ՄԻԱՅՆ ՅՈՅՍ

Շատ ուրախ հրաժեշտ մը պիտի տայի անցած այս տարուան ու յոյսով լեցուն «բարե՜ւ» մը պիտի պոռայի եկող Նոր տարուան, եթէ Z կամ Alpha կոչուած սերունդներուն պէս ա՛յս դարուն սկիզբները ծնած ըլլայի ես։ 

Այո՛, եթէ այդպէս ըլլար, երկու հազարին, երկու հազար չեմ գիտեր ինչին ծնածներուն պէս, ես ալ բոլորին պիտի նմանէի, տարեկից միլիոնաւոր աղջիկներուն ու կանանց տեսքը պիտի ունենայի հաւանաբար, պատռտուած ճինզեր հագուէի թերեւս, կամ ամէն շրջան Փարիզէն ու Միլանէն սփռուող նորաձեւութան կոչերուն հետեւէի, յաճախ աչքերուս գոյնը փոխէի, ի՛նչ վնաս ունի, ակնոց չդնէի երեւի, սուտ թարթիչներով աչքերս գեղեցկացնէի, մշտանորոգ եւ աչքառու մնալու համար պայուսակիս մէջ այսօր անունը չգիտցածս շպարման կախարդագործ առարկաներ ալ կրէի թերեւս, բայց ես չեմ ասոնք։ 

Հոգիս մաշող երկուութեան մէջ պիտի չիյնայի, անկասկած, եթէ երկու հազարէն առաջուանները ապրած չըլլայի։ Առանց 80 եւ 90-ներուն, այսօրւան դիւրահաս, հեզասահ ամէն ինչին պէս՝ բաւական ողորկ պիտի ընթանար կեանքս. ներսը քիչ բան՝ ամէն ինչ դուրս, ամէն ինչ ուրիշին, ուրիշէն, ուրիշով, նկար ու «քոմենթ»ներով, «վիու» եւ «ռիվիու»ներով պիտի հաստատուէին իրականութիւնները, իմ գիտցած հիներուն հետ կապ չունեցող, նոյնիսկ հակասո՛ղ նոր իրականութիւնները։ Ծանր հանրագիտարաններ, տետրակներ, թուղթ ու գրիչներ, գիրքերուն մէջ ընդգծուած տողեր, կարեւոր տողերէն հեռու, «կուկըլ»ն ու AI-ը ամէն ինչ, ամէն խնդիր պիտի լուծէին։

Ահա՛ այսօրը. 

Ինչո՞ւ յոգնիլ։ 

Ինչո՞ւ բանի մը շա՜տ ժամանակ տրամադրել։ 

Ինչո՞ւ այսքան արժէք տալ։ 

Ինչո՞ւ չյիշուող բաներու մասին մտածել։ 

Ինչո՞ւ հինը, ամենա՜հինը ջանալ պահպանել, երբ կայ մեր նոր կարիքներուն յարմարող յարափոփոխ նորը։

Ի՞նչ է պահանջուածը։ 

Հայրենի՞ք, կա՛յ։ 

Armenia գրես՝ ամէն ինչ կը կարդաս, եթէ կարդալու սիրտ չունիս՝ կը լսես, կը դիտես։ Ուզածդ՝ ուզածիդ պէս։ 

Ընկե՞ր է պահանջուածը, առանձին չմնա՞լ։ 

Ո՞վ ինքն իր հետ կը նստի այսօր։ Ո՞վ ինքզինքէն հաշիւ կը պահանջէ, ո՞վ ինքզինք կը մեղադրէ, ո՞վ իր ներսին, ո՞վ իր խղճին ճամբան գիտէ։ 

Խորթ են այդ ճամբաները. մեր ձեռքերուն մէջ վեր-վար օրօրուող օնլայն «ռիլ» ու «էքսփլոր»ներուն միջեւ կորսուած են մեր իրականութիւնները։ 

Սուտ են նկարներն ու կարմիր սրտիկները։ 

Կաղապարներ են նամակները, նոյնն են պատասխանները։ 

Ցուցամոլութիւն են «փոսթ»երը, կեղծ են լուրերը։ Շուկայ մըն են «քոմենթ»ները, առեւտուրի համար են «լայք»երը։ 

Էջերը հոտ չունին, լսելի են գիրքերը։ Մատովդ «ֆիլթր» կ՚ընես՝ գոյն չունին նկարները։ 

Խառնուած են երգերը։ 

Բոլորս բոլո՛ր լեզուները կրնանք հասկնալ՝ անիմաստ են անոնց բառերը։ Արմատներն ալ օնլայն են այլեւս։ Անգլերէն թարգմանուած animation-ներուն մէջ են փոխանցուելիք բոլոր պատմութիւնները, մարդոց սո՜ւղ ժամանակը չխլող մէ՛կ վայրկեաննոց վիտէոներուն մէջ են հի՜ն մշակոյթներուն գանձերը։ 

Կաղանդ է։

Նոր տարի կը դիմաւորեմ։ 

Այս դարուն չեմ ծնած ես եւ ինձմէ էապէս հեռու են վերի բոլոր բարքերը։

Happy New Year պիտի գրեմ, կրնա՛մ գրել, բայց սրտովս չեն զիս, մեզ շրջապատող բոլոր անմարդկութիւնները։

Ետ դառնալու կամուրջներ չունինք՝ ո՞ւր կը հասնինք. զիս կը սարսափեցնեն եկող տարիներուն աւելցող թիւերը։ 

Սպանութիւն, կրակ, ծուխ, աւեր, քարուքանդ տուներ, դպրոցներէ ներս առեւանգում, ծուռ միտք, հիւանդ հոգի, ինքնասպանութեան հասցնող խաղեր, ծեծ, կոպտութիւն, չարչարուողներ, շղթաներ ու կապտացած հետքեր, սուղ հագուստներ հագած ժպտադէմ յանցաւորներ, օրէնքը կարկտող ճարպիկ փաստաբաններ ու այս բոլորը պարզեցնող՝ արդարութիւն պաշտպանող ատեաններ։ 

Ո՛չ Z եմ ո՛չ Alpha։ 

Նկարներուն չեմ հաւատար։ Շատերը կը զարմանան՝ հեռաձայնիս վրայ կ՚աշխատիմ, էջեր ու էջեր այս փոքր պաստառին վրայ կը գրեմ, կ՚աշխատիմ, բայց հեռաձայնով չե՛մ ապրիր։

Հին եմ՝ բաւական. երգերը չեմ դիտեր, կը լսեմ։ Բաց սրունքներով, բոպիկ ոտքերով, իբր թէ զգայնութիւն ներշնչող զարմանալի շարժումներով նուագողները կը սահեցնեմ եւ լուսաստուերային խաղեր ու ցատկռտող մարդիկ չունեցող «աղքատիկ» համերգները կը նախնտրեմ։ 

Գահիրէի մէջ կ՚ապրիմ, Հալէպի մէջ են արմատներս, տարիներ շարունակ մէջս շնչած Երեւան մը ունիմ, բայց Armenia-ն չէ՛ հայրենիքս, երբե՛ք։ Այսօր պետութիւն կոչուող Հայաստանն է իմս, խաղաղ ու ինքնիշխան։ Անոր սահմաններուն վրայ Ատրպէյճանի կրակոցներով զինուորներ չե՛ն մեռնիր, ինչպէս կը յայտարարէ իշխանութիւնը, որ զոհուած մեր տղոց արիւնին իսկակա՛ն յարգանքը նո՛ր արիւն չթափելը կը համարէ, խաղաղ ու երջանիկ ապրիլը։ 

Վարչապետին վիտէոներուն տակ՝ «Ապրի մեր վարչապետը» գրողնե՞րն են երջանիկները։ 

Կաղանդ է եւ շատերուն վկայութեամբ գաւաթին լեցուն կողմը չտեսնելու չափ յոռետես եմ ես։ 

Ճի՛շդ է։ Հակառակը չեմ ալ կրնար փաստել։

Կաղանդ պապան չեմ սպասեր շատոնց, աշխարհի չորս կողմերը սփռուած հարազատներուս պարող տօնածառեր, երգող մսուրներ, օրօրուող Յիսուս ու դէպի գետին հոսող փայլուն աստղեր չեմ ղրկեր։ Գրելով կամ հարազատաբար խօսելով կը մաղթեմ մէջինս, այլապէս՝ չեմ ըներ։

Կաղանդ է եւ չե՛մ գիտեր, թէ ասկէ գէ՞շ էր 2020-ի կաղանդը ինծի համար։ Չեմ կրնար համեմատել այդ օրուան պարտութիւնը, խաբկանքն ու թեւկտրումը այսօրուան ապազգային, ազգակործան պառակտումին, ատելութեան, բեւեռացումին, կեղծիքին, անօրինութեան, բռնութեան ու խաւարնե՜ր քօղարկող սարսափելիօրէն շքեղ լոյսերուն հետ…

Կաղանդ է եւ բացի առողջ ըլլալէն՝ խնդրելիք մէ՛կ բան ունիմ շարունակելու համար. 

Պէտք է յուսամ։ 

Յոյսի պէտք ունիմ. 

Չափ ու սահմանի մէջ չդրուելիք սէրս ու հաւատքս ամբողջացնող յոյսի։ Ամօթալի այս էջերը պարծանքով դարձնող, կռնակ շտկող ու գլուխ բարձրացնող յո՛յս է մաղթանքս՝ միայն։ 

Եթէ այս տողին հասաք հետս, ուրեմն նոյնն է մեր տենչը. 

Ձեզի, մեզի՝ միայն յոյս։

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2025