ՀՌՈՄԻ ԼԵՒՈՆ ԺԴ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՅՑԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ

Երէկ, Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը այցելեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցին։ Ան այսպէսով աւարտեց Թուրքիա այցելութիւնը եւ ուղեւորուեցաւ դէպի Լիբանան։ Հայոց Պատրիարքարան այցելութիւնը Սրբազան Պապի կեցութեան ծրագրի եզրափակիչ փուլը բնորոշեց։ Համայնքային շրջանակները համախմբուած էին Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Մեր վարժարաններէն աշակերտական խումբերն ալ անմասն չմնացին այս պատմական իրադարձութեան մթնոլորտէն։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գլխաւորած թափօրը Մայր եկեղեցւոյ մէջ մինչեւ խորան ուղեկցեցաւ Սրբազան Պապին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ պոլսահայ ամբողջ հոգեւորականաց դասը։

Մայր եկեղեցւոյ խորանին վրայ Սրբազան Պապը եւ Նորին Ամենապատուութիւնը ողջագուրուեցան եղբայրաբար։ Տեղի ունեցաւ նաեւ յուշանուէրներու փոխանակում։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան եւ Արմաշ դպրաց դասերու միացեալ խումբին կողմէ՝ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի մականին ներքեւ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ Սրբազան Քահանայապետի կեցութեան օրերուն միջեկեղեցական ամբողջ ծրագրին ներկայացուցած էր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը, երէկ, այս անգամ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ ընդունեց Սրբազան Պապը եւ իր ողջոյնի խօսքին մէջ ըսաւ. «Ձեր ներկայութիւնը մեր մէջ այսօր ո՛չ միայն պատիւ մըն է, այլեւ օրհնութիւն՝ մեր համայնքին, Թուրքիոյ մէջ գործող եկեղեցիներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք քրիստոնեաներու միութեան համար ջանք կը թափեն։ Այս պահը, Ձերդ Սրբութիւն, պիտի մնայ մեր ժողովուրդի սրտերուն մէջ արձանագրուած»։

Անդրադառնալով համաքրիստոնէական օրակարգի առկայ մարտահրաւէրներուն՝ Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ. «Այսօր, Միջին Արեւելքի եւ ուրիշ տարածաշրջաններու վրայ քրիստոնեաները կը դիմագրաւեն դաժանութիւն, գաղթ եւ նօսրացում։ Այսպիսի ժամանակներու մէջ միութիւնը այլեւս կը դառնայ հրամայական։ Հոս՝ Թուրքիոյ մէջ, մեր քրիստոնէական համայնքները կ՚ապրին՝ որպէս «փոքրիկ հօտ», բայց՝ աւելի ու աւելի՝ միաւորուած փոխադարձ յարգանքով։ Հայ Առաքելական Եկեղեցին հաստատօրէն կը հաւատայ, թէ քրիստոնէական պառակտումները կը վիրաւորեն Քրիստոսի Մարմինը, բայց նոյնպէս կը հաւատայ, թէ Ս. Հոգին այսօր կը բուժէ այդ վէրքերը՝ տակաւ առ տակաւ մերձեցնելով եկեղեցիները իրարու։ Վերջին տասնամեակներուն մեր եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւնները այնպիսի խոր մտերմութեան մը հասած են, որ ժամանակին դժուար էր նոյնիսկ երեւակայել: Այս ճամբան մենք միասնաբար կտրած ենք երկխօսութեամբ, միասնական աղօթքներով ու անկեղծ բարեկամութեամբ։ Ձեր այցելութիւնն ալ այսօր հզօր նշան մըն է, որ եկեղեցիները այլեւս իրարու կը մօտենան՝ իբրեւ եղբայրներ, ո՛չ թէ մրցակիցներ։ Այս կեցուածքը աշխարհին կը յայտարարէ, որ քրիստոնէական միութիւնը կարելի է, որովհետեւ այս է Աստուծոյ կամքը»։

Նորին Ամենապատուութիւնը թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին մասին ալ ըսաւ. «Թուրքիոյ հայ համայնքը փոքր է, բայց, տոկուն ու վճռակամ։ Մեր եկեղեցիները, վարժարանները եւ հիմնարկները կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը ամբողջական նուիրումով եւ սիրով։ Որպէս հինաւուրց Հայ Եկեղեցւոյ հաւատացեալ զաւակներ՝ հաւատարիմ քաղաքացիներն ենք այս երկրի, ուր կը վայելենք կրօնական ազատութիւն եւ պետական աջակցութիւն՝ ըլլալով խնամուած փոքրամասնութիւն մը։ Դժուարութեան պահերը դարձած են նաեւ յոյսի պահերու, երբ զգացած ենք մեր քրիստոնեայ հաւատակիցներուն (ուղղափառ, կաթոլիկ եւ բողոքական) զօրակցութիւնը: Ձեր այսօրուայ ներկայութիւնն ալ յոյժ իմաստալից ցուցանիշն է այս զօրակցութեան»։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մաղթեց, թէ առկայ հակամարտութիւններով պայմանաւորուած միջավայրին մէջ՝ մանաւանդ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ուղղեալ անասելի դժուարութիւններն ու համատարած հալածանքները մեղմանան։ «Մենք տեղեակ ենք նաեւ առողջ բարոյական արժէքներու, ընտանեկան սրբութեան եւ ուղղակի քրիստոնէական հաւատքի մաշեցումին դէմ արեւմուտքի մէջ ծաւալող պայքարին։ Այս աստուածահաճոյ եւ սուրբ պայքարին մէջ աղօթակից ենք ձեզի։ Թող Աստուած զօրացնէ ձեր գաւազանը զօրեղ աշտարակի մը նման՝ արգելք հանդիսանալու չարութեան խաւարային ուժերու յառաջխաղացին դէմ», աւելցուց ան։

Իր կարգին, Սրբազան Պապն ալ ըսաւ. «Ողջունելով ձեզ՝ կը ցանկամ եղբայրական ողջոյններս յղել Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, որ վերջերս պատուեց զիս իր այցելութեամբ»։ Ան յոյս յայտնեց, թէ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան համատեղ միջազգային յանձնաժողովը շուտով կրնայ վերսկսիլ իր բեղմնաւոր աշխատանքը՝ «Անշուշտ, միասին» կարգախօսով փնտռելով լիակատար միասնութեան մոտելը։ «Մենք պէտք է վերականգնենք այն միասնութիւնը, որ գոյութիւն ունէր Հռոմէական եկեղեցւոյ եւ հին Արեւելեան եկեղեցիներու միջեւ առաջին դարերուն։ Աւելին, առաջին եկեղեցւոյ փորձառութենէն ոգեշնչուած՝ մենք պէտք է վերականգնենք լիակատար միասնութիւնը. այս միասնութիւնը ձուլում կամ գերիշխանութիւն չ՚ենթադրեր, այլ՝ ընդհակառակն, կը նշանակէ մեր եկեղեցիներու Սուրբ Հոգիէն ստացած պարգեւներու փոխադարձ բաժնում՝ Հօր Աստուծոյ փառքին եւ Քրիստոսի մարմնի կառուցման համար», ըսաւ ան։

Իր խօսքին մէջ, Սրբազան Պապը հայոց սուրբերու շարքին յատկապէս նշեց Ներսէս Դ.-ը՝ ԺԲ. դարու մեծանուն կաթողիկոսն ու բանաստեղծը՝ ընդգծելով, որ միասնութեան ճանապարհով ընթանալու ժամանակ կայ «վկաներու մեծ բազմութիւն մը», որ մեզի կը նախորդէ եւ մեզ կը շրջապատէ։

Իր պատգամի աւարտին Սրբազան Պապը շեշտը դրաւ՝ քրիստոնէական միասնութեան սրբազան գործին համար ամբողջ սրտով աշխատելու վրայ։ «Եկէք, ընդունինք այս երկնային պարգեւը բաց սրտով, որպէսզի դառնանք Աւետարանի ճշմարտութեան աւելի համոզիչ վկաները եւ Քրիստոսի մէ՛կ Եկեղեցիին առաքելութեան աւելի լաւ կառավարիչները», եզրափակեց Սրբազան Պապը։

Արարողութեան աւարտին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Ս. Պապը առաջնորդեց Մայր եկեղեցւոյ գաւիթը, ուր անոնք կանգ առին նախապէս նոյն վայրը այցելած Հռոմի քահանայապետներու յիշատակին զետեղուած խաչքար-յուշարձանին առջեւ։ Այստեղ արդէն փորագրուած էր նաեւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին անունը։ Ան խորհրդանշական բացումը կատարելու համար խաչքարի վրայէն վար առաւ սպիտակ քօղը։

Երէկ առաւօտեան այս այցելութեան առընթեր, Սրբազան Պապի ծրագիրը յագեցած էր շաբաթավերջին։ Նիկիոյ առաջին տիեզերաժողովի 1700-ամեակին առթիւ, շաբաթ առաւօտ, Եշիլգիւղի Մոր Էֆրեմ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական խորհրդակցական ժողով մը։ Կլոր սեղանի ձեւաչափով, դռնփակ այս ժողովի հիւրընկալն էր Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Տ.Տ. Իգնատիոս Բ. Պատրիարքը։ Սրբազան Պապին եւ Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքին առընթեր մասնակցեցաւ նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը՝ ներկայացնելով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Ներկայ էին նաեւ Աղեքսանդրիոյ եւ համայն Ափրիկէի Թէոդորոս Բ. Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքը, Մալանկարայի Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Մատթէոս Գ. Կաթողիկոսը եւ Արեւելքի հիմնական եկեղեցիներու գահակալներու ներկայացուցիչները՝ ներառեալ Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէր։

Դռնփակ ժողովի ընթացքին քսաներկու հոգեւոր առաջնորդներ խորհրդածութիւններ ըրին Նիկիոյ առաջին տիեզերաժողովին շուրջ՝ միշտ շեշտելով միութեան կենսունակութիւնը։

Նոյն օրը, Հռովի Պապը այցելեց Ֆէնէրի Յունաց պատրիարքարանը, ուր Ս. Գէորգ Աթոռանիստ տաճարին մէջ հիւրընկալուեցաւ Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին կողմէ։ Սա Սրբազան Պապի Իսթանպուլ այցելութեան գագաթնային փուլերէն մին էր՝ մանաւանդ, որ Վատիկանի եւ Ֆէնէրի կողմէ համատեղ յայտարարութիւն մըն ալ հրապարակուեցաւ։

Ի լրումն այս բոլորին, նոյնպէս շաբաթ, «Volkswagen Arena»ի մէջ Սրբազան Քահանայապետը պատարագեց՝ հազարաւոր քրիստոնեաներու ներկայութեամբ։ Արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը՝ ընկերակցութեամբ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանի եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։ Զանազան եկեղեցիներու շարականները երգուեցան զանազան լեզուներով։ Այդ երգեցողութիւններու մէջ բաժին ստանձնեց նաեւ՝ այս առթիւ յատկապէս «Պոլսահայ հաւատոյ երգչախումբ» անունով կազմուած միացեալ խումբը, որու վարիչն էր Յակոբ Մամիկոնեան, իսկ երգեհոնահարը Լիւսի Գահվէճիօղլու։

Հարկ է նշել, որ «Volkswagen Arena»ն այս արարողութեան առթիւ վերաձեւաւորուած էր եւ այդ գործի նախագծումը կատարած էր մեր համայնքէն Նորա Հիսարլը։ Այս Ս. Պատարագի ընթացքին Լատին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Իսթանպուլի վիճակաւոր Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ արքեպիսկոպոսը Սրբազան Քահանայապետին նուիրեց սկիհ մը, որ պատրաստուած էր Տ. Արսէն Քհնյ. Էքինճիեանի կողմէ։

 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2025