ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԷՋ… ԵՒ ՀՈՍԱՆՔԻ ԴԷՄ

Տխուր իրականութիւն է, անշուշտ, որ յատկապէս աւանդական անուանուած հայագաղութներուն մէջ սերունդներու եւ սերնդափոխութեան մեծ, նոյնիսկ ահեղ պայքար մը գոյութիւն ունի։ Հինը, երբեք պիտի չուզէր, որ նորը գայ… նորն ալ՝ ի մասնաւորի այսօրուայ ժամանակները հաշուի առնելով, կա՛մ կը լքէ ամէն ինչ ու առանց ետին նայելու կը կտրէ իր պորտալարը ինքնութեան արմատներէն եւ կամ ալ դէմ կը դնէ ամէն ինչին ու կը կոչուի այլախոհ, կը դառնայ գաղութին (մայր թէ քոյր գաղութներ) մերժուածն ու հալածուածը։

Սերունդները մեր ժամանակ որբ եղած են…

Որբ համարուած են անոնք։ Պայքար տարուած է նորերուն դէմ եւ այդ պայքարը եղած է ամէն տեղերէ, հազար սլաքներով, հազար հարուածներով, հազար դաշոյններով։ 

Ոեւէ մէկուն համար պատիւ կամ յաղթանակ չէ բերած այդ սուր պայքարը։ Հիները կամ անցած են, մահացած ու մահանալով հեռացած… թափուր թողնելով իրենց տեղը, նստած վայրը, աթոռն ու պաշտօնը։ Նորերէն շատեր կամովին ենթարկուելով դարձած են յարմարուող՝ յաճախ զիջելով իրենց «ես»ը, անունը եւ ինքնութիւնը։

Եղած են ատեններ, երբ այդ նորերու պարագային, անոնք ընտրած են այնպիսի ծածկանուն-մականուններ, որոնք խելքէ վեր արարք համարուած է հասարակութեան միւս տարրերուն կողմէ, որոնք մինչ այդ կարծած են, թէ տուեալ անձը անուղղելի այլախոհ մըն է։ Նորերը քիչերու կողմէ սիրուած են։

Ի հարկէ, այս բոլորը ըսելով՝ անպայման պէտք չէ հասկնալ, որ տեղի ունեցածը համակարգային պայքար մըն էր, որովհետեւ շատ մը պարագաներով տարբեր սերունդներու անդամներու միջեւ յառաջ բերուած դաշինքը կ՚ուռճանար ու մարմին կը ստանար՝ պարզապէս հաշուի առնելով շահերու, շահակցութիւններու, դիրքերու, հետեւաբար նաեւ պաշտօններու պայքարը։ Ամէնուրեք գոյութիւն ունեցած է եւ դեռ ալ գոյութիւն պիտի շարունակէ ունենալ այս պայքարը։ Այստեղ խորքայինը ի՞նչ տեսակի պայքար մը ըլլալու հարցը չէ, այլ այդ մրցման մէջ դրուած կամ բացակայած կանոններու հարցն է։

Պէյրութի, հետեւաբար նաեւ սփիւռքի աւանդական գաղութներու պարագային եւ այդ ներքին պայքարի սրութեան կողքին, շեշտուած էր ստեղծուած վիճակը համակարգայինէն դուրս պահելու երեւոյթ մը, ինչ որ մեծ հաշուով տուրք կու տար այն անհատներուն ու պատասխանատուներուն, որոնք պաշտօնի կամ աթոռի վրայ ըլլալով՝ գոհ պիտի ըլլային վիճակներէ։ Հետեւաբար, որեւէ սրբագրութիւն, որեւէ դրական ճիգ, որեւէ նոր լիցքաւորում անհանգստութիւն կրնար պատճառել անոնց։ Ու ներքին սխալներուն, այդ սխալները սրբագրելու փոխարէն, զարմանալիօրէն օրակարգը ամբողջութեամբ կը տարուէր այլ ուղղութեամբ։ Այս բոլորը, անշուշտ, ենթադրել կու տայ, բացատրել կու տայ, յստակացնել կու տայ հիմնական բան մը, որն է ստեղծել այնպիսի իրարանցումային իրականութիւն մը, որուն մէջ տեսանելի պիտի չըլլան իւրային սխալները։

Եւ այդ բոլորի օգնութեան կը հասնէր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, որ ո՛չ միայն կը ջլատէր հայագաղութի մտաւորական ներուժը, այլ իր հետ կը բերէր ու կ՚աճեցնէր թաղային հեղինակութիւններու տարբեր մակարդակի խմբակներ՝ իւրաքանչիւրը հիմնուած իր թաղային (աշխարագրական թէ հոգեբանական) կանոններուն վրայ եւ այսպէսով ալ ըսելու համար, թէ «մեզի համար հիմա կարեւորը համակարգը չէ, համակարգ մը կերտելը չէ, այլ միայն ու միայն իրավիճակի վերահսկումը ու հայկական թաղերու պահպանութեան ապահովումը»։

Այս բոլորը պէտք չէ ընկալել՝ որպէս մեղադրանքներու շարք կամ հոլովոյթ, որովհետեւ ֆորսմաժէօր իրավիճակներու մէջ էականը գաղութի ֆիզիքական ու անոր կողքին ալ՝ հոգեբանական անվտանգութեան ապահովումն էր։ Եւ ուրեմն յօդս կը ցնդէր արդար համակարգ մը կերտելու գործընթացը եւ մարդիկ, անհատներ եւ միութիւններ պարզապէս կը բաւարարուէին «տան մէջ»ի «իրեր»ու օգտագործումով ու պահպանումով։

Ահա այս իրավիճակներուն մէջ էր նաեւ, որ գաղութներու երիտասարդութիւնը դէմ յանդիման կու գար, բառին բուն իմաստով, ամբողջական եւ յաճախ ալ սիսթեմաթիք թուացող լքումով, որ ինքնին կը յառաջացնէր քամահրանք եւ ատելութիւն՝ հիներուն դէմ, մինչ կը յաջորդէր հաւաքական օտարումն ու շարունակական հեռացումը կամ… ձուլումը։

Հօր կերպարի բացակայութիւնը, նեցուկ մարդու մը կարեկից ձեռքին չգոյութիւնը, անհոգ եւ մեծամիտ թաղային հեղինակութիւններու կեղծ շպարն ու հեղինակութիւնը իրավիճակը կը դարձնէին աւելի ծանր ու անմխիթար։

Ու այդ փուլին էր, անշուշտ, որ օրինակ, պէյրութահայութեան պարագային լոյս աշխարհ կու գային նախ թատերական եւ ապա գրական որոշ շարժումներ, որոնք կը յայտնուէին առկայ բուռն պայքարի ամենածանր փուլերուն ու այդպիսով ալ ստիպուած կ՚ըլլային հերքել ամէն ինչ, կազմաքանդել ամէն ինչ՝ յոյս ունենալով, թէ իրենց սերունդի միւս անդամները տեղ մը օգնութեան չուան մը կը նետէին անոնց, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել ինչ որ բան ու մէջքերը ուղղելով քալել դէպի յառաջ։ Բայց ինչ քալելու մասին է խօսքը, երբ Պէյրութը ամէնօրեայ եւ սիստեմաթիք կերպով կը կազմաքանդուէր, կը յայտնուէր մեծ քաոսի մը շրջանակին մէջ։

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքին կողմէ վերջերս հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, ուր մանրամասնօրէն հանրութեան կը ներկայացուի «Հոսանքի մէջ» ծրագիրը։ Լիբանանի հայ երիտասարդներուն ուղղեալ նպաստի նոր ծրագիր մըն է այս մէկը։ «Հոսանքի մէջ» նախաձեռնութիւնը կը միտի ստեղծագործական արտայայտութեան, ինքնաճանաչումի եւ համայնքային փոփոխութիւններու խթանումին։ Սա հրաւէր մըն է Լիբանանի հայ երիտասարդներուն՝ նոր հորիզոններ բանալու, նորարարական գաղափարներ ձեւաւորելու եւ երիտասարդութեան բազմաձայնութիւնը աշխարհին հետ բաժնելու։ «Հոսանքի մէջ»ը կը ձգտի մասնակիցներուն հնարաւորութիւն տալ ստեղծելու անոնց կեանքն ու համայնքները հարստացնող իմաստալից նախագծեր։

Լիբանանի վերջին տարիներու իրադարձութիւնները դժուարացուցին նոր նախաձեռնութիւններու մեկնարկը՝ հակառակ շարունակական ջանքերու։ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը ներկայիս առիթ մը կը տեսնէ թարմացնելու իր յանձնառութիւնը, աջակցելու երիտասարդներուն եւ անոնց տալու նոր ստեղծագործական հնարաւորութիւններ։

2025 թուականին հայ երիտասարդութիւնը դէմ յանդիման կը գտնուի յետպատերազմեան իրականութեան։ Նոր սկիզբ մը կերտելու մարտահրաւէրով եւ հարուստ ժառանգութեան մը ուժով՝ «Հոսանքի մէջ» ծրագիրը նոր ճամբայ մը կը բանայ լուծելու ժամանակակից խնդիրները փոփոխական աշխարհի մէջ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 31, 2025