ԱՇԽԱՐՀԻ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ԱՃՆ ՈՒ ԱՊԱԳԱՆ

Այսօր ամենակարեւոր համաշխարհային մարտահրաւէրներէն մէկն է՝ աշխարհի բնակչութեան աճն ու աշխահի ապագան։ 2024 թուականին աշխարհի բնակչութեան թիւը հատած է 8 միլիառի սահմանը, իսկ ՄԱԿ-ի կանխատեսումներուն համաձայն՝ մինչեւ 2050 թուականը կրնայ հասնիլ շուրջ 9.7 միլիառի։ Այս արագ աճը անհաւասար է․ մինչ Եւրոպայի եւ Ճաբոնի նման տարածաշրջաններու մէջ բնակչութիւնը կը ծերանայ եւ կը նուազի, Ափրիկէի եւ Հարաւային Ասիոյ մէջ աճը շատ արագ է։ Այս անհամաչափ զարգացումը լուրջ տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական լարումներու պատճառ կը դառնայ։

Առաջին հիմնական հակամարտութիւնը կապուած է բնական պաշարներուն հետ։ Աճող բնակչութիւն կը նշանակէ աւելի մեծ պահանջարկ սնունդի, ջուրի եւ ուժանիւթի։ Արդէն իսկ շուրջ 2 միլիառ մարդ կ՚ապրի աշխարհի ջուրի պակաս ունեցող շրջաններու մէջ, իսկ ըստ ՄԱԿ-ի՝ մինչեւ 2030 թուականը աշխարհի բնակչութեան շուրջ 40 առ հարիւրը կրնայ տառապիլ ջուրի սակաւութենէ։ Այս վիճակը կրնայ սրել միջպետական հակամարտութիւնները, յատկապէս այն երկիրներուն միջեւ, որոնք կը բաժնեն նոյն գետերը կամ ջրային պաշարները։

Երկրորդ լուրջ խնդիրն է՝ տնտեսական անհաւասարութիւնը եւ գործազրկութիւնը։ Այն զարգացող երկիրներու մէջ, ուր բնակչութիւնը աճ կ՚արձանագրէ, աշխատաշուկան չի հասցներ ստեղծել բաւարար աշխատատեղեր։ Արդիւնքը՝ երիտասարդ գործազուրկ զանգուածները կը մեծնան, ինչ որ կը բարձրացնէ աղքատութեան մակարդակը եւ քաղաքական անկայունութիւնը։ Օրինակ՝ Ափրիկէի մէջ բնակչութեան շուրջ 60 առ հարիւրը 25 տարեկանէն վար է, բայց տնտեսութիւնները չեն կրնար ապահովել այդ երիտասարդներուն արժանապատիւ աշխատանք։

Երրորդ հակամարտութիւնը կապուած է շրջակայ միջավայրին եւ կլիմայական փոփոխութիւններուն հետ։ Աւելի մեծ բնակչութիւն կը նշանակէ աւելի բարձր ածխածինային արտանետումներ, անտառահատում եւ կենսաբազմազանութեան կորուստ։ Արդէն այսօր կլիմայական աղէտները․ ինչպէս՝ երաշտներ, ջրհեղեղներ եւ շոգի ալիքներ, կը հարկադրեն միլիոնաւոր մարդոց լքելու իրենց տուները։ Ըստ ՄԱԿ-ի, մինչեւ 2050 թուականը շուրջ 200 միլիոն մարդ կրնայ դառնալ կլիմայական գաղթական, ինչ որ նոր լարումներ եւ հակամարտութիւններ պիտի ստեղծէ պետութիւններու միջեւ։

Այս խնդիրներուն լուծումը կը պահանջէ համաշխարհային երկարաժամկէտ մօտեցումներ։ Առաջինը անհրաժեշտ է ներդրում կատարել կրթութեան մէջ, յատկապէս իգական սեռի կրթութեան, քանի որ վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ կրթութեան բարձր մակարդակը ուղղակիօրէն կը նուազեցնէ ծնելիութիւնը։ Երկրորդ՝ պէտք է խթանել կայուն զարգացումը՝ վերականգնուող ուժանիւթի օգտագործմամբ, ջուրի խնայողութեամբ եւ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեամբ։ Վերջապէս, միջազգային համագործակցութիւնը վճռորոշ է՝ պաշարներու արդար բաշխման, գաղթի կառավարման եւ հակամարտութիւններու կանխման համար։

Ընդհանուր առմամբ, աշխարհի բնակչութեան աճը ո՛չ միայն թիւերու խնդիր է, այլեւ խորքային ազդեցութիւն ունի տնտեսութեան, քաղաքականութեան եւ մարդկային անվտանգութեան վրայ։ Եթէ կառավարութիւնները եւ միջազգային կազմակերպութիւնները այսօր չձեռնարկեն համակարգուած քայլեր, այս աճը կրնայ վերածուիլ լուրջ համաշխարհային ճգնաժամի։ Իսկ ճիշդ քաղաքականութիւններով եւ համագործակցութեամբ կարելի է այդ մարտահրաւէրը վերածել զարգացման եւ կայուն ապագայի հնարաւորութեան։

Ամբողջ աշխարհը կը փոխեն՝ արհեստական բանականութիւնը, ինքնագործ դրութիւնը եւ մարդամեքենաները։ Մինչ զարգացած երկիրներու մէջ այս զարգացումները կրնան մեղմել աշխատուժի պակասը՝ ծերացող բնակչութեան պայմաններուն տակ, զարգացող երկիրներու մէջ անոնք կրնան սրել գործազրկութիւնը, քանի որ երիտասարդ եւ արագ աճող բնակչութիւնը դուրս կը մնայ աշխատաշուկայէն։ Այս անհամաչափ ազդեցութիւնը կրնայ նոր տնտեսական եւ ընկերային բաժանումներ ստեղծել պետութիւններու միջեւ։

Կարեւոր հարցերէն մին է նաեւ սննդային անվտանգութիւնը։ Մինչեւ 2050 թուականը սնունդի համաշխարհային պահանջարկը կը սպասուի աճիլ շուրջ 50 առ հարիւրով՝ բնակչութեան աճի եւ կենսամակարդակի բարձրացման պատճառով։ Սակայն, հողային պաշարները սահմանափակ են, իսկ կլիմայական փոփոխութիւնները կը նուազեցնեն բերքատուութիւնը՝ շատ մը տարածաշրջաններէ ներս։ Արդիւնքը՝ ապագային սննուդի գիները կրնան աճիլ, իսկ սննուդի պակասը կրնայ վերածուիլ քաղաքական անկայունութեան եւ հասարակական ընդվզումներու պատճառի, յատկապէս աղքատ երկիրներու մէջ։

Ապագայ աշխարհին մէջ մեծ դեր պիտի խաղայ նաեւ ժողովրդագրական ծերացումը։ Եւրոպայի, Չինաստանի եւ Արեւելեան Ասիոյ բազմաթիւ երկիրներու մէջ ծնելիութիւնը զգալիօրէն նուազած է, մինչ կեանքի տեւողութիւնը կ՚երկարի։ Մինչեւ 2050 թուականը աշխարհի մէջ 65 տարեկանէն բարձր մարդոց թիւը կրնայ կրկնապատկուիլ։ Այս փոփոխութիւնը մեծ ճնշում կը դնէ կենսաթոշակային համակարգերու, առողջապահութեան եւ պետական պիւճէներու վրայ՝ ստիպելով կառավարութիւնները վերանայիլ իրենց ընկերային քաղաքականութիւնները։

 Աշխարհի ապագայ բնակչութեան հարցը ուղղակիօրէն կապ ունի քաղաքական կառավարման որակին եւ քիչ մըն ալ կրօնական ըմբռնումներու հետ։ Այն երկիրները, որոնք ժամանակին կը ներդնեն երկարաժամկէտ ժողովրդագրական ռազմավարութիւններ՝ ընտանիքի աջակցութիւն, առողջապահութիւն, կրթութիւն եւ ներգաղթի խելամիտ կառավարում, աւելի պատրաստ կ՚ըլլան ապագայի մարտահրաւէրներուն։ Իսկ այն պետութիւնները, որոնք կ՚անտեսեն այս միտումները, կրնան բախիլ ներքին անկայունութեան, զանգուածային արտագաղթի եւ տնտեսական անկման։ Այսպիսով, աշխարհի բնակչութեան ապագան կախեալ է ո՛չ միայն թիւերէն, այլ նաեւ քաղաքական որոշումներէն, որոնք կը կայացուին այսօր։

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2025