ԴԱՆՈՒԲԻ ԱՓԻՆ ՀԱՒԱՔ

«Հայ-քրիստոնեայ սփիւռքի համայնքներու վիճակը՝ այսօր» խորագրեալ համաժողովը անմոռանալի կը դառնայ իր բոլոր մասնակիցներու յիշողութեան մէջ։ Բացառիկ հաւաք մըն էր այս մէկը՝ նախ եւ առաջ իր անկրկնելի միջավայրին բերումով։ Արդարեւ, Պուտափեշտը աշխարհի ամենահրապուրիչ մայրաքաղաքներէն մին է։ Համաշխարհային մակարդակով ժառանգութեան եւ քաղաքակրթութեան յաւակնոտ օրրան մը՝ Դանուբի երկու ափերուն։ Պուտափեշտի հատուածի պարագային Դանուբի հունը այնքան լայն է, որ տարբեր խորք մը կը վերագրէ՝ քաղաքի առթած պատկառազդու տպաւորութիւններուն։

Պուտափեշտի մէջ կոթողային հոյակերտ շէնքերը այնքան խտացած են, որ այցելուները պահ մը կը դժուարանան հետեւելու՝ մինչեւ ընտելանալը տեսադաշտին մէջ տողանցքի դուրս եկած վիթխարի դրուագներուն։ Արդարեւ, Պուտափեշտի մէջ այցելուին պահ մը կրնայ թուիլ, թէ մայրաքաղաքը կը հոսի իր աչքին առջեւ՝ փառաւոր շինութիւններու շքերթով։ Դանուբը չի ճեղքեր Պուտափեշտը, այլ՝ կարծես տեսադաշտին մէջ տարածք մը կը բանայ՝ հնարաւորութիւն ստեղծելու համար աչքի հանգստութեան, ինչ որ նուրբ նշանակութիւն ունի կոթողներու խտութեան պայմաններով։ Ժամանակներու եւ կայսրութիւններու հետքերով օծուած Պուտափեշտը ունի անբացատրելի ձգողականութիւն մը այցելուներուն համար։ Հունգարիոյ ժողովուրդը, միանշանակ, կրնայ հպարտանալ իր երկրի մայրաքաղաքով, ուր ուշադիր աչքերէ չեն սպրդիր նաեւ հաւաքական կարեւոր զգայնութեան դրսեւորումներ։

Պուտափեշտի մէջ կեցութեան օրերուն, ուրկէ ո՛ւր, միտքս գնաց դէպի Թիֆլիզ։ Անշուշտ, իւրաքանչիւր միջավայր ունի իր առանձնայատկութիւնները եւ զայն պէտէ է ընդունիլ իբրեւ այդպիսին։ Յամենայնդէպս, համեմատութեան կարգով ուշագրաւ էր հանգամանք մը։ Վրաստան Եւրոմիութեան անդամ չէ, սակայն, Թիֆլիզի բոլոր պետական շէնքերուն վրայ կը ծածանէր ԵՄ-ի դրօշը։ Այդպէս էր մեր այցելած շրջանին, կրնայ գուցէ փոխուած ըլլալ հիմա։ Գալով Հունգարիոյ, որ Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ է, սակայն, զգալի կը դառնայ, որ ամէն ինչ որոշ չափերու մէջ է՝ Եւրոպայի այլ երկիրներու բաղդատմամբ։ Հունգարիոյ խորհրդարանի շէնքին չի ծածանիր Եւրոմիութեան դրօշը՝ գոնէ այդպէս էր մեր այցելած պահու դրութեամբ։ Օրէնսդիր մարմնի պարագային, որ ազգային կամքի դրսեւորման հարթակն է, կար նման նախընտրութիւն մը։ Ասոր փոխարէն երկրի գործադիր իշխանութեան կառոյցներու շէնքերուն վրայ կային Եւրոմիութեան դրօշները։ Սա, ըստ երեւոյթին, ազգային ինքնիշխանութեան առումով յստակ ընդգծուած զգայնութիւն մըն է՝ ժամանակներու եւ կայսրութիւններու հետքերով օծեալ մայրաքաղաքի մթնոլորտին մէջ։

Վերջապէս, Արեւելեան Եւրոպան միշտ կարեւորութիւն ներկայացուցած է հայոց պատմութեան տեսակէտէ եւ շատ յատկանշական էր հայկական հաւաքի մը կազմակերպումը՝ այդ տարածաշրջանի առանցքային մայրաքաղաքներէն մէկուն՝ Պուտափեշտի մէջ։ Աւելի՛ն, համաժողովը տեղի ունեցաւ Հունգարիոյ խորհրդարանի շէնքէն ներս, ուղղակի նիստերու դահլիճի երդիքին տակ։ Այդ խորհրդարանէն ներս ի պահ դրուած են հունգարական արքունիքի վերջին թագն ու իշխանութեան խորհրդանշանները, որոնք սրբութեան համազօր կը պահպանուին եւ որոնց գլխին հերթապահութեան կանգնած է պատուոյ պահակախումբը։ Անոնք փրկուած պահուած են Բ. Աշխարհամարտի շրջանին, իսկ աւելի ուշ յանձնուած, վերադարձուած Հունգարիա։ Եւ այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ հայկական համաժողովի մը կազմակերպումը խորհրդանշական առումով անվիճելի իմաստ մը ունէր։ Հայ-հունգարական յարաբերութիւններու՝ մօտաւոր անցեալի ցնցումէն վերջ, այստեղ արտայայտուած էր որոշ կամք մը, դրսեւորուած էր ուշադրութիւն մը։ Եւ սա կու գայ վկայել նաեւ Հունգարիոյ խորհրդարանէն ներս երկրի հայութեան ներկայացուցիչ Նիկողոս Յակոբեանի վայելած հեղինակութիւնը, ծաւալած գործունէութեան ազդեցութիւնն ու արժանացած գնահատանքը։

*

Այս դիտարկումներէն վերջ, նախքան մեր բուն խորհրդածութիւններուն անցնիլը, նշենք նաեւ այլ յատկանշական հանգամանք մը։ Պուտափեշտի մէջ առիթն ունեցանք հանդիպելու թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Հայաստանի դեսպաններուն հետ։ Երկուքն ալ արժէքաւոր դիւանագէտներ, որոնք իսկապէս հաճելի զրուցակիցներ էին։

Թուրքիոյ դեսպան Կիւլշէն Քարանիս Էքշիօղլու արդէն իր պաշտօնավարութեան ժամկէտը աւարտելու վրայ է։ Մասնաւոր հատուածի մէջ աշխատելէ վերջ, անցած է դիւանագիտական գործունէութեան։ Թրքական դեսպանատունը մայրաքաղաքի սրտին վրայ է. պատմական, պարտիզաւոր ապարանք մը, որ կը գտնուի այլ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու, կարեւոր յուշարձանի մը, ինչպէս նաեւ Պուտափեշտի գեղարուեստից եւ արդի արուեստի թանգարաններու հարեւանութեամբ։

Հայաստանի դեսպան Հայկակ Արշամեան մասնագիտութեամբ պատմաբան է, նախկին գործադիր տնօրէնը՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի։ Ան շուրջ տարիէ մը ի վեր կը պաշտօնավարէ Պուտափեշտի մէջ, ուր հայկական դեսպանութիւնը առ այժմ չունի մշտական առանձին շէնք մը։ Դեսպան Արշամեան մասնակցեցաւ համաժողովի գրեթէ ամբողջ աշխատանքին՝ թէ՛ իր ներկայութեամբ եւ թէ ցուցաբերած անմիջականութեամբ գրաւելով անխտիր բոլոր ժողովականներուն սիրտը։

*

ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԸ ԹԵՒԱԿՈԽԱԾ՝ 50-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԸ

Պուտափեշտի համաժողովին Իտալիայէն մասնակցեցաւ՝ Վենետիկի համալսարանի Հայագիտութեան բաժանմունքի դասախօսներէն փրոֆ. Սօնա Յարութիւնեան։ Եզրափակիչ ընթրիքի ընթացքին առիթն ունեցանք մանրամասն զրուցելու Սօնա Յարութիւնեանի հետ՝ մանաւանդ, որ սեղանակից էինք։

Իրեն հետ զրոյցի ընթացքին ուրախութեամբ վերահասու եղանք, թէ այս տարի Վենետիկի համալսարանի Հայագիտութեան բաժանմունքը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելենական շրջանը։

Սօնա Յարութիւնեանի բացատրութիւններով՝ Վենետիկի համալսարանէն ներս Հայագիտութեան բաժանմունքը ստեղծուած է 1976 թուականին։ Իտալական համալսարանական դրութեան մէջ չկայ ամպիոնի հասկացութիւն, հետեւաբար, ըստ էութեան, ֆաքիւլթէի մը ձեւաչափին մէջ պէտք է պատկերացնել այս բաժանմունքը։ Արուեստի, գրականութեան եւ լեզուի առանցքներով բազմաբնոյթ գործունէութիւն կը ծաւալէ այս բաժանմունքը։ Վենետիկի համալսարանի Հայագիտութեան բաժանմունքէն ներս կը դասաւանդուին, ըստ էութեան, լեզու եւ գրականութիւն։ Յամենայնդէպս, մշակոյթն ալ անխուսափելիօրէն պատկառելի տեղ կը զբաղեցնէ բաժանմունքի գործունէութեան մէջ՝ մանաւանդ, որ յաճախ կը կազմակերպուին մշակութային ձեռնարկներ։

Վենետիկի համալսարանի Արեւելեան լեզուներու ֆաքիւլթէն խոր աւանդոյթներով կառոյց մըն է։ Հայագիտութեան բաժանմունքը այնտեղ համահաւասար դիրքի վրայ է միւս արեւելեան լեզուներու հետ։ Հայերէնը երբեմն առաջին, երբեմն ալ երկրորդ լեզու ըլլալով կ՚իւրացուի ուսանողներու կողմէ, կը պատահին նաեւ, որ ուսանողներ զայն ընդունին՝ որպէս երրորդ լեզու։

Բաժանմունքէն ներս այժմ կայ երեք դասախօս։ Անոնցմէ մին է Սօնա Յարութիւնեան, որ լեզուի եւ լեզուաբանութեան առընթեր, թարգմանաբանութեան վրայ ալ մասնագիտացած է եւ համապատասխան ձեւով կը դասաւանդէ։ Ալտօ Ֆերրարի կը դասաւանդէ գրականութիւն։ Իսկ Փաոլօ Լուքքա կը դասաւանդէ գրաբար։

Բաժանմունքը ուսումնասիրութիւններու հարթակ մըն է եւ հասարակական յանձնառութիւններու նկատմամբ ալ կը ցուցաբերէ զգայնութիւն։ Այդ յանձնառութիւններուն ի շարունակութիւն կը կազմակերպուին զանազան գիտական ձեռնարկներ։ Հետազօտութիւնները, ուսումնասիրութիւնները եւ դասաւանդութիւնները արդէն բաժանմունքի բնականոն գործունէութեան մաս կը կազմեն։ Բաց աստի, հանրային ձեռնարկները, շարունակական միջոցառումները արդէն տարբեր խորք մը կը ստեղծեն բաժանմունքի առաքելութեան տեսակէտէ։ Կազմակերպուած այդ ձեռնարկները շատ կարեւոր նշանակութիւն կ՚ունենան հայկական մշակոյթը հանրայնացնելու տեսակէտէ՝ մանաւանդ, որ արդիւնքները կ՚ըլլան բաւական աչքառու։

Սօնա Յարութիւնեան մեզի հետ զրուցելու ընթացքին շեշտեց, որ Վենետիկի համալսարանի Հայագիտութեան բաժանմունքը կարեւորութիւն կը ցուցաբերէ նաեւ Հայաստանի հետ սերտ համագործակցութեան նկատմամբ։ Այսպէս, վերջին տասն տարիներու ընթացքին, Երեւանի Պետական համալսարանէն ութսուն ուսանող հիւրընկալուած է Վենետիկի մէջ՝ ERASMUS ծրագրի շրջանակներէն ներս։

Սօնա Յարութիւնեան դիտել տուաւ, որ վերջին տարիներուն միանշանակ հետաքրքրութիւնը աւելցած է Վենետիկի համալսարանի Հայագիտութեան բաժանմունքին նկատմամբ։ Օտար ուսանողներ ալ կը հետաքրքրուին հայերէնով։ Մասնաւորապէս, բազմաթիւ ուսանողներ արաբերէնի, թրքերէնի կամ պարսկերէնի առընթեր կը ծանրանան հայերէնի վրայ։ Համեմատական ծրագրերու մասնակցութիւն կը բերեն։

Մեր զրոյցի աւարտին Սօնա Յարութիւնեան դիտել տուաւ, որ Վենետիկ պատմական քաղաք մըն է եւ անոր ընդհանուրին մէջ միշտ զգալի տեղ ունեցած են հայերը։ Այդ ներկայութեան կոթողային խորհրդանշանը կը համարուի Մխիթարեան միաբանութեան Ս. Ղազար կղզիի մայրավանքը։ Վենետիկի համալսարանի Հայագիտութեան բաժանմունքը այժմու յոբելենական շրջանին կը շարունակէ իր գործունէութիւնը կայուն թափով՝ յաւակնոտ արդիւնքներով եւ ապագայի վերաբերեալ տեսլականով։

*

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՀՍԿԱՅ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԱՅԺՄ ԿԱՅ 4 ՎԱՐԴԱՊԵՏ

Պուտափեշտի համաժողովին Աւստրիայէն մասնակցեցաւ՝ Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի վանքէն Հայր Վահան Յովհաննէսեան։ Եզրափակիչ ընթրիքին իրեն հետ ունեցանք հաճելի զրոյց մը, որու ընթացքին ան մեզի իր տեսակէտները յայտնեց՝ զանազան նիւթերու շուրջ՝ անդրադառնալով նաեւ վանքի ներկայ կացութեան։

«Վիեննայի մեր վանքին մէջ այսօր կայ չորս վարդապետ։ Մեր թիւը փոքրացած է էապէս, ուստի, բոլորս բազմապատիկ աշխատանք տանելու ստիպողութեան դէմ յանդիման կը գտնուինք։ Երբեմն ալ կարծես չենք հասնիր, սակայն, առայժմ վանքի կացութիւնը կայուն է։ Թէ՛ ժողովրդական եւ թէ վանական տեսակէտէ պատասխանատուութիւններ ունինք։ Մենք՝ Մխիթարեան միաբաններս, սկզբունքօրէն, դաստիարակչական պատասխանատուութիւններէ ալ զերծ չենք կրնար զգալ։ Կ՚ունենանք բազմաթիւ հիւրեր, այցելուներ, որոնց հետ ալ շփումը որոշ չափով դաստիարակչական բնոյթ կ՚ունենայ։ Մենք կ՚ընթանանք յանուն հաւատի, կրօնի եւ գիտութեան։ Այստեղ կայ սէր՝ ազգի, հայրենիքի եւ պետութեան նկատմամբ», ըսաւ վարդապետը։

Զրոյցի ընթացքին Հայր Վահան Յովհաննէսեանի կարծիքը շօշափեցինք Եւրոպայէ ներս քրիստոնէութեան նահանջի մասին։ Ան դիտել տուաւ, որ Եւրոպայէ ներս քրիստոնէութեան նահանջը կը նշանակէ նաեւ մեր հայութեան ալ նահանջը։ «Մերինները բան մը չեն ըներ՝ մինչեւ դանակը վիզը չհասնի։ Ամէն ինչին, դժբախտաբար, ուշ կ՚անդրադառնանք», ըսաւ ան։

Վարդապետը անդրադարձաւ նաեւ Եւրոպայի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն՝ թէ՛ հաւաքական եւ թէ անհատական տեսակէտէ։ Ան մէկ կողմէ անբաւարար կը նկատէ հաւաքական զօրակցութեան պարագաները, իսկ միւս կողմէ կը մատնանշէ, որ մարդիկ պէտք է նաեւ ինքնաքննադատաբար վերաբերուին համապատասխան նիւթերուն նկատմամբ։ Արդարեւ, հաւաքական թերութեան դրսեւորում կը նկատուի այն հանգամանքը, որ հայկական հաստատութենէ մը օժանդակութիւն ստացած անձնաւորութիւն մը յաջորդ քայլափոխին ինքզինք ամբողջապէս կը փակէ եւ կը հեռանայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

     

Շաբաթ, Փետրուար 7, 2026