«ՆԻՒ ԵՈՐՔ - ՆԻՒ ԵՈՐՔ…»

Երեւանի մէջ ուսանած տարիներուս, իւրաքանչիւր տարուան սեպտեմբերի 26-ին, կափ-կարմիր վարդեր գնած՝ Կոմիտասի անուան պանթէոն կ՚երթայի. Կոմիտասի ծննդեան օրն է սեպտեմբերի 26-ը։

Առաջին քանի մը տարիներուն, նկատեցի, որ բաւական կը խճողուի պանթէոնը այդ օրը. դպրոցականներ կու գան իրենց դասատուներուն հետ, երաժիշտներ, Կոմիտասի անունը կրող պետական երաժշտանոցին ուսանողները կու գան…

Սկիզբը զարմացայ այդ խճողումին համար, յետոյ, ժամանակի ընթացքին այն եզրակացութեան եկայ, որ՝ ինչո՞ւ զարմանալ. աս չէ՞ հայրենիքին մէջ ըլլալու տարբերութիւնը։ 

Հոս ամէ՛ն մարդ ամէ՛ն ինչ կը յիշէ, հաստատեցի։ 

Յաջորդ տարիներուն, հաճելի խճողումին, մանուկներուն մէկ-մէկ ծաղիկներ տեղադրելու յուզիչ տեսարանը դիտելովս հանդերձ, աւելի ազատ ըլլալու հաւանականութիւնը նախընտրելով որոշեցի սեպտեմբերի 26-ին փոխարէն՝ 27-ին այցելել ու առանձին տօնել Կոմիտասի ծննդեան տարեդարձը։ 

Տարիներ շարունակ այս այցելութիւնը սովորութիւն դարձնելով, ուրիշ տեղ մը ունեցաւ մէջս այդ թուականը՝ սեպտեմբերի 27-ը։ 

Սահեցաւ ժամանակը, ամէն ինչ յիշող մարդոց քաղաքէն հեռու՝ երէկ Հալէպի, այսօր Գահիրէի մէջ, բնականաբար, Կոմիտասի ծննդեան օրը վերսկսայ իր ճիշդ օրին տօնել, 26-ին, բայց եկուր տես, որ պատահականօրէն մէջս փորագրուած 27-ը ա՛յլ իմաստ մը ստացաւ՝ բոլորովին…

2020-ի սեպտեմբերի 27-էն ետք, արդէն հինգերորդ տարին է, որ 26-ին Կոմիտասին համար վառած մոմս չե՛մ մարեր ես։ 

Յիշելու փոխարէն մոռնալու հրաւիրող մեր ժամանակին մէջ՝ ես կը յիշեմ. 

«Պատրաստ եղէ՛ք մեր սուրբ հայրենիքի պաշտպանութեանը, հպարտ, յաղթո՛ղ ժողովուրդ», գրած էր մեր վարչապետը ճի՛շդ այդ օրը։ Կարիք չկայ երեւի բացատրելու, որ նշուած «սուրբ հայրենիքը» Արցախն է, է՛ր։

«Յաղթելու ենք»ն ալ կը յիշեմ։ 

Պատերազմէն միայն քանի մը օր անց, Ազգային ժողովի դահիլիճէն ներս իր ամպիոնին վրայ կանգնած հայրենասէր մեր վարչապետին հարցումը կը յիշեմ. «Հե՛նց վաղը պատերազմը կարող է դադրիլ, եթէ համաձայնուենք որ ինքնավար մարզ լինի Լեռնային Ղարաբաղը։ Համաձա՞յն էք»։ 

Հոն նստած մարդոց բարձրաձայն ու վճռակամ «ո՛չ»երը, իր ժողովականներուն հայրենասիրութենէն վստահ մեր վարչապետին՝ «ես տենց էլ գիտէի»ն ալ կը յիշեմ։

Չարափաստիկ սեպտեմբերի 27-էն հինգ տարի անց, այդ նիստի մասնակիցներուն կը հարցնեմ. 

Ձեր՝ ինքնավար մարզ դառնալը մերժած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ո՞ւր է։ 

Իրենց համար «անհրաժարելի» Արցախի Հանրապետութեան՝ տարիներէ ի վեր գերեվարուած նախագահին, նախարարներուն ու պետական այրերուն համար բան մը ըրի՞ն։ 

Իրենց տաք տեղերը նստելով հնչեցուցած այդ «ոչ»երուն համար մէկու մը հաշիւ տուի՞ն։ 

Իրենց արդուկուած փայլուն հագուստներով ու արեւի սեւ ակնոցներով, երբ Եռաբլուր կ՚երթան, կը խոնարհին ու ծաղիկ կը դնեն, թիւը չյստակացած մեր զոհերու մայրերուն երեսներուն կը նայի՞ն։ Կրնա՞ն նայիլ, թէ՞ ապահովութեան համար թոյլատրուած չ՚ըլլար այդ պահուն ԱՅԼՈՑ մօտենալը…

Որքան սուտ, խաբէութիւն, հակասութիւն, երկդիմութիւն, ապրեցանք այս հինգ տարիներու ընթացքին, ու դեռ կ՚ապրինք եւ ո՛վ գիտէ մինչեւ ե՛րբ պիտի ապրինք։

Մոռնալու ժամանակն է, բարեկամներ։ 

Սեպտեմբերի 27-ին սկսած պատերազմը, անոր զոհ գացած մեր հերոսները, գրաւուած, ապա՝ յանձնուած ու հայաթափուած Արցախը ո՛չ մէկ կերպով ակնարկող, այս բոլորը չեղածի պէս վարուող, մեր գիտցած ազգային չափանիշներէն ամբողջովին ուրիշ՝ նորաձեւ, իրական մեր պետութեան ընդառաջ՝ ո՛չ թէ եղած(ներ)ը յիշելու, այլ՝ խաղաղալի, հպարտալի, պայծառ ու պանծալի այսօրը ապրելու ժամանակն է, սիրելինե՛ր։

Ճիշդ այդպիսի՛ պետութեան մը ղեկավարն է, որ սեպտեմբերի 27-ին, իր խմբակին հետ Նիւ Եորքի փողոցներուն մէջ քալած պահը արձանագրող տեսանիւթ մը կրնայ հրապարակել՝ «Նիւ Եորք-Նիւ Եորք» երգի մեղեդիներով։

Այո՛, «փառք մեր նահատակներին»՝ անկասկած, ինչպէս շատ յաճախ կ՚ըսէ մեր վարչապետը։ Նահատակները փառաբանելու լաւագոյն միջոցը ըլլալու է զանոնք այդ օրը ընդհանրապէս չյիշելը։ 

Ամչնալը քի՛չ է։ 

Չեմ գիտեր ինչո՞ւ այլեւս «Հայաստանի հպա՛րտ քաղաքացիներ»ով ժողովուրդին չի՛ դիմեր ան. այսքան հպարտութիւն առթող մեր իրականութեան մէջ ատենը չէ՞ «արժանի» այս տիտղոսին վերստին տիրանալու… 

Մեր պատմութեան ամենէն ամօթալի էջերէն մէկը արձանագրող թուականէն հինգ տարի անց, մեր սխալները ուղղելու, զգաստանալու ոչ մէկ քայլ առած ենք. 

Հայաստանի մէջ թէ դուրս՝ պառակտուած, այլամերժ ենք ու անհանդուրժողական։ 

Խաղաղութեան համար ձեռք մեկնող Ատրպէյճանի նախագահը իր յայտարարութիւններուն մէջ մեր հայրենիքն ու անոր առաջնորդը նուաստցնելու առիթը չի՛ փախցներ։ 

Ինքնիշխան Հ.Հ.-ին մէջ գրաւուած տարածքներ կան։ 

Ազատ, անկախ, «ժողովրդավար» մեր երկրին մէջ ընդդիմութիւնը կը բանտարկուի, եկեղեցին կը հալածուի, սրբազանը կը դատուի, քուէներով անցնողը կը սպաննուի։

Անընդհատ վերանայուող, փոխուող ու քննարկումի լայն դաշտ մը ստեղծող Հայաստանի պատմութեան դասագիրքեր, այբբենարաններ, չգնահատուելով իրենց երկիրէն հեռացող աշխարհի փայլուն ախոյեաններ, հիասքանչ երաժիշտներ, միջազգային հռչակ վայելող երգիչ-երգչուհիներ, պետութեան հայեացքն ալ չվայելող թատրոններ, երգչախումբ ու պարախումբեր եւ… ճակատագիրը անյստակ՝ Ցեղասպանութեան յուշահամալիր մը ունինք։ 

Աւելին՝ ամենակարեւորը ունինք. 

Խաղաղութեան «Պատմական» հռչակագիր մը եւ ո՛րեւէ խնդիրի ընդառաջ՝ ԱՄՆ-ի նախագահին զանգելու արտօնութիւն ունեցող ղեկավար մը ունինք։ 

Դեռ ի՞նչ ունենանք։

… Քանի մը օր առաջ, Աջապահեան Սրբազանը դատող դատաւորուհին լրատուական միջոցներուն մէջ փնովուեցաւ որպէս «այլոց» որոշումներու կամակատար ստրուկ։

Կը հարցնեմ. 

Այս բոլոր իրողութիւնները տեսնող, ապրող, գիտակցող ու այնուամենայնիւ լռո՛ղ, անտարբե՛ր մնացող, ոչի՛նչ ընող ու այս ամէնուն հեղինակը, ընտրողն ու վերընտրողը ստրուկ չէ՞։

Ո՛ւր եւ ինչպիսի՛ն որ է, այսօրուան «ապահով» մեր կեանքին ու վաղուան մեր վախերուն ստրուկներն ենք բո՛լորս։

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2025