ՈՐՈ՞Ւ ՀԱՄԱՐ ԿԸ ԳՐԵՄ…

յԱմի Տեառն 2026. որո՞ւ համար պիտի գրենք… Շատ քիչ ատեն, վստահաբար, գրողը հարց կու տայ, թէ որո՞ւ համար կը գրէ։ Շատեր կ՚ըսեն, որ իւրաքանչիւր գրող ինք իրեն համար կը գրէ, կը գրէ լա՛ւ զգալու համար, կը գրէ իր գիտցած-չգիտցածները ընթերցողին առջեւ փռելու համար, շատ ատեն ալ կը գրէ հոգեկան չոր գոհունակութիւն մը ապրելու համար։ Հոս նաեւ բաւական մեծ ու երեւելի ծուղակներ կան, որովհետեւ մեր այսօրուայ գրողներուն (նկատի ունիմ մամուլի աշխատակիցները, յօդուածագիրները, հրապարակագրութիւն ընել փորձողները) մեծ մասը գրիչ կը շարժէ ո՛չ միայն լաւ զգալու, այլ դիմացինը լաւ զգացնելու համար։

Մանաւանդ 2020 թուականի պատերազմէն ետք՝ այդ գրողներուն մեծ մասը իսկապէս ինկաւ ծուղակի մէջ եւ ստեղծեց բանակ մը՝ սուտը սիրող գրողներու, որոնց տարտն ու ցաւը երկու բան է. նախ արժանի դառնալ «ազգային թաղում»ի մը, յետոյ ալ փառաւորուիլ-փառաբանուիլ անոնց կողմէ, որոնք կը շարունակեն սուտերով ողողել մեր առօրեան։ Միանշանակ, այստեղ թեզի, սկզբունքի, խելքի, վերլուծման խնդիր յառաջ չեմ քշեր, այլ աւելի կը փորձեմ յստակեցնել ընդհանուր գծանկարի մը սահմանները, որուն մէջ «կը լողանք»՝ իբրեւ հայեր։ Ու այս բոլորին զուգահեռ՝ կենսական հարցումը, թէ «որո՞ւ համար կը գրենք», զանազան ձեւերով յաճախ կը տրուի մոռացումի եւ մոռացութեան։ Մեզմէ շատ քիչեր հարց կու տան, թէ որո՞ւ համար կը գրենք, տակաւին չեմ տար այն ամեհի հարցումը, թէ ինչո՞ւ համար, ընդհանրապէս, կը գրենք։

Տասն տոկոսի պատմութիւն մը կայ, որ կը պատմէ այն թերահաւատ վիճակին մասին, որով կը շարունակէ քալել հայկական սփիւռքը՝ իր բազում արահետներով, գրող-չգրողներով, փրկիչ-անուններով, լաւ զգալ տուող եւ մեր հասարակութեան երակներուն «մորֆին» սրսկողներով։ Այս բոլորը սփիւռքի տասն տոկոսն իսկ չէ։ Ու խնդիր է, անշուշտ, հարցադրում է, ի հարկէ, թէ սփիւռքի հայութեան միւս մեծ մասը ինչո՞վ զբաղուած է, ինչո՞ւ բացակայ է, ինչո՞ւ օտարուած է եւ ինչո՞ւ հեռացած… Մնացեալ մեծ հատուածներուն հասնիլը, առհասարակ, շատ աւելի բարդ է, կը պահանջէ լուրջ աշխատանք, մեծ ներուժ եւ արդիական միջոցներ՝ օրուայ խօսքը տեղ հասնցնելու համար։ Ազգը, որ իր որդիները կը կանչէ հանդիպման սեղանին, շատ դրամ կ՚ակնկալէ։ Մեր նման «աղքատ» ազգերու պարագային է խօսքը, որովհետեւ մեր ենթադրեալ ղեկավարութեան համար կարեւորը այդ տոկոսին հասնիլը չէ, կարեւորը այդ օտարումին մասին խօսիլը չէ, այլ հասնիլ այդ կլոր փորիկներով մարդոց ու կանանց, որոնք դրամը պիտի ճարեն ու դնեն սեղանին։

Ճիշդ մէկուկէս տարի առաջ, երբ կը զրուցէի հանրայայտ բեմադրիչ ու դերասան Ժիրայր Բաբազեանի հետ (ան մինչեւ հիմա ալ կը յամառի, որ ազգանունը բ-ով կը գրուի), առանց վարանելու քննադատութեան կ՚ենթարկէր սփիւռքի՝ յատկապէս մշակութային մարմինները, որոնք խօսելէ աւելի պարտաւոր են «դրամը դնել սեղան»ին, որպէսզի կարելի ըլլայ մշակութային կեանքը վերաշխուժացնել ու առողջ եռուզեռ ստեղծել։ Ճի՛շդ էր ան, սակայն, ապահով եմ, թէ կը մոռնար, որ մեր ազգայինները՝ պարոնայք եւ տիկնայք, ինչքան մեծագումար յատկացումներ կատարած են «յանուն» մեր ազգային «տեսիլքներու»ն։

Ու հոս է նաեւ, որ պիտի բախէինք ընդհանուր անկազմակերպ իրավիճակներու, որովհետեւ Լոս Անճելըսէն հոսած ու դեռ ալ հոսող մեր դրամագլուխներուն մեծ մասը չես գիտեր դէպի ո՛ւր կը սահին ու կ՚ոչնչանան։ Այսօր ալ նոյնն է պարագան, որովհետեւ չունինք ճիշդ հաշուառում կատարող մարմիններ եւ, մեծ հաշուով, սփիւռքեան մեր իրականութիւնը առաջ կը տարուի՝ միայն ու միայն անձնական կամ յարակից յարաբերութիւններով։

Վերադառնալով մեր բուն նիւթին, թէ ի վերջոյ որո՞ւ համար կը գրենք այսօր եւ ի՞նչ նպատակներով կը գրենք հայ հասարակութեան համար՝ փորձենք պատասխանել սեղմ տողերու մէջ։

Այսօր, ցաւալիօրէն, մեծամասնութիւն դարձան անոնք, որոնք դէպի Արցախ իրենց ուղեւորութիւններուն մասին կը գրառեն։ Մեծցաւ թիւը անոնց, որոնք իրենց Դիմատետրի «տետրակներ»ը լեցուցին դէպի Արցախ «պտոյտներ»ու նկարներով։ Գիտեմ անոնց մեծամասնութեան համար այդ բոլորը սիրով տեղի կ՚ունենար, նաեւ ապահով եմ, թէ իսկապէս չէին գիտակցեր, թէ ի՛նչ կը կատարուէր Արցախի շուրջ՝ փակ սենեակներու մէջ, սեղաններու ետին ու սեղաններու տակ։ 

Անոնց համար կը գրեմ։

Կը գրեմ անոնց համար, որոնք կիրակնօրեայ իրենց սուրճի հանդիպումները կը վերածեն «ազգային ժողովներ»ու եւ կը քննարկեն մեր հայրենիքի տաք ու պաղ խնդիրները՝ շատ յաճախ թոյն ու ոխ շնչելով ահռելիօրէն «խեղճացած» Հայաստանի ու հայաստանցիներուն դէմ։ Կը գրեմ անոնց համար, որոնք մտամարզանք դարձուցած են «ազգային հարցեր»ու մասին ակնարկները՝ մոռնալով, որ մարդիկ պիտի կարդան իրենց գրածները, խոշորացոյցով տեսնեն իրենց մեղանչումները, նկատեն իրենց մեծ ու փոքր սուտերը եւ աւելի վատը՝ աւելիով պիտի հեռանան «հայկական իրականութիւն» կոչուածէն։ Կը գրեմ անոնց համար, որոնք ելած են դասեր տալու բոլորին՝ մոռնալով իրենց աչքի գերանը եւ տեսնելով մեր աչքերուն շիւղը։

Կը գրեմ անոնց համար, որոնք ամէն առիթի պիտի շարունակեն ըսել. «Լաւ եղբայր, մենք սխալ ենք, Հայաստանը սխալ է, Հայաստանի ժողովուրդը սխալ է, բայց, եկուր դուն հոս ապրէ, եկուր զգայ մեր վախերը, եկուր բաժնէ մեր հարցադրումները եւ եկուր միասին քննենք մեր ապագան»։ Իսկապէս շատ դիւրին է ապրիլ Մոնթրէալի, Լոսի եւ Նոր Եորքի մէջ ու անընդհանտ քննդատել ու «արիւն փսխել» վիրաւոր Հայաստանին դէմ։ Ես անոնց համար կը գրեմ։

Կը գրեմ անոնց համար, որոնք տիւ ու գիշեր Թուրքիոյ թաքուն եւ անթաքոյց ծրագիրներուն, մօտեցումներուն, նաեւ «տարածաշրջանը անկայուն դարձնելու միտուած քայլեր»ուն մասին կը գրեն։ Եղբայր, շատ լաւ կը դիտարկես այդ բոլորը, բայց, ցաւալիօրէն կը մոռնաս, որ Թուրքիան Հայաստանի հարեւանն է՝ ուզես կամ ոչ, նկատես կամ ոչ… Հայաստանը, հայաստանցին ու մենք բոլորս այս փաստը անտեսելու իրաւունք ունի՞նք։ Ես ձեզի կը հարցնեմ պարոնայք… Ես ձեզի համար կը գրեմ։

Կը գրեմ անոնց համար, որոնք ազգային-ազատագրական պայքարի տասնաբանեան բերանի ծամոն դարձուցած են՝ մոռնալով եւ միտումնաւոր կերպով անտեսելով, որ մեր ժողովուրդի սրտէն ու ծոցէն ծնած բոլոր ուժերու տասնաբանեան, գաղափարական հիմքերը կրնան եւ պէտք է ժամանակի ընթացքին վերափոխուին, վերանայուին ու ենթարկուին պատշաճեցումներու։

Կը գրեմ անոնց համար, որոնց տեսնելուս պէս պիտի ըսեմ. «Եղբայր, մի՛ մոռնար, մի՛ անտեսեր մեր դատը, բայց, նայէ, թէ այսօր ինչ վիճակի մէջ ենք»։ Ի վերջոյ, ի՞նչը անհրաժեշտ է մեզի համար, ի՞նչը ոչ եւ ի վերջոյ ի՞նչը իրապէս պէտք է այդ երազները ամուր պահել-պահպանելու համար… Ես անոնց համար կը գրեմ։

Կը գրեմ անոնց համար, որոնց բառին ու յետին մտքին մէջ եւ յաճախ ակամայօրէն կայ Հայաստանի վերացման միտքը։ Անոնք կը մոռնան եւ կ՚անտեսեն, որ ռազմակավարական մեծ սխալներու, մեծ-մեծ խօսելու հետեւանքով մենք հասած ենք այսօրուան վիճակին, կը մոռնան այս բոլորը եւ կը շարունակեն իրենց զազրախօսութիւնները։ Անոնք, փաստացիօրէն «կ՚երազեն», որ փոքրիկ Հայաստանը վերանայ, որպէսզի իրենց ընթերցող հասարակութեան եւ նեղ կամ լայն հանրոյթին ըսեն. «Տեսա՞ք, մենք ճիշդ էինք եւ անոնք սխալ…»։ Ես անոնց համար կը գրեմ։

Կը գրեմ, հակափրկչական ըլլալու համար, իրականութիւնը ներկայացնելու համար՝ առանց անուններ տալու, առանց հարցերը անհատական տիրոյթ տանելու։ Ասոր համար կը գրեմ… 

Ի վերջոյ, կը գրեմ այն տասն տոկոսին համար, որ կը շարունակէ աղմկել, բայց, վստահ եմ, թէ շատ մեծ սիրտ ունին, կը սիրէ իմ ու մեր բոլորիս երկիրը եւ միայն լաւը կը ցանկանայ մեր երկրին համար։ Ու աւելին, ապահով եմ, թէ ուշ կամ կանուխ խելքի պիտի գայ ու զատէ ցորենը որոմէն…

Ի վերջոյ, ոսկեայ հասկերուն անունով եւ ոսկեայ հասկերուն համար կը գրեմ։

Շնորհաւոր Ամանոր։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2025