ԲԱՑԱՌԻԿ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին վերջերս Թուրքիա եւ ապա Լիբանան կատարած այցելութիւններուն առընթեր, նկատելի դարձան բազմաթիւ պատգամներ։ Եթէ Թուրքիա տրուած այցը կրօնական եւ արարողակարգային էր, ապա Հռոմի Պապին Լիբանան կատարած շրջագայութիւնը ներառեց նաեւ «քաղաքական» խորհուրդներ։ «Քաղաքական» բառը այստեղ չակերտեցի, որովհետեւ Վատիկանի լեզուին մէջ քաղաքական բնոյթի յայտարարութիւններ չեն գործածուիր։ Սուրբ Աթոռի համար առաջնայինը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կայուն եւ արդար խաղաղութեան մը հասնիլն է՝ հիմնուած արդարութեան եւ համակեցութեան գաղափարներուն վրայ։
Պապի Թուրքիա կատարած այցելութեան ողջ ընթացքին երեւելի դարձաւ Անգարայի դրական եւ յարգալիր մօտեցումը։ Թուրքիա, որ տարբեր առիթներով շեշտած է իր տարածքին վրայ դարերէ ի վեր ապրող քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու հանդէպ ներկայ կառավարութեան սիրալիր վերաբերմունքը, այս անգամ եւս նկատի առաւ երջանկայիշատակ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապի ամիսներ առաջ հնչեցուցած այն խստաոճ յայտարարութիւնները, որոնք կը դատապարտէին Իսրայէլի քայլերը՝ Կազզէի անզէն բնակչութեան հանդէպ։ Այս ծիրէն ներս, նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի ղեկավարութիւնը ունի այն համոզումը, որ Վատիկան պիտի շարունակէ պաշտպանել Պաղեստինի ժողովուրդին իրա՛ւ եւ վիրաւոր դատը՝ իբրեւ բարոյական ուժի մը ձայն։
Թուրքիայէ վերջ, Լեւոն ԺԴ. Պապի Պէյրութ այցելութեան առանցքը Մերձաւոր Արեւելքի տագնապլի իրավիճակն է։ Այսպէս, անցեալ շաբաթ Պէյրութի ծովեզերեայ ճակատը (2020 թուականին մեծ պայթումի մը թիրախը դարձած նաւահանգիստի գօտիի մերձակայքին) վաղ առաւօտէն լեցուն էր հազարաւոր լիբանանցիներով՝ քրիստոնեայ եւ մահմետական բազմութեամբ։ Լիբանանի բանակը լայնածաւալ անվտանգային միջոցառումներ առած էր՝ փակելով մուտքի ճամբաները։
Բաց աստի, Լեւոն ԺԴ. Պապը պատարագեց Պէյրութի մէջ, որու ընթացքին փոխանցեց իր պատգամը։ Ան յորդորեց դադրեցնել յարձակումներն ու թշնամական գործունէութիւնները՝ շեշտելով, որ զինեալ կռիւը երբեք լուծում չէ․ զէնքերը կը սպաննեն, իսկ երկխօսութիւնը կը կառուցէ։ Ի միջի այլոց ան ընդգծեց, որ Միջին Արեւելքը կարիքն ունի մեծ ճիգերու հիմնուած նոր մօտեցումներու վրայ, որպէսզի յաղթահարէ բաժանումները եւ մերժէ ատելութիւնը։ Միջազգային հասարակութիւնը պէտք է աջակցի Լիբանանին եւ լսէ անոր ժողովուրդին ձայնը։ Քրիստոնեաները պէտք է քաջութեամբ լեցուին եւ միացնեն իրենց ուժերը, որպէսզի այս հողը վերագտնէ իր մօտիկ անցեալի փայլը։ Ան աւելցուց նաեւ, որ խաղաղութեան իրական ճանապարհը կը սկսի սրտերու զինաթափութենէն, կրօնական ինքնութեան պարզացումէն եւ միասնական Լիբանանի երազին վերակենդանացումէն։ «Մի՛ հիասթափուիք, պահեցէ՛ք շնորհակալութեան ոգին», ըսաւ Սրբազան Պապը՝ նշելով նաեւ, որ երկրի գեղեցկութիւնը մթագնած է աղքատութեամբ, տառապանքով, վէրքերով, անկայունութեամբ եւ տնտեսական փլուզումով։
Իր այցելութեան երրորդ եւ վերջին օրը, Պէյրութի օդակայանին կատարուած հրաժեշտի խօսքին մէջ Սրբազան Պապը օրհնեց ամբողջ Լիբանանը՝ ներառելով այն շրջանները, որոնք չկային իր այցի քարտէսին մէջ. ինչպէս՝ Թրիփոլի, Պէքաա եւ լիբանանեան հարաւ, որ կը գտնուի բարդ եւ անկայուն վիճակի մը մէջ։
Միւս կողմէ, Պապի ներկայութիւնը Լիբանանի քաղաքական շրջանակներէն ներս համընդհանուր գնահատանքի արժանացաւ։ Այսպէս, պատգամաւոր Ասհատ Տըրղամ նշեց, որ Պապը նոր շունչ տուաւ երկրին եւ շեշտեց միասնականութեան կարեւորութիւնը։ Պատգամաւոր Թոնի Ֆրանժիէ շեշտեց, որ հանրային շահը պէտք է գերադասել անձնական շահերէն։ Պատգամաւոր Ֆէյսալ Քարամին ըսաւ, որ Լիբանանը միշտ բաց է երկխօսութեան, բայց արտաքին ախորժակները կը սրեն վիճակը։ Իր կարգին, ներքին գործոց նախարար Ահմատ Հաժժար ըսաւ. «Պիտի շարունակենք դիւանագիտական միջոցներով պաշտպանել մեր երկրի կայունութիւնը»։
Քաղաքական գնահատականները կը միտին հաստատել, որ Պապի այցելութենէն ետք Լիբանանը կրնայ մտնել նոր ճնշումներու փուլ՝ յատկապէս Իսրայէլի կողմէ։ Միաժամանակ Պէյրութ կը սպասէ ամերիկացի դեսպանորդ Մորկըն Օրթակիւսի այցելութեան, որուն այցը պէտք է դիտարկել Ուաշինկթընի կողմէ նախաձեռնուած դաշտային նախաձեռնութիւններուն՝ լուծելու ներքին անվտանգային եւ սահմանային հարցեր, ինչպէս նաեւ հող պատրաստելու Լիբանան-Իսրայէլ համաձայնութեան մը նախափուլին։
Այս ծրագիրներուն մէջ կը քննարկուի նաեւ որոշ տարածքներու՝ յատկապէս Պէքաայի մէջ, քաղաքացիական տուներու խուզարկութեան հարցը, որ կրնայ լուրջ լարում յառաջացնել՝ խոցելով երկրի հասարակութեան չափազանց զգայուն դարձած ջիղերը։
Արաբական եւ միջազգային վերջին ջանքերը դեռ չեն յաջողած մեղմել լարուածութիւնը, որովհետեւ Իսրայէլի դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ, եւ Թել Աւիւ կը դիտէ Լիբանանի թղթածրարը իբրեւ իր անվտանգութեան հիմնական շրջանակի կարեւորագոյն տարրը։
Ներքին մակարդակի վրայ, Լիբանանի բանակը կը պատրաստուի ներկայացնելու զեկոյց մը, որ պիտի սահմանէ իր դերակատարութիւնը Լիթանի գետի հարաւային ափին մէջ։ Զեկոյցը կրնայ դառնալ քաղաքական նոր իրականութեան մը ազդարարիչը, որովհետեւ անիկա կը մատնանշէ դաշտային իրական վիճակը, զոր միջազգային շրջանակները երկար ժամանակէ ի վեր կը փորձեն վերահսկելի ուղղութեան մը տանիլ։
Բանակին զեկուցուած վերլուծումը կը ներառէ հետեւեալ առանցքային կէտերը․
- Հարաւային սահմանային գօտին կը մնայ անկայուն եւ ենթարկուող անընդհատ սրացումներու։
- Լիբանանի գիւղերը եւ բնակչութիւնը կը շարունակեն կրել սահմանային սրացումներու ծանր հետեւանքները։
- Բանակը կը շեշտէ, որ առանց համապարփակ դիւանագիտական միջամտութեան՝ ո՛չ մէկ անվտանգային ծրագիր կրնայ կայունացում բերել։
Այս զեկոյցը, ըստ լիբանանեան աղբիւրներու, պիտի վերածուի հիմնական փաստաթուղթի մը, զոր Լիբանան պատրաստ է ներկայացնել միջազգային միջնորդներուն՝ յատկապէս ՄԱԿ-ի եւ ԱՄՆ-ին։
Դասական բառերով՝ Լիբանանը կը փորձէ փաստագրել իր դիրքորոշումը, նախքան որեւէ նոր ճնշում, պահանջ կամ առաջարկ ներկայացուի արտաքին ուժերու կողմէ։
Լիբանանի քաղաքական բեմը սպասումի եւ մտահոգութեան միջեւ կը տատանի։ Պապի այցելութենէն ետք, Լիբանանի ղեկավարութիւնը կը գտնուի երկու մեծ տրամադրութիւններու ճամբեզրին.
- Յուսադրութիւն, որ միջազգային ուշադրութիւնը նոր նեցուկ մը պիտի հանդիսանայ երկրի խորացած ճգնաժամերուն լուծման ուղղութեամբ։
- Աստիճանաբար աճող մտահոգութիւն, որ Պապի այցելութիւնը կրնայ աւելցնել արտաքին ճնշումները՝ յատկապէս սահմանային գօտիներուն վերաբերող բանակցութիւններուն մէջ։
Հանրային կարծիքը եւս բաժանուած է։ Մէկ կողմէ՝ Լիբանանի ժողովուրդը կ՚ողջունէ համաշխարհային ներուժով կրօնական առաջնորդի մը այցը եւ լիբանանցիներուն ուղղուած յուսադրիչ ուղերձները, իսկ միւս կողմէ՝ նոյն եռանդով կը բարձրանան ձայներ, որոնք կը վախնան, որ այցը կը գործածուի իբրեւ քաղաքական ազդանշան՝ նախապատրաստելու նոր նախաձեռնութիւններ՝ որոնք կրնան ներքին լարումը աճեցնել։
Արաբական աշխարհը, յատկապէս Քաթար, Եգիպտոս եւ Յորդանան, կը փորձեն իրենց միջնորդութիւնը վերանորոգել, սակայն, մինչ այժմ քարոզուած նախաձեռնութիւնները չեն յանգած շօշափելի արդիւնքի։
Գրաւոր հաղորդակցութիւններու մէջ արաբական կողմերը կը շեշտեն, որ առանց Իսրայէլի դիրքորոշման փոփոխութեան՝ բոլոր ջանքերը պիտի շարունակեն մնալ սահմանափակ։
Իսկ Իսրայէլի դիրքորոշումը կը մնայ անկոտրում։ Թել Աւիւի համար Լիբանանի հարցը շարունակ կը դիտուի իբրեւ անվտանգային առաջնահերթութիւն եւ ոչ թէ քաղաքական կամ մարդասիրական խնդիր։ Այս կը նշանակէ, որ սահմանային արկածախնդրութիւնները կրնան շարունակուիլ եւ որ բանակցութիւններուն ընթացքը պիտի պայմանաւորուի միայն Իսրայէլի ներքին հաշուարկներով։
Միւս կողմէ, Լիբանան կը գտնուի նոր հանգրուանի դէմ յանդիման։ Լեւոն ԺԴ. Պապի այցելութիւնը Լիբանան առայժմ աւելի հարցեր ծնած է՝ քան պատասխաններ։ Այնուամենայնիւ, այցը դարձած է կարեւոր առանցք մը՝ միջազգային, արաբական եւ ներքին շրջանակներու համար։
Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը բերաւ խաղաղութեան, արդարութեան, համերաշխութեան եւ հոգեկան զօրացման պատգամ, բայց եւ այնպէս, նոր դուռ մը բացաւ քննարկումներու, որոնք կրնան լուրջ ամպեր բերել երկնքին վրայ։
Եզրակացնելով՝ Լիբանանը այսօր կը գտնուի նուրբ, բարակ եւ բազմաշերտ հանգրուանի մը մէջ, ուր ամէն որոշում կրնայ վտանգաւոր կերպով սրել կայացած անկայունութիւնը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան