ԱՒԵՐՆԵՐ ԵՒ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆ
Իրանի դէմ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ պատերազմը կը շարունակուի նոր թափ հաւաքելով. աւեր, կորուստներ եւ անորոշութիւն… Իրան Այեթուլլահ Խամանէյի սպանութենէն ետք վճռական քայլելրով կ՚ընթանայ անոր ճանապարհով:
Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիճանի հարցազրոյցի մը մէջ յայտնեց, որ կարգադրութիւններ եղած են իշխանութեան քաղաքական փոխանցումը վերահսկելու համար։ Ան նաեւ ըսաւ, որ Իրան թէեւ պատերազմ չի ցանկանար իր դրացիներուն հետ, սակայն, պիտի շարունակէ յարձակումները Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան ռազմակայաններու վրայ։ Յեղափոխութեան պահակագունդն ալ խոստացաւ վրէժ լուծել եւ այդ առումով ալ շարունակել Խամանէյի գծած ուղիով։
Ցնցիչ հարուածէ ետք, Իրան ընտրեց նոր Այեթուլլահ մը ունենալու ճանապարհը: Հարկ է նշել, որ հակառակ բազմաթիւ բարդութիւններու՝ Իրանի մէջ արագօրէն նշանակուած է եռանդամ մարմին մը, որ կը կոչուի Կառավարման ժամանակաւոր խորհուրդ: Այս վերջինը կը շարունակէ գործել եւ տարբեր աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ այս մարմինը մեծ ջանքեր ի գործ կը դնէ, որպէսզի կարելի ըլլայ ընտրել երկրի նոր հոգեւոր առաջնորդը։
Ի դէպ, ճիշդ է, այն վարկածը, ըստ որու, Խամանէյի սպանութիւնը բաւական ցնցիչ հարուած մըն էր Իրանի դէմ, բայց եւ այնպէս, մեծ թիւով վերլուծաբաններու կարծիքով՝ անոր սպանութիւնը շատ բան պիտի չփոխէ պատերազմի տրամաբանութեան մէջ։ Իրան շուրջ մէկուկէս ամիսէ ի վեր պատրաստուած էր հաւանական սրացման եւ փորձառութիւն ունէր նաեւ անցեալ ամրան 12-օրեայ հակամարտութենէն։ Ուստի, երկրի տարածքին փոքր ռազմական միաւորները կը կարողանան շարունակել իրենց գործողութիւնները՝ նախապէս մշակուած ծրագրերու հիման վրայ, նոյնիսկ առանց կեդրոնական հրահանգներու։ Ի վերջոյ, Իրանի ապակեդրոն համակարգը կը պահէ իր գործելու կարողութիւնը։
Այս բոլորը դիտարկելէ ետք, թերեւս մարմին կը ստանար այն վարկածը, թէ հակառակ ներքին ճակատի վրայ համակարգուած գործունէութեան՝ Իրան ինչ-որ առումով մատնուած է շփոթահար իրավիճակի։ Այս շփոթի մթնոլորտը ամենէն աւելի երեւելի կը դառնայ Իրանի «անգլուխ» համարուած ղեկավարութեան որոշումին մէջ, որն էր հարուածի տակ առնել Իրանը շրջապատող երկիրները՝ Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթը, Պահրէյնը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, քիչ մը աւելի հեռու՝ Յորդանանը եւ նոյնիսկ Օմանը, որ Իրանի բարեկամը կը հանդիսանայ։
Իրան խաղը կը բանայ՝ հարուածելով Ծոցի երկիրներուն: Հակառակ պաշտօնական յայտարարութիւններուն, Իրան կարծես վճռած է իրագործել այն ռազմավարութիւնը, զոր յայտարարած էր ներկայ հակամարտութեան բռնկումէն առաջ՝ հրահրել համապարփակ տարածաշրջանային պատերազմ։ Իրան ցարդ յարձակումներ կատարած է ո՛չ միայն Քաթարի եւ Պահրէյնի ամերիկեան ռազմակայաններուն վրայ, այլեւ թիրախաւորած է Սէուտական Արաբիոյ արեւելեան շրջանի նաւթային ենթակառուցուածքները եւ խիտ բնակեցուած քաղաքային կեդրոններ. ինչպէս՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Տուպայ եւ Ապու Տապի քաղաքները։
Փորձագէտներու կարծիքով՝ Իրանի համար չկայ իրատես ձեւաչափ մը, որուն մէջ ան կրնայ ռազմական գերազանցութիւն ցուցադրել ԱՄՆ-ի կամ Իսրայէլի ուժերուն դէմ։ Սակայն, ան կրնայ սրել պատերազմը այնքան՝ մինչեւ որ աւելի ուժեղ կողմը որոշէ զայն աւարտել՝ պատերազմի գինը բարձրացնելով ամբողջ տարածաշրջանին համար։
Հիւրմիւզի նեղուցով նաւարկութեան խափանումը կամ Իրանի դաշնակից ուժերու՝ Իրաքի մէջ «Հատտ ալ-Շահպի»ի եւ Եմէնի մէջ հուսիներու գործարկումը կրնան դառնալ այս ռազմավարութեան այլ բաղադրիչներ։
Քաղաքական գոյատեւման պայքար կ՚ընթանայ, թէեւ պատերազմի գինը Իրանին համար կրնայ ըլլալ շատ բարձր՝ ռազմական անհամաչափութեան պատճառով: Սա ի զօրու է, որքան որ ալ երկիրը ունի ռազմավարական դիմադրունակութիւն։ Այժմ Իրան կը պայքարի իր քաղաքական գոյատեւման համար եւ որպէս ոչ-ժողովրդավարական համակարգ՝ աւելի քիչ ներքին ճնշումի ենթակայ է մարդկային կամ նիւթական կորուստներու տեսակէտէ։ Վերջին հաշուով հարցը այն է, թէ ո՞վ կրնայ աւելի երկար դիմանալ ճնշման։ Իսրայէլն ու ԱՄՆ-ը, անշուշտ, ունին ռազմական գերազանցութիւն, սակայն, վճռորոշը այն է, թէ կողմերը որքան գին վճարելու պատրաստ են։
ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ զգուշացուցած է Իրանը՝ ապագայ սրացումէ խուսափելու համար։ «Իրան յայտարարեց, որ պիտի հարուածէ շատ աւելի ուժգին՝ քան երբեւէ: Աւելի լաւ է, որ այդ մէկը չընէ, որովհետեւ եթէ ընէ, ապա մենք պիտի հարուածենք այնպիսի ուժով, որու նմանը երբեք չէ տեսնուած», յայտնեց Թրամփ։ Կը մնայ դիտարկել, թէ արդեօք ապագայ սրացումը պիտի յանգեցնէ՞ բանակցութիւններու՝ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի վերակազմաւորուած քաղաքական համակարգի ազդեցիկ դերակատարներուն միջեւ։
ԵՐԿՐՈՐԴ ՃԱԿԱՏԸ
Միւս կողմէ, Լիբանան դարձած է պատերազմի երկրորդ ճակատը: Իսրայէլի կողմէ պատերազմի մեկնարկով՝ Լիբանանի հասարակութեան մեծ մասը սկսաւ արտայայտել իր բարկութիւնն ու զայրոյթը՝ «Հիզպուլլահ»ի արարքին դէմ։ Յիշեցնեմ, որ «Հիզպուլլահ» քանի մը հրթիռ արձակած էր Իսրայէլի Հայֆա քաղաքին վրայ՝ ուղղակի պատրուակ հանդիսանալով, որպէսզի Իսրայէլ ռազմական նոր գործողութիւն մը շղթայազերծէ Լիբանանի հարաւին, Պեքաայի, նաեւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ։ Այդ հարուածներուն հետեւանքով «Հիզպուլլահ»ի քանի մը պատասխանատուներ սպաննուեցան, հարաւային շրջաններու հազարաւոր բնակիչներ բռնեցին գաղթականութեան ճամբան եւ մէկ խօսքով՝ երկիրը յանկարծ յայտնուեցաւ պատերազմական վիճակի մը մէջ։
Այս ամբողջ պատկերը կը ցոլացնէ աւերիչ պատերազմ մը ու քաղաքական երկրաշարժ: Սա տարածաշրջանը կը մատնէ չափազանց վտանգաւոր եւ անորոշ ժամանակաշրջանի մը։ Խամանէյի սպանութիւնը միայն ռազմական գործողութիւն մը չէր, այլեւ քաղաքական երկրաշարժ մը՝ Իրանի իշխանական համակարգին եւ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի ուժերու հաւասարակշռութեան տեսակէտէ։ Թէեւ Թեհրան արագօրէն փորձեց վերականգնել իշխանութեան շարունակականութիւնը եւ փոխանցումը նոր առաջնորդի մը նշանակումով, սակայն, այս իրադարձութիւնը չի վերացներ խորքային հարցը. արդեօք այս պատերազմը պիտի սահմանափակուի՞, թէ պիտի վերածուի երկարատեւ եւ լայնածաւալ հակամարտութեան մը։
Այսօրուան իրավիճակը կը յիշեցնէ, որ հազուադէպ են այն պատերազմները, որոնք միայն մէկ ճակատի վրայ կը մնան։ Իրանի դէմ սկսած պատերազմը աստիճանաբար կը քաշէ իր մէջ ամբողջ տարածաշրջանը՝ Ծոցի երկիրները, Իրաքը, Եմէնը, նաեւ Լիբանանը։ Այս առումով Լիբանանի իրադարձութիւններն ալ պարզապէս տեղական ճգնաժամ չեն, այլեւ նոյն մեծ հակամարտութեան մէկ արտացոլումը։
Աւելի խորքային մակարդակի վրայ այս պատերազմը նաեւ դիմադրութեան եւ դիմացկունութեան պայքար մըն է։ Մէկ կողմէ կան ռազմական գերազանցութեան տէր պետութիւններ, իսկ միւս կողմէ՝ քաղաքական գոյատեւման համար պայքարի դուրս ելած համակարգ մը, որ պատրաստ է բարձր գին վճարելու իր գոյութիւնը պահպանելու համար։ Այս պատճառով ալ հակամարտութեան ելքը կախուած է ո՛չ միայն զէնքի ուժէն, այլեւ այն հարցէն, թէ կողմերը որքան երկար կրնան դիմանալ տնտեսական, ռազմական եւ հասարակական ճնշումներուն։
Այս բոլորին մէջ ամենէն մեծ վտանգը այն է, որ պատերազմը կրնայ դուրս գալ վերահսկողութենէ եւ վերածուիլ համատարած տարածաշրջանային բախման մը։ Իսկ այդ պարագային գինը պիտի վճարեն ո՛չ միայն հակամարտ պետութիւնները, այլ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքը՝ իր քաղաքներով, տնտեսութիւններով եւ միլիոնաւոր խաղաղ բնակիչներով։
Ուստի, յառաջիկայ շաբաթներն ու շատ հաւանաբար ամիսները վճռորոշ պիտի ըլլան։ Անոնք պիտի պարզեն, թէ արդեօք աշխարհ պիտի կարողանա՞յ կանգնեցնել սրացման այս շղթան եւ վերադարձնել հակամարտութիւնը քաղաքական ու դիւանագիտական հարթակ, թէ ոչ տարածաշրջանը պիտի շարունակէ սահիլ դէպի աւելի լայն եւ աւելի աւերիչ պատերազմ մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան