Չորեքշաբթի 10, Դեկտեմբեր 2025
ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ ԵՒ ԾԱՓԱՀԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Մխիթարեան վարժարանի մանկապատանեկան երգչախումբը մասնակցեցաւ՝ քաղաքիս Աւստրիոյ մշակոյթի կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած մօտալուտ Ս. Ծնունդին ձօնուած համերգին։ Երկար տարիներէ ի վեր ձեւաւորուած աւանդութիւն մըն է այս մէկը։ Համերգը տեղի ունեցաւ Աւստրիոյ հիւպատոսարանի երդիքին տակ, որ կը գտնուի Ենիգիւղի մէջ։ Ձեռնարկը պատուեց նաեւ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Թ. Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան։
Տղաքը յայտագիրը գործադրեցին՝ երաժշտութեան ուսուցչուհի Լեռնա Աքպուլութի մականին ներքեւ։ Անոնք արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու՝ մինչ դպրոցի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկըն ալ շնորհաւորեց տղաքը։
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2025