ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ԱՌԻԹՆԵՐ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իրան առանցքը կը բնորոշուի մէկ կողմէ լարումով ու բախումով, իսկ միւս կողմէ խաղաղութեամբ։ Թէեւ Ուաշինկթըն միջազգային մեծ դերակատար մըն է, սակայն, ըստ երեւոյթին, այս պարագային մեծ շահողը Թեհրանը պիտի ըլլայ։
ԱՄՆ-ի համար Ռուսաստան-Ուքրայնա տագնապէն ետք հիմնական երկրորդ օրակարգը կը համարուի Իրանի հարցը։ Այս մասին ամենատարբեր վերլուծութիւններ շրջանառութեան մէջ են՝ ի մասնաւորի այս օրերուն։ Հարկ է, անշուշտ, վերյիշել, որ Իրան-ԱՄՆ բանակցութիւնները նոր վերսկսան եւ ցարդ երեք փուլ ունեցան։ Առաջին փուլը տեղի ունեցաւ հազիւ քանի մը շաբաթ առաջ, Ումմանի մայրաքաղաքին՝ Մասքաթի մէջ: Երկրորդ փուլը շաբաթ մը վերջ էր, Իտալիոյ մայրաքաղաքը՝ Հռոմի մէջ, իսկ երրորդ փուլը նոյնպէս շաբաթ մը անց, դարձեալ Մասքաթի մէջ:
Խօսքը կը վերաբերի բաւական բարդ եւ երկար ժամանակի վրայ ձգուելիք բանակցութիւններու։ Անշուշտ, հաշուի պէտք է առնել, որ կողմերու կայուն հակառակութիւնը կամ նոյնիսկ թշնամութեան հասած տարաձայնութիւնները ունին երկար նախապատմութիւն։ Այստեղ պէտք չէ խորանալ անոնց մէջ, սակայն, հարկ է յիշեցնել, որ ԱՄՆ-Իրան թշնամութիւնը ունի աւելի քան 45 տարուան անցեալ մը, որ անցած է մեծ ցնցումներէ, լարումներէ ու շատ առումներով ալ առաջ տարուած է մի քանի կողմնակի թուացեալ առճակատումներով, որոնք զանազան փուլերու մէջ երեւելի դարձած են բաւական սուր դրսեւորումներով։ Անոնք իրարու դէմ պայքարած են ամենատարբեր ձեւաչափերով՝ ամենատարբեր ենթագետիններու վրայ այդ մեծ խաղին մասնակից դարձնելով նաեւ այն երկիրները, որոնք այս կամ այն ձեւով կը համարուին՝ յատկապէս Իրանի դաշնակիցները։
Այս բոլորէն անդին, ԱՄՆ-ի համար Ուքրայնա-Ռուսաստան պատերազմէն ետք Իրան կը գրաւէ իւրայատուկ տեղ մը։ Իրան-ԱՄՆ կորիզային համաձայնութիւնը կնքուած էր 2015 թուականին, իսկ Տանըլտ Թրամփ նախագահ ընտրուելէ անմիջապէս ետք, 2017-ին, չեղեալ համարած էր այդ համաձայնութիւնը։ Թրամփի երկու ժամկէտներու միջանկեալ շրջանը, այսինքն նախագահ Պայտընի պաշտօնավարութեան տարիները նշանաւորուեցան Իրանի հանդէպ ոչ տաք-ոչ պաղ կեցուածքներով։ Արդարեւ, Պայտըն արտաքուստ ջատագով էր Իրանի հետ լեզու գտնելու գաղափարին։ Թէեւ հիմնաւոր համաձայնութեան մը չհասաւ, սակայն, բաւարարուեցաւ հակամարտութիւնը կառավարելի սահմաններու մէջ պահելու մօտեցումով։ Այսօր ստեղծուած է բոլորովին նոր համայնապատկեր մը, որուն նախնական քայլերը կ՚ընթանան շատ արագ։ Ու այս կէտին վրայ է մեծագոյն հարցադրումը՝ բանալիներ ունենալու համար, թէ Ուաշինկթըն ի՞նչ պատճառով, պատճառներով այսքան մեծ կարեւորութիւն կու տայ Թեհրանի խնդրին։
Անշուշտ, որ այդ բանալի բառերու շարքին առաջնահերթ են՝ կազը, նաւթը, բնական պաշարները, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն ու ախորժակ տուած են եւ դեռ ալ պիտի տան ԱՄՆ-ին։ Ու այս ֆոնին վրայ է հաւանաբար, որ ան կը փորձէ նաւթի խաղէն դուրս պահել Իրանը եւ զայն դարձնել լուսանցաքին խաղացող մը։
Միւս հանգամանքը կը բիւրեղանայ տարածաշրջանի փոփոխութիւններով։ ԱՄՆ-Չինաստան հեռավար պայքարը, նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ անոնց անթաքոյց հետաքրքրութիւնը առանցքային կը համարուին։ Պարագաներէն մին ալ սիւննի աշխարհը հակակշռի տակ պահելու հարցն է եւ Իրանի պատուհանը օգտագործելով՝ ԱՄՆ կը փորձէ անընդհատ եւ անուղղակի ճնշումի տակ պահել իր սիւննի՝ բաւական հաւարտիմ թուացեալ դաշնակիցները՝ յատկապէս Սէուտական Արաբիան։
Այս կէտերէն իւրաքանչիւրը ունի իր նրբերանգները եւ այդ առումով ալ կան բազմապիսի թելեր, որոնց ագուցումով միայն յայտնի պիտի դառնայ ԱՄՆ-ի Իրանի հանդէպ եւ աւելի ճիշդը՝ «Իրանի թղթածրարին» հանդէպ այսքան յստակ ու շեշտուած հետաքրքրութիւնը։ Անշուշտ, այս բոլորը կը գործեն հակասական յարաբերակցութիւններով եւ ձեւաչափերով՝ պայմանաւ, որ անոնք բոլորն ալ ծառայեցուին միայն ու միայն մէկ նպատակի՝ ԱՄՆ-ի մեծ ու փոքր շահերու սպասարկութեան ապահովմամբ։
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒՀԱՆ
Իրան-ԱՄՆ լարումը չափազանց կարեւոր է նաեւ Հայաստանի տեսակէտէ։ Այս առումով ալ կան զանազան կարծիքներ։ Միջազգայնագէտ Սուրէն Սարգսեան եւս ընկերային ցանցերու վրայ անդրադարձաւ հարցի զանազան երեսակներուն եւ այս կապակցութեամբ Ատրպէյճանի դերակատարութեան։ «Նախ պէտք է հասկնալ, որ այս պահու դրութեամբ Թրամփի վարչակազմը Իրանի նկատմամբ յստակ ռազմավարութիւն մը չունի։ Սա ակնյայտ կ՚երեւի Թրամփի վարչախումբի զանազան ներկայացուցիչներու յայտարարութիւններէն եւ դիրքորոշումներէն, որոնք կը վերաբերին Իրանի նկատմամբ ԱՄՆ-ի քաղաքականութեան։ Եթէ Թրամփի վարչակազմը որոշում առնէ Իրանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու, ուրեմն, սա կ՚ենթադրէ բանակցութիւններ, որոնցմով ձեռք պիտի բերուին յստակ պայմանաւորուածութիւններ։ Վստահաբար, պայմանաւորուածութիւնները յարգէ նաեւ Թրամփ, որովհետեւ Իրանի միջուկային նախորդ համաձայնագիրէն ան դուրս եկած էր՝ պատճառաբանելով, որ այդ համաձայնագիրը ինք չէր ստորագրած եւ կը համարէր, որ այդ մէկը չի բխիր ԱՄՆ-ի շահերէն։ Մի՛ զարմանաք, բայց, այստեղ չափազանց կարեւոր ցուցիչ կրնայ դառնալ նաեւ թիւ 907 բանաձեւի շրջանցման կամ ի զօրու թողման հարցը։ Ատրպէյճանին տրամադրուած անվտանգային օգնութիւնը միշտ ալ տրուած է, ո՛չ թէ Հայաստանի, այլ Իրանի դէմ։ Սա երբեք չէ հերքուած ԱՄՆ-ի կողմէ։ Հետեւաբար, եթէ Թրամփի վարչակազմը օգնութիւն կը տրամադրէ Ատրպէյճանին, ապա կը նշանակէ, որ Իրանի դէմ որոշակի աշխոյժ գործողութիւններ, այդուհանդերձ, հնարաւոր են», գրած է վերլուծաբանը։
Միւս կողմէ, ամերիկեան մամուլին մէջ յայտնուած են չհերքուած տեղեկութիւններ, ըստ որոնց՝ Թրամփ դիմած է Ռուսաստանի նախագահին, որպէսզի միջնորդէ Իրան-ԱՄՆ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ Սա կը վկայէ, թէ Ուաշինկթըն-Թեհրան յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարը, այդուհանդերձ, կայ։ Սա, ի հարկէ, լաւատես միտում մըն է՝ մանաւանդ, եթէ հաշուի առնուի հետախուզութեան ղեկավարին այն յայտարարութիւնը, թէ այս փուլին Իրան միջուկային զէնք պիտի չարտադրէ: Այս բոլորը Թրամփը մղած է՝ Իրանին երկու ամիս ժամանակ տալու բանակցութիւններու սկսելու համար։
Ատրպէյճանն ալ ուշադրութեամբ կը հետեւի Իրանի տագնապին։ Ըստ վերլուծաբանին՝ վերջին շաբաթներու դէպքերու եւ իրադարձութիւններու լոյսին տակ՝ այս երկու հիմնական կողմերը որոշակի հետաքրքրութիւն մը սկսած են ցուցաբերել Ատրպէյճանի հանդէպ։ ԱՄՆ այդ հետաքրքրութիւնը կը պարզէ՝ օգտագործելով Իսրայէլի պատուհանը, իսկ Իրան այդ հետաքրքրութեան յագուրդ կու տայ՝ մշակելով եւ գործադրելով ուղղակի դիւանագիտութիւն մը, որ կը սնուի նաեւ հարեւան ըլլալու կարեւոր հանգամանքով։ Ու այստեղ, բնականաբար, տեսանելի կը դառնան այն կարմիր գիծերը, որոնց շուրջ կը մանուին նուրբ թելերը։
ԱՄՆ-ի համար Ատրպէյճան կարեւոր է, որովհետեւ Իրանի հարեւանն է, նաեւ կը ներկայացնէ ռազմավարական կարեւորութիւն։ Իսկ Իրանի համար Ատրպէյճանը կարեւոր է ու կարեւոր է նաեւ անոր հետ բարեկամութիւնը, որպէսզի այդ երկիրը հաստատուն գետին մը չդառնայ Իրանը հարուածելու համար։
Ու այս պարունակներուն մէջ Ատրպէյճան կը ստանայ յաւելեալ կարեւորութիւն՝ պայմանաւ, որ նոյնինքն Ատրպէյճանի նախագահը ճիշդ կատարէ հաշուարկները եւ ձեւով մըն ալ չսայթաքի այս խիստ վտանգաւոր կանոններով խաղին մէջ։ Յստակ է, անշուշտ, որ վերջին շրջանին Իրանի հարցով գոյութիւն ունին սուր տարաձայնութիւններ մէկ կողմէ ԱՄՆ-ի եւ միւս կողմէ Իսրայէլի միջեւ։ Ու յստակ է նաեւ, որ ԱՄՆ-Իսրայէլ առկայ եւ բաւական արհեստական խզումը պիտի շարունակուի՝ որքան ատեն, որ ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւնները շարունակուին։
Վերլուծաբանի խօսքով՝ այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք, անշուշտ, յստակ է, որ թէ՛ ԱՄՆ-ի եւ թէ Իրանի համար այս փուլին ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններու երթալը նպաստաւոր չէ։ Այս տուեալը հաշուի առնելէ ետք կարելի է ըսել, որ ինչ ալ ըլլան ապագայ իրադարձութիւնները, ապա ԱՄՆ-Իրան կորիզային նոր հաւանական համաձայնութիւն մը (ինչ տարողութեամբ ալ ըլլայ այդ մէկը) դրուած է ուժեղ կրակի մը վրայ։
Ուքրայնա-Ռուսաստան հակամարտութենէն հեռու ԱՄՆ պիտի փորձէ Իրանի հարցին շուրջ որոշ դրական միաւորներ ստանալ։ Տակաւին պարզ չէ, թէ ի՞նչ ձեւաչափի կամ ի՞նչ տրամաբանութեան մէջ… Յստակ է, սակայն, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ենթարկուած բացայայտ նահանջին դիմաց՝ Իրան պիտի ստանայ կարեւոր միաւորներ, նաեւ վերակազմակերպումի լաւ առիթներ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան