ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄՆԱՅՈՒՆ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐՈՒՆ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՍԵՂԱՆԸ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մնայուն բնակիչները այս տարի եւս աւանդական մթնոլորտի մէջ եւ բարձր տրամադրութեամբ համախմբուեցան Ամանորի առթիւ։ Հոգաբարձութիւնը Ամանորի առթիւ տօնական ճաշկերոյթ մը կազմակերպեց հաստատութեան մնայուն բնակիչներուն համար, որոնք սեղաններուն շուրջ համախմբուեցան եւ փոխանակեցին բարեմաղթանքներ։ Փոխ-ատենապետ Հերման Պալեանի գլխաւորութեամբ, հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ մասնագիտական եւ վարչական անձնակազմէ յառաջատար դէմքեր ջերմ վերաբերմունքի առարկայ դարձուցին մնայուն բնակիչները, որոնց մաղթեցին առողջութիւն եւ երկար կեանք։

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մնայուն բնակիչները մեր համայնքին կողմէ կ՚ընկալուին՝ որպէս մեծ ընտանիքի մը երէց անդամները։ Ազգային հիւանդանոցը տասնամեակներէ ի վեր ամենայն խնամքով կը պատսպարէ զանոնք եւ այդ խնամքը կը նկատէ իր լինելութեան, առաքելութեան եւ գործունէութեան առաջնահերթութիւններուն հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ։ Տօնական սեղաններուն շուրջ մնայուն բնակիչները հաճելի զրոյց ունեցան իրարու միջեւ, իրենց համար գործադրուեցաւ նաեւ համապարփակ յայտագիր մը։ Բոլորն ալ զգացին, թէ համայնքի բոլոր անդամներուն սրտին եւ աղօթքին մէջ են տարեմուտի այս շրջանին։ Փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան եւ գործակից ընկերները մի առ մի ձեռնուեցան մնայուն բնակիչներուն հետ՝ շեշտելով, որ ազգին տան երդիքին տակ անոնք ապահով են եւ ամենաջերմ զգացումներու առարկայ կը դառնան։

Հաւաքոյթին ներկայ էր նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։

Հինգշաբթի, Յունուար 1, 2026