80-ԱԿԱՆ, 90-ԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀՆ ՈՒ ԻՐ ԵՐԳԱՐՈՒԵՍՏԸ

Մենք պարտաստ էինք լսելու այդ ձայնը, որ անկեղծ էր, լիակատար, ամբողջական ու գերակայօրէն գերող: Նոյն այդ ձայնը, որ կոչուած էր տնտեսական կառոյցը հիմնապէս քանդելու ու աշխարհը երազական զարկով գրկելու, յետոյ գուրգուրալով վայելելու: Այո՛, յաղթեց դրամատիրութիւնը, բայց, երբ տարիներու քաղաքական կտրուածքով նայիս աշխարհին, նոյն անաղարտութեան պատանեկան մաքրամաքրութիւնը կը դառնայ համաշխարհային խիղճի ժամացոյց, բոլորին մշակութային ալ ձգտմամբ։ Երբ կ՚եզրակացնես, որ անկարելի է ապրիլ առանց տնտեսավարութեան ու տնտեսագիտութեան, առանց հաշիւներու ու դասաւորման, առանց քաղաքական շահերու ու երկիրներու, թէեւ չես յանձնուիր, բայց հեշտաբար ու ժպտագոյնօրէն, նոյն այդ պատանեկան մտատիպարը կը վերածուի մխիթարուած ու մխիթարեցնող վիպերգի, որ ուժ ու ներշնչանք, հաւատք ու մղում կու տայ, բայց միեւնոյն ժամանակ ոչնչացնող կը դառնայ, նոյն արուեստի անկարելի առաքելութեան պէս, յաճախ անբացատրելի, բայց յաւերժաբար վերծանուող ու մոքականացնող:

Գնա՛, արեւմուտք, ապրէ այնտեղ, բայց ինչպէ՞ս պիտի թօթափես լոպիինկացում մը, արեւելագիտութիւն մը, ինչպէ՞ս պիտի հարթես արեւելեան արեւելումի անկատարութիւնն ու պատասխանատուութիւնը, ինչպէ՞ս պիտի համադրես ինքնութիւնդ՝ որ ժառանգուած է… որքան ալ դժգոհիս, որ ան ձեւաւորուած է ու անոր վերաձեւաւորումը պիտի տանի ոգիդ դէպի լաւ կամ վատ, դրական կամ բացասական, լուսաւոր կամ խաւարային խմորումներու, ունենալով այդ մաքառումը՝ կը տխրիս ակամայ, կը տանջէ քեզ ողբերգական արեւելքը իր պատերազմներու, ցեղասպանութիւններու, հակամարտութիւններու, կրօններու ու ընկերաբանութիւններու չյաղթահարմամբ:

Դժուար չէ, անկարելի չէ կեանքը եւ հաւաքականութիւնները, ժողովուրդները կրնան ապրիլ անհոգութեամբ, քանի կայ միջազգային օրէնք։ Ո՜հ, բայց տեղ մը անկարելի է այդ գործադրել զայն, քանի կայ Ափրիկէն, կայ արհեստագիտական բանականութեան անբնական աճն ու ձեւափոխութիւնները:

Ազատութեան խորհրդանշացումը ինքնին առաքելութիւն կրնանք համարել ըսելով՝ «Ես ուրախ պիտի ըլլամ, այդ է հիմքը իմ էութեան, իմ ողբերգականութեան, իմ տեսակաւորման»: Եւ ամենամեծ պատկերացումը այդ ուրախութիւնը ապրիլն է ինքնին, վաղը… Ո՜հ այդ վաղը, որ աւելի պայծառ է՝ անկախ տարիքէն, որ հաստատակամ ու անդրժելիօրէն խոստացուած է՝ մարդ արարածի կարողութիւնն ալ ախոյենացնելով: Հոն է մտապատկերը ուրախութեան, կերտումը վայելքին հիմնագործումի նուաճմամբ, գերագոյն ընկալումն ու ներծծումը-յարգումը, ըմբոշխնումը ընթացքին:

Սէր ազատութեամբ կամ ազատութիւն սիրով՝ այդ է փրկատոմսը։ Ձեռնոց նետել գոյութեան ու տառապանքներուն։

Սրտի ձայնը լսել կը նշանակէ ըլլալ ազնուագոյնը ազնուեանց, ըլլալ բացուող ծաղիկ՝ մանաւանդ աշխարհի նիւթապաշտութեան դէմ, իսկ այդ մէկը չես կրնար հանգուցել միայն դիմացինիդ հետ ունեցած-տածած սիրովդ, այլ կրնաս ապրիլ աշխարհի անցուդարձը քու սրտագին ժամանագրութեամբ ու ստեղծմամբ, ինչքան ալ դէպքերն ու պատմակերտումը ըլլայ դաժան, անարդար ու երբեք չբաւարարող: Ռոքսէթի երգը տողերէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ՝ «Յանկարծ չուշանաս, արդէն ուշ չըլլայ»։ Իսկ ես փոքր էի բացուող աշխարհին դիմաց ու ուշացումը իր բոլոր ժխտականութեամբ կը գծագրէր պատկերացումը ապագային, որ բացի ընտրութենէ հրամցուած մը պիտի ըլլար՝ աշխարհային, ճակատագրային, պատահական՝ դիրքով, տեսադաշտով, մշակոյթով… եւ որքան որ ալ անոնց հետ համակերպիս ու մխիթարուիս առաքելութեամբ, յանձնառութեամբ ու ստեղծագործմամբ, տեղ մը մարդկային ՏՆԱ-ին հետ վիճաբանութիւն պիտի ունենաս. ու՞ր եմ, ինչո՞ւ ճիշդ է այսպէս եւ ոչ այնպէս եւ ինչի՞ համարի տուայտանքներով: Կանչը մեծ է, կանչը խոր է, կանչը բնածին է ու վեհ, այդպէս էր ռոքը եւ ազատութիւնը, այդպէս էր կերտումը ամէն ինչին եւ, հաւանաբար, հոն էր ու է բանալիներէն մէկը կեանքի ընթացքին:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•վերջ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 3, 2025