ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ 30 Օգոստոսի Մեծ յաղթանակի տօնին առթիւ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած պաշտօնական հաւաքոյթներու։ Օրուան սկիզբին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը փութաց Իսթանպուլի կուսակալութիւն, ուր իրեն ընկերացաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռին եւ մեր համայնքին, Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորութիւններ յղեց Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլի, որուն կ՚ընկերանային Ա. զօրաբանակի հրամանատար զօրավար Մեթին Թոքէլ եւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի փոխանորդ Նուրի Ասլան։
Տօնական օրուայ երեկոյեան, կուսակալ Տաւուտ Կիւլի եւ կողակցին տանտիրութեամբ պաշտօնական ընթրիք մըն ալ սարքուեցաւ Սիրքեճիի պատմական «Սեփեթճիլեր» ապարանքի համալիրէն ներս։ Այստեղ ընթերցուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի շնորհաւորական պատգամը։ Կուսակալ Կիւլն ալ հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Ընթրիքի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերացաւ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։