ՍՈՒՏ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՆ
-Եկա՞ւ Կաղանդ պապան, հարցուցի առաջին դասարանի աշակերտներուս։
Դիմացս նստած տասը մանուկները իրենց ձեռքերը բարձրացուցին։
-Եկաւ, քանի՜ անգամ…
-Չեկաւ…
-Դեռ կանուխ է, պիտի գայ…
Այո՛, դեռ երկու օր կայ մինչեւ Նոր տարի, բայց գիտենք բոլորս, թէ տակաւին դեկտեմբերի կէսերէն մեր բոլո՜ր համայնքներուն մէջ հոս-հոն Կաղանդ պապաներ կու գան, ամանորեան տօնակատարութիւններ կը կազմակերպուին, «Զանգակներ-զանգակներ» կ՚երգեն մանուկները, «նուէրներուն տոպրակը ձիւնին մէջ ընկած» եւ ուշ «մնացած» Կաղանդ պապային կ՚աղաչեն անոնք… ինչո՞ւ։ Չեմ գիտեր. Ինչո՞ւ աղաչել։
Այս շաբաթ ա՛յս միութեան, գալ շաբաթ մի՛ւս միութեան Կաղանդը, այս շաբաթ ա՛յս կողմին, գալ շաբաթ մի՛ւս կողմին Կաղանդ պապան ըսելով ու ընելով, կը թուի այնպէս, որ շատո՜նց կորսնցուցած ենք յատկապէս բարիներուն նուէր տալու համար հեռուներէ՜ն եկող Կաղանդ պապային կախարդանքը…
Ի՛նչ չար, ի՛նչ բարի, երբ միջոցառման ներկայ մանուկ մը կրնայ իր բացակայ մօրաքրոջ կամ հօրեղբօր աղջկան նուէրն ալ առնել…
Մանուկներուն տուած «բնական» պատասխաններուն մէջ ուրիշ կարծիք մը լսուեցաւ.
-Կաղանդ պապան իրական չէ՛, օրիորդ, ըսաւ աղջիկ մը։
Առաջին դասարանը դեռ շատ փոքր չէ՞ այս եզրակացութեան հասնելու. առաջին առաւելագոյնը վեց տարեկան մանուկ։
Լուռ մնացի։
-Իրակա՛ն է, պատասխանեց ուրիշ մը։
Աղմուկ բարձրացաւ դասարանին մէջ։
Հետաքրքրութիւնս յագեցնելու համար մէկ-մէկ հարցուցի բոլորին եւ… տասը պզտիկէն միա՛յն երկուքը կը հաւատային Կաղանդ պապային իրական ըլլալուն։
-Երանի՜ ձեզի, ըսի այդ երկուքին, բայց միտքս մնացած ութին հետ մնաց…
-Ինչո՞ւ իրական չէ, լրջօրէն հարցուցի։
-Օրիո՛րդ, մէկու մը պապան Կաղանդ պապայի հագուստ կը հագուի, ճերմակ մազ եւ մօրուք կը դնէ, ըսաւ աղջիկ մը։
-Հագուստը ուրկէ՞ կ՚առնէ, հարցուցի։
-Խանութներ կան Կաղանդ պապայի հագուստ կը ծախեն, բացատրեց ընդամէնը վեց տարի ապրելով այսքանը գիտցող մանուկը։
Որո՞ւն, ի՞նչ կը խոստանան դեռ վեց տարեկանէն շա՜տ բան գիտակցող, կեանքի ամենագեղեցիկ հմայքներէն մէկը կորսնցուցած այս մանուկները. կը հարցնեմ։
Հպա՞րտ են անոնց ծնողները։
Իրօք նուաճո՞ւմ մը կը համարեն իրենց զաւակներուն այսքան աչքաբաց, մանկական միտք ու հոգիի անմեղութենէն այսքա՜ն հեռու ըլլալը. կը զարմանամ։
Անոնք՝ մանուկներուն աչքը բացողները, կամ բացուելուն առիթը տուողները, հաւանաբար չզգան, բայց վստահ եմ, պիտի գայ օր մը, երբ իրենց մանկութենէն անփոխարինելի մասնիկ մը խլուած այս մանուկները պիտի ափսոսան… բայց ուշ պիտի ըլլայ։
Քանի՛ տարեկան ալ ըլլաք, չէի՞ք ուզեր ա՛յսօր, Նոր տարիէն երկու օր առաջ, հի՛մա, ճի՛շդ այս պահուն, «Կաղանդ պապա» մը յաայտնուէր ձեր դիմաց եւ «ի՛նչ կ՚ուզես»՝ հարցնէր…
Ես կ՚ուզէի։
Այնքան տխուր է, որ հիմա գրած պահուս ալ չեմ հաւատար, որ այսպիսի բան մը կրնայ ըլլալ, բայց… կ՚ուզէի։
Քիչ մը դանդաղութիւն կը խնդրէի իրմէ, դրամով չչափուող ժամանակ։
Կոճակներէն ու անոնց գաղտնիքներէն հեռու՝ հանդարտութիւն, ձեւամոլութենէ անդին՝ սիրով անցկացուած ոչ թէ «քուալիթի թայմ», այլ՝ հաճոյք կը խնդրէի։
Շինծու «անֆրենտ», «պլոք» եւ «անֆալօ»ն վերացնել կը պահանջէի եւ անոնց փոխարէն մարդու մը զգալիք իրակա՛ն սրտնեղութիւնը, մամայիս սորվեցուցած «ինչ որ ըլլայ՝ գիշերները իրարմէ նեղուած չքնանալ»ը եւ տօնական օրերուն իրար փաթթուիլն ու գլուխ համբուրելուն վերադառնալը կը խնդրէի…
Իրար այսքան չնմանող մարդիկ, քիչ մը առանձնայատկութիւն կը բաղձայի։
Իրենց կրօնքին, պատկանելիութեան ու գոյներուն համեմատ մարդկանց չզտող, ըստ իրենց շահերուն «մոլորակը չմաքրող», երկիրներուն սահմանները չփոխող, չձեւուած, չհագցուած, չծախուած, ուրիշին թելերով չկախուած ազնիւ ու արդար առաջնորդներ կը պահանջէի…
«Սմարթ հոմ»եր չէ՛, տաքո՜ւկ օճախներ կ՚ուզէի։
Իրենց զաւակներուն հասած ո՛չ թէ արդիւնքը, այլ՝ թափած ջանքը գնահատող խորաթափանց հայրեր եւ իրենց մեծ հայրերուն ու մայրերուն գիրկը վայելող թոռնիկներ կը տենչայի։
Փոքրոգիներուն, նախանձէն մաշողներուն, չհանդուրժողներուն, եսակեդրոններուն հիւանդ հոգիները բուժող սէ՜ր կը խնդրէի։
Կաշառակերութիւնը վերացնելիք «վիզա քարթ»երուն փոխարէն, ուրիշի մը կացութեան մէջ մտնելու նրբանկատութիւնը ապահովող զգացումներու չսպառող «քարթ» մը կը պահանջէի։
Հեքիաթային լոյսերու մէջ շողշողացող «իրական Հայաստանը», օր ու գիշեր սրտիկներ բաժնող, բազմատաղանդ մեր վարչապետին վիտէոներուն տակ «Ապրի՛ վարչապետս» գրող երջանիկներուն կը ձգէի եւ սրտիս մէջ ապրող հայրենիքս աչքերո՛վս տեսնել կը ցանկայի։
Առանց ելեկտրականութեան, երաժշտական իրակա՛ն գործիքներով նուագուող, երգողի մը յուզմունքը փոխանցող գեղեցիկ երգեր կ՚ուզէի։
Հալէպի մեր տան օրօրոցին վրայ մօրս հետ օրօրուիլ կ՚ըղձայի…
Կաղանդ պապայի մը սահմանները անցնելով հրաշքներուն անցայ կարծեմ, քանի որ Կաղանդ պապային ո՛վ ըլլալը գիտցող մեր մանուկները մէկ բան, օրինակ՝ Iphone կը խնդրեն անկէ, գիտե՛մ, իսկ ես ինչե՜ր երազեցի խնդրել…
Վերջին խնդրանք.
Այսքան սրտաբաց չըլլալ, արցունքներով չգրել ու մեր ժամանակին վայելող պա՜ղ Happy New Year մը գրելու անտարբերութիւնը կը խնդրեմ չգալիք Կաղանդ պապայէն…
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ