ԵՐԹԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Այսօր գաղտնիք չէ, որ գիրք եւ թերթ հրատարակելը դարձած են ահագին դժուար իրողութիւններ: Առաւել եւս դժուարացած է օրաթերթ հրատարակելը՝ այն ալ տպագիր: 

Դժուար երբ կ՚ըսենք, նկատի չունինք պարզապէս գործնական եւ նիւթական դժուարութիւնները, այլեւ առաւել եւս բարոյական դժուարութիւնները, որոնք շատ յաճախ գործնական եւ նիւթական դժուարութիւններէն շա՜տ աւելի ծանր եւ վհատեցնող են:

Հակառակ այս բոլոր դժուարութիւններուն, սակայն, Հայ մամուլի նահապետը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը կը շարունակէ իր գոյերթը, հոսանքին հակառակ թիավարելով ու մաքառելով: 

Պայքար մը, որ շատերու համար յիմարութիւն կը թուի, ուրիշներու համար ժամանակի կորսուստ, ոմանց համար ի զուր յամառութիւն: Մարդիկ ազատ են մտածելու եւ կարծիք յայտնելու… Մէկ բան յստակ պէտք է ըլլայ սակայն, որ եթէ այդպէս ըլլար, ապա այսօր վաղո՜ւց ԺԱՄԱՆԱԿ-ը դադրած կ՚ըլլար գոյատեւելէ, աւելին՝ այսօր շատ քիչեր կ՚իմանային անոր գոյութեան մասին, թէ ժամանակ եղած էր երբ ԺԱՄԱՆԱԿ անունով թերթ մը հրատարակուած էր Պոլսոյ մէջ:

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ամէնօրեայ լոյս աշխարհ գալը հրաշք եթէ չանուանենք, վստահաբար կրնանք անուանել կամքի դրսեւորում, հայ մամուլի նկատմամբ անսակարկ նուիրումի եւ հետեւողականութեան վկայութիւն։ Տասնամեակներու ընթացքին, ան ո՛չ միայն պահած է իր տեղը մամուլի ասպարէզին մէջ, ո՛չ միայն եղած է հայ մամուլին նահապետը, այլ դարձած է խորհրդանիշ մը՝ տոկունութեան, ազգային ինքնագիտակցութեան եւ հաւատարմութեան։

Յաղթահարելով քաղաքական, տնտեսական եւ սփիւռքեան իրողութեանց բարդ պայմանները՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը շարունակած է իր առաքելութիւնը՝ հայ ոգին կենդանի պահելու, հայ գիրը կենսաւորելու, հայ միտքը լուսաւորելու։ Տարիներու ընթացքին ան դարձած է ո՛չ միայն լրատուութեան աղբիւր, այլ հոգեւոր շունչի ու մտաւոր հորիզոնի պահապան։ Անոր էջերէն ծլած են հայ մամուլի նոր ուղիներ, հնչած են միտքի խիզախ ձայներ, միշտ պահպանելով չէզոքութիւն եւ ընդհանուրին շահը գերիվեր համարելով հատուածական եւ անձնական շահերէ, որով համարձակօրէն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի բոլոր ժամանակներու խմբագիրներն ու անոնց սատարող սիւնակագիրները, առանց վարանելու ճերմակը՝ ճերմակ եւ սեւը՝ սեւ կոչած են:

ԺԱՄԱՆԱԿ-ը ո՛չ միայն Պոլսոյ հայ համայնքին անցնող մէկդարեայ պատմութեան վկան է, այլ նաեւ պատմութիւն ստեղծողն իսկ է՝ իբրեւ հայ իրականութեան հաւատարիմ արտացոլացումը: Աւելին, ԺԱՄԱՆԱԿ-ը իր ընթերցողին կը յիշեցնէ, թէ՝ հայ լեզուն, միտքն ու հոգին երբեք չեն խամրիր, երբ նուիրուած ձեռքեր կը շարունակեն գրել, տպել եւ հաւատալ հայ գիրին ու գրականութեան։

Բարի ընթացք եւ յարատեւ վերելք սիրելի՛ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին: 

Կամք եւ կորով Արա Գօչունենաին, որ իր նախնիներէն ժառանգ ստացած թերթը արժանավայել կերպով կը շարունակէ հրատարակել: 

Խոնարհում Սարգիս եւ Նատիա Գօչունեաններուն, որոնք իրենց մէկհատիկ զաւակին թեւ եւ թիկունք կը հանդիսանան, ոչինչ զլանալով անոր, որպէսզի իր գլխաւորած թերթին երթը բարեյաջող ընթանայ: 

Յարգանք բոլոր անոնց, որոնք այս եռեակին՝ Արա-Սարգիս-Նատիայի կողքին իրենց կարելին կը ներդնեն, որպէսզի յաջողութեամբ պսակուի իրենց աշխատանքը:

Ի վերջոյ վարձքը կատար բոլոր յայտնի եւ անյայտ բարերարներուն, որոնք իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ զօրավիգ կը կանգնին հայ մամուլի նահապետին՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին, որպէսզի ան շարունակէ իր սուրբ առաքելութիւնը։ Վստահ ենք, որ անոնց նիւթական օժանդակութենէն աւելի՝ իրենց հաւատքը, վստահութիւնն ու բարոյական զօրակցութիւնն է, որ Արային եւ անոր շուրջիններուն ուժ կու տայ ամէն օր գործը շարունակելու՝ առանց դադարի, առանց յուսահատութեան եւ առանց նահանջի։

1908-ին սկիզբ առած երթին՝ բարի, լուսաշող եւ յարատեւ շարունակութիւն։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

25 հոկտեմբեր 2025, Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2025