ՄԵՌԱԾ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ ՈՒ ԾՆԱԾ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ

Չի՛ ճանչնար իրաւունքդ… եւ չե՛ն ճանչնար նաեւ յիշողութիւնդ։

Կէսօրէ ետք ժամը չորսին ոստիկանատուն գացիր: Յայտնեցիր, թէ դուն գոյութիւն ունիս: Ընկերդ ըսաւ. եկուր արկածախնդրութեան մը դիմենք: Գեղեցկութիւնը ասպատակելը իրապէս արկածախնդրութիւն մըն է: Հայֆայէն դէպի հարաւ՝ Միջերկրականը եզերող փողոցին վրայ, ծխախոտէդ կը վառես ազատութեան մէջ եւ զայն չես մարեր բացի բաց վէրքիդ վրայ: Ինքնաշարժը դէպի հիւսիս կը թեքուի քիչ մը, դուն քեզ գանձի մը մէջ կը գտնես: Մուտքին եբրայերէնով ցուցատախտակ մը կայ, ուր գրուած է. «Այստեղ Այն Հուտն է»: Գիւղին անունը Այն Հաաուտ է, սակայն դժուար է տ տառը թարգմանելը: Հայրենիքը թող իյնայ (կործանի), բայց տառը թող չիյնայ: Եւ ի՞նչ է Այն Հաաուտը. արաբական տուներ՝ որ արտաքնապէս եղածին պէս մնացած են, ինչպէս որ ձգած էին զանոնք իրենց տէրերը: Իւրաքանչիւր տուն անտառի մը մէջ կը պահուըտի եւ աշխարհէն կ՚առանձնանայ, ձորի մը մէջ, որ երեք սարահարթեր ունի եւ փոքրիկ ճամբայ՝ դէպի ծով տանող:

Բնիկները տեղափոխած են ձորին մէջ իրենց ստացած վէրքերուն նայող բլուրի մը վրայ: Ինչո՞ւ համար այս սատիզմը. կը տեսնեն իրենց տուները եւ անոնց նոր բնակիչները, ինչպէս նաեւ կը նային իրենց ձգած հողին, սակայն ի զօրու չեն այցելելու խոտն ու քարերը: Աւելին, չե՛ն ճանչնար իրենց յիշողութիւնը:

Ընկերս, եբրայեցի գծանկարիչ ընկեր մը ունի, որ այս գիւղին մէջ կ՚ապրի: Ան յամառեցաւ, որ արաբական հին տունը եղածին պէս մնաց: «Յարդարումը Արեւելքը կը յիշեցնէ ինծի». այպէս ըսաւ մեզի գծանկարիչը, որ պատմեց մեզի նացիականութենէն իր փախուստը: Հարցուցինք անոր իր ունեցած կապին այն հողին հետ, ուր հիմա կը բնակէր: Պատասխանեց, թէ կը սիրէ զայն: Յիշեցուցինք անոր, թէ սոսկ արաբական յարդարումի մը ունեցած իր կարիքը՝ որպէսզի զինք Արեւելքին կապէ, կը ջնջէ իր խորքային կապը այս հողին հետ եւ իրեն կու տայ զբօսաշրջիկի մը յատկութիւնը: Ըսաւ. ուրիշ տարբերակ չունիմ: Ապա մեզի ցոյց տուաւ արաբներուն եւ հրեաներուն ունեցած պատմական նմանութիւնը: Ապաստանողի յատկութիւնը կը նոյնացնէ զանոնք: Իսկ հիմա, անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը մասնակցի կազմաւորելու միւսին կառուցուածքը: Ըսինք. միաժամանակ, այն ինչ որ կը կապէ մեզ, մեր միջեւ եղող հակամարտութիւնն է: Դուն ձերբազատեցար ապաստանելէ եւ թափառական ըլլալէ, որպէսզի միւսին [այս պարագային՝ պաղեստինցիին] մղես ունեցածդ նոյն վիճակին: Այսպէս, համաչափութիւնը հակասական կ՚ըլլայ. երբ դուն քեզ կը գնես՝ զիս իմ գոյութենէս կը ջնջես, իսկ երբ կը կառչիմ գոյութեանս, մեր միջեւ եղող յարաբերութիւնը հակամարտութեան կը վերածուի: Ո՛չ թէ որովհետեւ դէմ եմ փրկութեանդ կամ գոյութեան մասնակցութիւն ունենալ հնարաւորութեան, այլ՝ որովհետեւ կը հակառակիմ զիս ջնջելու քու ձեւէդ, որ կ՚որդեգրես տիրանալու համար գոյութեանդ:

Նման պարագաներու քննարկումը չ՚աւարտիր, որովհետեւ իրաւունքը ճանչնալը՝ ուրացում է: Մեզմէ մի քանի քայլ անդին բնիկ գիւղացիները նստած են ու կը սպասեն: …Արաբական սիոնիստականութիւն չէ -ինչպէս կը պնդեն- որ արաբը իր յիշողութեան կառչած մնայ երկու տասնամեակ: Իրաւունքի պահանջքի անունին տակ սիոնիստական յիշողութիւնը արթնցնելը աւելի շատ Իսրայէլի տկարութիւնն է, քան՝ պատրուակ մը: Արդարեւ, յիշողութեան դիմելը կը ջրէ հրէական զարմանքը, որ արդիւնքն է պաղեստնիցիին թարմ յիշողութիւններու կառչելէն: Ան որ ինքն իրեն թոյլ տուաւ երկու հազար տարի արցունք թափել, չի՛ կրնար մեղադրել զայն, որ քսան տարիէ ի վեր կու լայ, միայն պատրանքներու մէջ իյնալով: Իսկ լացին դիմելը -եթէ կարելի է այսպէս արտայայտուիլ- ազգային յատկութիւն մը չէ, որով կարելի է պարծենալ: 15 մայիսին -առաւօտեան որոշ ժամի մը- ամբողջ Իսրայէլի մէջ կը սկսին հնչել ազդարարող սուլիչները, յայտարարելու համար՝ որպէս սուգի արտայայտութիւն յարգել յիշատակը անոնց, որոնք «Ազատագրութեան պատերազմի» ընթացքին զոհուեցան: Այն ատեն քալողը ուր որ ալ ըլլայ՝ իր եղած տեղը կը քարանայ, ինքնաշարժները կը կանգնին, գործերը եւ գործիքները կը կանգնին առ ի յարգանք, որ կը նախորդէ տօնակատարութիւններուն եւ ուրախութիւններուն: Իսկ արաբը ի՞նչ կ՚ընէ: Սիրտին մէջ կու լայ, կամ ճնշումէն կը պայթի: Իսրայէլի ծնունդին յայտարարութիւնը, կը նշանակէ Պաղեստին հայրենիքի մահուան յայտարարութիւնը: Այս պահը, ուրեմն, երկու իրավիճակները բաժնող պահն է: Սակայն, արգիլուած է քեզի յիշատակն ու յիշելը: Պաղեստինեան յիշողութեան դէմ պայքարը, հետեւաբար, հրէական առաջնային նպատակ մը եւ ազգային պահանջք մը կ՚ըլլայ: Ո՛չ, արաբական սիոնիստականութիւն չէ, որ յիշես հայրենիքիդ ահաբեկումը: Եւ այս պահին, յարակարծութիւնը կը հանդիպի հակադրութիւններու արցունքներուն: Դուն կու լաս կորսուած հայրենիքի մը վրայ, իսկ անոնք կու լան անոնց վրայ, որոնք կորսուեցան ծնած «հայրենիք» մը փնտռելով:

Կանգ կ՚առնես փողոցին վրայ, որ կուլ կու տայ քեզ, ինչպէս նաեւ կուլ կու տայ զայրոյթն ու անձկութիւնը: Ի՞նչ է հայրենիքը. պահպանես յիշողութիւնդ՝ ա՛յս է հայրենիքը: Շատ են անոնց տխրութիւնները: Անոնց բոլոր տօները տխուր են: Սակայն, հեռաւոր յիշողութիւններու տխրութիւնը, որ ներկայ ուրախութիւնը աշխարհին չափ կը դարձնէ, գիշերը խենթի նման կը պարեն, խենթի նման կեանքին կու գան: Ինչո՞ւ կը պահանջես անոնցմէ, որպէսզի հասկնան քեզ: Միշտ կ՚ըսէիր. երանի՜ գոնէ մէկ յօդուած գրեմ ի պաշտպանութիւն անոնց… եւ մեռնիմ: Չի՛ թուիր, թէ արաբական նաւթը առիթ պիտի տայ քեզի այդ չարամիտ փափաքդ իրականցնել: Յաղթողներուն տխրութիւնները կեղծիք ու խաբեբայութիւն են եւ պակասութեան ապացոյց են, աւելի քան վեհութեան ապացոյց ըլլալը: Պատմութեան տխրութիւնները վերցուցին ու դատարկեցին զայն քու մէջդ. իսկ քեզմէ կը պահանջուի՝ որ չտխրիս: Ո՜վ արաբ, քեզի արգիլուած է տխրիլը…: Անոնք կ՚ոգեկոչեն քարերու, հաստատութիւններու եւ թշնամիին յարձակումները ձախողցնելու յիշատակները, ինչպէս նաեւ կ՚ոգեկոչեն իրենց իսկական զոհերուն յիշատակը, իսկ քեզի արգիլուած է ոգեկոչել ոեւէ մէկը կամ որեւէ մէկ բան: Տակաւին, կը հրաւիրեն քեզ մասնակից դառնալու իրենց քու վրայ տարած յաղթանակներու տօնակատարութեան: Եթէ մերժես՝ կը պատժուիս: Քեզի չարտօնեցին ոգեկոչել Քաֆր Տահայեայի եւ Քաֆր Քասէմի զոհերուն յիշատակը: Արդարեւ, իրենց զոհերը՝ բոլոր զոհերը, քու ձեռքերէն բացի ուրիշներու ձեռքերով զոհուեցան, իսկ զոհերդ՝ բոլոր զոհերդ, անոնց ձեռքերով զոհուեցան: Երբ Քաֆր Քասէմի ոգեկոչման օրը կու գայ, ամբողջ գիւղն ու գերեզմանը կը շրջափակեն ու կ՚արգիլեն մարդոց ներս մտնել, որովհետեւ արգիլուած է տխրիլը: Աւելին, Գալիլիոյ մէջ յաւելեալ հողը կը վերցնեն…, եւ զայն կը թարգմանեն եբրայերէն նոր քաղաքով մը՝ «Գարմիէլ»: Երեք գիւղերու բնակիչներ, որոնց հողերը խլուած են՝ ցոյց կը կազմակերպեն. կը շրջափակուին, կը ձերբակալուին եւ «Գարմիէլ»ը կը յաղթէ:

Անոնք ճիշդ Քաֆր Քասէմի ոգեկոչումի օրը կ՚ընտրեն, տօնելու համար «Գարմիէլ»ի հիմնարկէքը, ո՛չ թէ միայն դրդելու համար, կամ որպէս սատիզմ, կամ անարգանք, այլ՝ պարզապէս կարողութեան ցուցադրութիւն անձկութեան վրայ: Անոնք են փախստականները, որոնք իրենց փախստականի կարգավիճակին վերջ կու տան, նոր փախստականներ մէջտեղ բերելով: Ի՞նչ է ըսածդ, արդարեւ, ո՜վ իմ գծանկարիչ ընկեր, թէ փախստականի կարգավիճակը կը միացնէ՞ մեզ: Ո՛չ մէկ բան…, ո՛չ մէկ բան բացի սպառնալիքէ: Փախստականները, որոնք նացիականութիւնը վտարանդի դարձուց, իրենց համար հայրենիք մը գտան Պաղեստինի մէջ: Իսկ փախստականները, որոնց վտարանդի դարձուց սիոնիստականութիւնը… ո՞ւր կը բնակին… ո՞ւր: 

«Տխրութեան սովորական օրագիր»

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Մայիս 7, 2025