ՆՈՐ ՏԱՐԻ՝ ԿԵԱՆՔԻ ՆՈՐ ԷՋ
Կրկին նոր տարի է եւ, ընդհանրապէս ու բնականաբար, նոր աւիշ ներշնչող տօն: Սա նաեւ կը նշանակէ, որ տարի մը եւս աւելցած է մարդոց կեանքին վրայ կամ սրբուած՝ կեանքէն: Արդէն համայն աշխարհ «երթաս բարով» մը ըսած է «հին»ին, իսկ հիմա ալ մեծ ոգեւորութեամբ եւ ակնկալութիւններով «բարի եկար» մը կ՚ըսէ «նոր»ին:
Ու այս նոր տարուան մթնոլորտն ալ կ՚օգնէ, որ միասին կամ անջատաբար անցնող տարուան համար պահ մը յատկացնենք՝ խորհրդածելու, կարծիքներ փոխանակելու, քննելու եւ քննադատելու, հանդարտօրէն եւ մտերիմ վերարժեւորելու կամ գնահատական մը փակցնելու անոր ճակտին: Որովհետեւ, անկեղծօրէն, կը սիրենք նման բաներու անդրադառնալ ու մանաւանդ՝ «հինը» կամ նոր «բացական» նժարին վրայ դնելով՝ խօսիլ:
Կասկածէ դուրս է, թէ մեր այս մտահոգ խօսակցութիւններուն գլխաւոր կորիզը կը հանդիսանայ՝ մեր ինքնութեան կեդրոնին՝ Հայաստանէն ներս կամ դուրս, ազգային մեր կեանքի ներկայ վիճակը: Անոր համար իւրաքանչիւր գրի, այս մասին գրելը կեանքի տուրք եւ խորհրդանիշ համարելով՝ իր կարծիքը կը մրոտէ տողերու վրայ:
Իմ կարգիս, տեսակաւոր մտածումներու անթիւ փշրանքներով լեցուած միտքովս ըսեմ, որ անցեալ տարին կրկին ծանրացուց կեանքը եւ իր բազմազան մտահոգութիւններով, ներքին եւ արտաքին հարցերու երկար շարքերով զարտուղի հետքեր ձգեց օրերուս վրայ:
Այսպէս, յաճախ հանդիպեցայ մեր ինքնութիւնը խաթարող չափանիշներու՝ ինչպէս ինծի հետ շատ-շատեր: Բոլորս ալ տեսակ մը տագնապով գալարուեցանք: Վիճակներու անօրինակ խառնուրդ մը ապրեցանք: Ունեցանք միտքերու պատկերաւոր ժխոր: Ու անժամանակ մտահոգութիւնները մեր բոլորի տուներէն ներս մտան: Ամբողջ 365 օր ի զուր սպասեցինք «հրաշքին»: Եւ իբրեւ անխուսափելի հետեւանք՝ յաճախ ալ ցնցուեցանք: Վատ բաներ իրերայաջորդ կերպով պատահեցան ու մեր պերճախօսութիւնը ցամքեցուցին: Յուզուեցանք: Տխրեցանք: Մեր «լաւ» կեանքն ալ «ցնդեցաւ»: Նման տեսակաւոր ծանրութիւնը մեր բոլորին վրայ բեռնուեցաւ, մեր օրերուն լեղի համ տուաւ: Ու, ինչո՞ւ մեղքս պահեմ… շատ քիչ անգամ ալ «մանրուքներով» ուրախացանք: Ու այս ընթացքով տեսանելի դարձաւ, թէ ինչպէ՞ս աշխարհի տարածքին մեր կեանքը ներքնապէս հիւծած է մեր ազգին մարմինը:
Բայց եւ այնպէս, ամէն տեղ երազի եւ յոյսի փնտռտուքները յամառօրէն շարունակեցինք ու բոլորս ալ ձեւով մը ապրեցանք հայ ըլլալու եւ հայ մնալու հաճելի ու դժուար փորձառութիւնը ու միշտ փորձեցինք լաւին եւ բարիին, խաղաղութեան, յոյսին եւ արդարութեան պայծառ տեսիլքները վառ պահել: Բայց…
*
Իսկ հիմա, նոր տարին հասած է, «զանազան» նոր անակնկալներով եւ մեծ տօնի վայել իր տարբեր ծիծաղով: Տօն ըսի, սակայն, անցեալ տարի ալ ուրախութեամբ սկսած եւ նոյն ատեն ուրախութեամբ աւարտած այս տօնը երբեմն ճիշդ հակառակը՝ լարուած եւ անհաճոյ կացութիւններ ալ յառաջացուց ու մեզ նետեց յուսախաբութեան գիրկը: Ու ցաւ ի սիրտ, իր նախորդներուն նման, անցեալ տարի ալ տեղի ունեցան պատերազմներ, երկրաշարժներ, խռովութիւններ, ցոյցեր, սպանութիւններ, անարդարութիւններ եւ դաւադրութիւններ: Առատօրէն եւ գրեթէ ամէն տեղ արիւն հոսեցաւ՝ պատճառ դառնալով մարդոց դիմադրականութեան կորովի խախտման ու նոյնիսկ փճացման: Անոր համար, համաշխարհային տնտեսական եւ ընկերային անապահով վիճակէն մեկնած՝ ամէնօրեայ մեր ցաւերուն, տառապանքներուն եւ դժբախտութիւններուն զարնուող իրականութեան կողքին, հիմա, ա՛յս օրերուն, մեր աչքերը յարած ենք դէպի նոր յայտնուող անծանօթին, նոր լոյսի եւ յոյսի նշաններ որոնելու եւ կապոյտ երազներ հիւսելու:
Դիւանագէտ կամ քաղաքական հարցերու վերլուծող մը չեմ, ոչ ալ եղած եմ կամ ուզած եմ ըլլալ: Իմ «գիտցածս» եւ «փնտռածս» պարզապէս պատմութեան քայլերուն հետեւիլն է, պատմական յիշողութեան կողքին: Ու նաեւ աւելցնեմ, որ ամենէն սարսափելին՝ անցեալ տարի ականատես եղանք, թէ ինչպէ՞ս պատմութիւնը խառնեց իր էջերը եւ որպէս հետեւանք՝ քաղաքականութիւն կոչուած աղբանոցին մէջ, աշխարհի մեծ ու փոքր «չարերը» դարձեալ յաջողեցան բարձրացնել անմեղներու արիւնով թաթխուած վատութեան դրօշները:
Ցաւալի իրավիճակ, նոյնքան ցաւալի իրականութիւն:
Գալով հայերուս, մենք ալ ազգովին մնացինք զոհ՝ համաշխարհային կնճռոտ ու բարդ բազմաշերտ հաշիւներու։ Յոյսի լարին վրայ գամուած եւ առանձին, ամբողջ տարի մըն ալ սպասեցինք արդարութեան «գալուստին»: Երեւակայեցէ՛ք, մենք տակաւին Կովկասի մէջ մինակ մնացած ազգ ենք ու այս հիւանդ աշխարհին մէջ՝ արդարութեան սպասող եւ ծարաւ ժողովուրդ մը: Անոր համար եւ տակաւին, տասնամեակներէ ի վեր Հայաստանն ալ զանազան ալիքներու մէջ ինկած «նաւ» մը դարձած է՝ ինչպէս սփիւռքը:
Ու համեստօրէն ինքզինքիս իրաւունք կու տամ նման իրականութիւններու փնտռտուքներն ու բացայայտնումները կատարելու եւ պարզելու: Կը կարծեմ, թէ նման իրականութիւններու յայտնաբերումները պէտք չէ մեզ խրտչեցնէ:
Ահա մեր ապրած դարը, կ՚ըսեմ, եթէ մօտէն հետեւինք, ապա կը տեսնենք, թէ որքա՜ն վտանգաւոր եւ ջղային տրոփում մը ունի: Սարսափելի, անհաւասար եւ վտանգաւոր: Ու այս նոր տարին ալ եկաւ տեղաւորուելու այս «ահաւոր» դարուն մէջ. դար մը, որ արդէն շատոնց կորսնցուցած էր իր հոգին ու միայն պահած իր ձեւը: Մահ, պատերազմ, կոտորած… ինչպէս որ յիշեցի՝ լեռներէն վար, դէպի ցած իջնելով, ժողովուրդներու գլխուն տեսակաւոր փոթորիկներ տեղալով, աշխարհը դժոխքի վերածած էին:
Իբրեւ ազգ՝ մենք ալ մօտէն կամ հեռուէն, քիչ թէ շատ, նոյն «բախտին» արժանացանք: Հայաստանէ ներս ալ անհասկացողութիւններ, տարակարծութիւններ, նաեւ քաղաքական վատութիւններ, նախանձ եւ ատելութիւն, պղծեցին մեր վէրքը, մեր ցաւը, մեր սուգն ու մեր ինքնութեան նուիրականութիւնը: Ափսո՜ս…
Մեր մօտ ալ աչքառու դարձած էին մեր բարութեան եւ կամեցողութեան, միասնութեան եւ հանդուրժողութեան բացակայութիւնները: Որովհետեւ ունեցած էինք մեր միտքերու զանազան եւ ընդհանուր շփոթում: Համերաշխութիւն եւ արդարամտութիւն բառերը մեր մտքերուն մէջ սառած մնացած էին: Գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, մեր ազգային սկզբունքներն ալ մեր «ես»ին զոհ դարձուցած ու նոյնիսկ ոտնակոխ ըրած էինք: Յստակ էր, թէ այլեւս մեր նախկին «մենքը» չէինք… դժբախտաբար: Ամբողջ տարի մը եւս չկրցանք տեսնել եւ չափել հայրենիքի եւ սփիւռքներու մեր դժուարութիւններն ու դժբախտութիւնները: Չկրցանք ճանչնալ մեր տկարութիւնները: Վատ բաներ շատ պատահեցան:
Այս առթիւ, պատիւ իրեն, մեր մամուլը միշտ փորձեց ինքնագիտակցութեան դռները տանիլ իր ընթերցողներուն՝ միշտ զգաստութեան հրաւիրող իր տողերով եւ էջերով: Հաստատ գիտեմ, թէ որքան խորանանք հայ կեանքին մէջ, այնքան շօշափելի կերպով պիտի զգանք եւ տեսնենք այս բոլորը:
Արդ, անկախ այս նշումներէն, անցեալ տարի նաեւ ապրեցանք եւ ունեցանք դժուարին սփիւռք մը: Պարզելու կամ պարզաբանելու կարիք չկայ, ո՛չ ալ գուշակ ըլլալու: Բայց եւ այնպէս, շարունակեցինք ե՛ւ յամառօրէն, մեր երազներու փնտռտուքն ու իրականացումը եւ ամէն ճիգ թափեցինք՝ պահելու մեր արմատները եւ միշտ մեր ինքնութիւնը փնտռեցինք ամէն տեղ: Նաեւ, մեր միտքը բերաւ իր տուրքը ազգային բոլոր գործերուն, մշակութային արժէքներուն:
Գիտակից ենք բոլորս ալ, որ մեզ տկարացնողը մեր ներքին պայքարն է: Անոր համար տակաւին մեր աշխատանքը չէ աւարտած: Գիտենք, որ նոր տարին երկար փապուղի մըն է, որուն մէջէն աշխարհ կը սպասէ յոյսի եւ լոյսի յայտնութեան: Տարիները կ՚անցնին հիներու նման ու կը մոռցուին: Ու ինչ լաւ բան է սխալը կամ սխալները մատնանշելն ու ճշդելու մասին մտածելը:
*
Չեմ փորձեր անպայման աշխարհը համոզել: Բայց… չէ՞ որ նոր տարի է:
Արդէն սկսած են ծնունդ առնել մեր աղօթքներն ու մաղթանքները: Անոր համար է, որ մեր աչքերը աղերսանքի նայուածքներով յառած ենք ամպերէն վեր եւ ժամանակի գիտակցութեան ճանաչումով, կեանքի ամէնօրեայ կռուին մասնակցելու վճռականութեամբ ու միշտ դրական՝ կը փորձենք մեր հարցերուն մասին մտածել եւ արդար լուծումներ որոնել:
Ու ամենէն կարեւորն ու էականը՝ կը խոստանանք…
Արդ, կը սպասենք ու կը մաղթենք, թէ եկող տարին ուրիշ տարի մը ըլլայ: Ու թէեւ մեր գլխագիր մտահոգութիւններէն ամրօրէն կառչած ենք, սակայն, մեզի կը մնայ մնալ գիտակցութեան, հասունութեան շրջապատէն ներս՝ հայակերտ առաքելութեամբ, նոր յոյսերով, նոր երազներով, մաքուր եւ անբիծ կամաց կամաց արթնցող բաբախումներով միատեղ:
Հոգիով լեցուն ժողովուրդ մըն էինք եւ ենք: Կորով, ճկունութիւն եւ երկարատեւ համբերութիւն կը մաղթեմ:
Բարի Ամանոր:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Լոս Անճելըս