Եպիսկոպոսաց հաւաքի լոյսին տակ. 25 սրբազանի Սանկտ Փոլթենէն հրապարակուած յայտարարութեամբ նոր գլուխ մը կը բացուի՞ Հայաստանի իշխանութեան եւ եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն մէջ

Համայն հայութեան օրակարգին վրայ հրատապ խնդիր մը դարձած է՝ Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութիւնը: Սա իսկապէս ծանրածանր դրսեւորումներով տագնապ մըն է, որ խոր մտահոգութեան եւ անհանգստութեան պատճառ կը դառնայ համահայկական հարթութեան վրայ: Երկար ժամանակ այս տագնապը հետզհետէ կ՚ահագնանար՝ մինչ Սանկտ Փոլթենի մէջ կազմակերպուած վերջին Եպիսկոպոսաց հաւաքը կարծես այդ ընթացքի յարաբերաբար կասեցման տեսակէտէ յուսադրիչ պայմաններ ստեղծած է: Արդարեւ, Եպիսկոպոսաց ժողովի աւարտին հրապարակուած համատեղ յայտարարութիւնը յոյս կը ներշնչէ, որ եկեղեցւոյ կողմէ ընթացքը հրահրելու մտադրութիւն մը խնդրոյ առարկայ չէ: Ներկայ պահուն, անշուշտ, պէտք չէ իրադարձութիւններէն առաջ իյնալ եւ վաղահաս կանխատեսումներ ընել, սակայն, ամիսներ տեւած լարուածութիւններէն վերջ գոնէ պաղարիւնութեան պահ մը ի յայտ եկած է համայն հայութեան աչքին առջեւ:

Սանկտ Փոլթենի Եպիսկոպոսաց հաւաքի յայտարարութեան լոյսին տակ ի յայտ կու գան կարգ մը կարեւոր հանգամանքներ, որոնց մէջ խորանալու զուգահեռ՝ կարելի է արձանագրել նաեւ կարգ մը անանտեսելի կէտեր: Նախ եւ առաջ, Եպիսկոպոսաց հաւաքը եկաւ ապացուցանելու, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին հնարաւորինս միասնականութիւն կը պահէ ստեղծուած տագնապալի իրավիճակին մէջ եւ բաւական տոկունութիւն եւ դիմադրունակութիւն ցուցաբերած է հաւանական պառակտումներու դէմ: Արդարեւ, Եպիսկոպոսաց հաւաքին մասնակցեցաւ 25 սրբազան: Յայտնի է, որ կարգ մը սրբազաններ ալ դիւանակալական պատճառներով՝ մասնաւորապէս մուտքի արտօնութիւններու կամ անցագրերու ժամկէտներու վերաբերեալ խնդիրներու հետեւանքով չեն կրցած մասնակցիլ հաւաքին: Սա կը նշանակէ, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու անդամներուն արդէն կէսը կողմնակից է՝ խնդիրները եկեղեցական ատեաններու վրայ քննարկելով լուծման հունի մէջ դնելու:

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այս փուլին արդէն մէկ կողմէ կը մնայ անդրդուելի, իսկ միւս կողմէ ապացուցանած է, որ կը վայելէ եպիսկոպոսաց դասու անդամներու առնուազն կէսի անվերապահ զօրակցութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը թէեւ չէ կրցած մասնակցիլ Սանկտ Փոլթենի հաւաքին, սակայն, հրապարակուած յայտարարութենէն դժուար չէ հետեւցնել, թէ սրբազաններու քննարկումներուն արդիւնքը եղած է Նորին Սրբութեան մօտեցումներուն եւ հայեացքին համահունչ:

Սանկտ Փոլթենի Եպիսկոպոսաց հաւաքը՝ մանաւանդ մասնակիցներու եւ հրապարակուած համատեղ յայտարարութեան լոյսին տակ, ինքնաբերաբար ի յայտ կը բերէ քանի մը անուն: Անոնցմէ մին է Արեւմտեան Եւորպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ Վեհափառ Հայրապետի բացակայութեամբ ատենապետեց Եպիսկոպոսաց հաւաքի նիստերուն: Նորին Սրբազնութիւնը այս տագնապի ծագած պահէն ի վեր մէկ կողմէ մնացած է անշեղօրէն սկզբունքային, իսկ միւս կողմէ անզիջում ձեւով երկխօսութեան հետամուտ: Այդ երկուքի խաչաձեւման կէտին վրայ ան մեծ հեղինակութիւն եւ բոլորին հետ բանակցելու կարողութիւն ձեռք բերած է, ինչ որ այս Եպիսկոպոսաց հաւաքի արդիւնքներուն տեսակէտէ ճակատագրական նշանակութիւն ունեցած է: Հիմնական անուններու շարքին են Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանն ու Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան: Արդարեւ, այս վերջինները պահ մը սահած էին այնպիսի կէտի մը, ուր լուրջ եւ հիմնաւոր կասկածներ ստեղծուած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Վեհափառ Հայրապետին նկատմամբ իրենց հաւատարմութեան տեսակէտէ: Յամենայնդէպս, թէ՛ Յովնան սրբազան եւ թէ Արմաշ սրբազան Եպիսկոպոսաց հաւաքը ծառայեցուցին ի յայտ բերելու համար իրենց հասունութիւնն ու եկեղեցական կոչումին նկատմամբ հաւատարմութիւնը: Անոնց Սանկտ Փոլթեն մեկնիլն ու Եպիսկոպոսաց հաւաքի քննարկումներուն աշխուժօրէն մասնակցիլը արդէն մեծ նշանակութիւն ունի: Թէ՛ Յովնան սրբազան եւ թէ Արմաշ սրբազան ապացուցանած են, թէ խնդիրները անհատական հարթութեան վրայ չեն ընկալեր, այլ սկզբունքային կը մնան այս տագնապի շրջանակներէն ներս: Այդ սկզբունքայնութիւնը ապահոված է, որ Սանկտ Փոլթենի մէջ եպիսկոպոսներու միջեւ ծաւալւած քննարկումները ըլլան բացառապէս անկեղծ ու շինիչ, ոեւէ մէկը չէ կասկածած իրարու բարեացակամութենէն եւ այդ կէտէն սկսեալ շատ աւելի դիւրացած է՝ եկեղեցւոյ եւ ազգի հասարակաց շահերու հիման վրայ որոնումներ կատարելը եւ համախոհութեան մը հասնիլը: Այս առումով իսկապէս բարձր գնահատանքի արժանի են յիշեալ սրբազանները: Նոյնպէս բարձր գնահատանքի արժանի են Եպիսկոպոսաց հաւաքին մասնակցած կամ ակամայ չմասնակցած սրբազանները, որովհետեւ անոնք իրենց համախոհ եւ համախորհուրդ ընթացքով ստեղծած են այնպիսի ձգողականութիւն մը, որ ինքնաբերաբար ճանապարհ հարթած է՝ տարակուսանքի մէջ յայտնուած սրբազաններու դիրքորոշման յստակեցման տեսակէտէ: 

Հարկ է անդրադառնալ նաեւ Եպիսկոպոսաց հաւաքի Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի տեսակէտէ նշանակութեան: Ակնյայտ է, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այդ հաւաքին մասնակցելով համատարած գնահատանքի արժանացած է՝ մանաւանդ հերթական անգամ ի ցոյց դնելով իր այն առաւելութիւնը, թէ ծանր իրավիճակներու մէջ միշտ պատրաստակամ է պատասխանատուութիւն ստանձնելու եւ իր փորձառութիւնը դրական նպատակներու ծառայեցնելու: Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի Սանկտ Փոլթենի մէջ ներկայութիւնը վերածուած է գործօնի մը, որ պայմանաւորած է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի կշիռը՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդհանուրին մէջ: Նորին Սրբազնութիւնը ապացուցանած է, որ պարագայապաշտ մը չէ եւ եկեղեցւոյ վերաբերեալ բախտորոշ բոլոր պահերուն չի՛ խուսափիր իրեն վիճակած դերը ստանձնելէ:

Անշուշտ, որ Եպիսկոպոսաց հաւաքի աւարտին հրապարակուած համատեղ յայտարարութեան մէջ առաւել չափով ուշագրաւ են՝ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն ուղղեալ կոչերը: Առկայ չափազանց ջղագրգիռ մթնոլորտին մէջ, բնականաբար, շատ դժուար է մէկ օրէն միւսը շինիչ ոգի կամ դրական քայլեր ակնկալել այս գործընթացի ամբողջէն ներս: Յամենայնդէպս, Սանկտ Փոլթենի Եպիսկոպոսաց հաւաքին ընդառաջ եղան կարգ մը իրադարձութիւններ, որոնք աչքէ չսպրդեցան: Այս պահու դրութեամբ Հայաստանի մէջ բանտի ճաղերու ետին յայտնուած եպիսկոպոսներու թիւը կրճատուած է կէսով չափ: Այսինքն, բանտարկուած չորս սրբազաններու փոխարէն այս պահուն մնացած է երկուքը, իսկ միւս երկուքը տնային կալանքի մէջ են: Սանկտ Փոլթենի հաւաքին ընդառաջ Վեհափառ Հայրապետի հարազատ եղբայրը՝ Գէորգ Ներսիսեանն ու որդին ալ բանտէն դուրս եկած են՝ անցնելով տնային կալանքի: Ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանն ալ արդէն միջոցէ մը ի վեր բանտէն դուրս գալով՝ անցած է տնային կալանքի: Բնականաբար, այս բոլորը նման տագնապ մը յաղթահարելու տեսակէտէ հարիւր տոկոս բաւարար քայլեր չեն, սակայն, անոնց անտեսումն ալ ճիշդ չ՚ըլլար՝ մանաւանդ յոյսի նշոյլներ փնտռելու իմաստով: Եւս առաւել, Սանկտ Փոլթենի Եպիսկոպոսաց հաւաքին յաջորդած մթնոլորտին մէջ, երէկ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեւանի մէջ մասնակցացած է Ս. Պատարագի, որու ընթացքին յիշատակութեան պահուն չէ յապաւուած Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին անունը: Սա վերջին շրջանի տխուր իրադարձութիւններու տեսակէտէ իսկապէս անանտեսելի իրադարձութիւն մըն է: 

Պաղարիւն շրջանակները համոզուած են, թէ այս բոլորը կրնան թէեւ անբաւարար ըլլալ, սակայն, առկայ նուրբ իրավիճակին մէջ բոլորովին մանրուքներ չեն: Մնաց որ, Վեհափառ Հայրապետը թէեւ սկզբունքային տեսակէտէ ցարդ մնացած է անդրդուելի, սակայն, վարչապետ Փաշինեանի կամ ոեւէ այլ իշխանաւորի պարագային իր բերնէն անձնական որեւէ վիրաւորանք չէ հնչած մինչեւ այս պահը: Նորին Սրբութեան այս ընթացքը, ուշադրութիւնը եւ մանաւանդ՝ իր բարձրութեան վրայ մնալու հանգամանքը ինքնին նպաստաւոր գործօնի մը կրնայ վերածուիլ՝ նոր երկխօսութեան մը հորիզոնի հաւանական ուրուագծման ճանապարհին:

Եպիսկոպոսաց հաւաքի աւարտին հրապարակուած համատեղ յայտարարութիւնը այս պահու դրութեամբ օրակարգի վրայ կը բերէ երեք առաջնահերթութիւն: Ըստ երեւոյթին, այդ երեք առաջնահերթութիւններն են՝ երկխօսութիւնը, հետեւողականութիւնն ու առաքելութեան շեշտադրումը: Այսինքն, Եպիսկոպոսաց հաւաքի լոյսին տակ, բոլոր հարթութիւններու վրայ նոր եռանդով եւ նոր օրակարգով երկխօսութեան մը հետամուտ պէտք է ըլլան այս խնդրին բոլոր կողմերը: Հոգեւորականաց դասու անդամներուն միջեւ այդ երկխօսութիւնը պիտի ծառայէ թէ՛ նոր եռանդով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի շուրջ համախմբուիլը եւ թէ եկեղեցիէ դուրս շրջանակներու հետ տարուելիք աշխատանքներու պարագային աւելի ինքնավստահ ըլլալը: Հետեւողականութիւնը, ըստ եկեղեցական շրջանակներէ հասած մեկնաբանութիւններուն՝ այս փուլին կ՚ենթադրէ չվհատիլ, նախկին լարուածութիւններու ազդեցութիւններէն ձերբազատուելով վերավարկաւորել բոլոր կողմերը, որպէսզի թէ՛ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ թէ հայոց պետութիւնը խնայելիք բարւօք լուծում մը գտնուի առկայ տագնապին: Իսկ առաքելութեան շեշտադրման անհրաժեշտութիւնը այս պահու դրութեամբ կը համարուի կիզակէտային: Արդարեւ, իշխանութիւնները եկեղեցւոյ պարագային այնպիսի ընթացք մը որդեգրած են, որ ակամայ ընդդիմադիր շրջանակները մղած են եկեղեցւոյ յառելու: Մինչդեռ, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին բոլորի «հոգիներու ծննդավայրն է»՝ առանց խտրականութեան թէ՛ իշխանութեան եւ թէ ընդդիմութեան, անոնց համակիր կամ հետամուտ զանգուածներով հանդերձ: Եկեղեցին յառաջիկայ շրջանին պէտք է որդեգրէ յարաբերաբար դժուար, սակայն, անհամեմատօրէն աւելի ապահով ճանապարհը: Այսինքն, ըլլալով բոլորի բնօրրանը՝ եկեղեցին բոլորի հետ պէտք է շփուի, սակայն, շփումներու այդ զանազանութեան մէջ սկզբունքայնութիւն պէտք է դրսեւորուի կամ աւելի ուշադրութիւն պէտք է ցուցաբերուի՝ որպէսզի եկեղեցին զերծ պահուի քաղաքականութեան միջամուխ դառնալու տպաւորութենէն: Պէտք չէ մոռնալ, որ աշխարհի բոլոր եկեղեցիները զանազան իրավիճակներու մէջ, զանազան վայրերու մէջ, ատեն-ատեն նման դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն: Յամենայնդէպս, եթէ Հայաստանի մէջ հոգեւոր առաքելութիւնը գերադասելու ուղղեալ քանի մը շօշափելի քայլեր առնուին եւ անհերքելի պատգամներ փոխանցուին հասարակութեան, ապա այժմու կլիման կրնայ փոխուիլ հիմնովին եւ կարելի կրնայ դառնալ տագնապը յաղթահարելու ուղղութեամբ շատ աւելի լուրջ յոյսեր ունենալ:

Եպիսկոպոսաց հաւաքը տագնապալի իրավիճակի մէջ եկած է նոր գլուխ մը սահմանել: Յառաջիկայ յունիսին Հայաստանի մէջ արդէն տեղի պիտի ունենայ ընտրութիւն: Պարզ է, որ ընտրութեան թուականը որքան որ մօտենայ՝ քաղաքական գետնի վրայ լարուածութիւնը այնքան պիտի բարձրանայ: Շատեր կը պնդեն, որ վարչապետ Փաշինեան մինչեւ ընտրութեան թուականը իր միահեծան իշխանութիւնը երաշխաւորելու տեսակէտէ շատ աւելի վճռական եւ ծայրայեղ քայլեր պիտի առնէ՝ եկեղեցւոյ պարագային հաշուեյարդարի մը երթալու նպատակով: Յամենայնդէպս, այս հաւանականութիւնը որքան որ ի զօրու է, նոյնքան ի զօրու է նաեւ հակառակը: Իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ պայքարի այսքան խստացած փուլին մէջ վարչապետին կողմէ նման բարձր ռիսքի մը դիմելու կամ չդիմելու նախընտրութեան տրամաբանութիւնն ալ պէտք է հաշուի առնուի:

Յառաջիկայ շրջանը հաշուարկներու, վարկածներու համար միշտ կը մնայ բաց: Յամենայնդէպս, այսօր կարելի է արձանագրել, որ թէկուզ լռելեայն, թէկուզ ոչ-հրապարակային, սակայն, այս տագնապին կողմերը այժմ տպաւորութիւն կը ստեղծեն, թէ պատրաստակամ են պահ մը շունչ քաշելու։ Բոլոր կողմերը կը թուին այդ պահը օգտագործել մտածելու համար իրենց ըրածները, անոնց հաւանական շարունակութիւնը եւ այդ բոլորը կշիռքի վրայ կը դնեն՝ տեսնելու համար, թէ դէպքերու ինչպիսի յաջորդականութիւն մը կրնայ ըլլալ եւ այդ մէկը իրենց ինչ կրնայ բերել կամ իրենցմէ ինչ կրնայ տանիլ։

Սանկտ Փոլթենի հաւաքին զուգահեռ ստեղծուած դրական կամ յուսադրիչ պահը պէտք չէ մսխուի։ Եկեղեցւոյ մէջ ցարդ այս տագնապին շուրջ սխալ հաշուարկներու հետամուտ մարդիկ գտնուած են։ Ոմանք Վեհափառ Հայրապետի հաւանական սայթաքման սպասումով ձեռնամուխ եղած են անձնական հաշիւներու։ Պարագայապաշտները այսպիսի իրավիճակներու մէջ կրնան ըլլալ շատ վտանգաւոր։ Անոնք թէեւ մէկ կողմէ ակամայ կը մերկանան բոլորի աչքին առջեւ, իսկ միւս կողմէ ջլատման ազդակ կրնան դառնալ։ Եպիսկոպոսաց հաւաքի յայտարարութիւնը այդպիսիներն ալ ի կարգ հրաւիրելու տեսակէտէ կրնայ ունենալ մեծ ազդեցութիւն։

Ստեղծուած ընդհանուր համայնապատկերին վրայ, այժմ բոլորի ակնկալութիւնն է, որ Եպիսկոպոսաց հաւաքը այս տագնապալի իրավիճակին մէջ սահմանէ նոր սկիզբ մը՝ Հայաստանէ ներս եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները բնականոն հունին վերադարձնելու ճանապարհին:

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 23, 2026