ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍՈՒ ՏԱՐԵԴԱՐՁ
Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ արարողութիւնները տեղի ունեցան հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Երբ ամրան եղանակը կը մօտենայ իր աւարտին, կղզիի բարձունքին նշուեցաւ Ներսէսեան դպրաց դասու հիմնադրութեան տարեդարձը։ 168 տարի առաջ, այս գողտրիկ եկեղեցւոյ հետ կազմուած է դպրաց դասը, որու վերակազմութիւնն ալ կատարուած էր 43 տարի առաջ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան դպրաց դասուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։
Ի ժամ Ս. Պատարագի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դպրութեան չորս աստիճաններ շնորհեց՝ Արի Գամպարին, Պուրակ Չանաքճըօղլուին, Ռազմիկ Փանոսեանին, Արտա Պոզաճեանին եւ Տարօն Ներկիզին։ Այս վերջիններուն խարտաւիլակն էր Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ։ Հաւատացեալները ուշադրութեամբ ունկնդրեցին Նորին Ամենապատուութեան քարոզին։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ներկայ էին Կղզեաց թաղային խորհուրդի անդամները, Ներսէսեան դպրաց դասու տնօրէն խորհուրդի անդամները եւ բազմաթիւ հիւրեր։ Սիրոյ սեղանի յայտագիրը գործադրուեցաւ բարձր տրամադրութեան պայմաններով։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան դպրաց դասու նախագահ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ տնօրէն խորհուրդի ատենապետուհի Մեղրանոյշ Չընար։
Հաւաքոյթի ընթացքին նշուեցաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի պաշտօնավարութեան տասնամեակը՝ որպէս կղզեաց հոգեւոր հովիւ։ Եզրափակիչ փուլին տեղի ունեցան յուշանուէրներու յանձնումներ եւ տարեդարձի առթիւ հատուեցաւ կարկանդակ մը։
Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ յարատեւութիւն մաղթեց կղզիի վրայ ստեղծուած ոգեւորութեան համար։