ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՒ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

Երէկ, համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր հերթական սիրոյ սեղանին վրայ։ Այսպէս, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ տեղի ունեցան՝ ի նպաստ Կեդրոնական վարժարանի։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը, որու արդիւնքը պսակուեցաւ յաջողութեամբ եւ նուիրահաւաքման մակարդակը բաւարար եղաւ՝ դպրոցի տարեկան պիւտճէն հաւասարակշռելու համար։

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուն էր Մայր եկեղեցին, ուր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Կեդրոնական դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ովսաննա Գալէնտէրի եւ երգեհոնահարութեամբ Քրիստին Սալմասլըի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագի ընթացքին հանդիսաւորապէս ընթերցուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան կողմէ Կեդրոնականի ընտանիքի սիւներէն Կարպիս Պալմումճուին շնորհուած Օրհնութեան գիրը՝ հաշուի առնելով անոր երկարամեայ ծառայութիւնը։ Ս. Պատարագէն վերջ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ Կեդրոնականի հիմնադիր Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի շիրմին գլուխը։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու կողքին էր նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Հաւաքոյթի մասնակիցներու շարքին էին Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան, ինչպէս նաեւ համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր եւ Կեդրոնականի ընտանիքէն բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։ Այս տարի արդէն քսաներորդ անգամ մատաղօրհնութեան կարգադիր յանձնախումբի ատենապետութեան պաշտօնը ստանձնած էր մեր երախտաշատ բարերարներէն Հայկ Ասլանեան։ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրասիրեցին բոլոր ներկաները, որոնք համախմբուած էին սիրոյ սեղաններուն շուրջ։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ՝ Սարին Թաշհանի եւ Տայք Միսիսօղլուի։ Վարժարանի սաները գեղարուեստական բաժնին մէջ խմբերգներով եւ պարերով հանդէս եկան՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Կեդրոնականի վերջին տասն տարուան շրջանաւարտները ներկաներուն առջեւ տողանցեցին՝ իրենց արձանագրած համալսարանական յաջողութիւններուն շուրջ յիշողութիւն թարմացնելով։ Բաց աստի, ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան, խնամակալութեան կազմէն Պօղոս Չալկըճըօղլու, վարժարանի բազմամեայ տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան եւ երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու ելոյթներ ունեցան հանդիսութեան տեւողութեան։ Կարկանդակ մըն ալ հատուեցաւ ի պատիւ Հայկ Ասլանեանին, որ արդէն անընդմէջ քսան տարի գլխաւորած էր սիրոյ սեղանի կարգադիր յանձնախումբը։

Այս բոլորէն վերջ հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեան խօսքով եւ աղօթքով։ Երէկուան սիրոյ սեղանի աւարտին իսկապէս ներկաները բարձր տրամադրութեան մթնոլորտին մէջ արձակուեցան, որովհետեւ Ղալաթիոյ խնամակալութեան կողմէ յայտարարուած պիւտճէի բացը գրեթէ ամբողջութեամբ փակել հնարաւոր եղած էր շնորհիւ նուիրատուութիւններուն։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2025