ՄԱՐՄՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԱԾՈՐԴԻԻՆ
1.Ինչո՞ւ համար Քրիստոս աշխարհ եկաւ, ինչո՞ւ պատկերի ենթակայ եղաւ: 2. Ի՞նչ կը կոչուէր Քրիստոս մարմին առնելէն առաջ եւ յետոյ ի՞նչ կոչուեցաւ: 3. Ի՞նչ ըսել է Յիսուս, ինչո՞ւ համար Մեսիա, Օծեալ, Էմմանուէլ անունները կու տանք: 4. Ինչքա՞ն գուշակեցին մարգարէները: Ի՞նչ է հրաշքը: 5. Ըստ մարդկութեան Քրիստոս արարա՞ծ է, թէ՞ ոչ. եթէ մարմին չառնէր, չէ՞ր կրնար փրկել:
1. Հաւատքով թերի մարդու մը համար «Աստուած երեւցաւ», «Աստուած խօսեցաւ» եթէ ըսես, միշտ կասկածի մէջ կ՚ըլլայ, ճշմարտապէս Աստուած մարդու չերեւցաւ, նոյնիսկ մարգարէ մը չտեսաւ զԱյն (Յհ 1.18: Ա. Տմ 6.16: Ա. Յհ 4.12). նաեւ, Սուրբ Գիրքին մէջ «Աստուած զղջաց», «Աստուծոյ ձեռքը», «Աստուծոյ աչքը» կ՚ըսէ, իսկ Աստուած ո՛չ կը զղջայ, ո՛չ ձեռքը մարդ գիտէ, ո՛չ ոտքը, ոչ ալ ձեւ կ՚առնէ, քանի որ հոգի է. եթէ ձեռք ըսենք, ամբողջովին ձեռք է, եթէ ոտք ըսենք՝ ամբողջովին անճառապէս ամենագնաց է, իսկ մարդիկ մարմնաւոր ըլլալուն պատճառով Սուրբ Գիրքը յաճախ բնութեան եւ խելքի մօտ կը խօսի, որովհետեւ Աստուծոյ գլխաւոր գործը մարդոց հետ է, մարդասէր է քան հրեշտակասէր, քանի որ մեղանչող հրեշտակներուն փրկութիւն չխոստացաւ, իսկ մարդոց համար այցելութիւն եւ փրկութիւն:
Աստուածաշունչ գիրքը սկիզբէն մինչեւ վերջ եթէ թերթատենք, Աստուած մարդոց փրկութիւնը կարծես Իրեն համար զբաղմունք ըրած է, որովհետեւ մարդոցմէ առաջ անյայտ ժամանակի մէջ սեղծած ըլլալը Ս. Գիրքէն կ՚իմանանք հրեշտակները, որոնք հրանիւթեայ էին, ամբողջութեամբ հոգի:
Աստուած պատկերի ենթակայ չէ, բայց Քրիստոսի մարդեղութեան նկատմամբ, մարդուս պատկեր Աստուծոյ կ՚ըսուի, ինչպէս Աստուած ստեղծած ատեն ըսաւ. «Մարդ ընենք մեր պատկերին համաձայն»:
Առաջին պատկերով մարդը՝ որ ելաւ դրախտէն, Քրիստոս ալ իբրեւ Երկրորդ Ադամ, նոյն պատկերով զայն փնտռելու ելաւ, առաջին Ադամը կենդանի շունչ է, Երկրորդը՝ կենդանարար հոգի (Ա. Կր 15.45), որպէսզի կորուստի ժամանակ մէկ նմանութիւնը հետը ըլլայ, որպէսզի գտնելը դիւրին ըլլայ, կամ այս կորուստը քուկդ չէ ըսող չըլլայ:
2. Նախքան մարմին առնելը Քրիստոսի ԲԱՆ կ՚ըսուէր (Յհ 1.1), որովհետեւ Հօր Աստուծոյ ծոցն էր. մարմին առնելէ ետք՝ ՄԻԱԾԻՆ ՈՐԴԻ ըսուեցաւ, քանի որ Անկէ առաջ կամ ետքը Իրմէ բացի Որդի մը չկար Հօր Աստուծոյ հետ արարչակից. ԲԱՆ, ՄԻԱԾԻՆ ՈՐԴԻ, ԱՆԴՐԱՆԻԿ, Անոր մէկ հատիկ ըլլալուն համար կ՚ըսուի: ՅԻՍՈՒՍ, ՔՐԻՍՏՈՍ, ՄԵՍԻԱ, ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ, Աստուծոյ Որդիին Փրկիչ եւ փրկութիւն ըլլալու վերաբերեալ խօսքեր են, ինչ որ մարգարէները կանուխէն գուշակեցին:
3. ՅԻՍՈՒՍ, եբրայերէն Փրկիչ ըսել է, Քրիստոսի յատուկ, քանի որ բազմաթիւ մարդիկ շատերուն փրկութեան պատճառ կ՚ըլլան յաճախ, բայց ամբողջութեամբ չեն կրնար. կամ մարմնաւոր վտանգներէ զերծ պահելն ալ ձեւով մը փրկել է, իսկ առժամանակեայ է, յաւիտենական փրկիչը միայն Քրիստոս է, որ Քրիստոս կամ Մեսիա ալ եբրայերէն բայ է ՕԾԵԱԼ իմաստով: Այս օծեալ անունը բամզաթիւ մարգարէներու, թագաւորներու, քահանաներու տրուեցայ, բայց Քրիստոսի յատկապէս, քանի որ անոնք իրենց օծումը ուրիշի մը ձեռքով կ՚առնէին, բայց Քրիստոս Սուրբ Հոգիէն Ինքնիրեն օծուած (Ղկ 4.18). Էմմանուէլ դարձեալ եբրայեցերէն բառ է, Աստուած մեզի հետ, ըսել է:
4. Մարգարէները Երրորդութեան խորհուրդին մասին մեզի չափ խելահաս չէին, բայց Աստուծոյ մարդոց հետ ըլլալը մեզմէ շատ լաւ գիտէին գուշակութեամբ եւ Աստուածային տեսիլքով, ուրկէ յայտնի է, թէ Էմմանուէլ անունը յատկապէս Քրիստոսի մարմին առնելով մարդոց մէջ երեւալուն ըսուեցաւ:
Քրիստոսի ծնունդը Աստուածային հրաշալիք է, որ բնութեան դէմ է, որովհետեւ Աստուածային հրաշքը բնութեան դէմ է, բայց խելքի դէմ չէ. մարդ մը հաստատուն եւ կենդանի հաւատք ունենալու համար Աստուածային հաւատքի եւ հրաշալիքներու մասին խելք պէտք է աշխատցնէ նախապէս, քանի որ բանական հոգին մարդուս մէջ հրաշք մըն է, մարդուս հոգիին կարողութեամբ գործածները հրաշքներ են. աշխարհիս՝ տարրերուն միջոցաւ կառավարուիլը, երկնային մարմիններու ընթացքները, բնութեան մէջ գնտուած ուժը՝ որ Աստուած դրած է, մարդոց՝ բնութեան վրայ խելք աշխատցնելը բոլորն ալ հրաշքներ են, մէկ կողմ ձգած Սուրբ Գիրքին մէջ մեր տեսածները, որ ըսել է առանց գիրքեր կարդալու իսկ մենք մեր աչքերը մեր հոգիին կարողութեան եւ արարածներուն վրայ եթէ դարձնենք, ալ բնութեան դէմ եղած Աստուածային հրաշքները մեզի համար խելքի դէմ չեն ըլլար. Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ:
5. Բնականապէս իւրաքանչիւր ծնունդ արարած է, իսկ Աստուածային հրաշալիքներով Քրիստոսի ծնունդը արարած չէ, այլ՝ «Աստուած՝ Աստուծմէ, Լոյս՝ Լոյսէն, ճշմարիտ Աստուած՝ ճշմարիտ Աստուծմէ, ծնունդ եւ ոչ թէ արարած, նոյն Ինքը՝ Հօր բնութենէն». բնութեան հակառակ, անհայր մօրմէն, «կատարելապէս ծնաւ Սուրբ Կոյս Մարիամէն»:
Ադամ նախ հողակոյտ եւ ապա շնչաւոր ու հոգեւոր, ազատ կամքով, չարն ու բարին ճանչնալու հոգին փչեց իր մէջ Աստուած: Իր պատկերը կորսնցուց դրախտին մէջ. այն պատկերով պիտի գար, այն ազատ կամքով կորսուածը փնտռելու:
Մարդը իր սկիզբը Աստուծմէ առնելու համար, Աստուծմէ շատ ցած է, այդ պատճառով Աստուծոյ մարդեղութիւնն ալ մեղքէն ազատ պէտք էր ըլլար, որպէսզի կարող ըլլար մեղքի մէջ եղողները ազատելու:
Ապստամբ ժողովուրդի մը վրայ, բնականաբար, այդ ժողովուրդը գիտցող զօրագլուխ մը եթէ ըլլայ, դիւրին է յաղթութիւնը. Քրիստոս ալ այդ ժողովուրդի ցեղէն մարմին առաւ, այդ ժողովուրդին յարմարեցաւ՝ բացի ապստամբութենէն, այն է՝ բացի մեղքերէն, որով դիւրութեամբ յաղթեց:
Քրիստոսի մարմին առնելը ժողովուրդին կորուստը չուզելն էր, որպէսզի խրատէ, յանդիմանէ, վախցնէ, յորդորէ, Իր արիւնը թափէ՝ որպէսզի անոնք հնազանդին առանց ջարդուելու, եթէ ոչ մէկ հրեշտակով մը կրնար ջարդել եւ կամ ազատել, ինչպէս Սոդոմ Գոմորը ջնջեց, բայց Ղովտը ազատեց:
Աստուած Ինք մարդոց ինչ որ պիտի ընէր, հրաշքով ըրաւ, բնութեան դէմ ու խելքի մօտ, մարդոց ալ Իր հետ ինչպէս վարուիլը բնութեան ու խելքի մօտ կերպով սորվեցուց: Ադամի ապստամբութեան ու չափազանց փառասիրութեան յանդիմանութիւն ըլլալու համար՝ քարայրի մը մէջ ծնաւ, ՆԱԶՈՎՐԵՑԻ կանչուեցաւ:
Աստուած Ադամը վեցերորդ օրը ստեղծեց, դրախտը ժառանգելու, «մեր պատկերին համաձայն» ըսելով, որ ըսել է մարդը յատուկ կերպով Աստուծոյ համար յաւիտենական փառքի մէջ ստեղծուած է, ազատ կամքով: Երբ մեղանչեց, Աստուած ըսաւ. «Ադամը չարն ու բարին գիտնալու համար մեզմէ մէկուն պէս եղաւ». այդ կէտին մէջ ալ Իր կանխագիտութեան մէջ խոստացած կ՚երեւի ՄԵՍԻԱՆ ղրկել աշխարհ. բայց զարմանալիք մըն ալ այս է, որ տարբեր տարբեր ժամանակներու մէջ զանազան կերպով մարդոց հրահանգեց եւ յետոյ ղրկեց, ուստի այստեղ համառօտ կերպով հարկ եղաւ մեր աչքը քիչ մը Սուրբ Գիրքի պատմական մասին վրայ դարձնել:
«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ»
Կ. Պոլիս, 1885
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 5
Վաղարշապատ