ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԲԱԺՆԻՆ ԱՄԱՆՈՐԸ

Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ մանկապարտէզի փոքրիկներու Ամանորի հանդէսին խանդավառութիւնը բնորոշեց ներկայ տարեմուտի տրամադրութիւնները։ Տղաքը յաջող յայտագիր մը գործադրեցին՝ ներկայութեամբ դպրոցի կրթական մշակներուն, իրենց ծնողներուն եւ այլ հիւրերու։ Մանկապարտէզի փոքրիկները, որոնք իրենց ուսումնական տարիներու առաջին քայլափոխին կը գտնուին, այս հանդէսով ներկայացուցին թէ՛ Նոր տարուայ եւ թէ Սուրբ Ծնունդի վերաբերեալ խորհրդանշական դրուագներ։ Եզրափակիչ փուլին տնօրէնուհի Գարին Չաղլըուզուն հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը՝ մինչ Կաղանդ պապուկն ալ սրահ ժամանելով նուէրներ բաժնեց փոքրիկներուն։

Հինգշաբթի, Յունուար 1, 2026