ԱՆՈՒՇՍ ՊՏ ԾԱԽԻՄ

Տարիներ առաջ էր, երբ հայրենակից Անդրանիկին հետ Լոռիի շրջանէն Երեւան կը վերադառնայինք: Սեպտեմբերի վերջերն էր: Լաւ կը յիշեմ: Աշնանամուտ: Եռօրեայ այս շրջապտոյտս կարծես զիս առաւել կապած էր հայրենի հողիս: Խենթի նման սիրահարուած էի՝ հայրենիքիս հիւսիսային բաժնի այդ լեռներուն, դաշտերուն, հովիտներուն, բնութեան ու ժողովուրդին: 

Վերադարձի մեր ճամբուն վրայ, Անդրանիկի հազիւ մեզ տանող շատ հին «աֆթո»յին մէջ, կը փորձէի երախտագիտութիւնս բացայայտել զիս հիւրընկալող հայրենակիցիս, երբ յանկարծ Վանաձորի մուտքին ինքնաշարժը հին տնակի մը առջեւ կեցնելով, ըսաւ. «Մի քիչ գլուխ քաշենք, մեր քաւորին»:

Համաձայնեցայ: Վերջապէս ուրիշ ճար չունէի: Թէեւ շատ յոգնած էի ու վայրկեան առաջ կ՚ուզէի Երեւան պանդոկս հասնիլ եւ հանգստանալ, բայց քաղաքավարութիւնը կը պահանջէր…: Արեւը կարծես ինք ալ կ՚ուզէր մեզմէ առաջ մար մտնել: Արդէն դիմացի սարերը, կիսամութ շղարշի մը տակ պահուըտած էին:

«Աֆթո»յին արտառոց ձայներուն ծանօթ ըլլալով, տանուտէր Եուրին, մինչեւ փողոց եկած էր, մեզ դիմաւորելու: Հայրենակիցս, նախ զիս ներկայացուց: Համբուրուեցանք եւ ապա երեքով տուն մտանք բակ՝ «հայաթ» ու նստանք հոն փոքր սեղանի մը շուրջ շարուած ցած աթոռակներու վրայ:

Եուրին շուտով ձայնեց իր կնոջ՝ Նոյեմզարին: Հազիւ քանի մը վայրկեան անց՝ փոշոտած սեղանին վրայ արդէն գինիի, օղիի եւ սուրճի գաւաթները իրարու մօտ շարուած էին: Ու այս արարողութեան յաջորդեցին անհատնում շարքը «ցաւդ տանեմ»ներու կենացներուն:

Փորձեցի հրամցուած սուրճս արագ խմել, միջոցին, մէկ կողմէ գլխով ու աչքով Անդրանիկին հասկցնել, թէ ալ չէի կրնար դիմանալ: Երեք օրէ ի վեր մէկ լեռնէն միւսը, մէկ սարէն միւս դաշտը քալած, վազած ու հիացմունքով ապրած էի: Ամէն վայրկեան Թումանեան յիշած էի: Վերջապէս իմ երկիրն էր ու սիրտս տարբեր բաներով լեցուցած էի: Սիրելի, քաղցր եւ յիշատակելի: Սակայն, այդ վայրկեանին, զիս մտիկ ընող չկար: Անոնք երկուքով՝ ձեռքով-ոտքով, հինէն-նորէն կը խօսէին ու կը խօսէին, իսկ ես ու Նոյեմզարն ալ լռութեամբ կը հետեւէինք:

Յանկարծ Անդրանիկը լռեց: Ելեկտրական լամբի պղտոր լոյսին տակ, փորձեցի անոր դէմքին գիծերը տեսնել, հասկնալու համար անակնկալ այս լռութեան պատճառը:

-Ի՞նչ ասացիր, քաւոր Եուրի, կրկնեց Անդրանիկը քանի մը անգամ եւ մտահոգ: Ձայնը յուզումէն սկսած էր դողալ:

-Անուշս պտ ծախիմ. ուրիշ ճար չունեմ:

Անդրանիկի զարմանքէն ես ալ վարակուեցայ: Ու արագ մը ես ինծի հարց տուի, թէ արդեօք լսածս ճի՞շդ էր, թէ ոչ :

-Հա՛, հա՛, ուրիշ ճար չունեմ. պտ ծախիմ, որ ապրե՛նք. ուզող էլ կայ:

Անդրանիկը մէյ մը ինծի նայեցաւ, մէյ մըն ալ իր քաւորին, ու կոկորդը մաքրելէ ետք ինծի դառնալով գրեթէ յուզուած ձայնով ըսաւ.

-Աբեր ճան, «աֆթոյիցս» «պապիրոզս» պեր:

Վայրկեանին դուրս նետուեցայ: Զգացի որ ընտանեկան հարցի մը առջեւ կը գտնուէի: Հարց մը, որ ինծի նման օտարի մը ներկայութեան պէտք չէր արծարծուեր: Ուրեմն՝ ներկայութիւնս աւելորդ էր եւ ահա զիս այս խօսակցութենէն դուրս ձգելու լաւագոյն հնարքը՝ «աֆթոյից, պապիրոզս պեր»:

Իրաւունք ունէին: Ես ո՜ւր, քաւոր Եուրին ո՜ւր:

Բացի ինքնաշարժին դուռը, վերցուցի սիկառէթի տուփը ու վայրկեանի մը համար նստայ: Փակեցի դուռը: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ ուզեցի ձեւով մը ինքնամփոփուիլ: Անկեղծօրէն, չէի ուզեր այլեւս այդ տունը վերադառնալ: Կարծես մէկը զիս լաւ մը ծեծած ըլլար: Ականջներուս չէի վստահեր… ու իր նորութեամբ նոյնիսկ՝ վախազդու:

Սիրտս վիրաւորուած էր ու տրամադրութիւնս ալ քանդուած: Կը զգայի, որ մէջս բան մը սպաննուած էր:

Դուրսը արդէն լման մթնցած էր: Գիշեր էր, մտածումներուս նման մութ ու սեւ: Երեք օրուայ ուրախութիւնս ու հրճուանքս «փորս մնացած էին»:

-Յիմար մարդ,- կ՚ըսէի մտովի,- ամբողջ աշխարհը գիտէ, թէ տարիներէ ի վեր մեր հայրենիքը տնտեսական շատ ծանր պայմաններու մէջ կ՚ապրէր…բայց երբեք լսած չէի, որ իր տնտեսութեան համար մարդիկ, հայ մարդիկ, փորձեն նոյնիսկ իրենց մէկ հատիկ զաւակ-դուստրը ծախել: Այս մէկը մեզի վայել չէր… մեծ ամօթ…: Ո՞ւր կ՚ապրէինք, ապուշ, անաստուած: Խեղճ աղջիկէն ի՞նչ կ՚ուզես: Գնա՛, ուրիշ գործ մը ճարէ՛: Գործ մը: Ըսէ՛, Անդրանիկին, ան ալ, «մի բան կանի», ինչո՞ւ, ասկէ առաջ չէ՞ ըրած…: Հարցումներս տեղատարափ անձրեւի նման մտքիս մէջ նոր ձեւ եւ կերպարանք ստանալով, կ՚աղմկէին: -Ծօ՛, նոյնիսկ Ափրիկէի մէջ,- կը շարունակէր միտքս,- մարդ իր հարազատ զաւակը չի փորձեր ծախել. Յիմա՜ր, Ճիհաննամ ըլլաս… դո՛ւն ալ… քու ծծած կաթդ ալ… ես թքած ունիմ… ինչպէս Անդրանիկը իր բարկացած պահուն միշտ կ՚ըսէ, քու հայութեանդ վրայ:

Զգացի որ քրտնած էի: Արագ մը «աֆթո»յին պատուհանը վար առի: Տակաւին սիկառէթի տուփը ձեռքիս մէջ էր: Չէի կրցած որոշում մը առնել: Արդեօք ներս մտնե՞մ, թէ ոչ…: Արդեօք իրենց խօսակցութիւնը վերջ գտա՞ծ էր: Գիտեմ, որ Անդրանիկը հայրենասէր տղայ մըն է. ազգասէր ու պատուախնդիր: «Ճիկարով» մարդ է ու գթասիրտ: Տարիներու մեր բարեկամութիւնը այդ մէկը հաստատած էր արդէն: Ուստի վստահելով Անդրանիկի եւ յատկապէս անոր ազգային գիտակցութեան՝ որոշեցի տուն մտնել:

Կը հեւայի: Ես ինծի չէի կրցած համոզել, թէ «մարդ ինչպէ՞ս իր մէկ հատիկ աղջիկը կրնայ ծախու հանել…: Ըսէ՛ք, ո՞ւր գրուած է նման բան…»: Տակաւին միտքս կը շարունակէր իր հարցուփորձը: Արդեօք, ո՞վ էր այդ գնող վաշխառուն: Օտա՞ր էր, թէ ո՛չ, հայ մը: Նոր հարուստներէն է՞ր, թէ ո՛չ, ինքն ալ իր կարգին Անուշը, դուրսերը ծախու պիտի հանէր:

-Է՜հ, աղքատութիւն. կ՚ըսեն, թէ ամէն բան ընել կու տաս,- կը փորձէի կրկին անգամ եղելութիւնը արդարացնել:

-Բայց ո՛չ, կը պատասխանէր տրամաբանութիւնս, պատուախնդիր մարդուն համար նման բան գոյութիւն չունի:

Ու խեղճ Անուշ: Իսկապէս կը մեղքանայի: Յուզուած էի: Կարծես պիտի լայի:

Արցունքներս նոյնիսկ կազմաւորուած ըլլալով՝ եկած եւ խեղդած էին կոկորդս:

Արդեօք քանի՜ օրեր խեղճ աղջիկը լաց եղած էր: Հապա՞ մայրը: Գիտեմ, որ կիները իրաւունք եւ ձայն չունէին մեր հայրենակիցներու ընտանեկան յարկերէն ներս: Անգիր ու յետամնաց օրէնք մը: Ուրեմն Նոյեմզարը «ոչինչ ունէր ասելիք» ու այդպէս պիտի ձգէր, որ իր մէկ հատիկը տանէին: Բայց «փող էր հարկաւոր»: Վերջ ի վերջոյ մարդիկ պիտի ապրէին: Ուրեմն դանակը ոսկորին հասած ըլլալու էր…:

Անզգալաբար գրպանիս դրամը հաշուեցի: Հարիւր տոլարի չափ բան մըն էր ունեցածս: Արդեօք այսքանով պիտի գոհանա՞ր մեր «վաճառական» Եուրին: Անդրանիկին պէտք էր հարցնէի: Ու քրտնած վիճակով անիծեալ «հայաթը» վերադարձայ:

-Ո՞ւր մնացիր աբեր,- ըսաւ հայրենակիցս, մէկ ձեռքով զիս ցոյց տալով ու միւսով օղիի գաւաթ մը բռնած:

-Արի խմենք մեր քաւոր Եուրիի քաղցր կենացը:

Ուրեմն հարցը փոխուած ըլլալու էր: Ուրեմն մեր հայրենակից Անդրանիկն ալ Վասակի նման անցած էր Եուրի կոչեցեալին կողմը: Ուրեմն բացակայութեանս, ամէն բան իր ձեւով հարթուած էր:

Վտանգաւոր ենթադրութիւններուս վրայ յենուելով, բարձրաձայն բոլորին ներկայութեան եւ «ո՛չ, չեմ խմեր», մը պոռթկացի:

-Ինչի՞, ա՜յ, ցաւդ տանեմ աբերս.- այս անգամ զարմացած Եուրին ինք հարց տուաւ ինծի:

-Որովհետեւ դո՛ւն, անաստուած մըն ես, կրկին անգամ յուզումնախառն շարունակեցի:

Չեմ գիտեր ի՞նչ բանն էր, որ ուղեղիս մէջ ցոյցի ելլելով, զիս մղած էր նման ձեւով պոռթկալու: Կատարեալ անկրթութիւն էր ըրածս: Մարդկային, հայրենասիրական, ազգային եւ ամէն տեսակի զգացումներս հաւաքուած կ՚ուզէին խեղդամահ ընել այդ Եուրին: Թերեւս այս զգացումներն էին, որոնք զիս անքաղաքավար դարձուցած էին:

Յանկարծ, մեր Անդրանիկը արմուկս ցնցելով իր գաւաթը ինծի երկարեց:

-Խմի՛ր, ըսաւ, Եուրին Անուշը չի՛ ծախելու:

Լոյս մը ծագեցաւ: Տեսակ մը փայլ մը իջաւ դէմքիս վրայ: Զգացի, որ բառերս

ջղայնութենէս չորցած շրթներուս վրայ, փակած մնացած էին: Ինծի համար այդ վայրկեանին խօսիլը անկարելի բան մըն էր:

-Լաւ կը լինի, աբեր ճան, լաւ կը լինի: Վաղը դու գնա՛.- շարունակեց Անդրանիկը իր խօսքը, այդ փողով գոմդ սարքի՛ր, Աստուած մենծ է:

Գոմ լսած էի , արդեօք ճի՞շդ էր լսածս: Ուրեմն Անուշը գոմի մէջ կը պառկէր: Ահա քեզի աղքատութի՜ւն: Գոմի մէջ պառկիլ: Եւ տակաւին Անդրանիկ ըսուածն ալ «լաւ կը լինի» կը պոռար: Ամօ՛թ, շատ ամօ՛թ, սկսած էի կրկին անգամ մտովի դատապարտել: Կարծես միտքս կրկին խառնաշփոթ իր վիճակին վերադարձած էր:

-Սպասի՛ր, հենձ էն առաջին իսկ կաթով, մածուն եմ սարքելու եւ քեզ եմ ուղարկելու, ըսաւ Եուրին իր չորս ոսկեպատ ակռաները ցոյց տալով:

Շշմած էի, գրեթէ խելագարուած: Հանդարտ մը նստայ աթոռիս վրայ: Անդրանիկը գաւաթ մը ջուր բերաւ, իսկ Նոյեմզարը շիշ մը ջերմուկ: Երկուքն ալ մէկ շունչով խմեցի:

Ինքզինքս հաւաքելէս ետք զգացի, որ դէմքիս վրայ միամտութիւնս ձաղկող ու բացայայտող անակնկալ ժպիտ մը սկսած էր յայտնուիլ, որ կամաց բարձրաձայն խնդուքի վերածուեցաւ: Ինծի հետ ձայնակցեցան Եուրին ու Անդրանիկը: Կիսափլատակ գոմի պատերուն ետեւէն, իր բառաչով, Անուշն ալ  մեզի ձայնակցեցաւ: 

Հիմա այլեւս «միամտութեանս» վրայ, խնդուքս չէի կրնար զսպել:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 28, 2025