ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՆՑԵԱԼԸ…

Ինքնավիպապաշտացում եւ տրամայացում.- Մարդու ողբերգականութիւնը՝ հաւաքականութեան ու մա՛նաւանդ տիեզերքին հետ, անոր մէջ կը կայանայ որ վերջինս յաւերժ է, իսկ մարդը ոչ, իսկ քանի անձ-մարդու համոզմամբ՝ տիեզերքը ընկալումի պէտք ունի ու այդ իրմով կը կատարուի, ուստի տիեզերական յաւերժութիւնը մարդը սպաննող է։ Իսկ մարդ անհատի յաւերժացումը լուծում չէ, հաւանաբար նոյն տիեզերքի կողմէ, այլապէս անձի մարմինը չէր լուծարուեր ու միտքը անհետանար, ու ճիշդ հոս է որ ժամանակային առեղծուածը կը տապալէ մեզ ամէն տեղ ուր խոկում կայ ու միտք, ստեղծագործութիւն կամ վեհագոյն ձեւով՝ քաղաքակրթութիւն: Տիեզերքի յաւերժութիւնը կամ չգոյ ըլլալու հանգամանքը (որ նոյնինքն չգոյութեան չբացայայտման ամենամեծ խոչընդոտն է) մեր յաւերժութենէն զրկուած ըլլալու թէ մեր ժամանակային առաւելութիւնն է, ու թէ մեր ոչնչացման անյաղթահարելիութեան տրամայացումը: Մարդու անհատական ինքնալուծումներէն մէկը կը մնայ իր ինքնվիպապաշտացումը, ուր մարդը կը գիտակցի որ միֆ (առասպել) ու առեղծուած ըլլալով կրնայ խուսանաւել դառն ժամանակելիութենէն, ու այդ միֆը ինքնին ռօմանսը կ՚ապահովէ: Հոս անցեալը տիրական է նորէն, քանի ան է որ կը փորձէ հարցերուն պատաստխան տալ: 

Զերօ ժամանակը.- Մարդկային գործունէութիւնը, ստեղծագործութիւնը, լինելիութիւնը ու մանաւանդ ոգեղինութիւնը զերօ ժամանակին կը ձգտին, հակառակ անվերջ յետաձման նոյն այդ զերոյացման: Զերոն այն յաւերժութիւնը չէ, որ իբր կայ, այլ անվերջանալի ու միանգամայն բացարձակ հաւասարակշռուած, արդարադատուած ու նուաճուած-նուաճող ժամանակի հասած ժամն է, ուր բարոյականութիւնը կը մարմնանայ ու նոյն կրօնական դատաստանը կը կայանայ (պէտք է ըսել, որ կրօնական զերօ ժամանակը արարքային է, իսկ գոյութենականը ընթացքային. երկուքն ալ անցեալաշարժ են, քանի անխուսափելիօրէն կեանքի հաշուետուութիւն մը կայ ամէն ինչին մէջ, բխած պատմագործումէն):

 Հակառակ ահռելի հեւքագործման, որ տեսակ մը մարդկային վազքը կը վերածէ փախուստի բնազանցական զերօ ժամանակէն, տակաւին մարդը իր էութեամբ զերոյական է, քանի չ՚ուզեր պարտուիլ ժամանակէն, բայց ճար չունի բացի փախուստէն զէրոյէն: Գոյութենական ամենամեծ հակասութիւններէն կրնանք համարել մարդկային զերօ ժամանակային էութեան վերծանելու-յայտնաբերելու եւ ապրելու ձգտումն է, եւ նոյն մարդկային ահռելի հեւքով ու հակափախուստով նոյն կերտելու ժամանակ մը կամ ինքնախաբէութեամբ մը հասնելու զերօ ժամանակին:

Կեանքէն երիտասարդ հեռացումը ինչո՞ւ աւելի դիւրին է ու անհոգ, քանի վախճանաբանութեան ընբռնում չկայ հոն: Վախճանաբանութեան ողբերգացումը ժամանակի թաւալման հետ կ՚աճի, իսկ հակադրութիւնը ապագայի ու յաւերաժացումին մէջ այն է, որ ապագան անցեալի ներդիրն է մեր մէջ ու զայն կատարելագործելու անհեթեթ երջանկութիւնը, իսկ յաւերժացումը կայ արդէն իսկ մեր անցեալով ու երբ այդ կը խծկենք ապագայի մէջ կամ ժամանակայնութեան հասանումով, մեր իսկ սպասումով կ՚ըլլանք ինչ որ այն չենք կամ չենք գիտեր ինչպէս ենք: Մենք չենք կրնար յաւերժանալ, բայց մեզի համար միակ մխիթարանքը պատկերացումն է ապագայի մը, որ երեւակայականօրէն երանելի տարբերութիւններ ստեղծելու կողքին, տակաւին ան չկայ մեր մէջ կա՛մ բնաւ պիտի չըլլայ:

Ինչո՞ւ կը նախընտրենք անցեալը իր բոլոր դժուարութիւններով ու յաղթահարումներով, որովհետեւ մենք զմեզ ինչքան ալ ժամանակացուցած ենք կա՛մ գոյութիւնն ու տիեզերքն են մեզ ժամանակացուցած, տակաւին անկար ենք ըլլալու ամենակարող ու աստուածային: Տակաւին անկարող ենք վերծանելու սկիզբն ու վերջը, տակաւին անկար ենք հատելու ըլլալու-չըլլալու տագնապն ու երկսայրաբանութիւնը:

Իսկ նոյնինքն մեր ձգտումը ամենակարողութեան՝ տեղ մը խանգարիչ է մեր ազատութեան համար, մենք ժամանակէն ազատ ըլլալ կ՚ուզենք, բայց առանց անոր բաղադրիչին, մեր ջանասիրութիւնն ու տառապանքը եւ անոնց ճամբուն վրայ մեր փափաքը յաղթահարելու ցաւն ու ժամանակաւորութիւնը անգոյ են ու չկան: Մենք ժամանակին պէտք ունինք մեր մարմնով ու հոգւով, իսկ քանի մեզ սպաննող է այդ ժամանակը, մենք ճակատագրականօրէն կ՚ոչնչանանք, երբ անոր միջոցաւ կ՚ուղղուինք մեր գոյութեան յայտնաբերուածութեան: Կը կարծենք պիտի յառաջդիմենք ու լուծենք գոյութենական մեծագոյն հարցը, բայց գիտենք, որ հաստագրուած չէ այդ մեզմէ դուրս:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•վերջ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2025