ԲՈՂՈՔ, ՑՈՅՑ... ԵՒ ՇԱՏ ԲԱՆԵՐ

Ամէն անգամ, որ փողոցներու մէջ ցուցարարներ տեսնեմ, կամ հանդիպիմ, կամ այդ մասին կարդամ եւ լսեմ, անպայման ողորմած հօրս այս մասին իր օրինակելի պատումները կը վերյիշեմ: Հայրս, մեզի զանազան առիթներով եւ հպարտօրէն պատմած էր, թէ «Ֆրանսան, երբ Իսքէնտէրունը Թուրքիոյ յանձնեց...»:

Յիշեմ, որ Հալէպի մէջ այդ օրերուն, առ ի բողոք մեծ ցոյցեր տեղի ունեցած էին, եւ որուն մասնակցած էին նաեւ հայերն ալ եւ մանաւանդ հալէպաբնակ խարբերդցիները: Ու հայրս, իբրեւ այդպիսին, ինքն ալ մասնակից դարձած էր, ընդվզում արտայայտող այդ հրապարակային եւ աղմկոտ քայլարշաւ-ցոյցերուն:

Եւ աւելին, ան, նոյն հպարտանքով աւելցուցած էր, թէ ինք նաեւ մասնակից դարձած էր ֆրանսական բանակի Սուրիայէն հեռացման առթիւ, քաղաքին մէջ կատարուող ե՛ւ ուրախութեան ե՛ւ մանաւանդ երկրի անկախութեան շունչ բուրող ու նպաստ բերող այդ ցոյցերուն:

Այս բոլորը պատմած էր, երբ մենք շրջան մը, ամբողջ քաղաքի դպրոցականներով ցոյցի կ՚ելլէինք, ի զօրակցութիւն երկրի նախագահին: Մեզի համար այդ ցոյցերուն մասնակցիլը մեր այդ տարիքին պարզապէս դպրոցէն եւ դասերէն խոյս տալ էր, ուրիշ ոչինչ: Այսպէս, երբ քաղաքի կեդրոնը հասնէինք, կը խառնուէինք տեղացի աշակերտներով բազմացած եւ «ճոխացած» ցուցարարներու խումբին ու անիմաստ եւ անհաճոյ բարձրաձայն գրեթէ գոռալով կը կրկնէինք այն բոլոր բառերն ու լոզունգները, որոնք դուրս կու գային այն «առաջնորդին» բերնէն, որ մէկու մը ուսերուն վրայ նստած, թուղթ մը կամ գաւազան մը ճօճելով շարունակ կը բացագանչէր: «Մէկ ձայնի» վրայ կը պոռար ու կը սպասէր, որ մեր կարգին, մենք ալ կրկնէինք իր կատարած բոլոր բացագանչութիւնները, նոյն ոճով եւ աղմուկով: Ու երբ ցուցարարներու ամբոխը հասնէր սինեմաներու պողոտայի ծայրին, մեզմէ շատ շատեր ճարպիկութեամբ մը խոյս տալով, սինեմա կը մտնէին: Անոր համար ցոյցերուն այս ձեւով մեր մասնակցութիւնը, հօրս աչքին ծիծաղելի էին եւ ժամավաճառութիւն...:

Ա՛ռ, քեզի ցո՛յց եւ ցուցարար: Անիմաստ եւ պարզապէս ձեւական:

Ուրեմն կ՚ըսեմ, երբ քաղաքացին ստախօս որակելով չի վստահիր իր պետութեան կամ իր կառավարութեան, նոյնն այդ պարզ քաղաքացին, ընդդիմութեան եւ բողոքի իբրեւ նշան, փողոց կ՚իջնէ, ցոյց կը կատարէ եւ այս ձեւով իր ընդվզումը կը հրապարակէ:

Որովհետեւ իրեն համար մեծ հարցական է , թէ ինչպէ՞ս պիտի կարենայ իր ապրիլը շարունակել անվստահութեան եւ սուտի մթնոլորտի մէջ: Տակաւին՝ ինչպէ՞ս դուրս պիտի կարենայ գալ նման իրավիճակէն: Ուղղակի ողբերգական:

Մեր ծնողները մեզի սորվեցուցած էին, թէ «ամենէն վատը, սուտին հետ հաշտ ապրիլն է, եւ նոյն այդ սուտը մարդու ուղեղը կրնար քայքայել...»:

Ու այս բոլորէն ետք հաւանաբար ընթերցողը հարց տայ, թէ այս տողերով հեղինակը ո՞ւր կ՚ուզէ հասնիլ: Ըսեմ: Պարզեմ միտքս:

Ահա թէ ինչո՞ւ եւ անկեղծօրէն կը հետեւցնեմ...- «մենք չենք այն, ինչ որ էինք կամ կը կարծէինք»:

Ցոյցեր, հանրահաւաքներ, ընդվզումի արտայայտութիւններ, «թունաւոր» խօսքեր, արդէն հայրենի մթնոլորտի լիճը անօրինակ ալիքներով լեցուցած են: Ներկայիս, մեր հայրենիքը փոթորկալից ամպերու տակ կ՚ապրի: Կը տագնապի: Ու այս մէկը կը ծանրացնէ մեր ազգին կեանքը: Չենք վարժուած այսպէս ապրիլ: Սակայն ո՞վ է լսողն ու մտիկ ընողը, տեսնողն ու հասկցողը: Կարծես հայու բանականութիւնը կանգ առած է: Բոլորին դէմքերը ձմրան պտուղի նման կնճռոտած են: Ամէն քայլափոխի յուսախաբ տխրութիւն մը կայ: Լռակեաց, նաեւ բարձրաձայն տառապանք: Տեսանելի է: Հարցեր կան անսասան պատերու նման ցցուած: Անկասկած բոլոր հին ու նոր դէպքերը իրենց հարազատ հետքերը ունին կատարուող ցոյցերուն եւ կամ հանրահաւաքներուն վրայ, կամ բողոքի «աքցիաներուն»:

Ու երկարօրէն այս մասին կը մտածեմ եւ անշուշտ, ինծի հետ մտահոգ նաեւ ամբողջ ազգս: Միտքս անհանգիստ է: Կը մտածեմ, թէ ի՞նչ պէտք է ընել հայ կեանքին առողջ պահող հեւքը որոնելու համար: Որո՞ւ դիմել: Ո՞ւր կը վաճառուի այդ հեւքը: Հասկնալի է, թէ բոլոր այս  արարքները մեր ցաւերէն եւ խոցելի կէտերէն ծնունդ առած են: Անոր համար է, որ հայրենի մեր ժողովուրդին դէմքին վրայ նստած է ատելութեան եւ անհանդուրժողութեան ծանր ստուերը:

Գիտենք, որ աշխարհը խառնակ է: Հիւանդ ալ է: Պատերազմ, կռիւ ու մահ կայ ամէն կողմ: Ատելութիւն: Նորութիւններ չեն այլեւս: Ու բոլորս ալ լաւատեղեակ ենք, թէ այս օրերուն ինչե՜ր կատարուեցան եւ տակաւին կը կատարուին մեր երկրէն ներս եւ շուրջը: Նման արարք-ելոյթներու պատճառով, մեր երկրի կեանքի թելն ալ կորսուած է: Ժողովուրդին բաժին ինկած են խոր ցնցումներ: Հայը կրկին կ՚ապրի դժուարին պայմաններու մէջ, վիճակներու անօրինակ խառնուրդով։ Լուրջ, սակայն նոյնքան ալ վտանգաւոր կացութիւն, որ զինք հասցուցած է արդի պատմութեան ամենէն ճակատագրական հանգրուաններէն մէկուն սեմին։

Նաեւ նկատելի է, թէ հայը, հայուն դէմ կոյր ատելութիւն ունի: Տեսակ մը ամէնօրեայ սուր եւ անիմաստ «ճակատամարտ»: Ու այս մէկը սարսափելի է: Անդրադառնանք: Մենք ազգովին քաղաքական մեծ խաղերու ողբերգուները դարձած ենք: Կը կրկնեմ: Անոր համար կ՚ափսոսանք եւ կը սարսափինք ու ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս ալ կը մաշինք: Մեծ ու փոքր հրապարակներու վրայ աղմուկն ու սպասումը լափած է հայուն համբերութիւնը: Վկայ՝ մեր ներքին իրավիճակը: Այս ծանր ու դառն ցնցումներէն ետք, տակաւին բոլորին մօտ վարանում ալ կայ, պառակտիչ խօսքերով եւ սրտնեղիչ տագնապով:

Ճիշդ է, որ հեռուէն խրատականներով կարելի չէ նոր շունչ եւ յոյս ներշնչել: Սակայն յանուն մեր հայրենիքի վաղուան, թելադրելի է, որ բոլոր տարակարծիք կողմերն ալ իրենց կեանքին մէջ ազգային ոգիին ալ յատուկ տեղ յատկացնեն: Առողջ մթնոլորտ ստեղծեն: Իւրաքանչիւրը, կեանքը դիտէ միւսին անկիւնէն ալ, հայասիրտ տրոփումով:

Մաղթանքս է, որ ազատ, անկախ եւ առողջ ու հզօր հայրենիք մը պահելու ոգին թող խօսի բոլորին հետ: Հաւատացէ՛ք, Երեւանէն հասնող ամէնօրեայ աղմուկ-ժխորը, միայն կը նպաստէ մեր հակառակորդներուն «ջաղացքին ջուր լեցնելուն»:

Ժամանակն է ունենալ լուրջ, խոհեմ, առողջ մտածողութեամբ, հեռատես եւ արթուն ղեկավարութիւն: Մեր մաղթանքներու կողքին, միշտ շեփորած ենք: Բայց, ո՞վ է լսողն ու կարդացողը, կամ գործադրողը:

Ո՞վ է, ո՞ւր է մե՛զ ազգովին զգաստացնող, եւ այս բոլորը նախաձեռնող հերոսը:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2025