ԼՈՐԷՆ ՔԱՒԱՆՈՅԻ ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆ ԵՒ ՑԱՒՈՏ ԿԵԱՆՔԸ

Երեւակայեցէք մէկը, որուն կեանքը օրէ օր աւելի յարափոփոխ ու անսպասելի կը դառնայ։ Մանկութիւնը անցուցած է տառապանքներով ու ցաւերով եւ կարծէք ժամանակը կանգ առած էր, սակայն հոգին՝ միշտ փափաքով լեցուն։ Սա պատմութիւնն է՝ Լորէնի, որ տառապեցաւ կեանքին տուած ամենէն խրթին փորձութիւններէն եւ բայց ի վերջոյ վերագտաւ ինքզինք, նոյնիսկ երբ ամէն ինչ խաւար թուեցաւ։

Լորէն Քաւանօ ծնած է 1992-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Թեքսաս նահանգի Հաթչինս քաղաքին մէջ։ Աղջիկը երկու տարեկանէն սկսեալ եղած է ծանր անտարբերութեան եւ զանազան բռնութիւններու ենթակայ իր ծնողներու՝ Պարպարա եւ Քենեթ Աթքինսըններու կողմէ: Որպէս հետեւանք՝ ան տագնապ եւ հսկայական ֆիզիքական արատներ կրած է։

Լորէնի մայրը՝ Պարպարա Աթքինսըն անհանգստացած էր փոքրիկ աղջկայ ներկայութենէն։ Ան նոյնիսկ յստակ չէր գիտեր, թէ երեխային հայրը ո՛վ է։ Ահա թէ ինչո՛ւ ան ընդհանրապէս չէր ուզեր խեղճ աղջիկը իր կեանքին մէջ։ Յղութեան ընթացքին ան կը հանդիպի Սապրինա Քաւանոյի եւ ամուսինը՝ Պիլի, որոնք որդեգրեցին Լորէնը եւ հոգ տարին իրեն։ Բայց օր մը Պարպարան դատական գործ ներկայացուց երեխայի խնամակալութեան եւ Լորէնին դարձեալ «տիրանալու» համար։

Լորէնի հայրը՝ Քենեթ եւ մայրը՝ Պարպարա Աթքինսըն, մանկութեան տարիներուն սեռական բռնութեան ենթարկած եւ բռնաբարած էին զինքը։ Անոնք աղջիկը տարիներ շարունակ փակած էին զուգարանի մէջ եւ դիտած, թէ ան ինչպէս կ՚ապրի այդ պայմաններու մէջ։ Այնտեղ գտնուելու ընթացքին աղջիկը սովի ենթարկած են, ծեծած եւ նոյնիսկ վաճառած՝ մեծահասակներուն, երբ ընտանիքը դրամի կարիքը ունէր։ Աղջիկը այրուածքներ եւ վէրքեր ունէր ձեռքերուն եւ ոտքերուն վրայ։ Մինչդեռ, Պարպարա անունով այս չարագործը ունի եւս հինգ երեխայ, որոնք տարբեր ձեւերով բռնութեան կ՚ենթարկուէին։ Օրինակ՝ Լորէնի աւագ քոյրը՝ Պլէյք, կը լսէր անոր ճիչերը, բայց նաեւ շատ կը վախնար մօրմէն։ Այնուամենայնիւ, ան գաղտնաբար կերակուրներ կը բերէր՝ քոյրը քիչ մը յագեցնելու համար։ Երբեմն, երբ կ՚որոշուէր, որ փոքրիկ աղջիկը պէտք է տանին մեծ մօրը մօտ, մայրը զինք սառեցուցիչ ջուրի տակ կը դնէր եւ կը լւար՝ մինչեւ ան այլեւս չէր կրնար շնչել (աւելի ճշգրիտ կ՚ըլլար ըսել, որ ան կը խեղդուէր)։ Մայրը ծիծաղով կը դիտէր աղջկան պայքարը։ Երբ մեծ մայրը անդրադարձաւ, թէ Լորէն կը փորձէր ուտել ինչ որ կրնար, բայց երբ կը հարցնէր այս մասին, անոնք կ՚ըսէին, որ ան սննդային խանգարում ունի։

2001 թուականի յունիսի 11-ին հայրը՝ Քենեթ Աթքինսըն, վերջապէս որոշեց մէկու մը պատմել վեց տարուայ բռնութեան մասին, երբ իմացաւ, որ կինը՝ Պարպարան կը դաւաճանէ իրեն։ Այսպէսով, ան տուն կանչեց իր հարեւանուհի Ճինի Ռիվըրսը եւ սկսաւ ամէն ինչ պատմել՝ ցոյց տալով իր դստերը։ Ռիվըրս անմիջապէս հեռաձայնեց ոստիկանութեան եւ տուն հասած առաջին ոստիկանը՝ Կերի Մաքքլէյն չէր կրնար հաւատալ տեսածին։ Ան այդ մասը կը բացատրէ հետեւեալ կերպով. «Երբ ներս մտայ, ութ տարեկան երեխան կը փնտռէի, բայց որոշ ժամանակ թափառելէ յետոյ տեսայ երեք տարեկան երեխայ մը, որ նստած էր։ Անմիջապէս մօտեցայ անոր եւ հարցուցի. «Ո՞ւր է Լորէնը»։ Փոքրիկ աղջիկը ըսաւ, որ 2 տարեկան է, քանի որ իր կեանքին մէջ ընդամէնը երկու անգամ նշած էր իր ծննդեան օրը»։

Լորէնը անմիջապէս տեղափոխեցին հիւանդանոց եւ պարզուեցաւ, որ ան միայն 11.6 քիլօկրամ է, ստամոքսին մէջ յայտնաբերուած են կերպընկալ եւ այլ զանազան իրեր։ Անոր սեռական գործիքները լիովին վնասուած էին տարիներ շարունակ սեռական բռնութեան հետեւանքով եւ ստիպուած էր ենթարկուիլ քանի մը վերականգնողական վիրահատութիւններու։

Բազում մասնագէտներ ըսին, որ Լորէնի համար հնարաւոր չէ ապրիլ բնականոն կեանքով, քանի որ երբեք չէին տեսած այդքան ֆիզիքապէս եւ յուզականօրէն կոտրուած երեխայ մը։ Ի հարկէ, դէպքի որոշ չափով մխիթարական կողմը այն է, որ Քաւանոները գործնականօրէն որդեգրած են Լորէնը, երբ լսած են տեղի ունեցածի մասին։ Բնականաբար Լորէնի հասարակութեան յարմարուիլը բաւական դժուար էր, քանի որ ան նոյնիսկ երբեք չէր օգտագործած պատառաքաղ կամ դգալ։ Ան կը թաքցնէր իր ուտելիքը, քանի որ կը վախնար եւ կը կարծէր, որ մէկը կը խլէ իր ձեռքէն։ Լորէն այժմ կը փորձէ նոր կեանք մը կառուցել՝ հակառակ իր անցուցած ցաւոտ տարիներուն։ Իսկ իր ծնողները՝ Քենեթ եւ Պարպարա Աթքինսընները բանտարկուած են ցմահ։

Լորէնի պատմութիւնը ուշադրութիւն յառաջացուցած է հասարակութեան մէջ՝ երեխաներու անվտանգութեան եւ ընտանեկան համակարգերու հսկողութեան հարցերուն նկատմամբ։ Լորէն Քաւանօ դարձած է հասարակական կերպար մը՝ իր ցաւալի ճակատագրին շնորհիւ։ Ան հանդիպած է «Dr. Phil» շոուին՝ 2017-ին։ Ան պատմած է իր ենթարկուածները՝ 30 անգամ ինքնասպանութեան փորձերը, հիւանդութիւնները, բռնութիւնները եւ գիշերային մղձաւանջները։ Անոր ձայնը ոգեւորած է դաստիարակները եւ հանրային կազմակերպութիւնները՝ քայլեր ձեռնարկելու։ Լորէն Քաւանոյի պատմութիւնը ազդեցիկ է՝ հասարակութեան բարոյականութեան եւ համակարգերու հանդէպ։ Անոր անցեալը անխուսափելիօրէն ազդած է բազում կեանքերու վրայ։ Անոր պատմութիւնը նաեւ կոչ մըն է երեխաները պաշտպանելու ուժեղացուած մոտելներու ստեղծման՝ ընկերային համակարգերու աւելի խիստ հսկողութեամբ։ Լորէնի պատմութիւնը ձեւով մը կը շեշտէ նաեւ արդարութեան եւ հոգեբուժման միջեւ հաւասարակշռութիւնը։ Ան կը յիշեցնէ հոգեբուժական աջակցութեան կարիքը, որու պակասը կրնայ նոր խնդիրներ ծնիլ։

Լորէն Քաւանոյի կեանքը կրնայ արեւային լոյսի եւ մութ ստուերի համատեղմամբ դասեր տալ։ Լորէնի դէպքը չ՚աւարտիր դատական վճիռով. այս պատմութենէն կը հետեւցուի որ՝ միայն իրաւապահ վերաբերումը բաւարար չէ, հարկ է նաեւ հոգեբուժական եւ ընկերային զգուշացում՝ իսկապէս պաշտպանուող ընկերութեան մը կառուցման համար։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 30, 2025