ԱԿՆԱՐԿ-140. ԴԱՏԵԼՈՒ ՓՈԽԱՐԷՆ՝ ՍՈՐՎԻՆՔ ՀԱՍԿՆԱԼ ԵՒ ԶԻՐԱՐ ԼՍԵԼ
Մեր պատմութեան ամենէն մթոտ ժամանակաշրջաններէն մէկն է որ կ՚ապրինք:
«Ասկէ աւելի ծանր օրեր ալ ունեցած է մեր ժողովուրդը», կ՚արդարանան, կամ կը փորձեն արդարացնել ներկայ վիճակը ոմանք:
Չենք ժխտեր, բայց մեր ժողովուրդին անցուցած այդ ծանր օրերը անցեալին էին եւ պէտք է, որ մենք դասեր քաղած ըլլայինք այդ ծանր օրերէն: Բայց ներկայ օրերը կու գան փաստելու, որ ո՛չ միայն դասեր չենք քաղած, այլեւ յամառութեամբ կը շարունակենք մեր անձնական, միութենական, կուսակցական շահերը գերիվեր դասել հայրենիքի եւ մեր ժողովուրդի շահերէն: Իրողութիւն մը, որ մեզ հասցուցած է ներկայ վիճակին:
Այսօր, հայկական իրականութեան մէջ ո՛չ մէկ բան իր տեղն է, ո՛չ մէկ բան բնականոն, աւելի ճիշդ՝ ճի՛շդ կերպով կը գործէ կամ կը շարժի:
Գործող իշխանութիւնները թէեւ մեծ խոստումներով իշխանութեան եկան, բայց մի քանի ամիսներ բաւարար էին իմանալու, թէ անոնք ուրիշ նպատակներով եկած են իշխանութեան: Այսքանը շա՜տ բնական է, որովհետեւ գրեթէ աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ նոյնը կը կատարուի. բազմաթիւ գունաւոր եւ փայլուն խոստումներ՝ իշխանութեան հասնելու համար, հասնելէն ետք սակայն, ճիշդ հակառակը…:
Մեր գործող իշխանութիւններուն պարագային խոցելին այն է, որ հակառակ իրենց տուած խոստումներու դրժումին, անոնք ատելութեան եւ թշնամանքի ահաւոր ալիք մը ներմուծեցին հայերուն մէջ, որով այսօր գրեթէ իւրաքանչիւր հայ հակառակորդ մը կամ թշնամի մը ունի: Այլ խօսքով, այսօր մենք իրարու թշնամիներ դարձած ենք, որովհետեւ կորսնցուցած ենք ընդունակութիւնը զիրար լսելու, զիրար հանդուրժելու, հայրենիքը ամէն բանէ վեր նկատելու: Ընդհակառակը, կը բաւարարուինք զիրար անիծելէ, զիրար քննադատելէ եւ մեր անձնական, կուսակցական շահերը ամէն բանէ գերիվեր համարելէ:
Պահ մը նայեցէ՛ք Հայաստանի ներկայ իրավիճակը: Կառավարական գրեթէ բոլոր ոլորտները ձախողած են իրենց գործուէնութեան մէջ, սկսած պաշտպանութեան նախարարութենէն, անցնելով առողջապահութեան, կրթութեան եւ միւս բոլոր նախարարութիւններով: Մտէ՛ք դպրոցներ, համատարած անգրագիտութիւն: Մտէ՛ք հիւանդանոցներ, բժիշկներէ բացի՝ անհոգութեան եւ անտարբերութեան դափնեկիրներ կրնաք գտնել, այն ալ ինչքա՜ն ուզէք (բացառութիւնները՝ մատներու վրայ հաշուուած միշտ յարգելի): Անցէք մշակութեային ոլորտ, բացի մի քանի մշակութային գործիչներէ, արուեստագէտներէ, մնացեալ բոլորը չէ՛ք գիտեր, թէ ինչերու վերածուած են… Փաստերէն մէկը Թաթա Սիմոնեանի վերջերս տուած մէկ համերգը Հանրապետութեան հրապարկին վրայ… «Ի՞նչ ենք անում… Քէֆ ենք անում…, հօրս արեւ լաւ ենք անում»… եւ «ամբոխը խելագարած» հրճուանքով եւ կոկորդները պատռելով ուրախութեամբ կը կրկնէ… (շատերը չգիտակցելով իսկ, որ իրենց հայրերը արդէն չկան…), բայց քանի որ Թաթան է (նոյն յաջողութեամբ կրնար ուրիշ մը ըլլար) ըսողը, ուրեմն անոր ըսածը ճիշդ է… Ողբերգութիւն է պարզապէս: Մեր ժողովուրդը ցաւօք վերածուած է մարդամեքենայի մը, որ ինչպէս շարժես, ո՛ր ուղղութեամբ տանիս՝ կ՚երթայ, առանց դըժ-գոհելու, աւելին՝ առանց հարցնելու, թէ ո՛ւր կ՚երթայ…
Ուրիշ երեւոյթ մը մեր ներկայ կեանքէն ներս, բոլորս վերածուած ենք դատաւորներու… Պատրաստ ենք, դատելու, անէծք թափելու, վիրաւորելու, բամբասելու, անարգելու, մեր ըսածը պնդելու եւ յամառելու, թէ մենք ճիշդ ենք: Մեր որդեգրած վարքագիծը ո՛չ ոք կը խնայէ. ո՛չ նախագահ, ո՛չ կաթողիկոս, ո՛չ վարչապետ, ո՛չ եպիսկոպոս, ո՛չ նախարար, ո՛չ ուսուցիչ, ո՛չ մշակութային գործիչ, ո՛չ քաղաքական գործիչ, մէկ խօսքով՝ ով հասցնէ որու ուզէ «անուշ խօսք» մը կը փակցնէ, առանց հասկնալու եւ առանց գիտակցելու, թէ դիմացինը ո՛վ է:
Գաղտնիք չէ ո՛չ ոքի, թէ այսօր թէ՛ պետութիւն (իր բոլոր ճիւղերով) եւ թէ եկեղեցի ունին բազմաթիւ բացթողումներ եւ թերութիւններ: Այս բացթողումներն ու թերութիւնները սրբագրելու ճամբան սակայն, ատելութիւնն ու թշնամանքը չեն, այլ՝ երկխօսութիւնը (իրողութիւն մը, որ մեր համեստ կարծիքով՝ առիթը փախցուցած է): Այսօր ականատես կը դառնանք, որ պետութիւնը՝ իր առաջին դէմքով սկսած կը փորձէ միջամուխ ըլլալ եկեղեցւոյ գործերուն, եւ հակառակը:
Պետական գործիչները իրենց փերեզակներով հանդերձ միջամուխ կ՚ըլլան եկեղեցական գործերուն, կը սատարեն կարգալոյծ եղած հոգեւորականներու, գործող հոգեւորականները իրենց աւազանի անուններով կը կոչեն, այդպիսով կարծէք բաւարարութիւն ստանան: Յարգելիներ, եթէ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ սխալներ կան, ապա այդ սխալները սրբագրելուն սխալ ճամբայ ընտրած էք: Ձեզմէ շատեր տարին մէկ կամ երկու անգամ եկեղեցի կը մտնեն՝ այն ալ առիթի մը համար: Ուրիշներ, Աստուածաշունչէն գլուխ մը, կամ գիրք մը կարդացած չեն, բայց դարձած են եկեղեցւոյ պաշտպան, Քրիստոսի հետեւորդ: Դուք որո՞ւ վրայ կը խնդաք: Անդին, եկեղեցականներուն իրենց աւազանի անուններով կոչելով կը կարծէք, թէ սխրագործութիւն գործած էք, ապա չարաչար կը սխալիք, այդպիսով դուք ձեզ կ՚անպատուէք:
Առ այդ,
Ա. Երբ մենք կը դատենք, աւելի ճիշդ մենք մեզի դատաւորի հագուստներ կը հագցնենք, ատիկա արդիւնքն է մեր անտեղեկութեան: Ամէն մարդ այսօր կարծէք իրեն կշռոյթ ու իշխանութիւն տուած է՝ որոշելու, թէ ո՛վ սուրբ է եւ ո՛վ մեղաւոր։ Բայց արդեօք գիտե՞նք ի՛նչ է ամբողջ իրականութիւնը։ Մարդոց դատելու այս ոգին, խորքին մէջ, կը բխի մեր անգիտութենէն մէկ կողմէ, միւս կողմէ մեր պաշտպանած թէզը կամ անձը անսխալական ցոյց տալու մեր ներքին մարմաջէն։ Երբ չենք հասկնար, կը դատենք։ Երբ չենք սիրեր, կը մերժենք։ Մինչդեռ՝ մարդը պէտք չէ դատէ, այլ սորվի լսել, ըմբռնել եւ ներել։ Քրիստոս երբեք չդատեց՝ նոյնիսկ անոնց, որոնք խաչեցին զինք։ Աւելին, Ան դատելու մասին հետեւեալը ըսաւ. «Դուք արտաքին երեւոյթներէն կը դատէք. Ես ոչ ոք կը դատեմ: Իսկ եթէ դատելու ըլլամ՝ դատաստանս ճշմարիտ է, որովհետեւ առանձին չեմ, այլ Իմ հետս է նաեւ զիս ղրկող Հայրը» (Յհ 8.15-16): Արդեօք մենք մեզ ինչո՞ւ աւելի բարձր կը դասենք, քան զՔրիստոս:
Բ. Եկեղեցին եւ իշխանութիւնը՝ մրցակիցներ չեն, այլ զաւակներ միեւնոյն հողին: Պետութիւնը եւ եկեղեցին երկու իրականութիւններ են, որոնք պէտք է ծառայեն նոյն նպատակին՝ մարդու բարիքին։ Երբ մէկը կը փորձէ միւսին ստուերել կամ ենթարկել, կը ծնին բաժանումներ եւ քաոս։ Եկեղեցւոյ գործին միջամտելը կամ եկեղեցականներուն հանդէպ անյարգալից վերաբերմունք դրսեւորելը, ի վերջոյ կը խոցէ ո՛չ թէ եկեղեցին, այլ՝ ժողովուրդը։ Նոյնպէս, երբ եկեղեցին կը մոռնայ իր հոգեւոր առաքելութիւնը եւ կը խառնուի աշխարհական իշխանութեան, կը կորսնցնէ իր լոյսը, կը տկարացնէ իր հեղինակութիւնը։ Երկխօսութիւնը պէտք է ըլլայ այն կամուրջը, որ կը միացնէ երկու կողմերը՝ ի նպաստ եւ ի բարօրութիւն պետութեան, եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին։
Գ. Անարգանքը երբեք բարեկարգութեան չի վերածուիր: Ո՛չ մէկ սխալ կը շտկուի կամ կը սրբագրուի վիրաւորանքով։ Երբ աշխարհական մարդ մը կը վիրաւորէ հոգեւորականի մը՝ իբր թէ իր արդար զայրոյթը արտայայտելով, իրականութեան մէջ ինքզինք է, որ կը պախարակէ, ինքն իր հոգին է, որ տկարացնէ: Եթէ եկեղեցւոյ մէջ բացթողումներ եւ թերութիւններ կան, ապա ամէն հայ քրիստոնեայ կոչուած է սէրով եւ խոնարհութեամբ մասնակցելու վերականգնման գործին։ Խօսքը, առաջարկը, կարծիքը պէտք է ըլլան կառուցողական, ո՛չ թէ քանդող։ Սխալը պախարակելէն ու քննադատելէն աւելի մեծ գործ է սխալը ուղղելը, դարմանելը, սրբագրելը։ Իսկ ուղղելու, դարմանելու եւ սրբագրելու միակ ճանապարհը սէրն է եւ ո՛չ թէ ատելութիւնը։
Եզրակացնելով, այսօրուան մեր հասարակութիւնը կարիքն ունի ո՛չ թէ նոր դատաւորներու, այլ զիրար լսող, զիրար յարգող սիրտերու։ Եթէ ամէն մարդ իր կեանքին մէջ փորձէ արդար ըլլալ, բարի ու հեզ, այլեւս կարիք պիտի չըլլայ դատելու։ Եկեղեցին եւ պետութիւնը մեր տան երկու սիւներն են․ եթէ մէկը խորտակենք, ամբողջ տունը կը փլի։ Ժամանակն է վերադառնալու ներքին լռութեան, հասկնալու նախ մեզ, եւ ապա՝ դիմացինը։ Միայն այդպէս մեր ժողովուրդը կը վերագտնէ իր հոգեւոր ներդաշնակութիւնը եւ կը փրկուի անարգանքէ, բաժանումէ ու պառակտումէ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
25 հոկտեմբեր 2025, Վաղարշապատ