ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԱՅՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ երկշաբաթեայ ուղեւորութիւնը արդէն հասած է իր աւարտին։ Կանխաւ կարելի է ըսել, որ այս շրջագայութիւնը դարձած է անմոռանալի ու պատմական՝ քանի անոր իւրաքանչիւր փուլը յատկանշական իրադարձութիւններով բնորոշուեցաւ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի նախ Արեւմտեան, յետոյ Արեւելեան թեմէն ներս Նորին Ամենապատուութեան կեցութիւնը վերածուեցաւ ազգային-եկեղեցական կեանքի տեսակէտէ առաջնահերթ իրադարձութեան մը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այսօր արդէն հրաժեշտ կ՚առնէ Նիւ Եորքէն եւ վաղը առաւօտ վերադարձած պիտի ըլլայ քաղաքս, իր Աթոռը։ 

Նիւ Եորքի մէջ Նորին Ամենապատուութեան կեցութեան եզրափակիչ փուլին ծրագիրը, անխուսափելիօրէն, որոշ փոփոխութիւններու ենթարկուեցաւ՝ կեցութեան օրերու հանդիպումներով պայմանաւորուած հաւանականութիւններով։ Այդ հաւանականութիւնները արդէն նախապէս հաշուի առնուած էին եւ եզրափակիչ փուլի ծրագիրը համապատասխան ճկունութեամբ մշակուած էր։ Երէկ, Նորին Ամենապատուութիւնը այցելեց Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդարանը, որ կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ։ Ան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Էլփիտոֆորոս մետրապոլիտին կողմէ, որ Իսթանպուլէն մեկնած է այդ առաքելութիւնը իրականացնելու։ Այս քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր ընկերացան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպիսկոպոս Պարսամեան եւ այլ հոգեւորականներ։

Նորին Ամենապատուութիւնը նախ կարճ աղօթք մը կատարեց Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդարանի համալիրի մատրան երդիքին տակ, իսկ աւելի վերջ առաջնորդուեցաւ սրահ։ Էլփիտոֆորոս մետրապոլիտը այստեղ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը՝ ուրախութիւն յայտնելով Նորին Ամենապատուութեան ներկայութեան կապակցութեամբ։ Ան նշեց, որ Նիւ Եորքի մէջ Հայց. Առաքելական եւ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցիներու առաջնորդարաններուն միջեւ մշակուած են դրական կապեր եւ միջեկեղեցական գետնի վրայ կը ծաւալուի համագործակցութիւն։ Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար։ Ան անդրադարձաւ Նիւ Եորքի կեցութեան օրերու տպաւորութիւններուն եւ այդ ամբողջին մէջ առանձնապէս կանգ առաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդարանէն ներս կազմակերպուած էքիւմենիք հանդիպման վրայ, որուն մասնակցած էր նաեւ Էլփիտոֆորոս մետրապոլիտը։ 

Այս բոլորէն վերջ, երկու հոգեւոր առաջնորդները ջերմօրէն հրաժեշտ առին իրարմէ՝ փոխանակելով նաեւ յատկանշական յուշանուէրներ։ 

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր այցելութեան ծրագիրը, ըստ էութեան, հասած է իր աւարտին։ Երկշաբաթեայ ուղեւորութեան ընթացքին իրեն ընկերացաւ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան՝ որպէս գաւազանակիր։

Երեքշաբթի, Յուլիս 1, 2025