակները դաստիարակել քրիստոնէաբար՝ համաձայն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ուսմունքին եւ վարդապետութեան: Ինչպէս արդէն հասկնալի պիտի ըլլայ գրութեան տրամաբանութենէն, քրիստոնէական կեանքով ապրելու եւ Հայ Եկեղեցւոյ հետեւորդ ըլլալու առաջին -բայց ո՛չ միակ- նախապայմանը վերստին ծնունդն է Եկեղեցւոյ Սուրբ Աւազանէն, այսինքն՝ Սուրբ Մկրտութիւնը: Ձեր երեխաները մկրտուա՞ծ են: Ի՞նչ կ՚ըսէք այս մասին:
5. Սուրբ Պատարագի կանոնաւոր մասնակցութիւն եւ Սուրբ Հաղորդութեան ընդունում: Ըսէք, վերջին անգամ ե՞րբ մասնակցած էք Սուրբ Պատարագի, խոստովանութիւն կատարած եւ Սուրբ Հաղորդութիւն ստացած էք:
Ուրիշ չափանիշներ կան եւս, սակայն այս գրութիւնը չծանրաբեռնեմ:
Այս գլխաւոր չափանիշներու լոյսին տակ, դուք որոշեցէք, թէ արդեօք Հայ Եկեղեցւոյ հետեւո՞րդ էք, կամ ոչ: Եթէ՝ այո, հետեւաբար որպէս նոյն Եկեղեցւոյ հետեւորդ, մեզ՝ եկեղեցականներուս քննադատելու, մեզմէ պահանջելու, մեզ աւելի լաւը տեսնելու ակնկալիք ունենալու, մեզմէ մեր ուխտին հաւատարիմ ըլլալու պահանջ ներկայացնելու իրաւունք ունիք, ճիշդ այնպէս եւ այն նոյն չափով, որ Առաքելական մեր Եկեղեցւոյ միլիոնաւոր այլ հետեւորդները ունին: Սակայն, ձեր գրառումներէն ուրիշ հոտ կու գայ. այնպէս կը թուի, թէ ձեր նպատակը ակնյայտօրէն ուրիշ բան է:
Խորհրդարանական նախորդ ընտրութիւններուն մասնակցած Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը ձեր քաղաքական ուժին մանդատ տուած է, ձեւաւորած խորհրդարանական մեծամասնութիւն եւ կազմած կառավարութիւն՝ ձեր գլխաւորութեամբ: Վստահ եմ, ինձմէ աւելի լաւ գիտէք ձեր իրաւասութիւններն ու պարտականութիւնները: Յիշեցնեմ միայն, որ դուք չունիք իրաւասութիւն Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն միջամտելու:
Բայց այ, դուք իրաւասութիւն կամ պարտականութիւն ունիք ատրպէյճանական սուլթան Իլհամ Ալեւին համարժէք կամ գոնէ ինչ-որ յոդաբաշխ պատասխան տալու: Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը ո՛չ թէ կը սպասէ, որ դուք հրապարակներուն վրայ «հոգեւոր հանդիպում» կազմակերպէք, այլ՝ կը սպասէ լսել ձեր պատասխանը՝ Ալիեւի վերջին բարբաջանք-յոխորտանքներուն. «Ատրպէյճանցիները հայ սահմանապահի երես պէտք չէ տեսնեն», փոխադարձաբար՝ «ինչ կը վերաբերի մեզի (իմա՝ Ատրպէյճանին), մեր տարածքին մէջ ո՛չ արտաքին հսկող պիտի ըլլայ, ո՛չ ալ վարձակալութիւն»:
Իսկ եկեղեցիներէն ներս կատարուող ամէնօրեայ առաւօտեան եւ երեկոյեան ժամերգութիւնները եւ՝ մանաւանդ կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագը, հաւատացեալին համար «հոգեւոր հանիպում»ներ են, նախ՝ Աստուծոյ հետ, ապա նաեւ իր հաւատակից հայրենակիցին հետ: Դուք ալ, եթէ փափաքիք, կրնաք ձեր մասնակցութիւնը բերել այդ բոլորին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ