ԿԱԶԶԷԷՆ ԵՏՔ ԼԻԲԱՆԱՆ
Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները արդէն իսկ յստակ ցոյց կու տան, որ Կազզէի մէջ հաստատուած հրադադարէն ետք կարեւոր փուլ մը պիտի սկսի Լիբանանի պարագային։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Մերձաւոր Արեւելքի համար նախատեսուած նոր քաղաքականութեան մէջ կարեւոր դեր մը ունի Լիբանան։ Բայց եւ այնպէս, բոլոր տուեալները կը հաւաստեն, որ ԱՄՆ պատրաստ չէ մեծ զոհողութիւններու այս երկրին համար։
Լիբանանի խնդիրը բաւական խճճուած է։ Այնտեղ ազդեցիկ ներկայութիւն ունի «Հիզպուլլահ»ը, որու արմատները խոր են։
Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ կնքուած հրադադարէն ասդին, Պէյրութի համար էական հիմնահարց մը դարձած է Թել Աւիւի նախապայմանը, որն է «Հիզպուլլահ»ի ամբողջական զինաթափումը։ ԱՄՆ այս նախապայմանի հիմնական ջատագովն է՝ համոզուած ըլլալով, թէ առանց այդ խնդրի լուծման անհնար է փրկել եւ դարձեալ ոտքի հանել Լիբանանը։ Բայց, փափաքները մէկ կողմ, իսկ գետնի վրայ առկայ իրավիճակը բոլորովին այլ կողմ։
Ամէն պարագայի այս բոլորը կրնան բացատրուիլ ԱՄՆ-ի դերակատարութեան դիտարկումով՝ անցեալին անոր ունեցած դառն փորձառութիւններով եւ անոնցմէ բխած դասերով հանդերձ։ ԱՄՆ այլեւս չի ցանկար խաղաղութիւն մը կերտել՝ դիմելով ռազմական միջամտութեան։
Ուաշիկնթըն այսօր ունի նոր ռազմավարութիւն մը՝ առանց զէնքի, բայց, նոյնքան ազդեցիկ եւ կտրական։
ԱՄՆ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Թոմ Պարաքի նախաձեռնութիւնը կը ներկայացնէ այս նոր մօտեցումը Լիբանանի հանդէպ. քաղաքական ներգրաւում՝ առանց ռազմական տուրք մը վճարելու։ Ներկայիս առաջնային է Լիբանանի ներքին վերահսկողութիւնն ու պետական միասնութիւնը։ ԱՄՆ կը պահանջէ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը վերահսկէ բոլոր զինեալ կազմաւորումները՝ ներառեալ «Հիզպուլլահ»ը։ Այս սկզբունքը կայ նաեւ Լիբանանի Սահմանադրութեան մէջ, բայց, գործնականապէս երբեք ամբողջութեամբ չէ կիրառուած։ ԱՄՆ-ի նպատակը ո՛չ թէ անմիջական զինաթափում մըն է, այլ աստիճանական պետական գերիշխանութեան վերականգնումը՝ բանակի հզօրացումով եւ տնտեսական խթանումներով։
ԱՄՆ հետամուտ է նաեւ դիւանագիտական ճնշման՝ ռազմական գործողութեան փոխարէն։ Արդարեւ, Ուաշինկթըն կը խուսափի անկանխատեսելի բախումներէ եւ կը նախընտրէ տնտեսական ու քաղաքական միջոցներու դիմելով՝ փոխել իրավիճակը։ Ամերիկեան կողմը կը հաւատայ, թէ դաշնակիցներու ճնշումով՝ Լիբանան կրնայ մղուիլ ազգային համաձայնութեան մը՝ առանց նոր պատերազմի մը կամ ներքին արիւնահոսութեան։
ԱՄՆ-ի առաջնահերթութիւններու երրորդ առանցքը տարածաշրջանային զսպումն ու հակակշիռն է։ Ան կը ջանալ զսպել Իսրայէլի յարձակումները, միեւնոյն ժամանակ, վերահսկելով Իրանի եւ այլ դերակատարներու ազդեցութիւնները։ Պարաքի ծրագրին մէջ այս երկու գիծերը՝ «զսպել Իսրայէլ»ը եւ «կաշկանդել Իրան»ը ո՛չ թէ հակադիր, այլ փոխլրացնող են։ Անոնք կը ծառայեն այն մեծ նպատակին, որու ճամբով Մերձաւոր Արեւելքը պիտի մտնէ խաղաղեցման փուլ՝ ո՛չ թէ նոր պատերազմներու շրջապտոյտի մը մէջ։
Նոր դիւանագիտութեան շղթան նաեւ կը ներառէ Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Եգիպտոսը եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները։ Այս վերջինները կը փորձեն միջնորդել եւ, միեւնոյն ժամանակ, ապահովել դրամական ներդրումներ՝ պայմանաւ, որ Լիբանան հրաժարի «պետութեան մէջ պետութիւն» վիճակէն։ Արաբական աշխարհը, իր հերթին, կը փնտռէ քաղաքական միջին ճամբայ մը՝ զերծ մնալով թէ՛ Իրանի եւ թէ Իսրայէլի ճնշումներէն։ Նոր-նոր կը ձեւաւորուի հաւասարակշռութիւն մը՝ Լիբանանէն մինչեւ Սուրիա։ Ամերիկեան ռազմավարութիւնը կը միտի վերականգնել դէպի հիւսիս խաղաղութեան գօտի մը՝ Թուրքիայէն մինչեւ Լիբանան։ Այս տեսլականին մէջ Սուրիան պիտի վերածուի նոր տնտեսական հանգոյցի մը՝ պատժամիջոցներու աստիճանական մեղմացմամբ, իսկ Լիբանանը՝ խաղաղապահ գօտիի մը, ուր Իսրայէլի եւ Իրանի շահերը թէեւ կը բախին, բայց, ոչ-անպայման պատերազմով։
Պարաք կը խոստովանի, որ վտանգները իրատես են, եթէ Լիբանանի իշխանութիւնները չկարենան վերահսկել ներքին հակասութիւնները եւ մանաւանդ՝ եթէ «Հիզպուլլահ» պահէ իր ռազմական մենաշնորհը եւ կամ եթէ Իսրայէլ միակողմանիօրէն գործէ։
Ուաշինկթըն այսօր նոր ինքնագնահատման մը կ՚երթայ տարածաշրջանին մէջ։ Մերձաւոր Արեւելքը այլեւս այն չէ՝ ինչ որ էր քառասուն տարի առաջ։ Այժմ այնտեղ կը խաչաձեւուին տարածաշրջանային ուժեր, տնտեսական շահեր եւ գաղափարական հոսանքներ, որոնց մէջ ամերիկեան ներկայութիւնը պարտադիր է, բայց, պէտք է ըլլալ խոհեմ։
Ուաշինկթըն այսօր կ՚ուզէ ըլլալ ո՛չ թէ պարտադրող ուժ, այլ միջնորդ լծակ մը՝ դառնալով այն հաւասարակշռիչ գործօնը, որ կը զսպէ ծայրայեղութիւնները, կը խթանէ խաղաղութիւնը եւ կը պահէ իր ազդեցութիւնը՝ առանց նոր զոհերու։ ԱՄՆ կը ջանայ համբերութեամբ կառուցել այն խաղաղութիւնը, որ կրնայ պահուիլ երկար ժամանակ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան