ԱԿՆԱՐԿ - 156 - Ի՞ՆՉ Է ՊԱՀՔԸ

Հայց. Առաքելական Ուղղափառ Սուրբ Եկեղեցին օրեր առաջ մուտք գործեց Մեծ պահքի շրջան, որ կը կոչուի նաեւ Քառասնորդաց պահեցողութիւն: Այս շրջանը Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական կեանքէն ներս ամենէն խորհրդաւոր շրջանն է, որ իր մէջ արտաքին երեւոյթներու կողքին կը պարունակէ նաեւ ներքին, հոգեւոր խոր արժէքներ: 

Վերջին տարիներուն յաճախ ականջալուր կամ ականատես կը դառնամ այնպիսի խօսակցութիւններու կամ գրութիւններու, ուր ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն փորձ կը կատարուի նսեմացնելու պահքի իմաստը եւ կարեւոր դերակատարութիւնը հոգեւոր մարդու կեանքէն ներս:

Վստահաբար ընթերցողներէն շատերն ալ լսած կամ կարդացած են, թէ՝ «պահք պահելու փոխարէն, մարդ աւելի լաւ է որ մարդոց միսը չուտէ» կամ «ի՞նչ իմաստ ունի որոշ տեսակի սնունդէ կտրուիլ՝ յատկապէս մսեղէնէ, երբ անդին իրարու միս կ՚ուտեն», եւ նման այլ արտայայտութիւններ: Խորքին մէջ այս արտայայտութիւնները շատ ճիշդ ու տեղին են, երբ օգտագործուին ճիշդ տեղը եւ յարմար ժամանակին: Այսինքն՝ եթէ մարդ մուտք գործած է պահեցողութեան շրջանէն ներս որոշ նպատակով մը, սեպենք թէ թերութենէ մը ձերբազատիլ, միմիայն այդ տուեալ թերութեան վրայ պէտք չէ կեդրոնանալ եւ պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ իր վերաբերմունքին, որպէսզի իր խօսքերով կամ գործերով իր նմանները չվիրաւորէ, վնաս չպատճառէ անոնց, եւ այլն: Երբ այս եւ նման միտումով կը գործածուին վերոնշեալ արտայայտութիւնները, շատ տեղին կ՚ըլլան: 

Երբ նոյն արտայայտութիւնները սակայն կը գործածուին, որպէսզի արդարացուի մարդոց պահք չպահելու իրողութիւնը, ապա սխալ է եւ կործանարար հետեւանք կրնայ ունենալ տուեալ անձին կամ անձերուն վրայ: Արդարեւ, այս խումբին պատկանող մարդիկ, կ՚արդարացնեն իրենց կեցուածքը ըսելով, թէ ես սնունդի պահք չեմ պահեր, բայց կը զգուշանամ նմանս վիրաւորելէ, չեմ հայհոյեր, չեմ ստեր, եւ նման «արդարացում»ներ կը թուարկեն: Արդարացում, կ՚ըսեմ, որովհետեւ առանց սնունդի պահքի, մարդ պէտք եղած եւ ճիշդ ձեւով չի՛ կրնար պայքարիլ ու յաղթել այդ «արդարացում»ներուն:

Սնունդի պահքին նպատակը ո՛չ թէ որոշ կերակրատեսակներէ ազատիլ կամ կշիռք կորսնցնել պէտք է ըլլայ, այլ՝ մարմինը տկարացնելով հոգին զօրացնել, հոգիով աճիլ ու ամրանալ պէտք է ըլլայ: Երբ մարդ գիտակցաբար մարմնապէս որոշ տկարութիւններ կը դիմագրաւէ, ատոր դիմաց իր հոգին է, որ հոգեպէս կ՚աճի, կը հասուննայ ու կը զօրանայ, որով շատ մը դժուարութիւններ, որոնք արգելք կը հանդիսանային իր յառաջընթացին, հոգեւոր աչքերով երբ կը նայի անոնց, դիւրութեամբ կը յաղթահարէ զանոնք եւ զօրացած ու ա՛լ աւելի փորձառութիւն շահած վիճակով պատրաստ կ՚ըլլայ նոր դժուարութիւններ դիմագրաւելու, միշտ իր յոյսը դնելով Աստուծոյ վրայ:

Հետեւաբար, պէտք է զգոյշ ըլլալ եւ չտարուիլ սխալ մեկնաբանութիւններէ, որոնց հետեւանքով որոշում կայացուի պահք չպահել եւ բաւարարուիլ միայն այն մտածումով, թէ այս կամ այն սխալս կ՚ուղղեմ, այդպիսով աւելի հաճելի կը դառնամ Աստուծոյ, քան պահք պահեմ եւ այդ սխալներս շարունակեմ…: Դարձեալ կը կրկնեմ, պահքէն ձերբազատելու համար եղած այդ հաստատումները ո՛չինչով կ՚օգնեն մարդուն: Կ՚ուզե՞ս սխալներդ սրբագրել, կ՚ուզե՞ս մեղքի կեանքէն ձերբազատիլ, ապա վստահ եղիր, թէ՝ պահեցողութեամբ այդ բոլորը շատ աւելի դիւրութեամբ կ՚իրագործես, քան այլ կերպ մտածելով:

Պահեցողութիւնը որոշում է ամէն բանէ առաջ: Որոշում մը, որ հիմնուած է մեր կամեցողութեան վրայ: Առանց սեփական կամեցողութեան՝ գիտակցական կամեցողութեան, մարդ չի՛ կրնար ճիշդ կերպով պահք պահել, այլ՝ պէտք է գիտակցական կամեցողութեամբ որոշում կայացնէ եւ մուտք գործէ այս ճանապարհորդութենէն ներս յստակ նպատակ դնելով իր առջեւ, թէ ի՛նչ կ՚ուզէ եւ ո՞ւր կ՚ուզէ հասնիլ: Առնուած որոշումը թէ՛ սննդային, թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ հոգեւոր պահեցողութեան համար պէտք է ըլլայ: Երբ այս մտածումով ու համոզումով մարդ մուտք գործէ պահեցողութիւն, ապա հակառակ այս ճամբորդութեան ընթացքին դիմագրաւելիք դժուարութիւններուն եւ նեղութիւններուն, վերջաւորութեան սակայն յաղթանակած դուրս պիտի գայ խաղաղ նաւահանգիստ հանդիպելու Յարուցեալ Տէր Յիսուսին:

***

Այստեղ, մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնեմ փունջ մը մտածումներ պահեցողութեան մասին, որպէսզի ա՛լ աւելի յստակ դառնայ իրենց համար, թէ ի՛նչ է պահքը:

Սուրբ Բարսեղ Մեծ կը գրէ.

Արդեօք ի՞նչ իմաստ ունի մեր կենդանիներու միս ուտելէն կտրուիլը, երբ չենք դադրիր մեր մօտիկներուն միսը ուտել բամբասանքով եւ չարախօսութեամբ: Ի՞նչ իմաստ ունի ուտելիքի պահք պահելը, մինչ չենք կտրուիր պիղծ մտածումներէն, շնութենէն, ատելութենէն եւ չարութենէն:

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կը գրէ.

- Պահքը հզօր պարիսպ եւ ամուր դուռ է, որ կը խափանէ խորամանկ թշնամիին մուտքը։ Պահքը բորբոքած ցանկութիւններուն հուրը կը հանգցնէ, որովհետեւ ինչպէս որ կրակը փայտը պակսելու պարագային կը մարի, այդպէս ալ որկրամոլութիւնն ու արբեցութիւնը պակսելով՝ ցանկութիւններու բոցը կը հանգչի, եւ անոր տեղ կը բորբոքին սրբութիւնն ու արդարութիւնը՝ զօրաւոր պահքով: 

- Պահքը մեր հոգեւոր կեանքը կը զօրացնէ եւ մարմնաւոր անկարողութիւնները կը խափանէ, որովհետեւ մէկուն զօրանալու միջոցին միւսը կը տկարանայ։ Ինչպէս որ լէշակեր թռչունները անխնայ ուտելնուն պատճառով դժուարութեամբ կը թռչին եւ հեշտութեամբ կ՚որսացուին, իսկ սակաւակերները արագաթռիչ են եւ դժուար կը բռնուին, այդպէս ալ որկրամոլ ու չափաւոր մարդն է:

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան կը գրէ.

- Թոյլ է աղօթքը, եթէ այն պահքով ամրապնդուած չէ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ աղօթած ատեն՝ մենք հոգեւորապէս Աստուծոյ կը նուիրուինք, իսկ պահեցողութեան ատեն թէ՛ հոգիով եւ թէ ալ մարմինով Աստուծոյ կը նուիրուինք, որով Աստուծոյ մատուցուած անուշահոտ ողջակէզ մը կ՚ըլլանք, եւ մեր զոհը կատարեալ կ՚ըլլայ:

- Պահք պահելուդ փաստը գործերուդ ընդմէջէն ցոյց տուր ինծի։ Բերանդ մի՛ պահեր միայն, այլ՝ պահէ աչքերդ, ականջներդ, ոտքերդ, ձեռքերդ եւ մարմինիդ բոլոր անդամները։

Ձեռքերդ պահէ՛ առնելէ, ագահութենէ եւ գէշ գործերէ։

Ոտքերդ պահէ՛ յանցանքներու եւ նեղութիւններու ետեւէ վազելէ։

Աչքերդ պահէ՛ ուրախութեամբ տեսնելէ այն ամէնը ինչ, որ չար է։

Ականջներդ պահէ՛ չար խօսքերէ ու բամբասանքէ։

Բերանդ պահէ՛ ատելութեան խօսքերէ, քննադատելէ եւ անիրաւելէ։

Լաւ է, որ ինքզինքդ կը զրկես թռչուններու եւ անասուններու միս ուտելէ, սակայն վա՛յ անոր որ կը շարունակէ իր եղբայրներուն միսը ուտել։ 

Սուրբ Օգոստինոս կը գրէ.

Պահեցողութիւնը հոգին կը մաքրէ, միտքը կը բարձրացնէ, կիրքերը չափի ու հակակշիռի տակ կը պահէ, ցանկութեան ամպերը կը ցրուէ, սեռային կրակը կը մարէ եւ ճշմարտութեան լոյսը կը վառէ:

Էմմանուէլ Քահանայ Նազարեան կը գրէ.

- Պահեցողութեան նպատակն է հոգին ապրեցնելու համար մահացնել մարմինն ու զգայութիւնները։ Պահեցողութեան նպատակը միտքի մաքրութիւնն ու սիրտի սրբութիւնն է:

- Պահքը սանձ մըն է, որով հոգին մարմինը կը կառավարէ, ինչպէս կառապանը՝ ձիերը, եւ չի՛ ձգեր, որ մարդը իյնայ։ Պահքով սիրտին բոցը կը հանգչի, պահքով հեշտութիւնները կը հալածուին եւ ցանկութիւնները կը թօշնին: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Փետրուար 26, 2026