ՎԵՐԱԳՏՆԵՆՔ ՄԵՆՔ ՄԵԶ՝ ՊԱՅԾԱՌ ԵՒ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԱՊԱԳԱՅԻ Ի ԽՆԴԻՐ
Անկեղծ ըլլալու համար՝ երկար մտածեցի, թէ Նոր տարուան առթիւ թերթիս բացառիկին համար ի՞նչ գրեմ՝ նկատի ունենալով ներկայ ծանր պայմանները, որոնց մէջէն կ՚անցնի մեր ժողովուրդը:
Գաղտնիք չէ, որ մեր ժողովուրդը այսօր բաժնուած է մասերու: Մեր ժողովուրդը այսօր ո՛չ միայն երկպառակութեան մէջ է, այլեւ շատ աւելի հեռու գացած է՝ անհանդուրժողութեան, թշնամութեան եւ ատելութեան գիրկը իյնալով: Մէկ մասը ծայրայեղ դրական տրամադրութիւններու մէջ է, միւս մասը ծայրայեղ ժխտական: Մէկ մասը շա՜տ «բնականոն» կերպով կ՚ապրի իր կեանքը, միւս մասը դժուարութեամբ կ՚ապրի՝ իր միտքին ու ուսերուն վրայ բարդուած ծանրութեան պատճառով:
Մէկ խօսքով, քաոսային վիճակի մէջ է այսօր մեր ժողովուրդը՝ ինչքան ալ որ փորձ կը կատարուի ամէն ինչ վարդագոյն ներկայացնել, դրական ներկայացնել: Եթէ նոյնիսկ գոյաբանական արտաքին կամ ներքին խնդիրներ ու վտանգներ չըլլան, ապա մեր երկպառակութիւնը, թշնամութիւնն ու ատելութիւնը, որոնք մեր մէջ սերմանած են, բաւարար է, որպէսզի մենք ազգովի ինքներս մեզ կազմաքանդենք, ինքներս մեզ վերացնենք:
Նման իրավիճակի մէջ, արդարեւ, ի՞նչ կարելի է գրել: Ինչի՞ մասին կարելի է գրել: Անդին, ո՞ւր փնտռել այս ամէն ինչի պատճառը: Դիւրին է ասան մեղադրել, շատ աւելի է նախկին եւ ներկայ թատերգութեան ծափողջոյններով մասնակցիլ: Խնդիրը մեղադրելը չէ, որովհետեւ մեղադրել կարելի է եւ կարելի է գրեթէ բոլորին… Ատով, սակայն, պատճառը չենք գտներ, որովհետեւ արդէն քանի-քանի՜ տարի է զիրար կը մեղադրենք, զիրար կը վիրաւորենք, զիրար կը բզքտենք, բայց, խնդիրներն ու վտանգները վերացա՞ծ են… բնականաբար ո՛չ: Ուրեմն, պէտք է ուրիշ տեղ փնտռել պատճառը:
Եթէ քիչ մը ուշադրութեամբ եւ խորութեամբ փորձենք հասկնալ մեր ներկայի այս սարսափելի վիճակին պատճառը, ապա պիտի անդրադառնանք, որ այդ վիճակին մէջ մեզմէ իւրաքանչիւրս ունի իր մեղքի բաժինը: Երբ անձնապէս դէմ առ դէմ կանգնինք իրականութիւններուն, կատարուած իրողութիւններուն եւ դէպքերուն, ապա պիտի անդրադառնանք, որ այս բոլորին պատճառը մեր անտարբերութիւնն է՝ մէկ կողմէ Հայաստանի ու ժողովուրդի նկատմամբ, միւս կողմէ մեր անձնական շահերը գերադասելը համայնական շահերէն:
Դարձեալ հարցնենք, թէ ի՞նչն է պատճառը մեր ներկայի այս իրավիճակին: Գլխաւոր չորս պատճառներ կարելի է թուել.
ա. Հոգեւորի բացակայութիւնը:
բ. Ինքնաքննութեան պակասը:
գ. Հայրենիքը՝ որպէս տուն չընկալելը, այլ՝ որպէս խանութ:
դ. Հաւաքական պատասխանատուութեան բացակայութիւնը:
Ա. ՀՈԳԵՒՈՐԻ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
Գաղտնիք չէ, որ մենք հոգեւոր գետնի վրայ շա՜տ հեռացած ենք մեր նախնիներուն մեզի աւանդած ճշմարիտ հաւատքէն՝ Քրիստոսի ուսուցումներէն եւ վարդապետութիւններէն: Եթէ կար ժամանակ, երբ մեր նախնիներուն համար քրիստոնէութիւնը կեանքի առանցքն էր, իրենց կեանքը լուսաւորող լոյսը եւ ապրելու, գոյատեւելու ուժը, ապա այսօր այդ արծաթեայ թելերը կարծես մթագնած են ու կտրտուած։ Մարդիկ յաճախ կ՚ապրին կրօնական արարողութիւններով, բայց, ո՛չ՝ հոգեւոր կեանքով ու արժէքներով։ Մոմը կը վառուի, բայց, սիրտը կը մնայ գաղջ կամ սառն։ Խաչը կը կրուի, բայց, խաչին պատգամը կը մնայ օդին մէջ։
Այս օտարացումը սահմռկեցուցիչ հետեւանքներ ունի եւ կրնայ ունենալ։ Երբ հոգին կը տկարանայ, մարդ ինքնաբերաբար կը սկսի կառչիլ նիւթականին, փառասիրութեան, անձնական շահին եւ ամբարտաւան մտայնութեան։ Իսկ հոն, ուր բացակայ է Աստուծոյ ներկայութեան զգացումը, անխուսափելիօրէն կը ծնին բաժանում, խռովք, ատելութիւն, թշնամութիւն, նախանձ, անհանդուրժողութիւն։ Մեր ժողովուրդին ներկայիս մեծագոյն բաժանումները արմատաւորուած են հոգեւոր ընկճուածութեան մէջ. ընկճուածութիւն, որ մարդս կը դատարկէ իր կոչումէն՝ մարդկութենէն: Իսկ այն մարդը, որ Աստուծոյ ներկայութիւնը կը զգայ ու կ՚ապրի, չի՛ կրնար թշնամանալ իր նմանին դէմ, ընդհակառակն, նոյնիսկ եթէ անհասկացողութիւն ալ գոյանայ, ապա կը փորձէ համերաշխութեամբ լուծում գտնել։
Մեր նախնիներուն համար քրիստոնէութիւնը սոսկ կրօնք չէր, այլ՝ իրենց էութիւնն իսկ էր, իրենց ինքնութիւնն էր: Անոնց համար՝ «այս հաւատքէն մեզ ոչ ոք կրնայ հեռացնել, ո՛չ հրեշտակները եւ ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուրը եւ ո՛չ հուրը, ո՛չ ջուրը եւ ո՛չ ալ որեւէ այլ դառն հարուած…»։ Սա պարզ խօսք մը կամ լոզունգ մը չէր, այլ կեանքով փաստուած ճշմարտութիւն։ Անոնց համար հաւատքը կեանքի ոճ էր՝ ներողամտութիւն, քաջութիւն, առաքինութիւն, համերաշխութիւն։ Այսօր, սակայն, շատերուն մօտ հաւատքի խոր ապրումները, հաւատքի արժէքները փոխարինուած են մակերեսային ընկալումներով։ Աստուածաշունչը մնացած է դարակին վրայ, ո՛չ թէ սրտին մէջ։ Աղօթքը դարձած է «պահանջ» եւ ոչ՝ երկխօսութիւն։
Արդարեւ, եթէ իսկապէս փափաք ունինք առողջանալու թէ՛ անհատապէս, թէ՛ ազգովին, ապա առաջին եւ գերագոյն քայլը հոգեւոր վերազարթօնքը պէտք է ըլլայ, վերադարձ դէպի Աստուած։ Ո՛չ արտաքին ցուցադրութիւն, ո՛չ քաղաքական, կուսակցական կամ անհատական շահերու հետապնդում, այլ՝ լուռ ու խոնարհ դարձ Քրիստոսի պանծալի ճշմարտութեան։ Վերադարձ՝ սիրտով եւ ո՛չ թէ լեզուով։ Որովհետեւ, մինչեւ չբանանք մեր սիրտը, չենք կրնար բանալ մեր միտքը, չենք կրնար վերականգնել մեր ժողովուրդի միաբանութեան ու ազնիւ ապրումի կորսուած շունչը։
Այս բոլորին մէջ պակասն է՝ հաւատքի կենդանի շունչը։ Քանի որ երբ հաւատքը սովորութեան վերածուի, իսկ սէրը՝ սովորական կամ մեքենայական վարմունքի, ապա մարդ իսկապէս կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը։ Մեր նախնիները կ՚ապրէին իրենց հաւատքը՝ իբրեւ Աստուծոյ կենդանի ներկայութիւն եւ ո՛չ թէ գիրքի մէջ փակուած «հարստութիւն»։ Անոնց համար հաւատքն ու գործը մէկ էին. ինչ բանի որ կը հաւատային՝ նոյնը կը գործէին, իրենց կեանքով կ՚ապացուցէին։ Նմանապէս, ինչ բան որ կը գործէին՝ այդ գործին մէջ յստակօրէն կ՚երեւար իրենց հաւատքը։ Իսկ այսօր հակառակն է, որովհետեւ ո՛չ մեր գործերը արտացոլացումն են մեր հաւատքին եւ ո՛չ ալ մեր հաւատքը առնչութիւն ունի մեր գործերուն հետ:
Որպէսզի այս ամէն ինչը ուղղուի եւ սրբագրուի, դարձեալ կրկնեմ, պէտք է վերադառնալ Աստուծոյ, ինչ որ անուղղակիօրէն կը նշանակէ նաեւ վերադառնալ մենք մեզի, մեր արմատներուն, մեր իսկական արժէքներուն։ Վերադարձ, որ պիտի սկսի ամէն մէկ անհատի ներքին վերակերտումով, քանի որ ժողովուրդ մը կը փոխուի միայն այն ժամանակ, երբ կը փոխուին զինք կամզող անհատները՝ գաղափարապէս, մտապէս եւ հոգեպէս։
Այս բոլորը մեզ կը բերեն այն եզրակացութեան, թէ մեր ժամանակին խնդիրը քաղաքական չէ, տնտեսական չէ, նոյնիսկ արտաքին վտանգներու հարցը չէ միայն, այլ՝ մեր ժամանակին հարցը՝ սիրտի հարց է, միտքի հարց է, հոգիի հարց է։ Եւ այն ատեն միայն, երբ սիրտը, միտքն ու հոգին իրենց տեղը կը գտնեն Աստուծոյ մէջ, ապա այդ ատեն միայն մեր ապաքինման գործողութիւնը կը սկսի եւ կարճ ժամանակուան ընթացքին իր դրական աւարտին կը հասնի:
Բ. ԻՆՔՆԱՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱԿԱՍԸ
Ինքնաքննութեան առաջ քայլը պէտք է ըլլայ մեղադրանքներէ զերծ մնալը, այլ խօսքով դադրինք մեղադրելէ ուրիշը եւ նախ եւ առաջ մենք մեզ քննենք, մեր արարքները, մեր խօսքերը, ապա նոր միայն կարծիք յայտնենք. կարծի՛ք եւ ո՛չ թէ մեղադրանք: Մեղադրանքը կործանարար յատկութիւն ունի իր մէջ եւ երբ մնայուն կերպով մեղադրանքներ կը թափենք ուրիշին վրայ, ապա այդ մեղադրանքներու ազդեցութիւնը կրնայ ժխտական ազդել անոր վրայ եւ որպէս բնական հակադարձութիւն՝ թշնամութիւն եւ ատելութիւն կը ծնի: Իսկ թշնամութեան եւ ատելութեան առկայութեան պարագային կարելի չ՚ըլլար որեւէ բան կառուցել, նոյնիսկ պատ մը կառուցել, ո՞ւր մնաց ամբողջ հայրենիք մը պահել ու շէնցնել:
Իսկ երբ մենք ինքներս մեզ քննենք ու մեր սխալները ճանչնանք, ապա կ՚օգտագործենք այդ գիտակցութիւնը ո՛չ թէ իբրեւ արդարացում՝ ուրիշին մեղադրելու, այլ իբրեւ ուղեցոյց՝ մեր իսկ բարեփոխումին համար։ Ներքին աշխատանքն է, որ կը կերտէ խաղաղ ու համերաշխ շրջապատ եւ միայն նախ եւ առաջ իր սխալները տեսնող եւ զանոնք սրբագրել փորձող մարդն է, որ պատրաստակամութիւն կ՚ունենայ լսելու ուրիշը, ընդունելու տարբեր կարծիքներ եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուելով փորձել լուծումներ գտնել որեւէ մէկ հարցի համար։ Այսպիսով, ներքին հանդուրժողականութիւնը կը դառնայ արտաքին յարաբերութիւններու լիցք, ինչ որ խաղաղութեան ու միասնութեան ճամբան կը բանայ։
Ինչ կը վերաբերի մեղադրանքներուն, ապա ո՛չ միայն կործանարար են տուեալ անհատի հոգիին համար, այլեւ կը ճեղքեն ու կը խաթարեն հասարակութեան միասնութիւնը։ Երբ անարդար կամ յաճախակի մեղադրանքներ կը կատարուին, ապա մարդը կը կորսնցնէ վստահութիւնը, կասկածներ կը ծագին, կը տիրէ անվստահութեան մթնոլորտ, որով համերաշխութեան շղթաներու փոխարէն՝ կը ստեղծուի թշնամանքի ահաւոր ցանց մը։ Միայն այն ատեն, երբ զերծ մնանք մեղադրանքներէ եւ զիրար դատելէ, այն ատեն է, որ կրնանք զիրար լսել եւ զիրար հասկնալ, աւելին, հնարաւոր կը դառնայ իրական շինութիւններ իրականացնել՝ պատեր, տուներ ու համայնքներ, գիւղեր եւ քաղաքներ, ամբողջ հայրենիքը ամուր հիմքերու վրայ պահելու նպատակով:
Գ. ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՈՐՊԷՍ ՏՈՒՆ ՉԸՆԿԱԼԵԼԸ, ԱՅԼ՝ ՈՐՊԷՍ ԽԱՆՈՒԹ
Թերեւս ոմանց համար տարօրինակ թուի այս բնորոշումը, բայց, ցաւօք իրականութիւն է: Պահ մը մօտաւոր անցեալ երթանք՝ Սովետական Միութեան փլուզումը եւ կամաց-կամաց քալելով գանք եւ հասնինք մեր օրերը: Նախկին եւ ներկայ բոլոր իշխանութիւնները, քաղաքական կուսակցութիւնները, ընդդիմադիր ուժերը՝ ինչպէ՞ս վարուած են մեր երկրին, մեր հայրենիքին հետ, որպէս տո՞ւն… Ո՛չ միայն դժուար է ըսել, այլեւ անկարելի է հաւատալ: Ցաւօք բոլորն ալ մեր հայրենիքին հետ վարուած են՝ որպէս խանութ, այլ խօսքով, բոլորն ալ հայրենիքին նայած են՝ որպէս եկամտաբեր աղբիւր մը եւ իւրաքանչիւր ոք փորձած է հարստութիւն դիզել այդ «խանութէն»:
Արդ, երբ իշխանութեան՝ հոգեւոր թէ քաղաքական եւ տարբեր ուժերու ուշադրութիւնը կեդրոնացած է բացառապէս քաղաքական, տնտեսական եւ սեփական շահերու վրայ, ապա երկրի համար նախատեսուած լուրջ քայլերը պատահականութեան ձգուած կ՚ըլլան։ Այդ պարագային ո՛չ միայն պետական կառոյցները ճկուն ու կայուն չեն դառնար, ո՛չ միայն եկեղեցին հոգեւոր իր առաքելութեան բարձրութեան վրայ չի՛ կրնար մնալ, այլեւ հասարակութիւնը կը կորսնցնէ իր վստահութիւնը կառավարման՝ հոգեւոր եւ քաղաքական, նկատմամբ։ Յուսալքութիւնը տիրապետող կը դառնայ, անհաւասարութիւնը, անարդարութիւնն ու աղքատութիւնը գլուխ կը բարձրացնեն եւ ամենէն պզտիկ խնդիրը կամ դժուարութիւնը անմիջապէս կը վերածուին սպառնալիքի՝ համայնքային, ազգային, քաղաքական եւ հոգեւոր մակարդակներու վրայ:
Հետեւաբար, այս պարագան կը ստիպեցնէ մեզի սթափ նայելու մեր անցեալին, հասկնալու, գիտակցելու, թէ վերականգնումը միայն իշխանութեան փոփոխութեամբ՝ քաղաքական թէ հոգեւոր, չի՛ կատարուիր։ Մեր իրական հարստութիւնը՝ երկրի, ազգի եւ եկեղեցւոյ կայունութիւնը մեր ինքնութեան, մեր արժէքներուն, մեր առօրեայ գործերուն մէջ պահուած է։ Յետաձգելով կամ անտեսելով սեփական պատասխանատուութիւնը կամ սպասելով, որ ուրիշները կերպով մը իրավիճակը կը փոխեն, այդ պարագային մենք կը կորսնցնենք մեր ամենէն հիմնական հնարաւորութիւնը՝ նոր ճամբայ բանալ մեր հայրենիքին համար ու ամրացնել այն արժէքները, որոնք կը մղեն մեզ անվտանգ, առողջ ու միասնական ապագայ կառուցելու:
Դ. ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
Այս խիստ պայմաններուն մէջ մոռցուած ամենէն կարեւոր արժէքներէն մէկը հաւաքական պատասխանատուութեան զգացումն է. զգացում մը, որ կը բացակայի մեր կեանքէն, մեր իրականութենէն: Մենք՝ որպէս ժողովուրդ, մեր անցած եւ ունեցած բոլոր դժուարութիւններուն մէջ զօրացած ենք եւ յաղթահարած ենք զանոնք մի՛ միայն այն ատեն, երբ զգացած ենք, թէ ուրիշին ցաւը մեր ցաւն է, ուրիշին նեղութիւնը մեր նեղութիւնը, ուրիշին ձախողումը մեր ձախողումը, միաժամանակ ուրիշին ուրախութիւնը, յաջողութիւնը, ձեռքբերումը մե՛րն են։ Այսօր, սակայն, ճիշդ հակապատկերը ունինք: Այսօր մենք չե՛նք զգար ուրիշին ցաւը, ո՛չ միայն չենք զգար, այլեւ չե՛նք բաժներ, նոյնը նաեւ յաջողութեան պարագային, չե՛նք ուրախանար մեր հայրենակիցին ունեցած յաջողութեամբ, ընդհակառակն, ամէն ինչ կ՚ընենք, որպէսզի ձախողի, որպէսզի տուժէ, որպէսզի անաւարտ մնայ այդ յաջողութիւնը: Ասոր պատճառը այն է, որ մէկս միւսէն հեռացած ենք՝ հոգեպէս, գաղափարապէս, համոզումներով եւ այլն։ Այս հեռացումը մեր միջեւ կանգնեցուցած է պատնէշներ եւ կը թուի, թէ դժուար է զանոնք յաղթահարելը։ Խնդիրը ո՛չ թէ դժուարութեան մէջ է, այլ՝ կամեցողութեան, որովհետեւ մենք չենք ուզեր քայլ կատարել դէպի ուրիշը, չենք փափաքիր երթալ դէպի ուրիշը, այլ՝ կը նախընտրենք մնալ այդ պատնէշներու ետին՝ իւրաքանչիւրս իր պատեանին մէջ կծկուած։
Եթէ կ՚ուզենք դուրս գալ այս քաոսային կացութենէն, ապա այսօր իսկ պէտք է սկսինք վերագտնել մեր հաւաքական գոյութեան հիմքերը եւ կառչիլ անոնցմէ՝ զօրացնելով եւ աճեցնելով զանոնք։ Այդ հիմքերն են՝
- Հաւատքը, թէ մեր ժողովուրդը կրնայ, ի զօրու է նորոգուելու,
- Յոյսը, որ իւրաքանչիւր անկումէ ետք վերելք կայ, կարեւորը մենք ձգտինք եւ աշխատինք կարենալ կանգնելու համար,
- Եւ սէրը, որու բացակայութիւնն է, որ մեզ այսպէս անհամերաշխութեան մէջ կը ձգէ: Սէր՝ այս առումով չի՛ նշանակեր, թէ բոլորը նոյն կարծիքը պէտք է ունենան, այլ՝ բազմակարծութեան մէջ, իսկ մեր կապը չկտրուի, այսինքն՝ կարենանք զիրար լսել, իրարու հանդուրժել եւ այսպէսով մեր բազմակարծութիւնը ծառայեցնել մեր հայրենիքի շինութեան եւ բարօրութեան:
Աւարտելու համար, նախ եւ առաջ մեր սիրելի ընթերցողներէն ներողութիւն կը խնդրեմ, թէեւ Նոր տարուան բացառիկի համար էր այս գրութիւնը, սակայն, քիչ մը ծանր եւ խոր դարձաւ՝ ելլելով մեր ժողովուրդի ներկայ սարսափելի վիճակէն: Նոր տարուան առիթով սովորաբար կը փորձենք լուսաւոր, յուսադրող ու տօնական ոգիով գրութիւններ գրել, բայց, մեր ազգի զաւակներուն մէջ համաճարակի ուժգնութիւն եւ տարածում գտած բաժանումն ու քաոսը պատճառ հանդիսացան այսպիսի գրութիւն մը գրելու Նոր տարուան առիթով։ Սակայն, սիրելի ընթերցողներ, այս բոլորը պէտք է դիտենք ո՛չ միայն ահազանգի, այլեւ՝ յուսալի ուղի մը գտնելու ակնոցով։ Եթէ այս Նոր տարիին որոշենք նայիլ մեր սխալներուն եւ անտարբերութիւններուն, վերագտնելու մեր արժէքները, վերանորոգելու մեր հաւաքական կապերը, ինչպէս նաեւ մեր սիրտը, միտքը եւ հոգին դնել Աստուծոյ լոյսին առջեւ, յանձնել Աստուծոյ՝ վերադառնալով անոր գիրկը, ապա մեր ժողովուրդը, անշուշտ, պիտի ունենայ նոր, առողջ եւ միասնականութեամբ լեցուն տարի մը եւ գալիք տարիներ։
Թող այս Նոր տարին ըլլայ մեզի համար նոր սկիզբ մը՝ հաւատքով, յոյսով, սիրով, տոկունութեամբ եւ հանդուրժողականութեամբ լեցուն։ Նաեւ, թող այն ամէն ինչը, որ ինչ-ինչ պատճառներով կորսնցուցած ենք՝ միասնութիւն, հաւաքական պատասխանատուութիւն եւ հաւատքի իրական եւ ո՛չ ցուցադրական կեանք, նորոգուին ու զօրանան՝ յանուն մեզ եւ մեր հայրենիքը իսկապէս հզօրացնելու եւ լուսաւոր դարձնելու։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ