Ի՞ՆՉ Է ՀԱՒԱՏՔԸ
1. Ի՞նչ է հաւատքը: 2. Ի՞նչ կրնայ ըլլալ հաւատքի արդիւնքը եւ կամ կրօնական գաղափարը զգացողը ինչպէ՞ս կը վարուի:
1. Հաւատքը մարդկութեան կենսական ապահովութեան համար Երկնային տուրք մըն է: Կամ Երկնային զօրութիւն մըն է, որ մարդուս հոգեկան տեսութենէն կախեալ ըլլալով՝ Աստուծմէ տրուած յայտնութիւնները աներկբայօրէն կ՚ընդունի՝ սիրտին վրայ տպաւորուած, համաձայն առաքելական սահմանումին (Եբր 11.1):
2. Հաւատքի սահմանումը՝ կրօնը յառաջ կը բերէ, որու հիմքը Աստուած է:
Կրօնն ալ աստուածահաճոյ, բարոյական եւ սահմանաւոր կիրքէ մը կը ծագի:
Կրօնին զգացումը գիշերը քունի ժամանակ իսկ արթուն է, կը մղէ մեզ խորհիլ այն բաներու մասին, որոնք մեզ աստուածային սիրոյն հետ կը կապեն, զԱստուած սիրել կը սորվեցնէ քան թէ փնտռել, որովհետեւ գտնելը դժուար եւ անկարելի է, իսկ գաղափարելով սիրելը դիւրին է, ուրկէ կու գայ կրօնի հաստատուն գաղափարը:
Կրօնական գաղափարին հանդէպ զգացողական կիրք չունեցողները զԱստուած լոկ սիրելու ձեւով կ՚ապրին, այն է՝ կրօնամոլական նախապաշարումով, որ կը նմանի կրօնական շռայլութեան մը, անոր չափը անցնողներն ալ կը կարծեն, թէ կրնան հոգիանալ. ագահութեամբ այնքան կը տարուին, որ հոգեւոր երկրպագութիւնը փնտռած եւ հետաքրքրուած ատեննին, անմիջապէս կը կորսնցնեն այդ փնտռածնին:
Հետեւաբար, մեր ըսածը կ՚եզրակացնենք ըսելով, թէ մարդուս մէջ ճշմարիտ հաւատքը երբ կը զարգանայ, միշտ կը ստիպէ, որ զԱստուած սիրենք, հաւատանք եւ գործերով ալ պաշտենք, քանի որ հաւատքը առանց գործերու մեռած է (Յկ 2.20):
ՀԱՒԱՏՔԻ ԲԱԺԱՆՈՒՄԸ
1. Հաւատքը քանի՞ մասին կը բաժնուի. ո՞րն է արտաքին հաւատքը. ի՞նչ օրինակով կրնայ բացատրուիլ: 2. Ո՞րն է ներքին հաւատքը. ինչպէ՞ս կրնայ բացատրուիլ:
1. Հաւատքը երկուքի կը բաժնուի, այն է՝ ԱՐՏԱՔԻՆ եւ ՆԵՐՔԻՆ:
ԱՐՏԱՔԻՆԸ այն է, որ ապացուցական պատճառներով եւ բնութեան օրէնքով կ՚ապացուցուի ու կը տեսնուի, իսկ ընդհանուրի կարծիքը կը միանայ օրինակի միջոցով, զանազան նիւթերէ կազմուած բաղադրուած նիւթ մը մեր ձեռքերուն մէջ երբ առնենք, չենք կրնար գիտնալ, թէ անոր մէջ ի՞նչ եւ քանի՞ տեսակ եւ ո՞ր տեսակէն ինչքա՞ն նիւթ ներփակուած ու բաղադրուած է, իսկ զայն զտող ու տարրալուծողը կը նայի, կը տեսնէ, որ այսքան ոսկի, այսքանն ալ արծաթ եւ այսքանն ալ կապար է. զայն հալեցնողը իր տեսածին չափ կը հաւատայ. իսկ անկէ աւելի բնագէտ մըն ալ, այդ նիւթը իր կազմիչ մասերուն վերածելու ատեն, միւսէն աւելի կրնայ հաւատալ: Այլ խօսքով, այս գոց սնտուկին մէջի փոշին կամ ճերմակ է, կամ սեւ է եւ կամ կարմրագոյն. քննարկումի առարկայ է, քանի որ սնտուկը գոց է, բայց բացուելուն պէս, անմիջապէս տեսնողները կը վկայեն, թէ այսինչ գոյնն է, քանի որ գոյնի մասին ընդհանուրին կարծիքը միացած է, որ ըսել է, թէ գոյնի մը ինչ ըլլալը գիտնալու համար աչքի տեսութեամբ կը հաւատացուի, իսկ կարգը երբ անոր համը նայելու հասնի եւ խնդիր ծագի, թէ արդեօք դա՞ռն է կամ քաղցր, ճաշակել պէտք կ՚ըլլայ. եւ երբ ճաշակենք՝ վերոյիշեալին համաձայն, ընդհանուրի գաղափարներուն համեմատ կը հաւատացուի, թէ «այսինչ փոշին այսինչ գոյնը եւ այսինչ համը ունի, հետեւաբար մաղձադեղ է»: Այսպիսի հաւատքը ԱՐՏԱՔԻՆ ՀԱՒԱՏՔ կը կոչուի:
2. ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՒԱՏՔԸ այն է, որ բանի մը կամ իրի մը կայ ըլլալը գաղափարով միայն կրնանք ըմբռնել: Օրինակ, այսինչ փոշիին գոյնը գիտենք, համն ալ գիտենք, որ սպիտակ եւ դառն մաղձադեղ է, իսկ երբ ուզենք գոյնը տեսածին պէս համն ալ տեսնել, այն ատեն անկարելի կ՚ըլլայ: Համ ըսուած բանը կայ, որ իւրաքանչիւր մարդ գիտէ, բայց ո՛չ ոք կրնայ տեսնել: Նմանապէս, երբ մէկը ըսէ, թէ փորս կամ գլուխս կը ցաւի՝ գիտէ, որ ցաւը կայ, անոր կայութենէն յաճախ կը հառաչէ, կը ճչայ, բայց չի՛ կրնար տեսնել զայն: Բժիշկն ալ գիտէ, որ կայ, բայց չի՛ կրնար տեսնել1:
Այն բանը կամ իրը, կամ էութիւնը եւ անձն իսկ գիտենք որ կայ, բայց չենք կրնար տեսնել: Մեր հոգիին իմացական եւ զգացողական կարողութիւնը կը վկայէ, որ կայ, այն կարողութիւնը մէկ ակնթարթի մը մէջ շատ հեռաւոր տեղեր կրնայ պտտիլ ու իր գերդաստանէն մէկուն եւ կամ բարեկամին հետ անմիջապէս տեսնուիլ հոգիին աչքերով եւ կամ իր տեսած իրը միտքով ալ տեսնել ու գաղափարել:
Այս գաղափարով ինչ որ կը զգանք եւ կը հաւատանք, թէ կայ, ատոր ալ կ՚ըսուի ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՒԱՏՔ, որ դարձեալ կը բաժնուի «ՀԱՒԱՏՔ առ զգալի էակները եւ ՀԱՒԱՏՔ առ իմանալի էակները»:
ՀԱՒԱՏՔ ԱՌ ԶԳԱԼԻ ԵՒ ԻՄԱՆԱԼԻ ԷԱԿՆԵՐԸ
1. Ինչպէ՞ս կ՚ըմբռնենք զգալի էակներուն գոյութիւնը: 2. Ինչպէ՞ս կը հաւատանք իմանալի էակներուն. հաւատալէ ետք ի՞նչ պէտք է ընենք: 3. Ի՞նչ է Սուրբ Գիրքը, որո՞նց ձեռքով գրուեցաւ: Քանի՞ մասի կը բաժնուի մարգարէութիւնը:
1. Զգալի էակներուն գոյութիւնը՝ կայ ըլլալը, բարոյապէս գիտնալով կ՚ըմբռնենք, ինչպէս ցաւը, համը, եւ այլն:
Այս ըմբռնումը կ՚օգնէ մեզի բարոյապէս ըմբռնել եւ հաւատալ չտեսած բանի մը, որովհետեւ հաւատալը բան մը տեսնել ըսել չէ, այլ՝ զայն չտեսած, կայ ըլլալը գիտնալով հաւատալ, քանի որ աչքով տեսնուած եւ ձեռքով բռնուած բանը՝ որովհետեւ հասարակութիւնը գիտէ ու կը ճանչնայ, համոզումի պէտքութիւն չունի, հապա անոր ներքինը սորվելու շատ կարեւորութիւն կու տայ:
Մաղձը բուժող դառն համը, օշինդրական փոշիին ճերմակութիւնը չէ, այլ՝ անոնց մէջ գտնուած ու չտեսնուած համն է. ասոր զգալ ու հաւատալ կ՚ըսուի:
Այս հաւատքի տեսակին վրայ կը հիմնուի քրիստոնէական հաւատքը, ջուրը, հացը, գինին, միւռոնը, խաչը եւ միւս նիւթերնը, որոնք սովորական աչքով որպէս նիւթ կը տեսնուին, իսկ հոգիի աչքերով ալ զանազան պաշտօններու տէրեր կը գիտցուին ու կը հաւատացուին:
Համը էութիւն մըն է, իսկ գոյութեան մը միջոցով մեզի զգալի կ՚ըլլայ, որովհետեւ մենք մարդիկ ենք, հոգիէ ու մարմինէ բաղկացած. ո՛չ լոկ հոգի ենք, որ բոլորովին հոգեպէս կրնանք դիտել. ո՛չ ալ լոկ մարմին ենք, որ մեր հաւատքը միայն աչքին երեւցածներուն վրայ կայացած ըլլայ. ասոր համար մեզ ստեղծողը մեզի սորվեցուցած է, որ մարմնաւոր աչքերով մեր տեսածներուն նկատմամբ, հոգեւոր ըմբռնում ալ ունենանք: Օրինակ, մարմնաւոր աչքերով հաց, հոգեւոր աչքերով՝ Քրիստոսի մարմին. նմանապէս քառակուսի խաչ մը, անոր վրայ Քրիստոսի կախուած մարմինը, եւ այլն, որ Եկեղեցւոյ գրեթէ բոլոր արարողութիւնները այս կէտերէն կախում ունին, որոնց մասին իր կարգին պիտի անդրադռնանք՝ վկայութիւններով հանդերձ:
2. Իմանալի էակներուն էութեան եւ գոյութեան կայ ըլլալը գիտնալով կը հաւատանք, ինչպէս մենք մեզի կը նայինք, որ մեր մէջ հոգիի կարողութիւն մը կայ, անով կը զգանք, որ հոգիներու գերագոյնը կայ: Արարածները, աչքի առջեւ կը կանգնին, իսկ անոր վրայ կը զարմանայ մեր անտեսանելի հոգին եւ ո՛չ թէ մարմինը, որ հողակոյտ մըն է. հետեւաբար, այդ արարածներուն Արարիչն ալ առնչական կերպով անտեսանելի է, ուստի երբ այս հաւատքը կը սորվինք, ո՛չ կը գայթակղինք եւ ո՛չ ալ կը տարակուսինք, այլ՝ կրնանք գիտնալ, թէ Արարիչը հոգի է, մեր մէջ հոգի կայ, այդ Արարիչը մեր հոգիներուն ալ Արարիչն է, մեր հոգիները զգալիօրէն Անոր չեն կրնար մօտենալ, քանի որ թանձր մարմինի մէջ են, իսկ իմանալիօրէն ալ կրնան Անկէ չհեռանալ, քանի որ բանական են:
Այսպէս ալ կը հաւատանք իմանալիին եւ այդ հաւատքէն վերջ այլեւս կը ստիպուինք Աստուածաշունչը կարդալ եւ մեր չտեսածին աւանդական կերպով հաւատալ, այն ալ ո՛չ թէ կուրօրէն կը հաւատանք, այլ՝ արեւու նման յայտնապէս երեւնալուն համար:
3. Սուրբ Գիրք ըսելով կը հասկնանք Հին եւ Նոր կտակարանները: Հին կտակարանը մարգարէներուն միջոցով գրուեցաւ, իսկ Նորը՝ առաքեալներուն: Աստուած հովիւներէն մարգարէներ ընտրեց, իսկ որսորդներէն առաքեալներ2: Մարգարէութիւնը երկուքի կը բաժնուի, այն է՝ «անցեալի ու ապագայի»: Նախախնամութիւնը ապագան այնքան անթերի ըրած է մարդոց հաւատքին հաստատութիւն տալու համար, որ անցեալի մասին երբեք կասկածելու իրաւունք չունենանք:
Ապագան գուշակելու մասին մարդիկ տեսան ու հաւատացին, թէ բոլոր մարգարէութիւնները բառ առ բառ կատարուած են: Օրինակ, Եսային եօթ դարեր առաջ բնութեան օրէնքին հակառակ կոյսի մը յղութիւնը կը գուշակէ, իսկ այդ գրութիւնը աւանդական կերպով երբ մագաղաթներու վրայ ձեռքէ ձեռք կու գայ, իրապէս կը կատարուի Բեթղեհէմի քարայրին մէջ, այն ատեն շատեր կը հաւատան, թէ քանի որ Աստուած այսքան տարիներ ետք ըլլալիքները գուշակել տուած է, Էմմանուէլ, Մեսիա անունով, եւ այլն: Նմանապէս, յետագային ըլլալիքներուն համեմատ սկիզբէն եղածներն ալ կրնար անուն առ անուն գիտցնել, իմացնել:
Ասոր համաձայն, նախամարգարէն Մովսէս իրաւամբ սկսած է «սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ըրաւ», եւ Աստուածաշնորհ գուշակութեամբ կրցած է թուել «Ադամ, Եւա, Կայէն, Աբէլ, Սէթ, Մաթուսաղա, եւ այլն»:
Նոր կտակարանն ալ չորս աւետարանիչներու միջոցով զանազան լեզուներով, զանազան երկիրներ եւ տարբեր ժամանակներու մէջ ըլլալով, հաւատացեալներուն միջոցով մէկ տեղ հաւաքելէ ետք տեսան ու վաւերացուցին, թէ միեւնոյն իմաստով գրուած եւ կէտ առ կէտ ճշմարիտ վկայութիւններ են, որու համար առհասարակ «Աստուածաշունչ» կամ «Կտակարան» ըսուեցաւ, Աստուծոյ ազդեցութեամբ գրուելուն համար. կամ հինին՝ Աստուածաշունչ, իսկ նորին՝ Աւետարան: Օգոստինոսի ըսածին համաձայն, նորը հինին մէջ ծածկուած, հինը նորին մէջ բացուած:
«Կտակարան» ըսուելուն պատճառը Աստուածային տնօրինական կարգադրութիւնները եւ մարդոց փրկութեան պայմանները իր մէջ պարունակելուն համար է: Հին եւ Նոր կտակարանին կը հաւատանք վերոնշեալ պատճառներուն համար, որ ըսել է աչքով տեսնուածին իւրաքանչիւր մարդ կը հաւատայ, ուրեմն կատարեալ հաւատքը տեսնուածին մէջ չտեսնուածը ըմբռնելէն կախում ունի, որով հաւատքը դարձեալ բաժնուեցաւ՝ Մարդկայինի եւ Աստուածայինի:
«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ»
Կ. Պոլիս, 1885
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 1
Վաղարշապատ
1 Կը պատմուի, թէ օր մը անկրօն բժիշկ մը աստուածաբանի մը կը հարցնէ, թէ՝ «հոգի կա՞յ եւ տեսա՞ծ ես երբեք. ինչէ՞ն գիտես, թէ կայ»: Աստուածաբանը կը պատասխանէ. «Ցաւ կա՞յ, ցաւ տեսա՞ծ ես երբեք եւ ինչէ՞ն ցաւ կայ. ինչո՞ւ կ՚ըսես, թէ այս մարդը ցաւ ունի»: Այն ատեն բժիշկը կը սկսի աչքը գետնին՝ ճակատը շփել, եւ խորհելով հեռանալ, թէ այո՛, կայութիւն մը կամ էութիւն մը կայ, որ չի տեսնուիր: Այն բանը որ կայ աստիճանաւոր է անշուշտ, այն է թերի, առաւել քան թերի, չափազանց թերի իսկ:
2 Սուրբ Գիրքին մէջ փիլիսոփայական, իմաստասիրական, մէկ խօսքով գիտութիւններուն վերաբերող բազմաթիւ գրութիւններ կան, սակայն մարգարէներէն շատեր հովիւ եւ անուս էին, իսկ առաքեալները փիլիսոփայութեան վարժարաններէ ելած մարդիկ չէին: Մովսէս, նոյնիսկ դժուարախօս էր. հետեւաբար, այս կէտն ալ շատ կարեւոր ապացոյց մըն է Սուրբ Գիրքին աներկբայօրէն հաւատք ընծայելու: