ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ԽՕՍԻՆՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ
ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ
Պարզ է, որ մեր զրոյցը երիտասարդութեան հետ, ըլլայ ընդհանուր թէ՛ անձնական՝ պէտք է, որ եկեղեցական ուղղութիւններ ալ ունենայ, այն հաւատքով ու համոզումով, թէ երիտասարդութիւնը Տէր Յիսուսի մարմինին՝ Եկեղեցւոյ մէկ մասնիկն է եւ թէ իւրաքանչիւր երիտասարդ կամ երիտասարդուհի պէտք է համոզուի իր անդամակցութեան այս Սուրբ Մարմինին, զոր մկրտութեամբ ստացած է եւ կ՚աճեցնէ զայն եկեղեցւոյ ամենօրեայ կեանքին միջոցով, ըլլայ եկեղեցւոյ՝ կառոյցին (շինութեան) մէջ, կամ ալ եկեղցւոյ՝ տան մէջ, կամ նոյնիսկ եկեղեցւոյ՝ սիրտին մէջ:
Եկեղեցւոյ կեանքին ամենէն կարեւոր ուղղութիւնները հետեւեալներն են.
1. Ուղղափառ դաւանանքը. արդարեւ, երիտասարդութեան կեանքը պէտք է ուղիղ դաւանանքի վրայ հիմնուի, ինչպէս նաեւ անոնց կեանքը պէտք է կառուցուի անոր բառերուն վրայ՝ հաւատքով, սիրով եւ ամենօրեայ վարուելակերպով:
2. Կենդանի ծէս. որով երիտասարդութիւնը եկեղեցական ծիսական տարին պէտք է ապրին օրական, շաբաթական եւ ամսական դրութեամբ, մարմինի Գլուխին՝ Տէր Յիսուսի հետ սիրոյ միութեամբ, ինչպէս նաեւ երկնային սուրբերուն եւ իրենց եղբայրներուն հետ, որոնք կը պայքարին Արքայութեան ճանապարհին վրայ, մինչ անոնք տակաւին ողջ են այս աշխարհի վրայ:
3. Հայրաբանական արմատները. որպէսզի երիտասարդութիւնը Եկեղեցւոյ սուրբ հայրերուն եւ ուսուցիչներուն ուսուցումները ներծծէ, խորհրդածէ եւ զանոնք օրինակ վերցնէ իր առօրեայ կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ ընդունակ դառնան իրենց աստուածաբանական, դաւանաբանական, հոգեւոր եւ քարոզչական պայքարին մէջ:
ա. Ուղղափառ դաւանանքը.
Անշուշտ, մեր եկեղեցւոյ դաւանութիւնը դրական յատկութիւններ ունեցող դաւանութիւն է, որովհետեւ՝
1. Առողջ դաւանութիւն է. այսինքն՝ կարգաւորուած է Գիրքով, աւանդութիւններով եւ որոշ նիւթի մը մասին մանրամասն զննութեամբ. խորհուրդներ, բարեխօսութիւն, աղօթել ննջեցեալներուն համար, պահեցողութիւններ, տօներ, ինչպէս նաեւ ուրիշ նիւթեր: Մեր Եկեղեցին Աստուծոյ շնորհքով կը պարծենայ, թէ քրիստոնէութեան տուած է աստուածաբաններ, որոնք յաջողած են ստանալ քրիստոնէական հաւատքը եւ առողջ դաւանութիւնը, մշակած են Հաւատոյ Հանգանակը եւ քրիստոնէական ճշմարտութիւններ, շատ մանրակրկիտօրէն, ինչ բանի համար այն ժամանակ քրիստոնեայ աշխարհը վկայած է եւ կը շարունակէ մինչ օրս վկայել: Թերեւս ալ, ուղղափառ երկու ընտանիքներուն մօտ օրէն՝ Աստուծոյ կամքով մէկ ընտանիքի դառնալը՝ Կիւրեղ Աղեքսանդարցիի բանաձեւին համաձայն, էր եւ պիտի ըլլայ ուղղափառութեան միութեան պատճառ. մէկ բնութիւն Բանին մարմնացելոյ:
2. Ուղիղ վարդապետութիւն. նկատի ունիմ, որ ո՛չ աջ եւ ո՛չ ալ ձախ շեղուած է: Սկիզբ առած է առաքեալներու դարաշրջանէն եւ մինչեւ հիմա, ուղիղ գիծով, պահպանողական՝ առանց որեւէ մէկ շեղումի: Ոմանք աջ շեղեցան. քննադատեցին զիրենք, որով ոմանք ալ այս անգամ ձախ շեղեցան, եւ երբ նստան ու մօտեցան երկխօսելու համար, ապա դարձեալ վերադարձան ուղղափառութեան արմատներուն որպէս ապաստանարան եւ [ապահով] ծոց: Իւրայատուկ բան մը չե՛նք վերագրեր մեր անձերուն, այլ՝ որովհետեւ ո՛չ աջ եւ ո՛չ ալ ձախ շեղեցանք… Իրերու բնական ընթացքն է, ինչպէս նաեւ պատմութեան ընթացքը:
3. Համապարփակ վարդապետութիւն.
Ան չափազանցութեան չ՚երթար բանի մը համար՝ ուրիշ բանի մը հաշւոյն. արդարեւ, կը տեսնենք, որ ան հաւատքին մասին կը խօսի, առանց անուշադրութեան մատնելու գործերը. կը պատուէ (կը մեծարէ) Կոյսը՝ առանց զինք աստուածութեան աստիճաններու բարձրացնելու… կ՚արտօնէ, որ բոլորը կարդան Սուրբ Գիրքը եւ խորհրդածեն անոր բառերու մասին, առանց սակայն իւրաքանչիւր անձի ազատութիւն տալու զայն մեկնաբանելու (բացատրելու): Արդարեւ, քրիստոնէութիւնը մեզմով չէ սկսած…: Քահանայութեան իշխանութիւն եւ արժանապատուութիւն կու տայ, առանց ժողովուրդը զրկելու եկեղեցական որոշում կայացնելէ…: Կը խօսինք շնորհքի մասին, միաժամանակ նաեւ կը խօսինք պայքարի մասին…: Այսպէս, համապարփակօրէն քրիստոնէութեան ընդհանուր եւ կատարեալ պատկերը կու տայ:
4. Սուրբգրային վարդապետութիւն.
Թէեւ Ղպտի [ինչպէս նաեւ Հայ] եկեղեցին աւանդական եկեղեցի մըն է, որ կը հաւատայ եկեղեցական աւանդութեան կարեւորութեան, եւ թէ Գիրքը ի՛նք՝ աւանդութեան պարգեւն է եւ անոր մէկ մասնիկը, բայց եւ այնպէս կը հաւատայ, թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նքն է իրաւարարը իւրաքանչիւր վարդապետութեան, աւանդութեան կամ ծէսի…: Այս պատճառով, մեր եկեղեցւոյ բոլոր վարդապետութիւնները Սուրբգրային են…: Հարիւրաւոր համարներ կան խորհուրդներու, բարեխօսութեան, աւանդութեան, Կոյսը երանացնելուն, իւղով հիւանդները սրբելուն, քահանայութեան եւ խորանին, եւ այլնի մասին…:
Կասկած չկայ, թէ մեր Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը, առողջ ընկալումն է Սուրբ Գիրքին եւ կեանքին. ըսել չենք ուզեր ծայրայեղօրէն, այլ՝ այն աւանդն է, որ ստացած են մեր հայրերէն առանց աւելցնելու կամ պակսեցնելու: Մեր հայրերը ապրեցան քրիստոնէութիւնը, Աւետարանն ու ընկերութիւնը եւ մենք կը սորվինք (կ՚ուսումնասիրենք) անոնց կեանքը եւ Սուրբ Գիրքին ու Աստուածաբանութեան մասին ըսածները, մեկնաբանութիւնները, ու կը ջանանք, որպէսզի շարունակենք նոյն ճանապարհով ընթանալ: Այսպիսով, եթէ մեր արմատներուն երթանք պատմութեան խորքերը եւ հասկնանք հայրերուն վարքը, ապա կոճղը դէպի վեր կը բարձրանայ, տերեւ կու տայ, կը ծաղկի եւ կը պտղաբերի Տէր Յիսուսի փառքին… եւ Աստուծոյ Արքայութեան շինութեան համար:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 3
Վաղարաշապատ