ԱԿՆԱՐԿ - 133 - ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԱՊԵՏԷՆ՝ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻ, ՈՒՍՈՒՄԻ ԵՒ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Ուսումնական նոր տարեշրջանի մեկնարկին, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք փունջ մը մտածումներ Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետէն, հայ դպրոցի, ընտանիք-դպրոց կապի, ուսումի եւ կրթութեան մասին: Բարի ընթերցանութիւն:
- Դասաւանդողի եւ ուսանողի երկխօսութիւնն է կրթութիւնը, միտքի եւ հոգիի ներդաշնակ այն զրոյցը, որ արդիւնքի առումով վախճան չունի:
- Կրթութիւնը ո՛չ միայն ընտանիքի, հասարակութեան եւ պետութեան հիմքն է, այլ նաեւ՝ ճանապարհ է աստուածաճանաչութեան: Կրթութիւնը մարդը կ՚առաջնորդէ, որպէսզի ան ճանչնայ Աստուծոյ արարչագործութիւնը, ընկալէ Աստուծոյ պատուիրաններն ու պատգամները եւ կեանքը կառուցէ այդ նուիրական արժէքներուն վրայ:
- Գիտուան եւ կրթութեան լոյսով պիտի կերտենք մեր երկրի եւ ազգի նոր կեանքն ու յառաջընթացը: Երիտասարդ սերունդի ազգային ոգիով կրթութիւնն ու հայրենի սրբազան արժէքներով դաստիարակութիւնն են գրաւականը մեր ժողովուրդի գոյութեան յարատեւութեան:
- Կրթութեան ճամբան դժուարին է, բայց օրհնեալ է ու շնորհապարգեւ:
- … Բարի զաւակ կրթել՝ կը նշանակէ մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին յաւերժութիւնը, յարատեւ ընթացքն ու բարօրութիւնը ապահովել:
- Ուսման ու կրթութեան մէջ ձեռքբերումները լաւագոյն յաղթանակներն են մեր երկիրի ու ժողովուրդի ճանապարհին դէպի բարգաւաճ ու բարօր կեանք, դէպի մեր բոլոր իղձերուն իրականացումը:
- Բարիք են ուսումը, գիտելիքն ու կրթութիւնը, եւ գովելի առաքինութիւն՝ զայն մարդոց կեանքին ու յառաջընթացին ծառայեցնելը: Մեր ժողովուրդի դժուարին պատմութեան դարաւոր փորձութիւններուն մէջ գիրն ու դպրութիւնը եղած են նաեւ փրկութեան ուղի՝ հայ եւ քրիստոնեայ մնալու, ապրելու եւ վերածնելու:
- Ուսումն ու կրթութիւնը եղած են եւ կը մնան կեանքի յառաջընթացի ու հասարակութեան բարեփոխման հիմնական գրաւականները:
- Կրթութիւնը մեր ժողովուրդի աւանդական առաջնահերթութիւններէն է:
- Գիտելիքն ու ուսումը միշտ առաջնահերթութիւն եղած են մեր Եկեղեցւոյ առաքելութեան ծիրէն ներս: Սահակ-Մեսրոպեան դպրոցը ժամանակին համահունչ կրթութիւն ապահովելու համար, իր դարաւոր աւանդներով մեր ազգային-քրիստոնէական ինքնութեան եւ մեր ժողովուրդի գոյատեւումին ու յարատեւութեան գրաւականը դարձած է: Այսօր, նոյնպէս, մեր Եկեղեցին իր պարտքը կը համարէ հայրենի պետութեան աջակցիլ՝ կրթելու մեր ժողովուրդին արժանաւոր զաւակներն ու մեր երկրին գիտակից քաղաքացիները՝ զարգացած, նպատակասլաց եւ պատասխանատուութեան բարձր զգացումով սերունդ, որ պատրաստ ըլլայ դիմագրաւելու ժամանակի մարտահրաւէրները եւ տէր ըլլայ մեր երկրի ու ժողովուրդի ապագային:
- Լեզու, հաւատք, մշակոյթ. ասոնք են որ կը շաղկապեն հայրենիքի եզերքներէն հեռու, տարբեր ժողովուրդներու յարակցութեամբ ապրող մեր ազգին զաւակները՝ ազգային ինքնութիւն պահպանելու, իր արմատներուն հաւատարիմ եւ իր ժառանգութեան տէր սերունդ մեծցնելու հնարաւորութիւն ընձեռելով:
- Կրթութեան խնդիրը միշտ արդիական է, իսկ մեր ժողովուրդին համար, հայապահպանութեան լոյսին տակ` կենսականօրէն կարեւոր: Տարբեր մշակոյթներու ու տարբեր արժեհամակարգերու պայմաններու մէջ հասակ առնող եւ յաճախ ժամանակակից աշխարհի անցանկալի ընթացքներու ազդեցութիւններուն ենթարկուող հայորդիներուն համար ինքնութեան պահպանութեան պայման ու ապահով յենարան է հայրենաճանաչութիւնը, քրիստոնէական մեր հաւատքին ու արժէքներուն, մեր ազգային աւանդներուն խարսխուած որակեալ կրթութիւնը: Այս կերպով, մեր ընտանիքներուն, մեր եկեղեցիներուն, ազգային ու կրթական մեր հաստատութիւններուն մէջ պիտի կարենանք կերտել Աստուծոյ, ազգին, հայրենիքին ու Եկեղեցւոյ առջեւ պատասխանատուութիւն կրող երիտասարդութիւն:
- Դարեր շարունակ հայ աւանդութեան կրողը մեզի համար եղած է եւ է՛, առաջին հերթին, ընտանիքը: Արդ, սիրելի՛ հայորդիներ, ընտանեկան նուիրական յարկին տակ մայրենի լեզուով, հայրենեաց սիրով կրթելով ձեր որդիները՝ զանոնք ուղղորդեցէ՛ք դէպի եկեղեցի եւ հայ դպրոց, ուր պիտի աճին ու զօրանան առ ազգն ու Եկեղեցին անոնց հոգիին նախանձախնդրութիւնն ու անպարտելի սէրը: Պատմութեան քառուղիներուն մէջ, հայկական պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ ընտանիքը եւ Եկեղեցին մեր ժողովուրդին միակ ապաստարանը եւ այն ապառաժ վէմը եղած են, որու վրայ հիմնուած եւ գոյատեւած է մեր ժողովուրդը. վէմ, որու վրայ անխորտակելի խարսխուած է փարոսը հայ կեանքին՝ հաւատքի մշտավառ կանթեղը Լուսաւորիչին:
- Արդարեւ, ազգային իւրաքանչիւր կրթօճախ ամուր պատուար է աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի ինքնութեան պահպանութեան համար: Հայ դպրոցին շնորհիւ երբեք պիտի չպակսի հայորդիներու հաւատքն առ Աստուած, սէրը՝ հանդէպ մեր հայրենիքը եւ ազգային նուիրական սրբութիւնները:
- Պատահական չէ, որ մեր ազգին զաւակները, ուր որ ալ ըլլան, եկեղեցի կը կառուցեն եւ անոր կողքին՝ դպրոց, որովհետեւ գիտեն, որ հայուն անառիկ ամրոցները այդ երկու սրբազան հաստատութիւններն են, հայը հայ պահողը այդ երկու հրաշագործ զօրութիւններն են եւ միայն այդ երկու կռուաններուն հզօր, անսասան հիմերուն վրայ հաստատուած՝ մենք կրնանք յարատեւել ու վստահութեամբ մեր հայեացքը ուղղել դէպի հազարամեակներուն խորքը եւ դէպի յաւերժութիւն:
- Մարդկային կեանքի առաջին կարօտներէն է դպրոցի հանդէպ կարօտը, որ մանկութեան ու պատանեկութեան թանկ յուշերով, ընտանիքի, հարազատ բակի ու ծննդավայրի ջերմութեան հետ անբաժան մասը կը դառնայ հայրենիքին հանդէպ ունեցած մեր մեծ սիրոյ:
- Ի սփիւռս աշխարհի տարածուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար ազգային կեանքի հիմերն են Մայր Եկեղեցին եւ հայ դպրոցը: Կրթօճախը առաջին ու հիասքանչ հանգրուանն է, ուր կը կերտուի ընդհանուրի մէկ մասնիկը ըլլալու գիտակցութեան երջանիկ զգացումը, որ առաջին քայլն է դէպի հայրենասիրութիւն ու մարդասիրութիւն:
- Կարեւոր կը նկատենք, որ մեր դպրոցները միշտ մեր Եկեղեցւոյ օրհնութեան հովանիին տակ կը գործեն: Այս կապը պէտք է ամրապնդել, զօրացնել, որովհետեւ այս երկուքին համադրումով պիտի կարենանք արժանաւոր, հաւատաւոր ու բարի զաւակներ կրթել մեր ժողովուրդին համար:
- Հայոց կրթարաններու յարկին տակ ո՛չ միայն իմացութեան լոյս կը տրուի մանուկ եւ պատանի հայորդիներուն, այլեւ` շունչ եւ ոգի կը կերտուին, կ՚աճին եւ կը զօրանան ազգանուիրումը, եկեղեցանուիրումը եւ հայրենական արժէքներու նկատմամբ նախանձախնդրութիւնը:
- Ազգային վարժարանները վսեմ կոչում ունին հայրենիքի ոգիով կրթելու մատաղ սերունդը, որ հաւատարիմ ազգային դարաւոր արժէքներուն ու սրբազան աւանդներուն, երաշխաւորն է աշխարհասփիւռ հայոց վաղուան լուսաւոր օրուան:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ