ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՓԱՌԱՏՕՆ

Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ հետաքրքրական փառատօն մը։ «Naker» փառատօնը մասնակից աշակերտներուն առջեւ ճանապարհ կը հարթէր՝ երեւակայութենէ դէպի իրականութիւն։

«BenMaker» վաճառանիշի հետ համագործակցութեամբ կազմակերպուեցաւ այս փառատօնը, որու կարգախօսն էր՝ «Երեւակայէ՛, ծրագրաւորէ՛, արտավդրէ՛»։

Շաբաթ, Մայիս 10, 2025