ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԱՌԹԻՒ ՀԱՆԴԷՍ
Մխիթարեան վարժարանին մէջ տարեմուտի առթիւ կազմակերպուած հանդէսը բառին բուն իմաստով տօնախմբութեան մը վերածուեցաւ՝ բոլոր մասնակիցները համակելով բարձր տրամադրութեամբ։ Դպրոցի սրահին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Թ. Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան, որու կողքին էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան հայրերը։ Հաւաքոյթը պատուեց նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։ Մատակարար մարմնի փոխ-ատենապետուհի Թալին Կազէր եւ նոյն կազմէն այլ ներկայացուցիչներ ալ փութացած էին ուրախակից ըլլալու թէ՛ փոքրիկներուն եւ թէ մնացեալ բոլոր հիւրերուն, որոնց շարքին էին աշակերտներու ծնողները, դպրոցի կրթական մշակները եւ այլ հիւրեր։
Վարժարանի միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Տ. Վարդան Թ. Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեանն ալ փոքրիկներուն դիմեց թէ՛ շնորհաւորանքներով եւ թէ խրատներով։ Տղաքը յայտագիրը գործադրեցին մեծ յաջողութեամբ՝ արժանանալով անկեղծ ծափահարութիւններու։ Խանդավառութիւնը գագաթնակէտին հասաւ, երբ Կաղանդ պապուկը սրահ ժամանելով նուէրներ բաժնեց բոլորին։
Մխիթարեան վարժարանի Ամանորի հանդէսը այնպիսի յաջող մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ, որ աշակերտները միայն ուրախութեամբ կամ զուարճանքով չսահմանափակուեցան, այլեւ զգացին, որ տօնական շրջանին իւրաքանչիւրին շնորհ մը եւ իմաստութիւն մը կը վիճակի ստեղծուած խորհրդաւոր մթնոլորտէն։