ԱԿՆԱՐԿ - 120 - «ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍԱՐԿԱՒԱԳՈՒՀԻՆԵՐԸ»
Երեւանի մէջ, Աւետիք Իսահակեան տուն-թանգարանէն ներս, հինգշաբթի, 29 մայիս 2025-ին, առիթն ունեցայ մասնակցելու Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանի «Հայ Եկեղեցւոյ սարկաւագուհիները» գիրքին արեւելահայերէն եւ անգլերէն թարգմանութիւններու շնորհանդէսին:
Շնորհանդէսը ընթացաւ շատ մտերմիկ եւ խորհրդաւոր մթնոլորտի մը մէջ: Նիւթը, ինչ բանի համար համատեղուած էին խումբ մը հայորդիներ, մեր դարաւոր Սուրբ Եկեղեցւոյ աւանդութեան եւ ժառանգութեան առնչուած կարեւոր երեսակներէն մէկն էր, սարկաւագուհիներու պարագան:
Այս հարցին մասին թեր եւ դէմ կարծիքներ կան: Ոմանք կտրականապէս կը մերժեն սարկաւագուհիներ ունենալու գաղափարը, ուրիշներ որոշակի վերապահութեամբ կը մօտենան այս հարցին: Իսկ կայ սակաւաթիւ խումբ մըն ալ, որ կը պնդէ սարկաւագուհիներ ունենալու անհրաժեշտութիւնը:
Ինչ ալ ըլլան մեր թուարկած երեք խումբերուն կարծիքները, փաստը կը մնայ փաստ, որ մեր Եկեղեցին՝
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին իր դարաւոր գոյութեան ընթացքին ունեցած է սարկաւագուհիներ: Այսօր, այս ուղղութեամբ պատկերը այդքան ալ փայլուն չէ, որովհետեւ ներկայիս կը գործէ մէկ ձեռնադրութիւն ստացած սարկաւագուհի՝ Թեհրանի մէջ, եւ մէկ կիսասարկաւագուհի՝ Պոլսոյ մէջ:
Կիներու ներկայութիւնը եկեղեցւոյ կեանքէն ներս անհրաժեշտութիւն դարձած է այսօր: Ո՛չ միայն մեր եկեղեցիէն ներս, այլ համատիեզերական առումով: Ոմանց չափազանց ծայրայեղութիւնը այս հարցին վերաբերալ կասկածի դուռ կը բանայ մտածելու, որ անոնք լաւ չեն սերտած քրիստոնէութեան պատմութիւնը, Նոր կտակարանը լաւ չեն կարդացած, ուր յստակ կերպով կը մատնանշուին կիներ, որոնք անմիջական մասնակցութիւն ունեցած են եկեղեցւոյ կեանքէն ներս:
Տէր Յիսուս Ինք եւս յատուկ ուշադրութեան արժանացուց կիները եւ անոնք Իր մնայուն ուշադրութեան կեդրոնն էին: Խաչին վրայէն Իր սիրելի աշակերտին՝ Յովհաննէսին տուած յանձնարարականը՝ Իր մօր՝ Սուրբ Մարիամ Աստուածածինին համար, յարութիւն առնելէն ետք առաջինը Մարիամ Մագթաղենացիին հանդիպելու պարագաները, յստակ պատգամներ են, թէ կիները անտեսուած պէտք չէ ըլլան ու մնան եկեղեցւոյ կեանքէն ներս:
Շնորհանդէսը ինչպէս վերը նշեցի անցաւ խորհրդաւոր եւ մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ: Շնորհանդէսը կազմակերպողն ու օրուան հանդիսավարն էր Արմինէ Մելքոնեան (Աստուածաբան, պատմական գիտութիւններու թեկնածու, ձեռագրագէտ, Մաշտոցեան Մատենդարանի աւագ գիտաշխատող): Արուսեակ Թամրազեան (Արուեստագիտութեան թեկնածու եւ Մատենադարանի խորհուրդի անդամ) հակիրճ կերպով ներկայացուց գիրքը, տալով որոշ մանրամասնութիւններ գիրքի մասին եւ շեշտելով նիւթին կարեւորութիւնը ներկայ օրերուն: Ապա, Ամերիկեան համալսարանի դասախօս՝ աստուածաբան Յարութիւն Յարութիւնեան խօսք առնելով, անդրադարձ կատարեց գիրքին կարեւորութեան, այս խնդրին վերաբերող մի քանի աստուածաբանական տուեալներ մատնանշելով՝ յատկապէս գործնական աստուածաբանութեան առնչուող: Խօսք առաւ նաեւ բիւզանդագէտ, պատմաբան, տոքթոր, փրոֆեսէօր, Մատենադարանէն ներս 5-14-րդ դարերու հայերէն բնագրերու ուսումնասիրման բաժնի վարիչ՝ Էռնա Մանիա Շիրինեան, որ իր հերթին եւս բարձր գնահատեց Տէր Աբէլի կատարած յոյժ կարեւոր աշխատասիրութիւնը: Շնորհանդէսի աւարտին խօսք առաւ նաեւ գիրքին հեղինակը, որ որոշ մանրամասնութիւններ փոխանցեց գիրքին մասին, ինչպէս նաեւ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց նախ եւ առաջ ներկաներուն, գիրքը ներկայացնողներուն, գիրքը թարգմանողներուն, ինչպէս նաեւ գիրքի մեկենասներուն, որոնք սիրյօժար կերպով յանձն առած էին երկու գիրքերուն հրատարակութիւնը. արեւելահայերէն թարգմանութիւնը (Մհեր եւ Նինա Պապեաններ, ի յիշատակ Կորիւն Արք. Պապեանի անմոռաց եւ խնկելի յիշատակին), իսկ անգլերէն թարգմանութիւնը (Վազգէն եւ Հայկօ Գալթաքճեաններ): Յայտնենք նաեւ, որ արեւելահայերէն թարգմանութիւնը կատարած է Մատենադարանի կրտսեր գիտաշխատող Արեւիկ Արապեան, իսկ անգլերէն թարգմանութիւնը՝ տքթ. Դաւիթ Զաքարեան:
Գիրքին հեղինակը ներածականին մէջ անդրադարձ կը կատարէ, թէ ինչպէս անցեալին, յատկապէս Քրիստոնէութեան սկզբնական շրջանին կիները կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: Սկզբնական շրջանին նոյնիսկ գործած են աշակերտուհիներ, մարգարէուհիներ, այրիներ եւ սարկաւագներ («Հայ Եկեղեցու սարկաւագուհիները», Երեւան, 2023, էջ 13): Միջնադարուն, սակայն, կիները կամաց կամաց սկսած են դուրս մղուիլ եկեղեցիէն ներս դերակատարութիւն ունենալէ եւ այս վիճակը տեւած է մինչեւ 18-րդ դար, Ֆրանսական յեղափոխութիւնը, որմէ ետք Արեւմուտքի մէջ մանաւանդ, յատուկ շարժում սկսած է կիները վերստին ներգրաւելու եկեղեցւոյ վարչական եւ ծիսական կեանքէն ներս:
Անդրադառնալով Հայ Եկեղեցւոյ, հեղինակը կը գրէ. «Ի տարբերութիւն այս իրողութեան՝ Հայ Եկեղեցին ոչ թէ ստիպողաբար, այլ՝ աւանդաբար, քրիստոնէական նախնական Եկեղեցւոյ կեանքէն եզակի աւանդ մը իւրացուցած է եւ զայն իր ծոցին մէջ պահպանելով՝ հասցուցած է մինչեւ մեր օրերը: Քահանայագործելու իշխանութիւն եթէ չէ, ապա ան չէ զլացած հայ կնոջ շնորհել Եկեղեցւոյ նուիրապետական կարգերէն եպիսկոպոսութեան եւ քահանայութեան շարքին մէջ առաջին աստիճանը: Նուիրապետական այս առաջին աստիճանը, որ ուղղակիօրէն Եկեղեցւոյ ծառայական առաքելութեան էութենէն կը բխի, հին յունարէնէն հայերէն փոխառնուած իր յատկանշական անունով διάκονος = διακονία, «սարկաւագ» կամ «սարկաւագութիւն» կը կոչուի. այսինքն՝ այն Տիրոջ Եկեղեցին կը բնութագրէ, Անոր հաւատաւոր հօտին ծառայելու եւ օգնական հանդիսանալու առանձնայատուկ պաշտօնը:
Արդարեւ, մեր Եկեղեցիէն ներս նորաստեղծ երեւոյթ չէ կիներուն սարկաւագութեան կոչում շնորհելու հարցը: Այն մեր Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ առկայ է զարգացումի առաւել կամ նուազ փայլուն փուլերով: Թէեւ տժգոյն, թերեւս ալ այսօր հոգեվարքի շեմին կանգնած է, բայց դեռ չմեռած, այլ՝ տակաւին սիրտի զգալի տրոփներ արձակող ու ապրելու տենչ ունեցող այս աւանդը սեռերու պարագային Հայ Եկեղեցւոյ հանդուժողութեան եւ լայնախոհ ոգիի գերազանց դրսեւորումն է, որ միաժամանակ կը վկայէ քրիստոնէական հնագոյն Եկեղեցւոյ աւանդութեան հետ անոր ունեցած շարունակական եւ անշեղ կապի մասին» (նոյն, անդ, էջ 14-15):
Ապա, Տ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ կիներու ներկայութիւնը եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, սկսած Յիսուսի ժամանակներէն (էջ 16-18), վկայութիւններ բերելով Նոր կտակարանէն (19-21), քրիստոնէութեան առաջին երեք դարերէն (էջ 22-23). կը խօսի սարկաւագուհիներու դասական ժամանակաշրջանի մասին (էջ 24-29), Առաքելական կանոնադրութեան մասին կը խօսի (4-րդ դար), որու մէջ կիներուն կարեւոր տեղ տրուած է (էջ 30-31): 5-րդ դարէն մնացած «Աւետարան Յիսուսի Քրիստոսի» աշխատութեան մէջ եւս կիներուն տրուած կարեւոր դիրքին մասին լուսաբանութիւն կու տայ հեղինակը (էջ 32-33): Ապա հեղինակը կը խօսի Բիւզանդական աւանդութենէն (էջ 35-38), Ասորական եկեղեցիէն (էջ 39-41) եւ Հայ Եկեղեցիէն (էջ 43-49) ներս սարկաւագուհիներու մասին ունեցած ընկալումներուն մասին: Ետքէն, հեղինակը ընթերցողներու տրամադրութեան տակ կը դնէ սարկաւագուհիներու մասին վկայութիւններ 8-րդ դարէն (50-56), 12-րդ դարէն սկսած (էջ 57-76): Ապա, կը ներկայացնէ կիներու սարկաւագութեան վերազարթօնքի հանգամանքները 17-րդ դարուն (էջ 79-91): Յաջորդ գլուխով արժանապատիւ հեղինակը կը ներկայացնէ սարկաւագուհիներուն զգեստները (էջ 92): Ապա կը ներկայացնէ հայկական կուսանոցները Հայաստանէն դուրս՝ Նոր Ջուղայի Ս. Կատարինէ վանքը եւ անոր ունեցած կանոնները (էջ 93-100), Թիֆլիզի Ս. Ստեփանոս կուսանաց վանքը (էջ 102-127), Կ. Պոլսոյ «Գալֆաեան ազգային որբանոց երից ամաց ընծայման Ս. Կուսին» միաբանութիւնը եւ անոր ունեցած կարգուկանոնը (էջ 128-142): Ապա հեղինակը «Արեւագալի նոր յոյսեր» վերնագրած յօդուածին մէջ անդրադարձ կը կատարէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հովանիին տակ գործող «Թռչնոց բոյն» որբանոցին կից ստեղծուած «Գայիանեանց քոյրերու միաբանութեան», ինչպէս նաեւ վերջին տարիներուն Թեհրանի մէջ սարկաւագուհիի մը ձեռնադրութեան մասին (24 սեպտեմբեր 2017) (էջ 143-182): Այս գլուխին մէջ Տէր Աբէլ հրատարակած է նաեւ անտիպ աշխատանք մը, որ կը պատկանի լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեանին: Հեղինակը այս մասին կը գրէ. «…Սակայն, կանոնագիտական իմաստոց որոշակի հետաքրքրութիւն կրնայ ներկայացնել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան անդամներէն երջանկայիշատակ Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի՝ 22-26 յունիս 1989-ին Անթիլիասի մէջ Գայիանեանց միաբանութեան համար պատրաստած «Նախագիծ կազմութեան եւ կազմակերպութեան կրօնաւորուհեաց կարգի» աշխատութիւնը: Ասիկա ինչ-ինչ պատճառներով չէ վաւերացուած եւ չէ կիրառուած վերոյիշեալ միաբանութեան կողմէ, եւ ընդհանրապէս, անտիպ մնացած է: Զուտ գիտական առաջադրանքներէ առանձնացնելով՝ նախ սրբազանին իրականացուցած աշխատանքը պահպանելու, ապա աշխատութեան մէջ՝ ապագայի հեռանրկարներու հետ կապուած որոշակի օգտակարութիւն տեսնելու յոյսով» (նոյն, անդ, էջ 143-144): Գիրքի աւարտին տեղադրուած են վաւերագրական լուսանկարներ (էջ 183-209), օգտագործուած գրականութեան ցանկ (211-216), անձնանուններու եւ առարկայական ցանկ (էջ 217-220), հեղինակին մինչ այս կատարած հրատարակութիւնները (էջ 221-223) եւ արժանապատիւ հեղինակին կենսագրական գիծերը (էջ 224):
Տքթ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանի այս աշխատասիրութիւնը իր տեսակին մէջ իւրայատուկ է, նկատի ունենալով մասնագիտական մօտեցումը, բազմաթիւ վկայութիւնները, փաստագրական տուեալները՝ կապուած սարկաւագուհիներու եւ ընդհանրապէս կիներու ներկայութեան Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: Աւելին, այս աշխատասիրութիւնը կարելի է նկատել վաւերական ձեռնարկ մը՝ սարկաւագուհիներու դրութիւնը վերակազմակերպելու եւ կեանքի կոչելու համար: Ընթերցողները ուշադրութիւն պէտք է դարձնեն, որ այս աշխատութիւնը ո՛չ թէ այն մասին է, թէ կիները պէտք է վարչական բարձր պաշտօններ զբաղեցնեն Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, այլ՝ առաջին հերթին իրենց ծառայութիւնը բերեն Եկեղեցւոյ ծիսական-արարողական կեանքին: Ըսել կամ պնդել, որ կարելի չէ՛ եւ անցնիլ, ճիշդ մօտեցում չէ, որովհետեւ ինչպէս վերը նշեցինք, եւ արժանապատիւ հեղինակը գիրքին մէջ բազմաթիւ մէջբերումներով կը նշէ, որ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս Ինք առանձին կերպով ուշադրութիւն դարձուցած է կիներուն՝ կարեւորելով անոնց մասնակցութիւնը համայնական կեանքէն ներս, նոյնը շարունակած են ընել նաեւ առաքեալները եւ անոնց յաջորդները, եւ մեր եկեղեցւոյ պարագային՝ հասած է նաեւ մինչեւ մեր օրերը: Հետեւաբար, այս հարցին վերաբերեալ կտրուկ կարծիքներ պէտք չէ յայտնել, այլ՝ հիմք ունենալով այս աշխատասիրութիւնը քննարկումներ ծաւալել եւ փորձել զարթօնք ապրեցնել այս գեղեցիկ աւանդութեան:
Վարձքը կատար արժանապատիւ հեղինակին՝ տքթ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանին այս այնքան կարեւոր եւ մասնագիտական աշխատասիրութեան համար:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ