ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԳԻՐՔ ՄԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց աստուածաբան Ռատոսլաւ Պազարովը, որ ծագումով Պուլկարիայէն է։ Ան Ամեն. Ս. Պատիրարք Հօր յանձնեց իր նոր գիրքը, որ կը վերաբերի արեւելեան ուղղափառութեան։ Զրոյցի ընթացքին Պազարով Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ տուաւ իր ուսումնասիրութիւններուն շուրջ՝ խնդրելով անոր աղօթքն ու օրհնութիւնը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Պազարովի այցելութեան առթիւ եւ գնահատեց անոր կողմէ տարուած աշխատանքը։ Ան յոյս յայտնեց, թէ հեղինակը կը խորացնէ այդ ոլորտէն ներս ուսումնասիրութիւնները։

Պազարովի գիրքը կը քննէ ուղղափառ աստուածաբանութիւնն ու անոր պատմական ժառանգութիւնը։ Գործը հետամուտ է լոյս սփռել զանազան եկեղեցիներու աւանդութիւններու ընդհանուր արժէքին վրայ։ Գիրքը մասնաւորապէս հետաքրքրական կրնայ ըլլալ այն շրջանակներուն համար, որոնք աստուածաբանութեամբ եւ եկեղեցաբանութեամբ կը զբաղին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2025