ԱԼԷՆ ԹԵՔՊԸՉԱՔ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ԹՐՔԱԿԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ՄՈՒՀԻՏՏԻՆ ԱՀՄԷՏ ԵԱԶԱԼԻ ԿՈՂՄԷ

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք, որ ներկայիս կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, երէկ ընդունուեցաւ Նիւ Եորքի մօտ Թուրքիոյ աւագ հիւպատոս Մուհիտտին Ահմէտ Եազալի կողմէ։ Թրքական տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որ անցաւ սիրալիր զրոյցի մը մթնոլորտին մէջ։ Ատենապետը աւագ հիւպատոսին մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց ակումբի գործունէութեան շուրջ։ Իր կարգին, Մուհիտտին Ահմէտ Եազալ ուրախութիւն յայտնեց թէ՛ այս հանդիպման եւ թէ Շիշլիի վերաբերեալ քաղած տեղեկութիւններուն համար։ Զրուցակիցները կարեւորեցին, որպէսզի խոր աւանդոյթներով այս ակումբին աշխատանքները ըլլան յարատեւ եւ յաջող՝ մանաւանդ, որ միշտ արծարծուած կը պահուի սիրողական ոգին։

Հանդիպման աւարտին Ալէն Թեքպըչաք Մուհիտտին Ահմէտ Եազալին նուիրեց Շիշլիի դրօշ մը, նաեւ անմոռանալի վարպետ Արա Կիւլէրի գործերէն բաղկացեալ հաստափոր գիրք մը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 10, 2025