«12-ՐԴ ԱՆԿՈՂԻՆԻՆ ՄԱՀԸ»
Մուհամմատ Ալի Աքպարը աղքատ մըն է, Օմանի արեւմտեան թաղամասի «Իպխա» գիւղէն. թուխ ու նիհար երիտասարդ մը, որու աչքերուն մէջ իղձեր կան, սակայն չի՛ գիտեր ինչպէս սկսի: Ճիշդ է, որ ան աղքատ էր, սակայն ի՞նչ կը նշանակէ աղքատութիւնը մարդու մը, որ բացի անկէ ուրիշ բան չէ տեսած իր կեանքին մէջ: «Իպխա»ն ամբողջութեամբ աղքատութենէ կը տառապի եւ այն գրեթէ նման է Մուհամմատ Ալի Աքպարի ունեցած աղքատութեան, սակայն բաւարարուած աղքատութիւն էր, կայուն աղքատութիւն էր, որուն կը պակսէր խթան մը, որպէսզի զգար, թէ ինք սխալ էր եւ թէ կայ բան մը, որ «հարստութիւն» կը կոչուի. այսպիսով, երկու պայուսակները, որ Մուհամմատ Ալի Աքպարը իր ուսերուն վրայ կը շալկէր ու մարդոց դռները կը բախէր, որպէսզի ջուր ծախէ անոնց, երկու ափերն էին՝ որոնք հաւասարակշռութիւնը կը պահէին. բայց Մուհամմատ Ալի Աքպարը գլխապտոյտ կը զգար, երբ կը ձգէր իր պայուսակները եւ երբ ամէն առտու կը շալկէր զանոնք, կը զգար, թէ իր կեանքը ապահով կերպով կ՚ընթանար եւ թէ ապահոված է հաւասարակշռուած ընթացք մը, որ չի՛ շեղիր:
Մուհամմատ Ալի Աքպարին կեանքը կրնար այսպէս կանոնաւոր ու խաղաղ կերպով շարունակուիլ, կրնար ատիկա պատահիլ, եթէ ճակատագիրը՝ ինչպէս քաղաքակրթութիւնը, նկատի ունիմ, թէ ճակատագիրը հեռաւոր Օման հասած չըլլար, ինչպէս քաղաքակրթութիւնը չէ հասած այնտեղ. բայց ճակատագիրը նոյնիսկ ներկայ էր հեռաւոր Օմանի մէջ եւ Մուհամմատ Ալի Աքպարը պէտք է քիչ մը դիմանար ճակատագիրի այս կատակին:
Ատիկա պատահեցաւ գրաւիչ առաւօտ մը: Ճամբային հողը տաք էր, չնայած որ արեւը տակաւին չէր եփած երկինքին մէջ: Այնտեղ կային հիւսիսային զեփիւռներ, զորս անապատը քիչ մը հողի հետ կը փչէր իր դէմքին: Դուռը թակեց եւ դրան ետեւէն փոքրիկ շիկահեր մը երեւցաւ՝ լայն ու սեւ աչքերով եւ ամէն ինչ շատ արագ պատահեցաւ. դրան առջեւ անփոյթի մը նման կանգնեցաւ, մէկու մը պէս, որ ճամբուն ուղղութիւնը կորսնցուցած է, իսկ երկու պայուսակները կ՚օրօրուէին իր մաշած ուսերուն վրայ. անգիտակցաբար սկսաւ նայիլ անոր՝ մարդու մը նման, որ թեթեւօրէն արեւահարուած է, փափաքելով, որ իր աչքերը կախարդական կարողութիւն մը ունենան՝ գրկելու համար զինք ու քամելու: Աղջիկը եւս փոխանակեց իր նայւածքով՝ բայց զարմանքէ մղուած եւ ոչ ուրիշ բանէ, եւ երբ չհամարձակեցաւ որեւէ մէկ բան ըսել, կռնակը դարձուց եւ իր պայուսակներուն հետ տուն վերադարձաւ:
Եւ թէեւ Մուհամմատ Ալի Աքպարը ամչնալու յատկութիւնն ունի՝ նոյնիսկ իր ընտանիքին դիմաց, սակայն այդ օրը ան ո՛չ մէկ առիթ գտաւ, որպէսզի խնդիրը մեծ քրոջ ձեռքերուն մէջ թափէ: Իր մայրը երկար տարիներ առաջ ծաղկախտէն մահացած էր, իսկ հայրը՝ անդամալոյծ էր, ուժ չունէր շարժելու. այսպիսով, ան իր քրոջմէն օգնութիւն խնդրեց, քանի որ առանց կասկածելու կը վստահէր, թէ իր այս քոյրը՝ Սպիքէն, խելացի ու հաւասարակշռուած է եւ ան կարողութիւն ունի նմանատիպ խնդիր մը լուծելու: Քոյրը լուռ մնաց, մինչեւ որ Մուհամմատ Ալ Աքպարը իր պատմութիւնը փսփսաց իր առջեւ եւ ապա ըսաւ.
-Նշանե՞նք զինք քեզի… այս է ուզածդ, չէ՞:
-Այո՛, այո. ատիկա կարելի՞ է:
Քոյրը պատասխանեց, մինչ հին գորգէ մը ծղօտ մը կը հանէր.
-Եւ ինչո՞ւ չէ. արդէն երիտասարդ ես, եւ Իպխայի մէջ բոլորս ալ նոյնն ենք:
Մուհամմատ Ալի Աքպարը այդ գիշերը կրակի վրայ նստած ըլլար կարծես, մինչեւ որ առաւօտը բացուեցաւ եւ գնաց իր քրոջ մօտ ու տեսաւ, որ ան իրմէ աւելի ոգեւորուած էր երթալու: Ժամադրուեցան, որպէսզի կէսօրը տունը հանդիպին, որով տեղեկացնէ իրեն իր կատարած ջանքերուն արդիւնքը, եւ անկէ մեկնելով միասնաբար կը պատրաստեն շարունակելու իրենց ծրագիր-պատմութիւնը:
Մուհամմատ Ալի Աքպարը չգիտցաւ, թէ ինչպէս անցուց իր ժամանակը փողոցներուն մէջ դառնալով՝ ջուրին պայուսակները ուսերուն: Ան կը նայէր իր շուքին եւ կը խնդրէր Աստուծմէ, որպէսզի այն իր ոտքերուն չորս կողմը դառնայ, որպէսզի ոտքերուն ուժ տալով տուն վերադառնայ: Կէսօր ըլլալուն պէս տուն վերադարձաւ. քոյրը դրան վրայ դիմաւորեց զինք.
-Կարծես թէ իր մայրը համաձայն է. բայց պէտք է խնդիրը անոր հօր եւս ներկայացուի: Անոր հայրը հինգ օր ետք պիտի պատասխանէ:
Մուհամմատ Ալի Աքպարին մօտ խորացաւ այն զգացումը, թէ ան անպայմանօրէն պիտի յաջողի նշանուիլ անոր հետ: Այդ օրուընէ սկսեալ, իր երեւակայութեան ներածին չափ սկսաւ գալիք օրերուն մասին պատկերներ երեւակայել՝ շիկահեր գեղեցիկ աղջկան հետ: Իր քոյրը՝ Սպիքէն, փորձառու եւ իմաստուն հայեացքով կը հետեւէր այս խնդիրին…: Աւելին, ան վստահ էր յաջողութենէն…: Ան վստահ էր իր եղբօր մաքուր անուան մասին «Իպխա»յի իր եղբայրներուն բերաններուն մէջ, իսկ միւս կոմղէն ուշադրութիւն կը դարձնէր աղջկան մօր համաձայնութեան, որովհետեւ գիտեր, թէ ինչպէս կինը որեւէ մէկ մտածում կրնայ իր ամուսինին ներկայացնել եւ այնպէս ընել, որ համոզուի, կարծէք ի՛նք ըլլայ այդ մտածումին տէրը…: Այդ պատճառով, Սպիքէն կատարեալ վստահութիւն ունէր խնդիրին ճակատագիրով:
Սպիքէն հինգերորդ օրը գնաց աղջիկենց տունը, որպէսզի վերջին պատասխանը առնէ…: Սակայն, վերադարձաւ ու անոր դէմքը տխուր ձախողութեամբ մը պատուած է: Կայնեցաւ այնտեղ՝ սենեակին անկիւնը, անկարող իր աչքերը եղբօր՝ Մուհամատ Ալի Աքպարի աչքերուն մէջ դնելու եւ չէր գիտեր, թէ ինչպէս սկսէր: Երբ կրցաւ իր ուժերը հաւաքել, ըսաւ.
-Պէտք է մոռնաս զինք, Մուհամմատ Ալի:
Չիմացաւ ինչ ըսէ եւ սպասեց, որ իր քոյրիկը ամբողջացնէ իր խօսքը. իսկ Սպիքէն անոր լռութեան մէջ առիթ գտաւ՝ շարունակելու…
-Անոր հայրը երկու օր առաջ մեռած է եւ անոր վերջին կտակը եղած է, որ զայն քեզի չամուսնացնեն:
Մուհամմատ Ալի Աքպարը այս խօսքերը լսեց, կարծէք ուրիշ մարդու մը ուղղուած ըլլային, սակայն ան միայն կրցաւ հարցնել.
-Բայց ինչո՞ւ Սպիքէ, ինչո՞ւ:
-Անոր ըսուած է, թէ չար ես, կ՚ապրիս լերան ճամբուն վրայ ոչխարներ գողնալով եւ գողցածներդ օտարներուն կը ծախես եղեր:
-Ե՞ս:
Սպիքէն չկրցաւ իր ձայնին տիրապետել եւ սկսաւ դողալ անոր առջեւը.
-Կարծեցին թէ Մուհամմատ Ալին ես… Կը ճանչնա՞ս չար Մուհամմատ Ալին: Անոր հայրը կարծած է, թէ դուն…
Փոքրիկի մը նման, որ իր չգործած յանցանքին համար կ՚արդարանայ, իր ձեռքերը առջեւ պարզելով՝ ըսաւ.
-Սակայն ես Մուհամմատ Ալին չեմ… Ես Մուհամատ Ալի Աքպար…
-Սխալմունք մը եղած է… Առաջին այցելութեանս անոնց ըսի, թէ անունդ Մուհամմատ Ալի է եւ չըսի, թէ Մուհամմատ Ալի Աքպար է, որովհետեւ կարիք չզգացի այդքանը ըսելու…:
Մուհամմատ Ալի Աքպարը զգաց, որ իր կուրծքը կը դողար հարուածի ուժգնութեան տակ: Սակայն իր տեղը կանգնած մնաց ու կը նայէր իր քրոջ՝ Սպիքէին առանց զայն ամբողջութեամբ տեսնելու, բարկութիւնը կուրցուցած էր զինք եւ փորձեց վերջին նետ մը նետել.
-Ըսի՞ր անոր մօր, թէ ես Մուհամմատ Ալին չեմ, այլ՝ Մուհամմատ Ալի Աքպարը:
-Այո՛, բայց հօր վերջին կտակը եղած է, զայն քեզի չամուսնացնել:
-Բայց ես Մուհամմատ Ալի Աքպարն եմ…, ջուր ծախողը…, այդպէս չէ՞:
Ի՞նչ էր իմաստը այսքան մտահոգութեան: Ամէն ինչ շատ պարզութեամբ աւարտեցաւ: Մէկ բառ կանգնեցաւ խնդիրի կոկորդին մէջ, որով մեռաւ: Մուհամմատ Ալ Աքպարը չկրցաւ մոռնալ այդ աղջիկը պարզապէս, եւ շարունակեց անոր տան չորս կողմը դառնալ՝ փափաքելով անգամ մը եւս տեսնել զայն: Ինչո՞ւ. չէ՛ր գիտեր: Իր մնայուն ձախողումները այնպէս ըրին, որ իր կուրծքին մէջ վնասկար բարկութիւն շալկեց, որ յետոյ ատելութեան վերածուեցաւ: Ժամանակ մը ետք Մուհամմատ Ալի Աքպարը այլեւս չկրցաւ այդ ճամբայէն անցնիլ՝ վախնալով, որ չկարենալով ինքն իր վրայ տիրապետել, աղջկան տան պատուհանին քար նետէ:
Այդ օրուընէ սկսեալ սկսաւ իր անունը ամբողջութեամբ տալ… «Մուհամմատ Ալ Աքպար»…: Կը մերժէր պատասխանել ոեւէ մէկ մարդու, որ զինք կը կանչէր «Մուհամմատ», կամ «Մուհամմատ Ալի» միայն. ժամանակ մը ետք այս մերժումը սովորութեան վերածուեցաւ…: Նոյնիսկ իր Սպիքէ քոյրիկը չէր համարձակեր իր անունը պատռելու…: Մուհամմատ Ալի Աքպարը ամէն տեղ իր անունը ամբողջութեամբ կու տար…:
Այս բոլորով հանդերձ ան չէր կրնար համակերպիլ պատահածին…, եւ կամաց-կամաց «Իպխա»ն անոր աչքին սկսաւ վերածուիլ մութ գերեզմանի մը…: Իր քրոջ պնդումները զինք ամուսնացնելու մասին՝ բոլորը մերժեց…: Որդ մը՝ «հարստութիւն» անունով սկսաւ իր գլուխին մէջ մտնել…: Ուզեց ամէն ինչի հանդէպ վրէժխնդիր ըլլալ…, ամուսնանալ կնոջ մը հետ եւ հակառակիլ ամբողջ «Իպխա»յին…, եւ բոլոր անոնց՝ որոնք չեն հաւատար, թէ ինք Մուհամմատ Ալի Աքպարն է, եւ ոչ թէ չար Մուհամմատ Ալին… Սակայն, ո՞ւր պիտի գտնէ հարստութիւնը: Այսպիսով որոշեց ծովով ճամբորդել դէպի Քուէյթ…:
«Իպխա»յի եւ Րաըս ալ-Խէյմայի միջեւ ճանապարհին տեւողութիւնը ոտքով՝ երկու ժամ է, իսկ Ռաըս ալ-Խէյմայէն մինչեւ Քուէյթ ծովի ճամբով՝ երեք օր կը տեւէ…, իսկ ճամբորդութեան վարձքը թռթռացող նաւով մը, կը կազմէ եօթանասուն ռուպիյէ… Եթէ վճարէ զայն, ապա պիտի կարենայ նոր կեանքի մը սկսիլ Քուէյթի մէջ…, եւ մէկ կամ երկու տարի ետք պիտի կարենայ Օման վերադառնալ…, եւ պիտի կարենայ «Իպխա»յի փողոցներուն մէջ պտտիլ՝ սպիտակ փայլուն եւ ոսկեզօծ վերարկու մը հագած, ճիշդ անոր նման, որ տեսած էր ուսերուն Րաըս ալ-Խէյմայի նշանաւորներէն մէկուն, որ իր գիւղաքաղաք եկած էր, որպէսզի նշանուի աղջկայ մը հետ, որուն գեղեցկութեան համբաւը մինչեւ իր երկիրը հասած էր:
Ճամբորդութիւնը շատ յոգնեցուցիչ էր… Նաւը, որ հարաւէն այս նպատակ ունեցող ամբոխը շալկած էր, բարձրացաւ դէպի հիւսիսի նեղուցը՝ հասնելու համար ծոցի եզերքը, մնայուն կերպով տարօրինակ վտանգներու հանդիպեցաւ…, սակայն բանակացած հոգիները որոնք սովոր էին կեանքի դաժանութիւններուն՝ անտարբեր էին ամէն ինչի նկատմամբ եւ բոլոր ձեռքերը իրարու կ՚օգնէին՝ փրկելու համար այս տախտակը, որ մեծ ծովուն վրայ կը ծփար… Իսկ երբ Քուէյթի խաղաղ նաւահանգիստին վրայ հանգչած նաւերուն կայմերը տեսնուեցան, Մուհամմատ Ալի Աքպարը տարօրինակ զգացում մը ունեցաւ… Գունաւոր երազը պատկերացումներու աշխարհէն ինկաւ իրականութիւն…., եւ հիմա ան պէտք էր սկիզբի ճամբայ մը փնտռէր…, առաջին երազին համար…: Իրեն այնպէս թուեցաւ, թէ երեւակայութիւնները, որոնք սնուցեցին իր ատելութիւնը Իպխային նկատմամբ, բաւարար չէին անկէ վրէժխնդիր ըլլալու համար… Եւ երբ թոյլ նաւակը ինքզինք քաշելով կը մօտենար հանգչող նաւերուն, իր զգացումը կամաց-կամաց գետին կ՚իջնէր եւ իրեն մի քանի կարճ վայրկեաններու համար այնպէս թուեցաւ, թէ իր երկար երազները հարստութեան մասին՝ իր անակնկալ ձախողութեան արդիւնքն էին, եւ թէ ո՛չ մէկ հատիկ իրապաշտութիւն կը պարունակէր… Ծանրաբեռնուած փողոցները եւ պինդ շէնքերուն պատերը, մոխրագոյն երկինքը, ամառը, հիւսիսային տաք հովը, ինքնաշարժներով ծանրաբեռնուած փողոցները եւ լուրջ դէմքերը իրենց այնպէս թուացին, թէ այս բոլոր բաները խրամատներ են, որոնք իր եւ իր երազին միջեւ կանգնած են…: Ան անհանգիստ կը քայլէր բազմամարդ փողոցներով, զգալով կորսուածութիւնը, որ շրջանակի կը նմանի…, կարծելով, հաստատապէս կարծելով, թէ այս բազմաթիւ դէմքերը որոնք իրեն կը նային՝ իր առաջին թշնամիներն են…, եւ թէ այդ մարդիկը, բոլորն ալ, այն պատերն են, որոնք արգելք կը հանդիսանան իր ճամբային՝ դէպի իր երազը…: Պատմութիւնը դիւրին չէր ինչպէս էր «Իպխա»յի մէջ. պատմութիւնը այստեղ առանց սկիզբի եւ առանց վախճանի էր, առանց առանձնայատկութեան եւ իրեն այնպէս թուեցաւ, թէ բոլոր ճամբաները որոնցմով քալես՝ չեն վերջանար, եւ թէ նոյն պարիսպին շուրջ կը դառնան՝ որ ամէն ինչ իր մէջ կը պարունակէ…, բացարձակապէս ամէն ինչ…: Եւ արեւնամուտին երբ ճամբայ մը զինք դէպի ծով առաջնորդեց եւ կրկին անգամ ծովը տեսաւ…, կեցաւ ու սկսաւ հեռաւոր հորիզոնին նայիլ՝ որ ջուրին միացած է… «Իպխա»ն այնտեղ էր…, լռութեամբ պարուրուած…, ամէն պարագայի կայ՝ գոյութիւն ունի… Իւրաքանչիւր փողոց անոր մէջ սկիզբ եւ վախճան ունի…, եւ իւրաքանչիւր պատ իր առանձնայատկութիւնը ունի: Հակառակ ամէն բանի «Իպխա»ն մօտ էր իր սիրտին… եւ զգաց, թէ կորսուեցաւ տաք ջուրի ոլորանի մը մէջ…, եւ առաջին անգամ ըլլալով ամչկոտութիւն չզգաց, երբ իր մատը բարձրացուց եւ սրբեց աղի արցունք մը, որ իր այտը լեցուցած էր…
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շարունակելի…
Վաղարշապատ