ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ԽՕՍԻՆՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ
ԳԻՏԱԿԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ
Քսաներորդ դարը գիտութեան դարն էր, իսկ յաջորդողը պիտի ըլլայ գիտութեան տիրապետելու դարը: Եւ ահաւասիկ, մենք կը տեսնենք գիտութեան հրաշալի յառաջընթացը բոլոր մակարդակներու վրայ. արուեստագիտութիւն, տեղեկատուութիւն, հաղորդակցութիւն, տիեզերք, կենսուժ եւ սպառազինութիւն, ծննդական (genetic) ճարտարագիտութիւն…, իրողութիւն մը, որ գիտութիւնը պիտի վերածէ աւելի մեծ արժէքի մը մարդոց կեանքին մէջ յաջորդող դարուն…:
Այստեղէն մեկնելով, ծառայողը անպայմանօրէն պէտք է զինուի դարու գիտութիւններով, անոնց օգնութեան դիմէ երիտասարդներուն ծառայած ժամանակ: Նուազագոյնը կրնանք հետեւեալ կէտերը նշել.
ա. Երիտասարդներու ծառայողի ընկալումներու ընդլայնումին անհրաժեշտութիւնը, կարենալ ընկալելու համար գիտական ձեռքբերումները, ո՛չ թէ իրենց մանրակրկիտ մանրամասնութեանց մէջ, այլ՝ ընդհանուր առումով, անոր ունեցած յաջողութիւնն ու ազդեցութիւնը մարդու կեանքին վրայ՝ հոգեպէս, մտապէս, իմացապէս, ֆիզիքապէս եւ ընկերապէս:
Արդարեւ, երիտասարդներուն ծառայողը պէտք է տեղեկացուած ըլլայ՝
1. Բանագիտական գիտութիւններու նուաճումներուն, ինչպէս օրինակ՝ հոգեբանութեան, ընկերաբանութեան, տնտեսագիտութեան, քաղաքագիտութեան, առաջնորդութեան եւ կառավարման, սեռական եւ ընտանեկան կրթութեան, մարդկային մտածողութեան եւ առկայ փիլիսոփայութիւններուն եւ հոսանքներուն:
2. Ժամանակակից գիտական խնդիրներուն, որոնք կրնան ազդել մարդու կեանքին եւ ընտանիքին վրայ, կամ կը հակառակի կրօնքին ու բարոյականութեան… Մեր առջեւ որպէս պարզ օրինակներ կան՝ ծննդական ճարտարագիտութիւնը, բջիջային կրկնօրինակումը (cloning), ուսումնասիրութիւնները այն հաւանականութեան մասին, թէ բացի երկիր մոլորակէն, այլ մոլորակներու վրայ եւս կեանք կայ, վիժումը, ընտանիքի ուրուագծման մեթոտներ եւ փորձել փաստելը, թէ միասեռականութիւնը ժառանգական է…, եւ այլն:
3. Ժամանակակից տեղեկատուական եւ արուեստագիտական նուաճումները. ըլլայ արբանեակային սփռումները կամ համացանցի ծառայութիւներն ու գայթակղութիւնները, հեռաձայնային յեղափոխութիւնը, որ գրեթէ աշխարհը՝ ո՛չ թէ փոքրիկ գիւղի մը, այլ փոքրիկ քարի մը կը վերածէ, որով համաշխարհայնացումի միջոցով, իր քաղաքական, տնտեսական, մշակութեային, գիտական եւ ընկերային բոլոր առումներով, կարելի կ՚ըլլայ ներթափանցել պետութիւններու օդն ու սահմանները, եւ փորձ կը կատարուի ոչնչացնելու անձնական, բարոյական, կրօնական եւ ազգայնական ինքնութիւնը՝ «The global culture» - համաշխարհային մշակոյթ կոչուածին ի նպաստ, այսինքն՝ ամբողջ աշխարհին վրայ տիրէ մէկ մշակոյթ, եւ որոշ ժամանակ ետք տեղական մշակոյթներն ու քաղաքակարթութիւնները կը ջնջուին, աւելին՝ նոյնիսկ ազգային ինքնութիւնը եւ կրօնական պատկանելիութիւնը…:
Երիտասարդներու հետ անցուցած դասի եւ անոնց հետ խօսած ժամանակ՝ ծառայողը կրնայ գիտական մշակոյթը օգտագործել, համոզելու համար երիտասարդներուն, թէ կեանքը Տէր Յիսուսի մէջ է եւ թէ հոգեւոր բաներով հետաքրքրուիլը օգտակար, տրամաբանական եւ ընդունելի բան մըն է, նոյնիսկ գիտականօրէն: Ահաւասիկ մի քանի օրինակներ.
ա. Ուսումնասիրութիւն մը ներկայացնել ծխելու կործանարար ազդեցութեան՝ երիտասարդներու առողջութեան վրայ:
բ. Ուսումնասիրութիւն մը ներկայացնել խմիչքներու հետեւանքներուն եւ վտանգներուն երիտասարդի՝ վարուելակերպին, կամքին, լեարդին եւ երիկամներուն վրայ:
գ. Ուսումնասիրութիւն մըն ալ կախուածութեան մասին, անոր ունեցած ազդեցութիւնները. ինչպէս օրինակ՝ ուղեղի բջիջներուն քայքայումի վտանգը, մահուան չափաբաժինը, հրաժարելու պարագային երեւան եկած ախտանշանները, որճրագործութիւններ կատարելու հաւանականութիւնը:
դ. Ուսումնասիրութիւն մը հեռատեսիլին մասին եւ թէ ինչպէս երիտասարդներուն մէջ կը տկարացնէ ընթերցանութեան եւ մասնակցութեան ոգին, կը վարժեցնէ անոնց «ժխտական հանգիստի» եւ կը ստիպէ զիրենք ներքաշուելու սխալ եւ վտանգաւոր տպաւորութիւններ եւ ուղղութիւններ. ինչպէս՝ պագշոտութիւն, մոլորութիւն եւ բռնութիւն… Հզօր ուսումնասիրութիւններ կան այս բոլորին մասին:
ե. Երիտասարդներու սեռական զարգացումին ուսումնասիրութիւնը՝ «ընդհանուր բնականոն սեռաւորութենէն (heterosexuality)» (դեռահասութեան շրջանին) մինչեւ «անհատական բնականոն սեռաւորութիւն» (հոգեբանական հասունութիւնը, որ ի վիճակի է ամուսնութեան):
զ. Ուսումնասիրութիւններ առաջնորդութեան եւ կառավարման գիտութիւններու մասին:
է. Ուսումնասիրութիւններ հոգեբանական առողջութեան, ճգնաժամերու եւ հոգեբանական եւ մտային տարբեր հիւանդութիւններու մասին, որպէսզի ծառայողը կարենայ զանազանել իր հետ պատահած իրավիճակները եւ իրեն հանդիպած անձնաւորութիւնները, տալով անոնց առողջ լուծումներ՝ հոգեպէս, գիտականօրէն, բժշկականօրէն, երբեմն դիմելով հոգեբոյժի օգնութեան:
ը. Ուսումնասիրել ժամանակակից գրականութիւնը եւ ընտրել այն ինչ կառուցողական է եւ այն ինչ կը քանդէ [կը վնասէ] երիտասարդութեան՝ հոգեպէս եւ բարոյապէս:
թ. Հակադիր արուեստներու ուսումնասիրութիւններ եւ զանոնք քննադատել առարկայակնօրէն:
ժ. Ուսումնասիրութիւններ ընդունելութիւն գտած [կամ գերիշխող] գաղափարներու, փիլիսփայութիւններու եւ նոյնիսկ ընդունելութիւն գտած [կամ գերիշխող] մշակոյթի եւ ժողովրդական ասացուածքներու մասին…:
ժա. Ուսումնասիրութիւններ քաղաքականութեան, տնտեսութեան եւ մարդու վիճակի մասին աշխարհի մէջ…, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան կարեւորութեան, երկխօսութեան վրայ հիմնուած կրթութեան մասին, մէջտեղ բերելու համար անձնաւորութիւններ, որոնք կարող ըլլան գիտակցելու, նպաստելու եւ մասնակցելու՝ ընտանիքի կեանքին, եկեղեցւոյ եւ հայրենիքին մէջ:
ժբ. Ուսումնասիրութիւններ սեռավարակներու միջոցով փոխանցուող հիւանդութիւններու (Sexually Transmitted Diseases) կամ ինչպէս ամփոփ կերպով կը կոչուի STD2 մասին, ինչպէս օրինակ տռփախտը (syphilis), ջերմամիզութիւնը (gonorrhea), սողնախտը (herpes), ԷՅԾ, քլամետիա (chlamydia)…, եւ այլն:
Գիտեմ, որ այս ուսումնասիրութիւնները շատ են, սակայն կրնանք որոշ կարծիք մը կազմել՝ ոչ խորացած, սակայն ճիշդ տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ կրնանք միասնաբար աշխատիլ եւ որպէս ծառայողներ գործը մեր մէջ բաժնել, որով մեզմէ իւրաքանչիւրը մէկ ուղղութիւն կ՚ուսումնասիրէ եւ իր ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները երիտասարդութեան կը ներկայացնէ:
Երիտասարդներուն տուած մեր քարոզներուն կամ ուղղորդումներուն եւ անհատական զրոյցներուն մէջ գիտական ակնարկներու եւ գիտական նիւթերու առկայութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունին՝ երիտասարդներու համոզում կայացնելուն մէջ, թէ Տէրը իրենց համար ուրախութիւն եւ երջանկութիւնը կը կամենայ, ինչպէս նաեւ հոգեւոր, մտաւոր, իմացական, ֆիզիքական եւ ընկերային խաղաղութիւն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 8
Վաղարշապատ