Օրթագիւղի Թարգմանչաց վրժ.ի աշխատաժողովի լոյսին տակ. դիտարկումներ ու խորհրդածութիւններ՝ հայոց լեզուի եւ մշակոյթի փոխանցման հարցերուն շուրջ (1)

Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ շաբաթավերջին կազմակերպուած՝ երկրորդ «Ուսուցիչէ ուսուցիչ» աշխատաժողովին ժամանակ ծաւալուած քննարկումներու առանցքին էին հայոց լեզուի եւ մշակոյթի փոխանցման հարցերը։ Լիագումար նիստի մը ձեւաչափին մէջ, հիմնական երկու ասուլիսներէն մին այս նիւթին շուրջ էր։ Այդ ասուլիսը զանազան դիտարկումներու եւ մա՛նաւանդ՝ ատենախօսներու արտայայտած կարծիքներու լոյսին տակ խորհրդածութիւններու դուռ կը բանայ։

Հեռուստահաղորդավար Գարոլին Մամիկոնեանի վարած զրոյցի ատենախօսներն էին՝ ուսուցչուհի Մարալ Սաթար, հրատարակիչ Վահագն Քեշիշեան եւ խմբագիր ու վիպագիր Ռոպէր Քոփթաշ։ Աշխատաժողովի ընթացքին անոնց արտայայտած տեսակէտները ատեն-ատեն համընկնեցան, ատեն-ատեն ալ տարբեր ուղղութիւններ մատնանշեցին։ Յամենայնդէպս, իրենց խօսքերը ամբողջ մը կազմեցին՝ աշխատաժողովի մը նիստին ժամանակ հնչած տեսակէտներու ձեւով։ Ի շարունակութիւն, մենք ալ այս սիւնակին մէջ այդ ամբողջի զանազան երեսակներուն վրայ ծանրանալով փորձենք բերել մեր նպաստը կամ ներդրումը։

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս երկար ժամանակէ ի վեր օրակարգի հիմնական նիւթն է՝ կրթական համակարգի ամլութիւնը։ Համայնքային վարժարաններու ցանցի ընդհանուր արդիւնքը խիստ անբաւարար է՝ հայերէնի ուսուցման եւ մշակոյթի, ինքնութեան, ընդհանուր դիմագիծի մը փոխանցման տեսակէտէ։ Սա վերածուած է տագնապի մը, որ կ՚ահագնանայ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, ըստ էութեան, արմատական փոփոխութիւններ կ՚ակնկալուին։ Այդպիսի քայլերը, անշուշտ, վարչական կամ ծրագրաւորման, մտայնութեան հարթութիւններու վրայ անհրաժեշտ են։ Յամենայնդէպս, մանկավարժութիւնն ալ ունի իր կանոնները, ձեւերն ու եզրերը, որոնք այս առումով կը պարտադրեն սահմանափակումներ։ Արդարեւ, կրթադաստիարակչական բնագաւառը պէտք է խնայուի ցնցումներէ, որովհետեւ անոր պարագային հետեւողականութիւնն ալ յաջողութեան անհրաժարելի նախադրեալներէն մին է։ Այսինքն, վարչական կամքի առումով կարելի է արմատականութեան մասին խօսիլ, ինչ որ կ՚ենթադրէ վճռակամութիւն։ Սա ձեւով մը տեսական հարթութիւնն է, սակայն, գործնական գետնի վրայ պէտք է հարթ անցումներ ծրագրաւորուին։ Այստեղ, հասկնալիօրէն, կը յառաջանան բարդ եւ իրերամերժ հաւասարակշռութիւններ, որոնք ի յայտ եկան նաեւ աշխատաժողովի ելոյթներուն ժամանակ։ Կարճ խօսքով, բոլոր գիտաճիւղերու պատշաճութիւններուն նկատմամբ յարգանքով հանդերձ, անվիճելի է, որ այսօր հայերէնի ուսուցման, մշակոյթի եւ ինքնութեան, այդ ընդհանուր դիմագիծի փոխանցման առումով պէտք է ընել այնպիսի բաներ, որոնք մինչեւ այսօր չեն փորձուած։

Ասուլիսի ընթացքին արտայայտուեցան ուսուցիչներու դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչ որ շատ կարեւոր էր՝ քանի այս աշխատաժողովը արդէն նախատեսուած էր «ուսուցիչէ ուսուցիչ»։ Ատենախօսները ուրախութիւն յայտնեցին՝ հայերէնի մասին հայերէնով խօսելու այս հնարաւորութեան համար։ Ելոյթներուն ընդմէջէն բիւրեղացաւ, որ հայերէնի նկատմամբ սէրը ուղիղ համեմատութեան մէջ է ազգին ու համայնքին հետ կապի նիւթով։ Սա, անշուշտ, տեսականօրէն ճիշդ է, սակայն, գործնականօրէն մերօրեայ իրականութիւնը բոլորովին տարբեր է։ Պոլսահայ կրթական մշակներուն տեսակէտէ այսօր լուրջ խնդիր մը դարձած է, որպէսզի ընտանիքը հաւատայ դպրոցին։ Դաստիարակութեան տեսակէտէ սա շատ կարեւոր է։ Այս խնդիրը նուրբ է պոլսահայ կրթական համակարգի պարագային։ Բաւական երկար ժամանակէ ի վեր պոլսահայ ծնողները առ ի չգոյէ լաւագոյնին համայնքային վարժարան մը կ՚ուղարկեն իրենց զաւակները։ Եւ սա վաղուց դադրած է հաւատքի կամ վստահութեան արտայայտութիւն մը ըլլալէ։ Ծնողները հայկական վարժարան մը կ՚ուղարկեն իրենց զաւակները, որովհետեւ պարզապէս այդքանին կը բաւէ անոնց նիւթական հնարաւորութիւնները։ Դժբախտաբար, տղաքն ալ կը զգան, որ հայկական վարժարան մը յաճախելու ստիպողութեան մը դէմ յանդիման են։ Այլապէս, եթէ իրենց ծնողքը աւելի հարուստ ըլլար, ապա պիտի չպարտաւորուէին այդ հայկական դպրոցը երթալու եւ ո՛վ գիտէ իրենց երազած ո՜ր երանելի դպրոցը պիտի յաճախէին։ Այս ամբողջ եղելութեան հետեւանքները բազմապատիկ ծանր կը ցոլանան՝ մա՛նաւանդ հայերէնի ուսուցիչներուն վրայ՝ քանի անոնք բոլոր հարթութիւններու վրայ առանձին են։ Ծնողներն ու ուսուցիչները անթաքոյց աւելորդ կը համարեն մայրենիի ուսուցումը, ինչ որ հայերէնի ուսուցիչի պարագային աննկարագրելի հոգեբանութեան մը դիմագրաւումը կը նշանակէ։ Այդ հոգեբանութեան դիմագրաւումը վեր է ամէն տեսակ զոհողութենէ ու նոյնիսկ նիւթական անբաւարարութենէ։ Հայերէնի ուսուցիչը այդ պայքարը կը մղէ առանձին, որովհետեւ իր դպրոցի ղեկավարութիւնն ալ իրեն չի զօրակցիր։ Արդարեւ, անոնց աչքին դպրոցի աշակերտի ծնողքը յաճախորդ մըն է, որու փափաքը միշտ կը համարուի նախընտրելի։ Այս շեման, իրականութեան մէջ, այդքան ալ այպանելի կրնար չըլլար, եթէ համայնքային վարժարաններու աշակերտներու ծնողները իրենց ստացածին կամ փափաքածին համար վճարէին։ Համայնքի պարագային այդ օրինաչափութիւնն ալ խախտուած է, որովհետեւ մարդիկ կը պահանջեն, կը փափաքին կամ կ՚ուզեն՝ առանց փոխարժէքը հատուցելու։ Այստեղ, արդէն հարցը կը յորդի հայերէնի ուսուցիչի կամ կրթական մշակի կարելիութիւններու սահմանէն ու կ՚երթայ-կը հասնի վարչական մտայնութեան մը եզրին, ուր պէտք է փնտռել թրքահայ հաստատութիւններու առկայ այլասերման ու մանաւանդ ամլութեան պատճառները։

Ասուլիսի ատենախօսներու ելոյթներուն ընդմէջէն ի յայտ եկաւ, որ պոլսահայ կրթական համակարգը կը շարունակէ մնալ որոշ չափով ինքնապարփակուած, սակայն, կրթական մշակները անհատական գետնի վրայ նոր համագործակցութիւններու որոնման մէջ են։ Թրքահայութիւնը տասնամեակներէ ի վեր, ընդհանրապէս, կղզիացած ապրիլ նախընտրած է։ Շատեր հետամուտ են այս երեւոյթը տեղական պայմաններով բացատրելու, սակայն, խնդիրը այդքանով սահմանափակուած չէ։ Համայնքէն ներս կարծես միշտ անբաւարար եղած է նախաձեռնելու իրաւունքը եւ կրթական մշակներն ալ արդէն դատապարտուած են այդ մտայնութեան՝ որպէս ամենախոցելի խաւերէ մէկուն ներկայացուցիչները։ Աշխատաժողովի ընթացքին արձանագրուեցաւ, որ այս պարագան փոփոխութեան ենթարկելու ուղղութեամբ ջանքեր կը գործադրուին։ Զանազան երկիրներէ հայերէնի ուսուցիչներու հետ կապ պահելու, շփման մէջ ըլլալու ձգտումը իսկապէս շատ ողջունելի է։ Այսօր հայերէնի ուսուցիչները կը ջանան հայոց սփիւռքի կրթական փորձառութեան ներթափանցել հայերէնի ուսուցման մարտահրաւէրներու յաղթահարման ճանապարհին։ Թրքահայ իրականութիւնը վաղուց սնանկացած է մարդուժ պատրաստելու տեսակէտէ։ Այսօր միայն որոշ միջակութիւններ մասնագէտի հովերով համայնքին մէջ են, սակայն, իրենց ազդեցութիւնը զերօ մըն է։ Աշխատաժողովի ընթացքին շեշտուեցաւ, որ նոր սերունդէ ուսուցիչներու արդիւնաւէտ պատրաստութեան համար թեկնածուները պէտք է սնուին կարգ մը կերպարներէ։ Սա լուրջ ախտաճանաչում մըն էր, որ հնչեց աշխատաժողովի ընթացքին։ Այսպէսով արձանագրուեցաւ, որ թրքահայ իրականութենէն ներս կը պակսին ինչպէս կերպարները, այնպէս ալ հեղինակութիւնները։ Աւելի՛ն, այդ դերերը փոխարինելու ձգտումով միջակութիւնները ո՛չ միայն զերօ ազդեցութիւն կ՚ունենան, այլեւ վնաս կը հասցնեն, նոր գործընթացները կը թունաւորեն ի սկզբանէ։ 

Արեւմտահայ սփիւռքներու գաղութներու վերաբերեալ հաստատումներն ալ շատ տեղին էին աշխատաժողովի ժամանակ։ Արդարեւ, թրքահայութիւնը ինքնապարփակուած իրավիճակի մէջ ամբողջական պատկերացում մը չունի այդ մասին։ Շատ տեղին էր մատնանշումը, թէ հայոց սփիւռքը կը հոսի, գաղութները կ՚ապրին այդ հոսքի պայմաններուն ներքեւ։ Վաղուց դպրոցի դերակատարութիւնը եղած է տուեալ գաղութը դարձնել հայախօս։ Սփիւռքի այսօրուան իմաստով ձեւաւորման ժամանակ, ամենասկիզբին գաղութները զանգուածայնօրէն ոչ-հայախօս էին։ Սերնդափոխութեան զուգահեռ՝ գաղութները հայ դպրոցի շնորհիւ դարձած են հայախօս։ Այսինքն, անկարելի է թաքնուիլ այն պատրուակի ետին, թէ տղոց հայերէն սորվեցնել կարելի չ՚ըլլար, որովհետեւ անոնց ծնողները հայախօս չեն։ Այս թիւր մօտեցումը, արդէն ընդհանրապէս կարելի չէ հիմնաւորել։ Արդարեւ, Իսթանպուլի մէջ հայ համայնքի բազմաթիւ ընտանիքներ մեծ զոհողութիւններ յանձն կ՚առնեն, որպէսզի իրենց զաւակները կարենան ուղարկել այնպիսի դպրոցներ, ուր դասաւանդութիւնը կը կատարուի անգլերէնով, ֆրանսերէնով, գերմաներէնով կամ իտալերէնով։ Այդ դպրոցներուն մէջ ծնողները կը վճարեն ամբողջական սակագինը, որ հայ դպրոցին տրուածին հետ անբաղդատելի է։ Այսինքն, այնտեղ յաճախորդը իսկապէ՛ս յաճախորդ է, սակայն ատով հանդերձ չի կրնար պահանջել առարկաներու դասաւանդութեան լեզուի փոփոխութիւն մը համալսարանի մտից քննութեան պատճառաբանութեամբ։ Վերջին հաշուով, այդ օտար դպրոցներու ղեկավարները կրնան տուեալ ծնող-յաճախորդին դուռը ցոյց տալ։ Ուրեմն, այս օրինակն ալ կու գայ հաստատել, որ վարչական գետնի վրայ վճռակամութեան եւ անսկզբունքայնութեան կը հասնի պոլսահայ կրթական համակարգի առկայ խնդիրներու ծայրը։ Ինչո՞ւ մարդիկ չեն համարձակիր կամ կը խուսափին դուռը ցոյց տալէ, երբ առարկաներու դասաւանդման լեզուին՝ այս պարագային հայերէնի մասին առարկութիւններ կ՚ըլլան կամ դժկամութիւններ կ՚արտայայտուին։ Վարչայինները կամ ղեկավարութիւնը հաստատութեան մը պահակներն են եւ իրենց կառավարած մարմինը կամ կառոյցը պարտաւոր են այլասերումէ զերծ պահելու։ Հետեւաբար, պոլսահայ կրթական մշակներու գործունէութեան պայմանները իսկապէս ողբերգականութեան եզրի կը հասնին առկայ վարչական թերացումներու հետեւանքով։

Ասուլիսի ընթացքին շատ դիպուկ հնչեց հետեւեալ բանաձեւումը. եթէ կ՚ուզենք տասն տարի վերջ հայախօս գաղութ մը ունենալ, ապա այսօր ի՞նչ պէտք է ընել։ Անշուշտ, ուսուցիչներուն շատ լուրջ բեռ կը վիճակի, սակայն, ընդհանուր բեռը անկարելի է թողուլ անոնց ուսերուն։ Շատեր կը խօսին թրքահայութեան առանձնայատկութիւններուն մասին։ «Պոլիսը սփիւռք չէ» ինքնախաբկանքի լոզունգը վաղուց մերկացած է՝ որպէս հեքիաթ։ Առարկայական ճշմարտութիւնը այն է, որ համայնքի անդամները համատարած ձեւով օտարացած են լեզուին։ Ասուլիսի ընթացքին ալ շեշտուեցաւ, որ պետական քաղաքականութիւնն ալ կը դժուարացնէ գործը։ Ճի՛շդ է, այդ խնդիրը կայ, սակայն, այսօր հարցը այնպիսի համեմատութիւններու հասած է, որ այդ մէկը դարձած է երկրորդական։ Այն վարչայինները, որոնք համայնքի միջոցները կը տնօրինեն, մարդուժի՝ այս պարագային նոր սերունդէ կրթական մշակներու պատրաստութեան համար ոչինչ կը տրամադրեն։ Անոնք դպրոցներու պարագային գործատուի դերին մէջ են։ Հայերէնի ուսուցիչները, բնականաբար, կատարեալ չեն։ Բայց եւ այնպէս, վերջին հաշուով, վարչայինները մէկ կողմէ միջոց չեն յատկացներ մարդուժի պատրաստութեան համար, միւս կողմէ անողնայար պահուածք որդեգրած են հայ դպրոցը այլասերման անդունդի եզրին հասցնելու ճանապարհին, նաեւ այս բոլորի տրամաբանական շարունակութիւնն է, որ իրենց համար անպատեհ չ՚ըլլար թերի գիտելիքով, անբաւարար պատրաստութեամբ հայերէնի ուսուցիչներ գործի ընդունիլը։

Աշխատաժողովի ընթացքին ուշագրաւ շեշտադրումներ կատարուեցան համայնքէն ներս մթնոլորտ եւ միջավայր ստեղծելու անհրաժեշտութեան, արտադպրոցական հարթութիւնն ալ չանտեսելու առումով։ Ընդգծուեցաւ լեզուն զարգացնելու եւ կատարելագործելու հանգամանքը։ Շեշտուեցաւ, որ մեթոտաբանութեան իմաստով հայերէնի՝ որպէս օտար լեզու դասաւանդումը խորթ պէտք չէ թուի, որովհետեւ կէտնպատակն է նոր սերունդին լեզուի փոխանցումը։

Ասուլիսի ատենախօսները տեղին մատնանշումներ ըրին նաեւ երկլեզուութեան հանգամանքի պարագային։ Արդարեւ, սփիւռքի հայ մարդը կը հասնի ու կ՚ապրի երկլեզու միջավայրի մը մէջ եւ թրքահայութիւնը բացառութիւն չի կազմեր։ Խորհուրդ տրուեցաւ՝ չհակադրել հայերէնն ու տեղական լեզուն, ընդհակառակն։ Այս մատնանշումը շատ կենսական է, որովհետեւ այսօր թրքահայ իրականութենէն ներս ոչ-հայախօսներու կողմէ խօսուած թրքերէնն ալ միջինէն բաւական ցած մակարդակի վրայ է։ Սա կ՚երեւի բոլոր հարթութիւններու վրայ՝ մա՛նաւանդ, որ համայնքէն ներս աշխատանքային լեզուն դարձած է թրքերէն, որով կը ջանան համայնքին ու պաշտօնական շրջանակներուն հասնիլ վարչայինները։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2025