ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԱՌԱՍՊԵԼՆԵՐԸ

«Հին ժամանակներուն, առասպել մը բերանացի փոխանցող իւրաքանչիւր պատմող անպայման բան մը կ՚աւելցնէր անոր վրայ եւ այդ պատճառով ալ չափազանցուած կ՚ըլլան բոլոր առասպելները», Հայոց պատմութեան դասը սորված պահուն բարձրաձայն կարդաց տղաս։ 

Ճի՛շդ է, խորհեցայ, քանզի խելք ու տրամաբանութենէ իրօք հեռու են մեր առասպելներուն մէջ եղածները. տարիով մեծցողը, առիւծին բերանը պատռողը, թռչող ձին, երկնքին մէջ ճանապարհ գծողը, լիզելով մարդ կենդանացնողը, եւ… չեմ յիշեր, որ մեր սորված տարիներուն հարցուփորձած ենք այս բոլորը. գիտութիւն չենք փնտռած հոն ու հաւատացած ենք՝ աներկմիտ, եզրակացուցի եւ զարմացայ։

Զարմացայ, որ մեր մանկութեան առասպելներուն մէջ պատահած բոլոր անիրական բաներուն հաւատացինք, բայց ինչ խօսք՝ չենք հաւատար, չենք կրնար հաւատալ այսօրուան առասպելներուն։ 

Եթէ միտք ու տրամաբանութենէ հեռու ըլլա՛լն է պատմութեան մը առասպել ըլլալուն պայմանը, ապա՝ խնդրեմ, մեր շուրջ եղածները եթէ առասպել չեն, ի՞նչ են։ 

Ամչնալէն անդին բան չմնաց՝ գրեցի եւ իսկապէս չեմ գիտեր այդ անդինը ինչպէ՛ս կ՚արտայայտուի։

Հասնելու տեղ կայ, աթոռ, գահ ու իշխանութիւն կայ եւ ամենագայթակղիչ այս հարստութիւններուն սիրոյն պիտի շարունակուի խեղկատակ մեր իրականութիւնը։ 

«Կոնֆլիկտի մէջ չէ՛ իշխանութիւնը մեր եկեղեցիին հետ», ըսաւ մեր վարչապետը։

Ի տես բոլորիս՝ ամիսներէ ի վեր սկսած այս արշաւանքը հետզհետէ սրեցաւ, կոպտեցաւ, վայրենացաւ, տգեղցաւ-տգեղցաւ, մինչեւ հասանք աննկարագելի պատկերներու։

Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ, հոկտեմբերի 21-ին, Արագածոտնի թեմի հոգեւոր սպասաւոր Տ. Արամ Քհնյ. Ասատրեան՝ կանոնական դաշտ վերադառնալու իրեն տրուած բոլոր հնարաւորութիւնները սպառած ըլլալով՝ կարգալոյծ հռչակուեցաւ։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, ըստ եկեղեցւոյ կանոններուն, աւազանի անունով՝ Ստեփան Ասատրեանին արգիլեց կատարել եկեղեցական ծէսեր ու խորհրդակատարութիւններ, որոնք վերապահուած են բացառապէս եկեղեցւոյ սպասաւորներուն։

Վերջապէս, Ստեփան Ասատրեանէն պահանջուեցաւ հոկտեմբերի 23-ին Յովհաննավանքը ազատել, եկեղեցւոյ բանալիները յանձնել թեմի վարչական խորհուրդի ատենապետին եւ Մայր Աթոռի կողմէն իրեն տրուած բնակարանը ազատել մինչեւ 2026 թուականի յունուարի 15-ը։

Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ մէկական սպասաւորներ են մեր քահանաներն ու բոլոր կարգի հոգեւորականները, պարտին իրենց հոգեւոր կառոյցին յարմար տեսած կարգադրութիւնները անվերապահօրէն կատարել. այդպէս չէ՞։ Ես այդպէս գիտեմ, առնուազն, բայց այսօրուան առասպելներն են ասոնք եւ ամէն, ամէն ինչ կրնայ ըլլալ… 

«Կարգալոյծ եղած կաթողիկոս մը զիս չի կրնար կարգալոյծ ընել», Մայր Աթոռին որոշումը չընդունելով յայտարարեց քահանան, ոչինչ եղածի պէս՝ հոգեւոր իր գործունէութիւնը շարունակեց, մկրտեց, պսակեց ու յաջորդ կիրակի հանրութիւնը Պատարագի հրաւիրեց Յովհաննավանքին մէջ։

Կարելի է հրահանգի մը չանսալ, անկասկած, կարելի է բողոքել, դէմ գալ ու յեղափոխել, բայց վստահ եմ՝ կարելի է քաղաքավար մնալ. խօսող, գործող մարդուն ունեցած կամ չունեցած շնորհքը յայտնող վարքն է ատիկա…

Ազգային ժողովի յարգալից ամպիոնէն հնչող մեր վարչապետին «անմիջական» ելոյթները, անկախ որեւէ իրողութենէ, մեր հոգեւորականներուն վերաբերող՝ իր գործածած բոլոր արտայայտութիւնները, վերջին այս դէպքերը յայտնող լուրերուն տակ գրուած՝ մարդոց ամօթալի մեկնաբանութիւնները… այս բոլորը կը փաստեն, որ ստրկութեան պէս՝ անքաղաքավարութիւնն ալ մտածելակերպ է։ 

Իր «կողմը» անցնողները գրկող «զօրեղ» իր թեւերը բանալով յայտնուեցաւ՝ «Մայր Աթոռը իր սրբութիւնը համարող» մեր վարչապետը եւ հպարտութեամբ յայտարարեց, որ անպայման կը մասնակցի Յովհաննավանքին մէջ Արամ քահանային մատուցելիք Պատարագին։ 

Անուն մը ունի՞ այս եղածը։ 

Ըմբշամա՞րտ է։ Բազկամա՞րտ է։ 

Դո՞ւն, թէ՞ ես։ 

Նայինք՝ ո՞վ աւելի ուժեղ ու կարող է… 

Պատերազմի ատեն, կը յիշեմ, որ մեր իշխանութեան յայտարարութիւններուն մէջ երբեք չէր գործածուեր «թշնամի» արտայայտութիւնը. «հակառակորդ» մըն էր ան, որ, անվարան կը գրեմ՝ երբեք, երբե՛ք չարժանացաւ այսքան ատելութեան։ 

Չեմ գիտեր, դեռ ի՛նչքան, ո՛րքան ամչնալով պիտի գրեմ.

Չկրցան արժանապատուօրէն քով-քովի գալ մեր պետութեան մէջ շնչող ու զայն բառացիօրէն մէջտեղէն պատռող մեր «երկու հակառակորդները», չկրցա՛ն, մրցեցան անոնք։ 

Ահա մեզի նո՜ր առասպել մը. 

Կիրակի, հոկտեմբերի 26-ին, Մայր Աթոռի կարգալոյծ հռչակած քահանան Յովհաննավանքին մէջ Պատարագ մը մատուցեց, որուն մասնակցեցաւ մեր պետութեան վարչապետը եւ «նորոգման» պատարագ կոչեց զայն։ 

Եկեղեցիէն ելած պահուն, դուրսը զինք սպասող խուռներամ բազմութեան մէջ, ցլամարտէն «յաղթական» ելած «թօրէատորի» մը պէս՝ հպարտութեամբ քալող մեր վարչապետը ջերմագին ծափողջիւններով ու գովաբանական բացագանչութիւններով դիմաւորուեցաւ… 

Թօշնած յո՜յս մը, խամրած երազ մը ունէի, որ այս եղածը չըլլար, հոս չհասնէինք, կիրակի առաւօտ այս խայտառակութեան տեսանիւթերը չդիտէինք, բայց… 

«Յովհաննավանքի պատարագը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն ազատագրելու գործնական փուլի մեկնարկն է», յայտարարեց մեր վարչապետը։ 

Հողերը ազատագրեցինք. Էջմիածինը մնաց։ 

Աւելցնելու կարիք կա՞յ. ինքնաբերաբար չափազանցուած են մերօրեայ պատմութիւնները։ 

Հայկին, Դաւիթին ու Մհերին առասպելներով մեծցողներս՝ այսօր այս բոլորին վրայ ցաւելու, ափսոսալու գիտակցութիւնը ունինք՝ գոնէ… 

Այսօրուան առասպելներով մեծցողներէն վաղը ի՞նչ պէտք է ակնկալենք։

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2025