Հինգշաբթի 8, Մայիս 2025
ՆՈՐ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան պաշտպանութեան նախարար նշանակեց Լեւոն Մնացականեանը։ Ծանօթ է, որ Արցախի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը թափուր մնացած էր՝ Մովսէս Յակոբեանի Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահի տեղակալ նշանակումով։
Միւս կողմէ, Բակօ Սահակեան երէկ Ստեփանակերտի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանն ու Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանը։ Ներկայ էր նաեւ Մովսէս Յակոբեան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկուեցան բանակաշինութեան խնդիրները։
Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015