ԽԱՒԱՐԷՆ ԴԷՊԻ ԼՈՅՍ

«Վասնզի մեզի մանուկ մը ծնաւ, մեզի որդի մը տրուեցաւ եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ։ Անոր անունը պիտի կոչուի սքանչելի, խորհրդակից, հզօր Աստուած, յաւիտենականութեան հայր, խաղաղութեան իշխան։ Դաւիթին աթոռին վրայ ու անոր թագաւորութեանը վրայ Անոր իշխանութիւնը մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ։ Որպէսզի հիմակուընէ մինչեւ յաւիտեան իրաւունքով ու արդարութիւնով հաստատէ ու զօրացնէ զանիկա»։ (Եսայեայ, 9:6-7)

Եսայի մարգարէին խօսքը կու գայ խաւարի ու ազգային տառապանքի մէջ ապրող իրականութեան մը փորձառութեան մէջէն։ Իսրայէլի ժողովուրդը ճնշուած կեանք մը կ՚ապրէր եւ այս քաղաքական, հոգեւոր եւ բարոյական խաւարոտ իրավիճակներու մէջէն։ Այս խաւարին մէջ Աստուած կը յայտնէ լոյսի մը ծագումը՝ Մանուկը, որ պիտի բերէ փրկութիւն՝ մարդուն, հաւաքականութեան ու ազգին եւ որուն մէջէն պիտի դրսեւորուի Նոր Կեանքը։ Քրիստոնէական աստուածաբանութեան մէջ այս մարգարէութինը կը նկատուի Փրկիչին Յայտնութիւնը։ 

Այս մանուկը միայն թագաւոր չէ, այլ Աստուած, որ մարդացաւ։ Ան՝ Աստուած, որ մարդացաւ եւ եղաւ մանուկ, որպէսզի լոյսը սփռէ աշխարհին։ Այս իրականութենէն մեկնելով, Ան կը կոչուի «հզօր» եւ «Հայր յաւիտենական»։ Այս անունները կը հաստատեն, թէ փրկիչը՝ իմա Աստուած, որ մարդացաւ, կը գերազանցէ մարդուն ստեղծած կեանքի բոլոր սահմանները եւ չափանիշները. «Անոր իշխանութեանը մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ»։ Այս պիտի նշանակէ, թէ մանուկին բերած փրկութիւնը անսահման է եւ կ՚անցնի աշխարհի ստեղծած բոլոր պարագաները եւ խոչընդոտները։ 

Աստուծոյ այս իշխանութիւնը, որ անսահման է եւ անծայրածիր, որովհետեւ Ան մարդուն եւ հաւաքականութեան մօտ ըլլալու համար եկաւ եւ ունէր մէկ գլխաւոր առաքելութիւն՝ մարդը եւ աշխարհը փրկելու եւ զայն առաջնորդելու դէպի Նոր Կեանքը՝ իմա լոյսը։ Այս իմաստով, Աստուած անհասանելի չեղաւ մարդուն համար եւ հոսկէ պիտի բացատրել, թէ Ան ինչու մարդացաւ եւ ծնաւ մսուրին մէջ։ Աստուած շատ մօտիկ եղաւ ու կը շարունակէ մօտիկ մնալ մարդուն, որպէսզի նոյն մարդը պէտք չունենայ երկար ճամբայ քալելու կամ սպասելու ժամադրութեան մը, որպէսզի «Հզօր Աստուծոյ» ներկայանայ։ Այս «Հզօր Աստուածը» մարդուն եւ մեր բոլորին հետ ու անոր կողքին եղաւ եւ կը շարունակէ մնալ։ 

Քրիստոսի իշխանութիւնը եւ շնորհած խաղաղութիւնը նոյնքան կեդրոնական են աստուածաբանութեան մէջ։ Խաղաղութիւն հասկացողութիւնը չի նշանակեր պատերազմի բացակայութիւնը, այլ ամբողջական հաշտութիւն՝ Աստուծոյ, մարդուն եւ աշխարհի հետ։ Այս խաղաղութիւնը կը հաստատուի արդարութեան եւ ճշմարտութեան վրայ։ Այս խաղաղութեան բացայայտումն է, որ Եսայի մարգարէութիւնը կը դարձնէ ո՛չ միայն հոգեւոր, այլ նաեւ ազգային յոյսի պատգամ՝ խաւարէն դէպի լոյս հասնելու յոյսի պատգամը։ Այս իմաստով, իւրաքանչիւր անհատ, հաւաքականութիւն եւ ազգ, որ անցած է կոտորածներու, գաղթի, կորստեան եւ անարդարութեան մէջէն, կրնայ իր պատմութեան՝ իմա խաւարի փորձառութիւնը, տեսնել Եսայի մարգարէին նկարագրականին մէջէն։ Եսայի մարգարէի նկարագրականը մարդուն եւ հաւաքականութեան խաւարի վիճակէն սթափելու կոչ է, երբ ան-անոնք ապրած են ու կ՚ապրին Աստուածմէ հեռու կեանք մը։ Եսայի մարգարէն կու տայ յոյսը, թէ մարդուն եւ հաւաքականութեան ապրած խաւարի վիճակը ունի ելք։ Իսկ ելքը «մանուկին» մէջ ու մէջէն է, որ մարդկութիւնը կը տանի լոյսի իրականութեան։

Հայ ժողովուրդի ապրած պատմութեան փորձը կու գայ հաւաստիացնելու, թէ Եսայի մարգարէի խաւարէն դէպի լոյսի հասցնող ճշմարտութեան յոյսը ինչքան իրական է։ Հայ ժողովուրդը ունի ապրուած խաւարի կեանքէն դէպի լոյս տանող փորձը։ Հայ ժողովուրդին համար այս խոստում-յոյսը դարեր շարունակ եղած է կեանքի եւ գոյատեւման յենարան։ Ցեղասպանութիւն, բռնագաղթ, հայրենազրկում, բայց նաեւ յարութիւն։ Յարութիւնը հայուն։

Մանուկը որ ծնաւ եւ որ շնորհեց լոյս՝ դարձած է ու կը շարունակէ դառնալ ազգային-հաւաքական (վեր)ապրող կեանքի հիմք եւ անոր շարունակականութեան խորհրդանիշ։ Հայուն համար «մեզի մանուկ մը ծնաւ» դարձած է կեանքի յաղթանակը մահուան վրայ։ Եսայի մարգարէին այս հատուածը՝ հայուն ապրած պատմութեան հոլովոյթներու մէջէն, վերածուած է ազգային ապրող վկայութեան։ Հայը, որ իր հաւաքական թէ ազգային կեանքի մէջէն անցած է խաւարի փորձառութիւնները, ինք ալ կրցած է դարձեալ ծնիլ եւ կերտել կեանքը նոյնինքն այս լոյսի բերած ու շնորհած ապահովութեան մէջէն։ 

Հայուն կեանքը այսօր դարձեալ մշուշապատուած է խաւարով, որ ակնյայտ է իր կեանքի տարբեր բնագաւառներու մէջ։ Արտաքին իմաստով հայը շրջապատուած է աշխարհաքաղաքական իրավիճակներով, որոնք կը խաւարեն հայուն կեանքը։ Բայց նոյնքան իրական են նաեւ հայուն ներհայկական իրականութիւնները, ուր հայուն անմիաբանութիւնը, ատելութիւնը, քէնը, անհանդուրժողականութիւնը եւ հայը հայուն դէմ, հայուն կեանքը այսօր խաւարի վերածուած է։ Հայը այսօր կանչուած է կրկնելու իր պատմութեան փորձը եւ անոր հաւատամքը։ Հայը պէտք է դառնայ «ծնած մանուկին» խոստացած ու բերած լոյսի յոյսին։ 

Այսօր, իւրաքանչիւր հայ՝ ես, դուն, ընտանիք, հաւաքականութիւն եւ ազգ, պէտք է ընդառաջէ «ծնած մանուկին» լոյսի հրաւէրին։ Այս լոյսը, որ կեանք կը կերտէ եւ խաղաղութիւն ու համերաշխութիւն կ՚ապահովէ։ Այսօր, իւրաքանչիւր հայ պարտի տեղ շինել իր անհատական, ընտանեկան, հաւաքական եւ ազգային կեանքերուն համար «ծնած մանուկին» նոր կեանքի իրականութեան։

Փրկիչը ծնաւ աշխարհին համար, բայց նաեւ հայուն համար։ Այս փրկիչը հեռու տեղ մը չէ ծնած։ Ան ծնած է իւրաքանչիւր անհատի՝ ներառեալ հայուն, մօտը եւ հայուն կողքին։ Ան կրնայ մեզ տանիլ խաւարէն դէպի լոյս։

Եսայի մարգարէի այս մարգարէութիւնը ապրող իրականութիւն է։ Այս իրականութիւնը ապրած է պատմութեան տարբեր հոլովոյթներուն մէջէն ու տակաւին կը շարունակէ ապրիլ։ Մարգարէին այս յոյսը ուժ է, որ կը հաստատէ կամուրջ՝ երկնային եւ երկրային իրականութիւններու միջեւ։ Երբ երկրային իրականութիւնը խաւարի մէջ է, երկնայինը կ՚ապահովէ լոյսը եւ մարդուն ու հաւաքականութեան կեանքը կ՚իմաստաւորուի եւ կը զօրանայ, ինչքան որ ալ երկրային պայմանները դժուար ըլլան։ 

Հայը իր պատմութեան առանցքին հաւատաց այս «ծնած մանուկին» եւ կրցաւ խափանել խաւարը եւ վերապրիլ։ Այս մարգարէութիւնը այսօր հայուն համար զգաստութեան կոչ է։ Կոչը՝ հայուն ներկայ օրերու խաւարի կեանքը դարձնելու լոյսի։ Լոյսին հասնելու համար մենք նորէն պիտի կառչինք «մանուկին», որ «ծնաւ մսուրի» մէջ։ Ան պիտի դարձնէ խաւարը լոյսի։ Եւ հայը, եթէ կը փափաքի ապրիլ-վերապրիլ, պարտի ընդգրկել այս լոյսը։ 

Քրիստով ծնաւ եւ յայտնեցաւ։ Ձեզի եւ մեր բոլորին մեծ Աւետիս։

Իսկ Աւետի՞սը։ Լոյսն է, որ խաւարը կը խափանէ։ Եւ որ լոյսը կը ստեղծէ։ 

Եսայի մարգարէի խօսքը այսօր ուժեղ եւ ապրող իրականութիւն է՝ խաւարէն դէպի լոյս։ 

Կառչինք լոյսին, որպէսզի ապրինք։

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Քուէյթ

Չորեքշաբթի, Յունուար 7, 2026