ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարը. «Գողին ընկեր եղող [գողութեան բաժնեկից] իր հոգին կ՚ատէ, անիկա կ՚երդնու, բայց իր գիտցածը չի յայտներ» (Առ 29.24):

Պատասխան. Հայր Եաագուպ Թատրոս Մալթին այսպէս կը բացատրէ այս համարը.

«Ով որ գողին բաժնեկից կ՚ըլլայ անոր գոցածին, ինք թէեւ չէ գողցած, բայց գործակից կ՚ըլլայ անոր յանցագործութեան եւ անոր հետ միասին դատաստանի տակ կ՚իյնայ: Վտանգաւոր է բաժնեկից ըլլալ ուրիշներու մեղքերուն, այսպէս կամ այնպէս, կամ ծածկենք զանոնք, առանց զանոնք մղելու զղջալու եւ ետ կանգնելու իրենց չարութենէն: Օրէնքը դատաստանի ենթարկեց բոլոր անոնք, որոնք գողցուած ապրանքները կը պահեն (Ղւ 5.1): Յովհաննէս առաքեալը կ՚ըսէ. “Եթէ ձեզի գայ մէկը՝ որ այսպէս չ՚ուսուցաներ, զայն ձեր տուները մի՛ ընդունիք եւ նոյնիսկ բարեւ մի՛ տաք անոր: Որովհետեւ անոր բարեւ տուողը անոր չար գործերուն մասնակից կը դառնայ” (Բ. Յհ 10-11): Իսկ Պօղոս առաքեալը կ՚ըսէ. “Ուրիշներու մեղքերուն բաժնեկից մի՛ ըլլար” (տե՛ս Ա. Տմ 5.22)»: 

Պօղոս առաքեալ Եփեսացիներուն ուղղած նամակին մէջ հետեւեալ թելադրութիւնը կը կատարէ. «Հետեւաբար լոյսի որդիներուն վայել ձեւով ապրեցէք, որովհետեւ լոյսին պտուղներն են՝ բարութիւնը, արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը: Ջանացէք հասկնալ, թէ Աստուած ի՛նչ կ՚ուզէ ձեզմէ, եւ բնաւ մասնակից մի՛ ըլլաք խաւարին գործերուն, որոնք Աստուծոյ կամեցած պտուղները չեն տար: Ընդհակառակը ձաղկեցէ՛ք զանոնք, որովհետեւ մութին մէջ կը գործուին անոնց արարքները, որոնց մասին խօսիլն իսկ ամօթ է: Բայց բոլոր այդ ծածուկ արարքները Քրիստոսի լոյսով կը յայտնուին եւ կը յանդիմանուին, որովհետեւ լոյսը կը յայտնէ ամէն բան: Ահա թէ ինչո՛ւ երգը կ՚ըսէ.

“Արթնցիր, ո՜վ քնացած.
դո՛ւրս եկուր մեռելութենէդ,
եւ Քրիստոս պիտի լուսաւորէ քեզ”:

Հետեւաբար ձեր ապրելակերպին ուշադրութիւն ըրէք: Մի՛ ապրիք անմտօրէ՛ն, այլ՝ իմաստուններու պէս: Օգտագործեցէ՛ք ժամանակը, որովհետեւ այս օրերը չար են: Ուստի անմտութիւն մի՛ ընէք. հասկցէք թէ ի՛նչ կ՚ուզէ Տէրը ձեզմէ: Գերին մի՛ դառնաք գինիին, որ անառակութեան կը տանի. այլ մասնաւորաբար Սուրբ Հոգիով լեցուեցէք, իրարու հետ սաղմոսներով, օրհնութիւններով եւ հոգեւոր երգերով խօսեցէք, եւ ձեր սիրտերուն մէջ միշտ երգեցէք ու սաղմոս ըսէք Տիրոջ, ամէն բանի համար միշտ շնորհակալութիւն յայտնելով Հօր Աստուծոյ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով» (Եփ 5.8-20): Առակացի վերոնշեալ համարը երբ փորձենք Պօղոս առաքեալին այս տողերուն ընդմէջէն հասկնալ ու ըմբռնել, ապա պիտի նկատենք, որ արդարութեան ու ճշմարտութեան դէմ է, որ կը գործենք՝ բաժնեկից դառնալով գողերուն, չարութիւն ըրած կ՚ըլլանք անոնց՝ որոնցմէ գողցուած են այդ ապրանքները, եւ եթէ նոյնիսկ կը ճանչնանք զանոնք՝ կը խուսափինք տեղեկացնելէ, կա՛մ գողցուած իրերէն շլանալով եւ կամ ամչնալով ու մտածելով, թէ կրնան դատապարտել մեզ կամ ամօթանք տալ մեզի: Երկու պարագաներուն ալ սակայն մեր արդարցումը արդարցի չէ, որովհետեւ մեր արարքով չարիք կը պատճառենք տուեալ մարդոց: Աւելին, բաժնեկից ըլլալով գողերուն, զԱստուած կը նեղացնենք, որովհետեւ Աստուած մեզմէ կ՚ուզէ, որ արդարութեամբ եւ սրբութեամբ ապրինք, մինչ մենք ճիշդ հակառակը կ՚ընենք, ո՛չ միայն անարդարութեամբ չենք ապրինք, այլ՝ խաւարային գործերու մասնակից կը դառնանք, խաւարը հրաւիրելով նաեւ մեր հոգիներէն ներս՝ լոյսին փոխարէն: Առաքեալը կը յուշէ մեզի, սակայն, թէ այդ խաւարային գործերը Քրիստոսի լոյսով պիտի յայտնուին. եւ վա՜յ է եկեր անոնց, որոնք այս ճշմարտութիւնն ու զգուշացումը իմանալով, կը շարունակեն խաւարային գործերով ապրիլ: Աւելին, առաքեալը կը թելադրէ մեզի ուշադրութիւն դարձնել մեր ապրելակերպին, անմտօրէն չապրիլ՝ բաժնեկից դառնալով գողերուն եւ մեղաւորներուն, այլ՝ իմաստութեամբ ապրիլ, որպէսզի լեցուինք Սուրբ Հոգիով եւ Ան մեր մէջ բնակի եւ մենք վայելենք Անոր շնորհքներն ու մեզի պարգեւած օրհնութիւնները, որոնցմով կարենանք փառաբանել Ամենասուրբ Երրորդութիւնը:

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը մեղքերու բաժնեկից ըլլալու մասին հետեւեալը կը գրէ. «Ով որ չարութիւնը կը տեսնէ ու կը լռէ՝ մեղքին բաժնեկից կը դառնայ», այսինքն՝ երբ որեւէ մէկ անիրաւութեան ականատես կը դառնանք եւ կը լռենք՝ կարծելով, որ այդպէս աւելի ճիշդ է, այդպիսով մեղսակից կը դառնանք, որովհետեւ իմանալով ճշմարտութիւնը՝ ինչ-ինչ պատճառներով կը լռենք: Նոյն հայրապետը ուրիշ տեղ մը կը գրէ. «Մեղքը այն չէ միայն, ինչ որ մենք կը գործենք, այլ այն՝ ինչին չենք ընդդիմանար». վերի մտածումին հետեւողութեամբ, երբ անիրաւութեան համար կը լռենք, այդպիսով առիթ տուած կ՚ըլլանք, որպէսզի այդ անիրաւութիւնը ա՛լ աւելի ապահովութեամբ գործուի, որով եւ մենք եւս դատապարտութեան արժանի կ՚ըլլանք:

Սուրբ Բարսեղ Մեծը կը գրէ. «Ով որ ուրիշին մեղքին վրայ աչք կը գոցէ՝ մասնակից կը դառնայ այդ մեղքին: Ով որ կը հանդուրժէ, որպէս արդարութիւն, ան կը խաւարի եւ իր սիրտը կը կուրցնէ»: Ո՛չ մէկ արդարացում ունի ուրիշին մեղքը ծածկելը, ընդհակառակը, միայն դատապարտութիւն, եւ աւելին, այդ արարքը՝ ուրիշին մեղքը ծածկելը, կամ մասնակից ու բաժնեկից ըլլալը անոր մեղքին, յանցանքին, Սուրբ Բարսեղ Կեսարացիի բառերով տուեալ անձին կը խաւարեցնէ ու անոր սիրտը կը կուրցնէ, որով այդպիսին անկարող կը դառնայ տեսնելու ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը, այլ խօսքով՝ Աստուծոյ լոյսը:

Իսկ Սուրբ Օգոստինոսը կը գրէ. «Ո՛չ միայն այն մարդն է մեղաւոր, որ չարութիւն կ՚ընէ, այլ նաեւ ան, որ գիտէ թէ ատիկա չար է, բայց ոչինչ կ՚ընէ»: Դարձեալ վերը յիշատակուած միտքերուն հետեւողականութեամբ, ուրիշին մեղքը կամ յանցանքը ծածկելը, մեզ նոյնքանով եւ երբեմն ալ նոյնիսկ աւելիով մեղաւոր ու դատապարտելի կը դարձնէ: 

Ուշադրութիւն դարձնենք մեր ապրելակերպին, փափաքելով նմանիլ ո՛չ թէ աշխարհին, այլ՝ Աստուծոյ, հետամուտ ըլլալով դիզել ո՛չ թէ աշխարհիկ գանձեր՝ որոնք ժամանակի ընթացքին պիտի անէանան, այլ՝ հոգեւոր գանձեր, որոնք յաւիտեան պիտի մնան: 

Հեռո՛ւ փախչինք մեղքին, յանցանքին ու սխալին մեղսակից, բաժնեկից եւ մասնակից ըլլալէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 158

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2025